ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը
30 Օգոստոս 2026
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, հաւատաւոր ու նուիրեալ դաշնակցական՝ ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 29 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի մէջ։
Ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեան տասնամեակներ շարունակ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ ազգային-հասարակական կեանքին՝ հաւատարմօրէն ծառայելով կուսակցութեան գաղափարական արժէքներուն եւ ազգային առաքելութեան։
Իր երկարամեայ գործունէութեան ամբողջ ընթացքին, ոչ մէկ ճիգ խնայեց ՀՅԴ-ի առաքելութեան յառաջխաղացքին, կազմակերպական կառոյցներու ամրապնդումին եւ գանատահայ համայնքի զարգացումին համար։
Ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեան իր ետին կը թողու նուիրումի, ծառայութեան եւ գաղափարական հաւատարմութեան արժանաւոր վաստակ մը։ Անոր յիշատակը պիտի մնայ վառ իր գաղափարակից ընկերներուն եւ բոլոր անոնց մօտ, որոնք տարիներու ընթացքին առիթը ունեցած են գործակցելու եւ ծառայելու իր կողքին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկ. Եդուարդ Ֆրունճեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն։
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
