Ակնարկ. Մրցահարթակի Չվերածուելու Համար
08 Մայիս 2026
Վարագոյրը իջած է արդէն Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովներու եւ Ֆրանսայի նախագահի պետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած արարողութիւններուն վրայ: Այս բոլորը նոր շրջափուլի մը ուղենիշերը կը փոխանցեն, ոչ այնքան Երեւանի որդեգրած արտաքին, որքան հաւաքական Արեւմուտքի տարածաշրջանին մէջ կիրարկած քաղաքականութեան ուղղութեամբ:
Անկախ հռչակագիրներէն, համաձայնագիրներէն, Մոսկուայի արձագանգներէն, համաեւրոպական եւ յատկապէս ֆրանսական պետական, հասարակական, տեղեկատուական հարթակներէն բխած յայտարարութիւններէն եւ մեկնաբանութիւններէն, քանի մը հանգամանքի վրայ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել:
Առաջինը` պաշտօնական Պերլինի բացակայութիւնն էր: Եթէ տարողութիւնը համաեւրոպական է, ուրեմն Գերմանիան այդ ձեւաչափին մէջ առանցքային առկայութիւն է: Բացակայութիւնը Գերմանիոյ առաջին դէմքին, կրնայ մեկնաբանուիլ այս քաղաքականութեան նկատմամբ որոշակի վերապահութեամբ, կամ ներեւրոպական ուղղութեան վրայ Գերմանիա-Ֆրանսա յառաջատար դիրքերու առումով գոյութիւն ունեցող մրցակցութեամբ: Երեւան-Փարիզ համաձայնութեամբ համատեղուած էր Ֆրանսայի նախագահին պետական այցելութիւնը: Այս համատեղումին նպատակը այն էր, որ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի, համաեւրոպական քաղաքականութեան մղիչ գործօնն ու յառաջատար ուժը Ֆրանսան է: Փարիզը, ըստ նաեւ յայտարարութիւններուն, փաստօրէն ստանձնած է եւրոպական նաւը Հարաւային Կովկաս առաջնորդելու նաւավարի դերը: Չի բացառուիր, որ այստեղ է յատկապէս Պերլինի վերապահութիւնը:
Քանատայի վարչապետին մասնակցութիւնն ու կատարած յայտարարութիւնները յստակօրէն կը մեկնաբանուին Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ որդեգրուած կամ ցուցադրուած վերապահութեամբ: Քանատան միակ ոչ եւրոպական երկիրն էր, որ հրաւիրուած էր այս գագաթնաժողովին: Այս երեւոյթը պէտք է յաւելեալ դիտարկումի ենթարկել: Ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ աշխարհակարգային տարբեր խնդիրներու գծով կան տարակարծութիւններ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի միջեւ:
Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է ընկալել Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը առ այն, որ Հարաւային Կովկասը պէտք չէ դառնայ կայսրութիւններու մրցահարթակ: Ակնարկը յստակ է, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Քանատայի ղեկավարին թէ՛ ներկայութիւնը եւ թէ՛ դիւանագիտականօրէն արտայայտած միտքերը:
Պահ մը, եթէ նկատի ունենանք Ուաշինկթըն-Մոսկուա մրցակցութեան խնդիրին մէջ Եւրոպայի կեդրոնութիւնը, ապա համեմատաբար ընկալելի կ՛ըլլան Երեւան-Պրիւքսել բացուող շրջափուլին հիմնաւորումները: Այդպէս պարզ չէ սակայն իրականութիւնը:
Մէկ կողմէ մրցահարթակը բացառելու կոչը, միւս կողմէ ռուսական գործօնին դէմ ուղիղ կատարուող յայտարարութիւնները կը շրջեն հաւասարակշռութեան դիրքորոշումները:
Հարաւային Կովկասի թէ յատկապէս Երեւանի ուղղութեամբ, հիմնական տարբերութիւններ չեն նկատուիր Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի վարած քաղաքականութիւններուն միջեւ: Ուաշինկթընը` ԹՐԻՓՓ-ով, Եւրոպական Միութիւնը մինչ այժմ դէտերով եւ գագաթնաժողովներով, զիրար չեն հակասեր: Երկուքը իրենց սլաքները ուղղած են Մոսկուային եւ գործնապէս կը քաջալերեն անոր հեռացումը տարածաշրջանէն:
Թիֆլիսի փորձը դէպի կեդրոն գալու յայտնապէս դժգոհ ձգած է հաւաքական Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգներով եւ Պրիւքսելով արտայայտուած, որոնք վերատեսութեան ենթարկած են իրենց որոշումները Վրաստանի նկատմամբ: Թիֆլիսէն իրենց հայեացքը յարելով Երեւան, անոնք որոշած են աշխուժացնել թափանցման եւ առկայութեան իրենց քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Հիմա, քաղաքական այս ընթացքին էփիկեդրոն նկատելով Երեւանը:
Նախադրեալները կը յուշեն, որ խաչմերուկները այս ընթացքով կրնան վերածուիլ բախումնային կէտերու: Երեւանը պարտաւոր է դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք արգելք պէտք է հանդիսանան մրցահարթակի վերածելէ մեր երկիրը:
«Ա.»
«Ազդակ»
