Մենք պարտք ունենք կոտորածի ենթարկված մեր պապերի հանդեպ
27 Փետրվար 2019 Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ, «MediaSchool»ի (CB News, Influencia, Loopsider, Pub, Stratռgies) հիմնադիր եւ տնօրէն, ՀՅԴ Բիւրօյի անդամ 54ամեայ Ֆրանք Մուրատ Փափազեան անցեալ տարի 10 Դեկտեմբերին ընտրուեցաւ Ֆրանսայի «Լրասփիւռներու 2018ի տարուան մարդը» (Homme des Medias de l’annee 2018): Այս առիթով 16 Փետրուարին հայկական «Այբ Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռը իր շաբաթական «Carte sur Table» յայտագիրը նուիրած էր անոր: Հաղորդավարը ֆրանսացի նշանաւոր լրագրողուհի Օտրէյ Փիւլվարն էր:Մուրատ Փափազեան ըսաւ, թէ հանրային կեանքին մէջ հայութեան ի նպաստ տարած աշխատանքները եւ իր մասնագիտական յանձնառութիւնները երբեք զիրար չեն խաչաձեւած եւ ինք հպարտ է իր հայկական պատկանելիութեամբ։ «Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը շատ տառապած է, երկար ժամանակ մետիաներու կողմէ անտեսուած է եւ այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր հայու յաջողութիւնը մեր ժողովուրդին համար հպարտառիթ երեւոյթ է», նշեց Մ. Փափազեան:
Ան ծնած է Ֆրանսա եւ երրորդ սերունդին կը պատկանի: Մեծ հայրը եւ մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնը վերապրած են: Ան դաստիարակուած է ֆրանսական դպրոցի մը մէջ եւ Ֆրանսացի է, սակայն երբեք չէ մոռցած իր արմատները: Ապրած է իր երկու ինքութեամբ՝ հայկական եւ ֆրանսական, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր կ՛ըսէր. «Մենք հարիւր տոկոս հայ ենք եւ հարիւր տոկոս՝ ֆրանսացի»: Փափազեան յայտնեց, թէ 1950-1970ական տարիներուն երկրորդ սերունդին կողմէ՝ Հայ Դատին զօրակցող հսկայական աշխատանքներուն արդիւնքները երրորդ սերունդը վայելած է: Իրականութեան մէջ, իւրաքանչիւր սերունդ բոլորովին տարբեր ձեւերով ապրած է իր հայկականութիւնը: Ներկայի չորրորդ սերունդը, որ թուայնացած աշխարհի սերունդն է, նոյնպէս կապուած է իր արմատներուն։ ««Անկարելի բան չկայ»ի փիլիսոփայութեամբ կ՛ապրինք մենք: Վկան՝ Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրութիւնը», ըսաւ ան:
Հինգ տարեկանին արկածի մը հետեւանքով շաբաթ մը մահաքունի մէջ կը մնայ եւ կենաց-մահու պայքար կը մղէ: Այնուհետեւ, ապաքինման շրջանին, շուրջ երկու տարի հեռու կը մնայ դպրոցական կեանքէն։ «Ֆիզիքական տկարութիւնը ուժի վերածեցի եւ պայքարելով անկարելին կարելի դարձուցի: Ահաւասիկ կեանքիս փիլիսոփայութիւնը», ըսաւ Փափազեան եւ աւելցուց, թէ ատոր համար պարտական է ծնողներուն, որոնք այդպէս դաստիարակած են զինք:
1988ին տարի մը աշխատած է Accor խումբին մէջ եւ այնուհետեւ միացած է Publicis-ին եւ քանի մը տարի ետք՝ RTL-ին։ 2002ին գնած է հաղորդակցութեան եւ լրագրութեան երկու դպրոցներ (Iserp, Itaim), որոնց կը յաջողի եւրոպական տարողութիւն տալ՝ Պրիւքսէլ, Լոնտոն եւ Պարսելոնա:
Այնուհետեւ ծայր կ՛առնէ ստեղծագործելու, իր մասնագիտական ասպարէզը ընդարձակելու երկար ճանապարհը, հասնելով MediaSchool-ի հիմնադրութեան եւ տնօրէնութեան, անցնելով Ֆրանսայի ու Եւրոպայի սահմանները, մինչեւ Շանկհայ եւ Մեքսիքօ։
Անոր հայրը՝ Հանրի Փափազեան օրինակ հանդիսացած է իրեն համար: Ան միշտ հաւաքական շահը վեր դասած է անձնականէն եւ արդէն 25 տարի է, որ սիրայօժար կերպով իր ամբողջ ժամանակը կը յատկացնէ հայկական ձայնասփիւռին: Ինք շատ կապուած էր իր մեծ հօր՝ Խորէն Շահնազարեանին, որ մահացաւ, երբ ինք 11 տարեկան էր: Ան Ցեղասպանութենէն ետք Յունաստան ապրած է եւ վերջապէս Ֆրանսա հաստատուած: Իր աչքերով տեսած է ընտանիքին մորթուիլը, բայց չէր ուզեր խօսիլ այդ դժոխային օրերուն մասին, իր թոռնիկներուն հոգեկան աշխարհը չպղտորելու համար։ «Մենք պարտք ունինք կոտորածի ենթարկուած մեր պապերուն հանդէպ, որպէսզի արդարութիւնը վերականգնի», յայտնեց Մուրատ Փափազեան եւ շարունակեց՝ նշելով, թէ ինք անպայման ուզած է հայերէն սորվիլ եւ այսօր սահուն հայերէն կը խօսի, սակայն միշտ ալ ըսած է, թէ լեզուն պէտք չէ արգելք հանդիսանայ Հայ Դատի ուղղութեամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ճամբուն վրայ:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ազգային օր յայտարարելու երեւոյթին, Փափազեան ընդգծեց այդ աննախընթաց որոշումին յոյժ կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, թէ կը յուսայ, որ Ֆրանսա օրինակ կը հանդիսանայ այլ պետութիւններու:
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաղորդումին ընթացքին վկայութիւններ տուին եւ Մուրատ Փափազեանի անձին ու գործին անդրադարձան ծանօթ անձնաւորութիւններ.
և Արա Թորանեան ըսաւ, թէ ինք Մուրատը կը ճանչնայ իբրեւ Հայ Դատի զինուորեալ եւ CCAF-ի համանախագահ, որ երկար տարիներէ ի վեր պայքար կը տանի ի նպաստ Հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան: Անոր նշանակումը՝ լրասփիւռներու տարուան մարդը, բնականաբար հպարտանալիք երեւոյթ է հայութեան համար։
– Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ ինք միշտ հաւատարիմ եղած է Հայ Դատին, բայց Մուրատ Փափազեանն ալ, իր կարգին, տարիներու ընթացքին՝ իբրեւ Ընկերվարական կուսակցութեան համակիր, միշտ իր կողքին եղած է: Հոլանտ դրուատեց անոր հետեւողականութիւնը եւ հարցերը մինչեւ վերջ հետապնդելու վճռականութիւնը։
– Ժագ Սեկելա շնորհաւորեց Փափազեանը՝ «Մետիայի տարուան մարդը» ընտրուելուն առիթով եւ դրուատելով անոր լաւատեսութիւնը՝ մաղթեց, որ ուրիշներ ալ հետեւին Ֆրանքի օրինակին։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»