Ազգային սկզբունքային հարցերու գծով սփիւռքը միակամ է
08 Մայիս 2026Հայ Կեանքի Եւ Միջին Արեւելքի Նորագոյն Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Անդրադարձաւ Ազգային Զօրաշարժի Հրամայականին
11-12 ապրիլ 2026-ին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի կողքին սփիւռքի 26 երկիրներէ եկած աւելի քան 155 հեղինակաւոր մտաւորական, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու: Խորհրդաժողովը հանգամանօրէն քննեց համազգային մարտահրաւէրներու եւ աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայիս պարզած պատկերը եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան չորեքշաբթի, 6 մայիսին յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Տրուած ըլլալով, որ հարցազրոյցը կը զուգադիպէր Լիբանանի մամլոյ եւ մտաւորականներու նահատակութեան 110-րդ տարելիցին (1916-2026) «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան առաջարկեց «շեղում մը» կատարելով նախ անդրադառնալ այս տխուր դէպքին: «Նախ շեղում չէ, ընդհակառակն` շատ լաւ սկիզբ է, որովետեւ առիթը խորքային իմաստով շատ իմաստալից է, մանաւանդ մեզի` հայութեան համար: Մայիս 6-ը նախ եւ առաջ 1916-ին Դամասկոսի եւ Պէյրութի հրապարակներուն վրայ Ճեմալ փաշայի կողմէ կախաղան բարձրացուած մտաւորականներու, քաղաքական, կրօնական գործիչներու յիշատակի յարգումն է, անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ազատութեան պահպանման եւ ի խնդիր օսմանեան լուծէն ձերբազատման», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի եւ աւելցուց. «Դժբախտաբար ժամանակի ընթացին յիշատակի այս օրը դիմափոխուեցաւ, ձեւափոխուեցաւ զանազան քաղաքական պատճառներով, առաջինը` Լիբանանի յաջորդական կառավարութիւններու Թուրքիան չնեղացնելու սկզբունքէն մեկնելով` մայիս 6-ը վերածուեցաւ լրագրողներու «նահատակութեան օր»-ուան չնեղացնելու համար թրքական կառավարութիւնը, իսկ առջի օր կը տեսնենք, որ Սուրիոյ ներկայի կառավարութիւնը յիշատակի օր ըլլալու իրողութիւնը անգամ ջնջած է եւ մայիս 6-ը վերցուցած է արձակուրդի, տօնական օրերէն, բան մը, որ բնական ձեւով հասկնալի է իրենց համար, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ներկայ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, աւելի ճիշդը` Թուրքիոյ ունեցած հեղինակութեան եւ որոշ չափով նաեւ սուրիական հողերու գրաւման իմաստով, պիտի չկարենան ոգեկոչել Մայիս 6-ը: Խորքը սակայն այն է, որ այդ անձնաւորութիւնները զոհուեցան ի պաշտպանութիւն իրենց հաւատքին եւ ասոնք Լիբանանի մէջ կարելի է նկատել համալիբանանեան, շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ թէեւ այդ օրերուն այսօրուան Լիբանանը պաշտօնապէս գոյութիւն չունէր, բայց զոհերը համալիբանանեան ներկայացուցչութիւն ունեցող անհատներ էին, որոնց մէջ կային քրիստոնեայ քահանան, մտաւորականը եւ լրագրողը, ինչպէս նաեւ` իսլամ շէյխը, մտաւորականը եւ նմանապէս նոյն տրամաբանութեամբ` այդ օրը համասուրիական է: «Պատմութեան խեղաթիւրումը ոչ մէկ ձեւով կ՛օգնէ խաղաղութեան հաստատման: Հետեւաբար այդ նահատակները հիմնադիր սերունդը կարելի է նկատել այն հսկայական պայքարին, որ 1916-էն ասդին ծաւալեցաւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ համարաբական տարողութեամբ», նշեց Յակոբ Բագրատունի:
Փարիզի խորհրդաժողովին անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այս խորհրդաժողովի գաղափարը նորութիւն չէր, եւ անոր նախապատրաստական աշխատանքները տեւեցին վեց ամիսներ: Ռազմավարական իմաստով պէտք է ըսել, որ կարելի է այս խորհրդաժողովը նկատել ռազմավարական նուաճում: Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ խորհրդաժողովի մասնակցութեան հրաւէրները ուղղուած էին անհատ յաջողած անձնաւորութիւններու, մասնագէտներու եւ ոչ թէ գաղութներու կառոյցներուն` դիտել տալով, որ ներկաներուն մեծ մասը ոչ դաշնակցականներ էին: Ան յայտնեց, որ երկօրեայ այս խորհրդաժողովին քննարկուեցան չորս հիմնական նիւթեր: Երեսփոխան Բագրատունի յիշեցուց, թէ այս խորհրդաժողովին պիտի յաջորդեն նոր քայլեր:
«Սփիւռքի ռազմավարական դերը եւ քաղաքական օրակարգը» խորագրեալ առաջին նիւթին անդրադառնալով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդաժողովը ունէր համահայկական տարողութիւն եւ ներկայացուցչութիւն: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ բոլոր գաղութներն ալ հայութեան տարբեր ժամանակներուն դիմագրաւած հարցերուն գծով մտահոգուած են ցեղասպանութեան օրերէն մինչեւ անկախութիւն եւ նոր սփիւռքի կազմութիւն: Ան մէջբերեց թուրք ղեկավարներու (Թուրկութ Էօզալ, Թանսօ Չիլլեր…) այն խօսքը, թէ` «մեր հիմնական խնդիրը սփիւռքին հետ է»: Նոյնիսկ կը մտածուէր հրաւիրել նաեւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ անձնաւորութիւններ: Բագրատունի նշեց, որ մասնակիցներու յիսուն առ հարիւրը հայախօս էին, տարբեր մարզերու մասնագէտներ: «Շատ բնական է, սփիւռքը միատեսակ քաղաքական մտածողութիւն չ՛ունենար, սակայն ազգային սկզբունքային հարցերու գծով միակամ կ՛ըլլան բոլորը, այն իմաստով, որ ոչ ոք կ՛ուզէ հրաժարիլ Արցախէն կամ Հայաստանէն ու զայն թշնամիին յանձնել:
«Դիմադրութիւն, համախմբում, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն» խորագրեալ կէտերուն վրայ կեդրոնացան ժողովականները երկրորդ գլխաւոր խորագիրին` «Ազգային արժէքներու եւ հայ եկեղեցւոյ դերը սփիւռքի հայկական ինքնութեան պահպանման մէջ» քննարկման ընթացքին: Այս նիւթին գծով նոյնպէս տիրական եղած է ներկաներու համամտութիւնը քննարկուած տեսակէտներուն գծով: Բագրատունի նշեց, որ խորհրդաժողովին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր եւ աշխարհական մասնագէտներ: Հիմնական նկատուած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը` տրուած ըլլալով, որ քաղաքական իշխանութեան բացակայութեան եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցած է ժողովուրդի ղեկավարման մէջ:
Երրորդ հիմնական խորագիրը կեդրոնացած է «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ, հիմնահարցեր եւ հորիզոններ» նիւթին վրայ, որուն շուրջ իր զեկուցումը ներկայացուցած է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան պատմական ակնարկով նշեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ընթացքը, ուր ծառացան զանազան հարցեր, ինչպէս` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով ՀՅԴ-ի դէմ ծագած հարցերը, ապա` հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցը եւ այլն: «Մեզ միացնողը հայութիւնն է», շեշտեց Բագրատունի` թելադրելով ամէն բան սեւ չտեսնել:
Չորրորդ գլխաւոր կէտի` «Սփիւռքի զօրաշարժը եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու» կէտի քննարկման գծով երեսփոխան Բագրատունի յիշեց, թէ ՀՅԴ-ն ամէնէն կարծր քննադատողը եղած էր Խորհրդային Հայաստանի: Սակայն ասով հանդերձ միշտ ալ դրուատած էր Հայաստանի մէջ արձանագրուող նուաճումները: Ամէնէն դառն օրերուն ՀՅԴ-ն «Հայաստան» հիմնադրամին յատկացուցած է 250 հազար տոլար, դիտել տուաւ Բագրատունի:
Աւարտին երեսփոխան Բագրատունի խոր դրուատիքով անդրադարձաւ վերջերս Մոսկուա կատարած իր այցելութեան ու հոն զգացած իր տպաւորութիւններուն գծով: Տասնհինգ միլիոն հաշուող Մոսկուա քաղաքին մէջ կայ երկու միլիոն հայ, որոնց մեծամասնութիւնը կը խօսի եւ կը հասկնայ հայերէն, բայց հայերէն գրել չի գիտեր: Ռուսահայերու միութեան նախագահին` Արա Աբրահամեանի կողմէ հրաւիրուած ըլլալով Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով, երեսփոխան Բագրատունի առիթ ունեցած է աւելի մօտէն ծանօթանալու Մոսկուայի զանազան շրջաններու հայութեան: «Զիս ապշեցուցին եւ զարմացուցին այդտեղի հայերը, որոնք սրտով ու հոգւով բացառիկ հայասէր են», ըսաւ Բագրատունի: Ան նաեւ նշեց, թէ ինչպէ՛ս ձեռնարկի մը ընթացքին անոնք հայերէն ազգային երգեր երգած են: Մոսկուայի հայոց թեմի առաջնորդարանին կից կայ հայկական միակ ամէնօրեայ վարժարանը, որ մինչեւ երկրորդականի դասարաններ ունի: Անոնք բացառիկ ակնկալութիւն ունին աւանդական սփիւռքէն եւ Լիբանանէն», եզրափակեց Բագրատունի:
Զրոյցի վերջաւորութեան Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի հայութեան` նշելով, որ հակառակ բոլոր արգելքներուն, կրցած ենք դիմանալ եւ գոյատեւել ու դարձեալ պիտի շարունակենք գոյատեւել յանուն մնացողներուն, պիտի ամրագրենք Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները»:

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթի յղումով։
