ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

Արամ Ջուլհաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. «Գլուխդ Բարձր Պահէ՛, Տղաս» Հօրս Վերջին Պատգամը Եւ Այն Բոլորը, Որ Մնացին Բառերէն Անդին

30 Օգոստոս 2026 Պա՛պ,

Դժուար է հաւատալ, որ երբ այս տողերը կը գրեմ, դուն այլեւս մեզի հետ չես: Դուն այնքան բնական ու հաստատ ներկայութիւն էիր մեր կեանքին մէջ, որ բացակայութեանդ հետ հաշտուիլը տակաւին դժուար կը թուի:

Ապրեցար պարզ կեանք մը: Չսիրեցիր մեծ խօսքերը, ոչ ալ սպասեցիր, որ մարդիկ գնահատեն ըրածներդ: Կ՛ընէիր այն, զոր ճիշդ կը համարէիր, կը հոգայիր ընտանիքիդ եւ կ՛ապրէիր այնպէս, ինչպէս ճիշդ կը գտնէիր: Իսկ կեանքովդ մեզի օրինակ եղար:

Սէրդ ալ այդպէս էր: Մեծ բառերով չէիր արտայայտեր: Մենք քու սէրդ ու գուրգուրանքդ կը զգայինք առանց բառերու եւ շատ լաւ գիտէինք, թէ որքա՜ն կը սիրէիր մեզ` քու հասկցած ձեւովդ: Այդ սէրը կար հոգատարութեանդ, մտահոգութիւններուդ, երբեմն նոյնիսկ խստութեանդ մէջ: Իսկ մեզի համար բաւարար էր գիտնալ, որ դուն կաս:

Հայ ըլլալդ ալ մեծ խօսքերու կարիք չունէր: Քեզի համար անիկա պարզ ինքնութիւն չէր, այլ` պատկանելիութիւն եւ ապրելու ձեւ:

Թէեւ մայրս հայ չէր, բայց դուն անոր վստահած էիր մեր դաստիարակութիւնը եւ հայերէնի իմացութիւնը: Իսկ ան այնքան լուրջ ընդունած էր այդ պատասխանատուութիւնը, որ նոյնիսկ քու բացակայութեանդ իրեն հետ չէինք համարձակեր հայերէնէ բացի ուրիշ լեզու խօսիլ:

Այսօր ժպիտով կը յիշեմ, թէ ինչպէս մայրս երբեմն մեզ քեզի «կը մատնէր»` ըսելով, որ այսօր Վերան, Մհերը, Ալեքսանը կամ Համբիկը արաբերէն բառեր գործածեցին:

Ու մենք շատ լաւ գիտէինք, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէր:

Այն ժամանակ թերեւս չէինք հասկնար, թէ ինչո՛ւ այդքան կարեւոր էր քեզի համար, որ տան մէջ հայերէն խօսինք: Կ՛ուզէիր, որ հայերէնը մեզի համար միայն սորված լեզու մը չըլլար: Կ՛ուզէիր, որ ան ըլլար մեր տան շունչը եւ մեզ զիրար կապող լեզուն: Եւ այս գործին մէջ մայրս դարձաւ քու ամէնէն հաւատարիմ գործակիցդ: Հայ չըլլալով հանդերձ` ան օգնեց քեզի, որ մենք հայ մեծնանք:

Թերեւս այսօր աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ ուրկէ կու գար այդ մղումը: Հայութիւնը քեզի համար գաղափար մը կամ խօսք մը չէր. ան կեանքիդ բնական մէկ մասն էր` պատանութենէդ սկսեալ: Շատեր չեն գիտեր, որ դուն պատանի տարիքէդ սարկաւագ եղած ես եւ գեղեցիկ ձայնովդ երգած` մեր եկեղեցական շարականները: Կաղանդի գիշերներէն մնացած են ձայնագրուած յիշատակներ, ուր կ՛երգէիր յեղափոխական երգեր: Յատկապէս գեղեցիկ կը մեկնաբանէիր «Դա շապիկն էր այն քաջ մարդուն, բալա ջան»: Եղած ես նաեւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի շեփորախումբի «ֆանֆարիստ» եւ հպարտութեամբ անդամակցած` ՀՅԴ-ի շարքերուն: Այս բոլորը երբեք չէիր պատմեր իբրեւ վաստակ կամ արժանիք: Անոնք քեզի համար պատմուելիք բաներ չէին. պարզապէս անոնք մաս կը կազմէին այն կեանքին, զոր ապրած էիր:

Քեզ ճանչցողները պիտի չզարմանան այս գրած տողերուս, իսկ քեզ չճանչցողները պիտի հիանան քու տիպարիդ: Երէց եւ շատ յարգելի ընկեր մը ինծի ուշ ցաւակցութիւն յայտնելով գրեց.

«… Գիտես, որ իմ գնահատանքներուս մէջ շատ շռայլ չեմ: Սակայն պէտք է ըսեմ, որ պարոն Արամը այն հազուագիւտ մնացած նմոյշներէն էր, որոնք արտաքնապէս համեստ, բայց չափազանց հարուստ ներաշխարհով մեր գոյութիւնը կ’իմաստաւորեն: Անոնց ցաւը նոյնիսկ մեզ բարձրացնող է. լուռ, իրական եւ հետեւաբար` փոխանցիկ: Վստահ եմ, որ հպարտ ես հայրիկովդ: Ազնուական մարդ էր, այդ յատկանիշը` իր լռութեան մէջ իսկ ճառագայթող»:

Այո՛, պապ, մենք քեզմով շատ հպարտ ենք: Դուն մեր ուղին լուսաւորեցիր եւ կեանքիդ օրինակով դաստիարակեցիր:

Պա՛պ, կեանքը քեզի տուաւ այնպիսի ցաւ մը, զոր ոչ մէկ հայր պէտք է կրէ:

Դարձար նահատակի հայր:

Կը յիշեմ այն ուշ գիշերը, երբ Մհերին նահատակութեան լուրը հասաւ: Ես էի, որ այդ լուրը փոխանցեցի քեզի եւ մօրս: Կան պահեր, զորս տարիները չեն կրնար ջնջել: Այդ գիշերը ինծի համար այդպիսի պահ մըն է:

Յուզուեցար եւ առաջին անգամ ըլլալով մենք քու արցունքներդ տեսանք: Շատ բան չըսիր: Միայն մէկ նախադասութիւն մնաց յիշողութեանս մէջ. «Շատ կանուխ էր, տղա՜ս…»: Այդ քանի մը բառերը մինչեւ այսօր ականջիս մէջ են:

Քու եւ Մհերին յարաբերութիւնը միշտ իր առանձնայատկութիւնը ունեցած էր: Ձեր միջեւ տեսակ մը լուռ պայքար կար: Դուն` աւանդապահ հայր, կ՛ուզէիր պահել հօր հեղինակութիւնդ զաւակներուդ վրայ: Մհերն ալ` ըմբոստ, կ՛ուզէր իր ճամբան գտնել, ազատ ու ինքնուրոյն ըլլալ: Բայց յետոյ, տարիներու ընթացքին ուրիշ բան հասկցայ ձեր երկուքին մասին:

Ան կ՛ուզէր քեզի նմանիլ` առանց երբեք այդ մէկը բառերով ըսելու: Եւ ճիշդ այդ նմանութիւնն էր, որ երբեմն ձեզ իրարու դէմ կը հանէր: Երկու տարբեր սերունդներ: Հայր մը, որ հայրութիւնը կը հասկնար այնպէս, ինչպէս իրեն սորվեցուցած էին: Եւ որդի մը, որ կը փորձէր իր կեանքը կերտել` անուղղակիօրէն իր մէջ կրելով իր հօր յատկութիւնները:

Մհերի մեկնումէն ետք դուն գրեթէ երբեք անոր մասին չխօսեցար: Մենք ալ քեզի չէինք հարցներ: Ոչ ոք որոշած էր այդպէս վարուիլ: Պարզապէս մեր միջեւ լուռ հասկացողութիւն մը գոյացած էր: Կարծես բոլորս գիտէինք, որ այդ ցաւը պիտի կրէինք լուռ, զուսպ եւ հպարտութեամբ:

Բայց այդ լռութիւնը մոռացում չէր: Ես քեզ կը տեսնէի, պա՛պ: Կը տեսնէի, թէ ինչպէս երբեմն անցեալին կը վերադառնայիր: Կը զգայի, թէ որքան կը ցաւէիր, երբ կը յիշէիր Մհերի նկատմամբ ունեցած խստութիւնդ:

Դուն երբեք չըսիր` «Կը զղջամ»: Ատոր կարիքը չկար: Ես կը տեսնէի: Թերեւս կը մտածէիր այն խօսքերուն մասին, զորս կարելի էր ուրիշ ձեւով ըսել: Այն պահերուն մասին, երբ կարելի էր քիչ մը նուազ խիստ ըլլալ: Այն բաներուն մասին, որոնք հայր ու որդի կը կարծեն, թէ դեռ ժամանակ պիտի ունենան օր մը իրարու ըսելու: Բայց ժամանակը չեկաւ:

Ես, որ երկուքիդ միջեւ էի եւ շատ բան կը տեսնէի առանց որ դուք բառերով ըսէիք, այսօր մէկ բան հաստատ գիտեմ. այդ լուռ պայքարէն շատ աւելի մեծ բան մը կար ձեր միջեւ: Սէ՛ր կար:

Սէր մը, որ թերեւս քիչ արտայայտուեցաւ բառերով, բայց Մհերին մեկնումէն ետք դարձաւ քու կեանքիդ ամէնէն լուռ ու ամէնէն խոր ցաւերէն մէկը: Եւ դուն այդ ցաւը կրեցիր մինչեւ վերջ` իբրեւ նահատակի հայր: Լուռ, զուսպ եւ հպարտութեամբ:

Մհերի մահէն երեք տարի ետք մահացաւ նաեւ մայրս` մեր տան սիւնը, եւ դուն մնացիր առանց այն երկու անձերուն, որոնց բացակայութիւնը թերեւս ամէնէն խոր հետքը ձգեց կեանքիդ վրայ:

Բայց կայ նաեւ ուրիշ հետաքրքրական երեւոյթ մը, որ միշտ զարմանք պատճառած էր մեր շուրջիններուն: Դուն մեր ընտանիքի աղջիկներուն «տղաս» կը կանչէիր: Գրեթէ երբեք` «աղջիկս»: Ոչ թէ որովհետեւ մեզի եւ յատկապէս ինծի տղայ կ՛ուզէիր տեսնել: Դուն արդէն երեք տղայ զաւակ ունէիր: Քու «տղաս»-դ ուրիշ իմաստ ունէր:

Տարիներու ընթացքին հասկցայ, որ այդ բառով իմ մէջս մարդ մը կը կերտէիր: Մարդ մը, որ պէտք է կարենար ինքզինք պաշտպանել, որոշումներուն տէր կանգնիլ, դժուարութեան դիմաց չընկրկիլ եւ ոչ ոքի արտօնել, որ զինք նուաստացնէ:

Ես տարիներ շարունակ լսեցի այդ «տղաս»-ը` առանց ամբողջութեամբ հասկնալու, թէ որքան բան դրած էիր այդ մէկ բառին մէջ: Մինչեւ մեր վերջին գիշերը:

Մահիդ նախորդող գիշերը եկայ քեզ տեսնելու: Նստած էիր աթոռիդ վրայ: Շատ գիտակից էիր, թէեւ ձայնդ այլեւս առաջուան պէս յստակ չէր: Այդ գիշեր սկսար յիշել ընտանիքիդ բոլոր այն անդամները, որոնք քեզմէ առաջ բաժնուած էին մեզմէ: Մէկ առ մէկ:

Մէկուն անունը կու տայիր, ապա միւսինը: Մարդիկ, որոնց հետ ապրած էիր, սիրած էիր, որոնցմէ տարիներ առաջ բաժնուած էիր: Ես նստած քեզ կը լսէի: Այդ պահուն չէի գիտեր, թէ ինչո՛ւ յանկարծ բոլորը կը յիշէիր: Այսօր, սակայն, երբ միտքով կը վերադառնամ այդ գիշերուան, մէկ բան զիս կը ցնցէ:

Բոլորը յիշեցիր, պա՛պ: Բայց դարձեալ Մհերը չյիշեցիր:

Մհերը, որուն մասին անոր նահատակութենէն ետք գրեթէ երբեք չխօսեցար: Ինչ տարօրինակ ու խորունկ մարդ ես եղեր, պա՛պ:

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ: Չկրցա՞ր: Չուզեցի՞ր: Թէ՞ Մհերը քեզի համար երբեք «մեկնածներուն» շարքին չէր պատկանած:

Չեմ գիտեր: Եւ հիմա այլեւս չեմ կրնար քեզի հարցնել:

Այդ գիշեր ես պարզապէս նստած քեզ կը լսէի: Չէի գիտեր, որ վերջին անգամն էր, որ այդպէս պիտի նստէի կողքդ ու ձայնդ պիտի լսէի: Երբ եկաւ մեկնելու պահս, մօտեցայ քեզի հրաժեշտ տալու: Ամբողջ երեկոն ձայնդ այնքան ալ յստակ չէր: Բայց այդ պահուն յանկարծ շատ պարզ ու յստակ խօսեցար: Նայեցար ինծի եւ ըսիր.

«Գլուխդ միշտ բարձր պահէ՛: Ոչ ոքի առջեւ խոնարհէ»:

Գացի: Չէի գիտեր, որ ասոնք պիտի ըլլային վերջին խօսքերդ: Այսօր այդ պահը անվերջ կը վերադառնայ միտքս: Կը մտածեմ` արդեօք դուն գիտէի՞ր: Կը զգայի՞ր, որ կը մեկնէիր: Թերեւս այդ պատճառով կը յիշէիր բոլոր անոնք, որոնք քեզմէ առաջ գացած էին:

Չեմ գիտեր:

Թերեւս երբեք ալ պիտի չգիտնամ:

Բայց մէկ բան հիմա կը հասկնամ:

Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ինծի «տղաս» կանչեցիր, իսկ վերջին գիշերը կարծես վերջնական իմաստը տուիր այդ բառին:

«Գլուխդ բարձր պահէ՛, տղաս»:

Ամէն անգամ, երբ դժուարանամ, երբ կասկածիմ կամ երբ կեանքը փորձէ զիս ծունկի բերել, գիտեմ, որ պիտի լսեմ ձայնդ:

«Գլուխդ բարձր պահէ՛, տղաս»:

Թերեւս այս է ամէնէն թանկագին անձնական ժառանգութիւնը, զոր մեզի ձգեցիր:

Թող Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ հոգիիդ, պա՛պ:

Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ հիմա անոնց հետ ես, որոնց անունները այդ վերջին գիշերը մէկ առ մէկ կը յիշէիր:

Եւ ամէնէն աւելի` կ՛ուզեմ հաւատալ, որ հիմա Մհերին հետ ես:

Այն Մհերին, որուն անունը նոյնիսկ վերջին գիշերը չտուիր:

Թերեւս հիմա վերջապէս կարիք չկայ լռելու:

Թերեւս հիմա ժամանակ ունիք իրարու ըսելու այն բոլորը, ինչ որ այս կեանքին մէջ չհասցուցիք ըսել:

Ես դեռ շատ անգամներ պիտի ուզեմ քեզի բան մը պատմել, հարցում մը ուղղել, կարծիքդ առնել կամ պարզապէս ձայնդ լսել:

Եւ երբ չկարենամ` պիտի յիշեմ վերջին խօսքերդ:

Գլուխս բարձր պիտի պահեմ, պա՛պ:

Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ հայր:

Յիշատակդ օրհնեալ մնայ:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

Սեպտեմբերի 9-ին «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ հանդիպում է տեղի ունեց

09 Սեպտեմբեր 2026
Դա բոլորիս պատվի խնդիրն է, առավել ևս՝

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ուղերձը Բա

09 Սեպտեմբեր 2026
Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի

Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը

09 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

09 Սեպտեմբեր 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company