ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960). Հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքը

02 Ապրիլ 2019 Ապրիլ 2ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի։

Հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի պատմութեան մէջ մեծատառ գրուած անուն է Սողոմոն Թեհլիրեան, որ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական ծանրագոյն ոճիրն գլխաւոր պատասխանատուին՝ Թալէաթ փաշայի արդարահատոյց ահաբեկման իրագործողը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, անմահացաւ մեր ազգային յիշողութեան մէջ։

Արհաւիրքի եւ արդար հատուցման ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող Վրիժառու Հայը հազիւ 25 տարեկան էր 15 Մարտ 1921ին, երբ Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, ահաբեկեց Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան իթթիհատական վարչապետը, որ յոխորտացած էր, թէ արմատէն պիտի չորցնէ հայկական ածուն…

Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական պետութիւնը կառավարող Իթթիհատական Եռապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութիւնը մխրճած էր անհեռանկար ու կործանարար Աշխարհամարտին մէջ, այլեւ աշխարհասասան պատերազմի թոհուբոհէն «օգտուելով»՝ հրահանգած էր գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ծրագրին։

Ինչպէս Իթթիհատական ղեկավարութեան բոլոր անդամները, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլսէն փախուստ տուած էր, որպէսզի իր կարգին կարենար խուսափիլ, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին չարաչար պարտութիւն կրած թրքական պետութեան յանցագործութիւններուն համար, անձնապէս հաշուետուութեան կանչուելու, դատուելու եւ պատժուելու անխուսափելի դատաստանէն։

Թալէաթ հաստատուած էր Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղը, ծպտուած էր ու ինքնաթուղթ փոխած, որպէսզի ոչ ոք գտնէ իր թագստոցը եւ որպէսզի կարենայ այդպէ՛ս՝ օրէնքէ եւ արդարադատութենէ խոյս տուած, «վայելել» իր յանցագործ կեանքին մեղաւոր «պտուղներ»ը։

Թալէաթ թերեւս կարենար խուսափիլ Դաշնակիցներու եւ մինչեւ իսկ իր իշխանութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրքերու հետապնդումներէն կամ «արդարադատութենէն»։ Բայց Թալէաթի ձեռքերուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահատակներու՝ հայ մայրերու եւ երեխաներու, հայ կոյսերու եւ ալեհերներու արիւնը։

Եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն՝ Դաշնակցութիւնը գտաւ Թալէաթին եւ Սողոմոն Թեհլիրեան հասաւ Պերլին ու հրէշի բնակարանին առջեւ գետին փռեց հայ ժողովուրդի թիւ 1 ցեղասպանին։

Թալէաթի «երգը շատոնց երգուած էր»… 1919ի աշնան արդէն, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, տրուած էր որոշումը ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին։ Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յատուկ Մարմին՝ ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը։ Այդպէ՛ս կեանք առաւ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու «Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածին անուան հետեւողութեամբ) գործողութիւնը։

Եւ ճակատագրի դասաւորումով մինչ այդ ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ նոյնիսկ հայ ժողովուրդին ոչ-յայտնի երիտասարդ հայորդիի մը՝ դաշնակցական Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ իրագործումը Հայկական Արդարահատուցման։

Եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։

Եւ թրքական պետութեան գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 1 պատասխանատուն՝ եղեռնագործ Թալէաթը կրեց իր արդար պատիժը։

Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Թրքական իշխանութեանց կողմէ երկրէն աքսորուած եւ Սերպիա հաստատուած Խաչատուր Թեհլիրեանը տարիներով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնացած իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն, որոնց կրտսերն էր Սողոմոն։

Թեհլիրեան իր ուսումը ստացաւ Երզնկայի նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան։

1913ին Սողոմոն եւս մեկնեցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միացած ընտանիքին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։

Բայց 1914ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ փոխեց նաեւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը՝ ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն։

Այդպէ՛ս, Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։

Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը՛ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ’իյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները – մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները – սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։

Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։

1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս։ Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակի թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան։ Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տըխրահռչակ թաղապետ ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։

Ահաբեկումէն ետք ան պարտաւորուեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս» գործադրութիւնը։

Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին «բախտը ժպտաց», ինչպէս որ կþըսէ ծանօթ երգը, եւ իրեն վստահուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։

Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։

Ջարդարար պարագլուխը, Ալի Սալէհ Պէյ անունով անցագիր հանած ու ծպտուած, կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ եկաւ ջարդարարին հետ եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց հայասպան հրէշը։

Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռուած էր անծանօթ անցորդ մը…

Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։

Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ եւ աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ։ Գերմանական դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։

Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Արդարահատոյց Հարուածով եւ Ցեղասպան Թուրքը մարմնաւորող Թալէաթի ահաբեկումով.- Թեհլիրեան խորհրդանշեց նախ՝ հայոց Արդար Դատաստանին արձակած մահավճռի պատիժը գործադրող բազուկը, ապա՝ միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։

Այսօր արդէն հանրայայտ եւ հանրագիտական ճշմարտութիւն է, որ նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքինը ներշնչուեցաւ Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ հիմնուեցաւ այն մեծ հարցականին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…

Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք, Թեհլիրեան հաստատուեցաւ Պել- կրատ եւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կ. Կոմիտէութեան կազմէն ներս։ Այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր դաշնակցական իր գործունէութիւնը շարունակեց Արեւմտեան Շրջանի մէջ։ Վախճանեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնօ։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company