ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

18 Ապ­րիլ 1921, Ար­ցախ. ­Վերջ գտաւ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ղե­կա­վա­րած հա­կա­պոլ­շե­ւի­կեան ապս­տամ­բու­թիւ­նը

18 Ապրիլ 2019 1921 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լը ծան­րա­գոյն, այ­լեւ վճռո­րոշ ա­միս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ։

Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ — եւ այ­լեւս 70 տա­րո­ւան հա­մար — ին­կաւ խորհր­դա­յին լու­ծի տակ։

18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին շղթա­յա­զեր­ծուած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը, զի­նու զօ­րու­թեամբ խորհըր­դայ­նա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կը վե­րա­դարձ­նե­լով Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի գլխա­ւո­րած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէին, յիս­նօ­րեայ ու­ժեղ դի­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լէ ետք ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրոհ­նե­րուն դէմ՝ ի վեր­ջոյ տե­ղի տո­ւաւ եւ Ապ­րիլ 12ին, ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով ու շուրջ 12 հա­զար ժո­ղո­վուր­դով, ան­ցաւ Պարս­կաս­տան։

Շատ ա­ւե­լի ծանր ե­ղաւ դրու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հա­մար, որ ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն սկսեալ, իր հե­րոս ա­զա­տա­մար­տի­կին՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած էր խորհր­դա­յին­նե­րուն դէմ՝ ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը հռչա­կո­ւած Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նու­մին։

Ապ­րիլ 18ի օ­րը, 1921 թո­ւին, ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խը իր կար­գին պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ տե­ղի տա­լու ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրո­հին առ­ջեւ եւ վար դնե­լու… զէն­քե­րը։

Միայն ­Զան­գե­զու­րը շա­րու­նա­կեց դի­մադ­րել ­Կար­միր ­Բա­նա­կի խու­ժու­մին՝ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ ա­նոր հրա­մա­նատ­րու­թեան տակ դրո­ւած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժին հետ, բայց այդ ալ սոսկ ո­րո­շա­կի ժա­մա­նա­կի հա­մար, մին­չեւ Յու­լիս, երբ ­Հա­յոց Ս­պա­րա­պե­տը իր կար­գին հա­տեց հայ-պարս­կա­կան սահ­մա­նը եւ միա­ցաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րա­գիր ղե­կա­վա­րու­թեան։

1921 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լը ծան­րա­գոյն, այ­լեւ վճռո­րոշ ա­միս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ։

Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ — եւ այ­լեւս 70 տա­րո­ւան հա­մար — ին­կաւ խորհր­դա­յին լու­ծի տակ։

18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին շղթա­յա­զեր­ծուած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը, զի­նու զօ­րու­թեամբ խորհըր­դայ­նա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կը վե­րա­դարձ­նե­լով Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի գլխա­ւո­րած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէին, յիս­նօ­րեայ ու­ժեղ դի­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լէ ետք ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրոհ­նե­րուն դէմ՝ ի վեր­ջոյ տե­ղի տո­ւաւ եւ Ապ­րիլ 12ին, ­Զան­գե­զու­րի վրա­յով ու շուրջ 12 հա­զար ժո­ղո­վուր­դով, ան­ցաւ Պարս­կաս­տան։

Շատ ա­ւե­լի ծանր ե­ղաւ դրու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հա­մար, որ ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն սկսեալ, իր հե­րոս ա­զա­տա­մար­տի­կին՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած էր խորհր­դա­յին­նե­րուն դէմ՝ ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը հռչա­կո­ւած Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նու­մին։

Ապ­րիլ 18ի օ­րը, 1921 թո­ւին, ար­ծո­ւե­բոյն Ար­ցա­խը իր կար­գին պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ տե­ղի տա­լու ­Կար­միր ­Բա­նա­կի գրո­հին առ­ջեւ եւ վար դնե­լու… զէն­քե­րը։

Միայն ­Զան­գե­զու­րը շա­րու­նա­կեց դի­մադ­րել ­Կար­միր ­Բա­նա­կի խու­ժու­մին՝ ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի եւ ա­նոր հրա­մա­նատ­րու­թեան տակ դրո­ւած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժին հետ, բայց այդ ալ սոսկ ո­րո­շա­կի ժա­մա­նա­կի հա­մար, մին­չեւ Յու­լիս, երբ ­Հա­յոց Ս­պա­րա­պե­տը իր կար­գին հա­տեց հայ-պարս­կա­կան սահ­մա­նը եւ միա­ցաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րա­գիր ղե­կա­վա­րու­թեան։

Այս­պէս, 98 տա­րի ա­ռաջ, Ապ­րիլ 18ի այս օ­րը, վերջ գտաւ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ղե­կա­վա­րած Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ապս­տամ­բու­թիւ­նը խորհր­դա­յին կար­գե­րուն դէմ։
Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պոռթ­կում­նե­րու եւ ապս­տամ­բա­կան շար­ժում­նե­րու բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մէջ, 1920-1921 տա­րի­նե­րու այդ ապս­տամ­բու­թիւ­նը հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «­Թե­ւա­նի ապս­տամ­բու­թիւն»…

Այ­դու­հան­դերձ՝ մին­չեւ Ար­ցա­խի մե­րօ­րեայ ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րումն ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը՝ ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար ա­ռաջ, ընդ­հան­րա­պէս մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւած էր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի այս փայ­լուն է­ջը։ ­Մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւած էր մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի 1920ա­կան­նե­րու ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս ղե­կա­վա­րը՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նը, ո­րուն կեն­սագ­րու­թեան մա­սին տար­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներն իսկ հան­րա­գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թե­նէ դուրս պահուե­ցան եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ։

Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ա­նունն ու ա­նոր ղե­կա­վա­րած ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը, ամ­բող­ջու­թեան մէջ, ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կը կազ­մեն Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նի հա­յաց­ման ու ան­կա­խաց­ման հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դին մղած հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին, ո­րուն շար­ժիչ ուժն ու ա­ռաջ­նոր­դող դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ Անդ­րա­նիկ­նե­րու, ԴՐՕ­նե­րու, ­Ռու­բէն­նե­րու եւ Գա­րե­գին Նժ­դեհ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան տակ։

Ս­տոյգ է, սա­կայն, որ խորհր­դա­յին­նե­րը ի­րենք, ուղ­ղա­կիօ­րէն եւ բա­ռին ա­մէ­նէն հա­կա­հայ ի­մաս­տով, ամ­բողջ 70 տա­րի փոր­ձե­ցին իբ­րեւ «ժո­ղո­վուր­դի թշնա­մի» վար­կազր­կել ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նը՝ զինք ու գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րը «­Թե­ւա­նիստ­ներ» հռչա­կե­լով եւ, այդ «մե­ղադ­րանք»ով, պար­բե­րա­բար հա­լա­ծան­քի եւ հուսկ սի­պի­րեան աք­սո­րի են­թար­կե­լով Ար­ցա­խի այն բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րը, ո­րոնք խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն դոյզն հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցան Ար­ցա­խի հայ­կա­կան դի­մագ­ծին եւ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն անձ­նա­զո­հա­բար տէր կանգ­նե­լու։

Ա­ւե­լի՛ն. ինչ­պէս ­Թաւ­րի­զէն ­Պալ­քան­ներ ան­ցած Նժ­դե­հի պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս եւ Պարս­կաս­տա­նէն եր­բեք դուրս չե­կած ­Թե­ւա­նի նկատ­մամբ՝ խորհըր­դա­յին­նե­րը միշտ ու­նե­ցան «հա­շո­ւե­յար­դար» կա­տա­րե­լու պե­տա­կան ո­րո­շում…

Եւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին, երբ կարճ ժա­մա­նա­կով ­Կար­միր ­Բա­նա­կը կրցաւ Պարս­կաս­տան մտնել, խորհըր­դա­յին­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այդ… ո­րո­շու­մը։

Թաւ­րի­զի մէջ ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ ­Պա­քու տա­նե­լով գնդա­կա­հա­րե­ցին ­Հատ­րու­թի (պատ­մա­կան ­Դի­զակ գա­ւա­ռի) հե­րո­սա­ծին այս զա­ւա­կը։

Խորհր­դա­յին­նե­րը բնաւ չնե­րե­ցին Ար­ցա­խի քա­ջա­րի զա­ւակ ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեան ա­նու­նով ­Տում գիւ­ղի ծնունդ այս հե­րո­սին, որ Ապ­րիլ 1920ի վեր­ջե­րէն, երբ ատր­պէյ­ճան­ցիք մու­սա­ւա­թա­կան ի­րենց դէմ­քը փո­խա­րի­նե­ցին կար­միր-բա­նա­կա­յին­նե­րու հա­մազ­գես­տով, անխ­նայ պայ­քար յայ­տա­րա­րեց պոլ­շե­ւի­կեան դրօ­շի տակ Ար­ցա­խը բռնագ­րա­ւե­լու ե­լած թրքա­կան վտան­գին դէմ։

Թե­ւան դար­ձաւ ա­հու­սար­սա­փը խորհր­դա­յին ­Չե­կա­յի ա­զե­րի թէ հայ ծա­ռա­յա­միտ­նե­րուն։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին ալ հա­կա­խորհր­դա­յին պայ­քա­րի «խորհրդա­նիշ»ի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­րոզ­չու­թեան կող­մէ։

Նոյն­պէս ­Դի­զա­կի (­Հատ­րութ) զա­ւակ՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դի անդ­րա­նիկ նա­խա­գահ Ար­թուր Մկրտ­չեա­նը, 1980ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ան­ձին ու գոր­ծին, բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէ­տի մը գնա­հա­տա­կա­նէն ա­ւե­լին կը կա­տա­րէր, երբ կը գրէր.-

«­Մեր ­Հայ­րե­նի­քի հա­մար ա­մե­նա­տա­րա­բախտ շրջա­փու­լի ժա­մա­նակ, երբ սպառ­ւում էին հա­յոց ան­կախ պե­տու­թեան գո­յու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հը Դի­զա­կում ի­րեն տե­ղա­պետ է կար­գում ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նին։ ­Տու­մե­ցի հե­րո­սը դառ­նա­լու էր, այ­նու­հե­տեւ, ադր­բե­ջա­նա­կան չե­կիստ հրո­սակ­նե­րի հո­գէա­ռը, ­Դի­զա­կի հա­յու­թեան անձ­նա­զոհ պաշտ­պա­նը (ո­րա­կու­մը՝ ­Բագ­րատ Ու­լու­բա­բեա­նի): ­Թե­ւա­նի ա­նունն, ան­կաս­կած, փա­ռա­ւո­րե­լի է Ար­ցա­խի այն­պի­սի հե­րոս­նե­րի ա­նո­ւանց հետ, ինչ­պի­սիք են Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նը, ­Վա­նայ Իշ­խա­նը»։

Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի ա­ռա­ջա­ցու­ցած եւ ղե­կա­վա­րած ապս­տամ­բու­թիւ­նը ինք­նագ­լուխ քայլ մը չէր։ ­Պատ­մա­բան­նե­րը կը վկա­յեն, որ «1919ի Օ­գոս­տո­սին կա­յա­ցած Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան եօթ­նե­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րում ո­րո­շո­ւել էր, մին­չեւ ­Փա­րի­զի Հաշ­տու­թեան ­Վե­հա­ժո­ղո­վում Ար­ցա­խի հար­ցի վերջ­նա­կան լու­ծու­մը, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ըն­դու­նել Ադր­բե­ջա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը: Չ­նա­յած հա­մա­ձայ­նագ­րի 26 կէ­տե­րից մէ­կը ադր­բե­ջա­նա­կան զի­նու­ժին Ար­ցախ չմտնե­լու մա­սին էր, անգ­լիա­ցի­նե­րի կող­մից ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Զան­գե­զու­րի գե­նե­րալ-նա­հան­գա­պետ նշա­նա­կո­ւած ­Սուլ­թա­նո­վը հրա­հան­գում է ռազ­մա­կա­լել Ար­ցախն ու պար­տադ­րել ադր­բե­ջա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը:

Ար­ցախ­ցի­նե­րը, հաս­կա­նա­լով պա­հի օր­հա­սա­կան լի­նե­լը, պատ­րաստ­ւում են դի­մադ­րու­թեան։ «­Ռում­բը պայ­թում է» 1920ի ­Մար­տի 22ի ե­րե­կո­յեան՝ մահ­մե­դա­կան Նով­րուզ-­Բայ­րա­մի օ­րը։ ­Թէժ մար­տեր են ըն­թա­նում յատ­կա­պէս ­Վա­րան­դա­յում, Աս­կե­րա­նի ճա­կա­տում եւ ­Տու­մի-Խ­ծա­բեր­դի ու Մ­սուր­ման­լա­րի շրջա­նում։ Աս­կե­րա­նի բեր­դի կռիւ­նե­րը տե­ւում են 18 օր. մօտ 500 հա­յեր՝ 3500-4000 հո­գուց բաղ­կա­ցած կա­նո­նա­ւոր զօր­քի դէմ: ­Յաղ­թա­նա­կի դէպ­քում մե­րոնք կտրում էին Աղ­դամ-­Շու­շի խճու­ղին, շրջա­փա­կում մայ­րա­քա­ղա­քը (­Շու­շին) եւ հար­կադ­րում ադր­բե­ջա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րին անձ­նա­տուր լի­նել. հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յում կո­տո­րած­ներն ան­խու­սա­փե­լի էին»։

Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս, 97 տա­րի ա­ռաջ ալ, թա­թար-ա­զե­րի-թուր­քը սպա­ռեց վստա­հե­լիու­թեան իր պա­շա­րը, երբ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան բա­րի-դրա­ցիա­կան տրա­մադ­րու­թեանց հա­կա­դար­ձեց Ար­ցա­խը հա­յու­թե­նէ պար­պե­լու — ի հար­կին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճամ­բով — հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։

Ժա­մա­նա­կը փաս­տօ­րէն ոչ մէկ բա­րե­փո­խում ա­ռա­ջա­ցու­ցած է ինչ­պէս թուրք, այն­պէս ալ թա­թար-ա­զե­րի պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան՝ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան մէջ։
Հա­մաթր­քա­կան բնոյթ ստա­նայ այդ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը, թէ հա­մա-օս­մա­նա­կան, փաս­տօ­րէն իր ցնո­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար միշտ ալ խո­չըն­դոտ կը նկա­տէ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը։

Եւ այն­քան ա­տեն, որ թրքա­կան այդ ֆա­շա­կա­նու­թիւ­նը չէ յաղ­թա­հա­րո­ւած, ­Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի օ­րի­նա­կով հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­րի ծնունդ­նե­րը միշտ պի­տի կանգ­նին Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ՝ ա­զա­տա­մար­տի­կի դրօ­շը միշտ բարձր պա­հե­լով։

Թե­ւան­նե­րը կրնան ճա­կա­տա­մարտ­ներ կորսնց­նել, բայց յա­րա­տեւ կռո­ւի քրիս­տա­փո­րեան պատ­գա­մին ըն­դա­ռաջ՝ ա­նոնք ան­պայ­ման մշտար­ծարծ կը պա­հեն ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ջա­հը, մին­չեւ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մը մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը ­Միա­ցեալ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի։

Թե­ւան Ս­տե­փա­նեա­նի յի­շա­տա­կին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ, հրա­պա­րակ հա­նո­ւե­ցաւ եւ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը՝ «­Թե­ւան. լե­գենդ եւ ի­րա­կա­նու­թիւն» ա­նո­ւան տակ։

Ար­ժէ­քա­ւոր այդ ժա­պա­ւէ­նը ի մի բե­րաւ ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու եւ ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու վկա­յու­թեանց ու­շագ­րաւ ամ­բող­ջու­թիւն մը, ո­րոնց­մէ առ­նո­ւած է հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թեանց հե­տա­գայ հա­տո­ւա­ծը.

— 1921 թ. Ապ­րի­լի 18ին, ­Թե­ւա­նը 700 զի­նա­կից­նե­րի հետ կա­տա­ղի մար­տե­րով հաս­նում է սիւ­նե­ցի­նե­րի բա­ցած ­Զա­բու­ղի մի­ջանց­քը եւ անց­նում ­Լեռ­նա­հա­յաս­տան, ա­ւե­լի ուշ` Պարս­կաս­տան: ­Հե­տա­գա­յում մի քա­նի ան­գամ անց­նում է Ա­րաքսն ու կնոջն ու դստե­րը տա­նե­լու նպա­տա­կով հաս­նում Ար­ցախ, լի­նում հայ­րե­նի գիւ­ղում, Ս­տե­փա­նա­կեր­տում, ուր տե­ղա­փո­խո­ւել էր ըն­տա­նի­քը: ­Հա­րա­զատ­նե­րին ար­տեր­կիր փախց­նե­լու ծրա­գի­րը ձա­խող­ւում է, բայց մատ­նու­թեան, հրաձ­գու­թեան, հե­տապն­դում­նե­րի, մատ­նի­չին պատ­ժե­լու, սա­րե­րում թաք­նո­ւե­լու, ծա­ծուկ գոր­ծե­լու մա­սին մին­չեւ հի­մա էլ զա­նա­զան պատ­մու­թիւն­ներ կան Ար­ցա­խում, ո­րոնք սերնդէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւե­լով՝ ստա­ցել են մի տե­սակ ա­ռաս­պե­լա­կան ու հե­քիա­թա­յին բնոյթ:

«Ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին են նաեւ ­Թե­ւա­նի ձեր­բա­կա­լու­թեան ու մա­հո­ւան հետ կա­պո­ւած պատ­մու­թիւն­նե­րը: 1941ին Ադրբե­ջա­նի ­Կոմ­կու­սի ­Կենտ­կո­մի ա­ռա­ջին քար­տու­ղար Միր­ջա­ֆար ­Բա­ղի­րո­վը, Ի­րա­նում խորհր­դա­յին հե­տա­խու­զու­թեան աշ­խա­տա­կից Է­դո­ւարդ ­Մար­տի­րո­սո­վին յանձ­նա­րա­րում է գտնել ու ձեր­բա­կա­լել ­Թե­ւա­նին: Մ­տա­վա­խու­թիւն կար, որ նա կա­րող է վե­րա­դառ­նալ Ար­ցախ ու հա­կա­խորհր­դա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել: ­Թե­ւանն այդ տա­րի­նե­րին մեր հա­րե­ւան երկ­րում ճա­նա­պար­հա­շի­նա­րար էր աշ­խա­տում` աշխ­ղեկ կամ նման մի բան: Եւ ա­հա Մար­տի­րո­սովն ու եւս մի քա­նի չե­կիստ, ընդ ո­րում մէ­կը` ղա­րա­բաղ­ցի, 1941ի Հոկ­տեմ­բե­րի 25ին, հա­մա­ձայն նա­խա­պէս մտա­ծո­ւած ծրագ­րի, մե­քե­նա­յով կանգ են առ­նում ­Թե­ւա­նի բրի­գա­դի մօտ, բա­ցում իբր խա­փա­նո­ւած մե­քե­նա­յի շար­ժի­չի խցի կա­փա­րի­չը (կա­պո­տը), եւ ար­ցախ­ցու ընդգ­ծո­ւած բար­բա­ռով բարձ­րա­ձայ­նում` ճա­նա­պար­հին մնա­լու, ան­յա­ջո­ղութեան, շար­ժի­չից գլուխ չհա­նե­լու մա­սին: ­Թե­ւա­նը, լսե­լով հայ­րե­նա­կից­նե­րի ձայ­նը, մօ­տե­նում է, յու­սադ­րում, փոր­ձում օգ­նել: Ու երբ կռա­նում է շար­ժիչն ու­սում­նա­սի­րե­լու, չե­կիստ «հայ­րե­նա­կից­նե­րը» ո­լո­րում են ձեռ­քե­րը, կա­պում, մտցնում մե­քե­նայ: Այս ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, որ տեղ են գտել Հ­րանտ Աբ­րա­հա­մեա­նի «­Թե­ւան» գրքոյ­կում, գրող ­Շա­հէն Մկրտ­չեա­նին տաս­նա­մեակ­ներ անց պատ­մել է նոյն ­Մար­տի­րո­սո­վը: «­Շա­րու­նա­կու­թիւնն ա­ւե­լի հե­տաքր­քիր է: Ձեր­բա­կա­լո­ւա­ծին ­Բա­քու են բե­րում գնաց­քով ու եր­կու ժա­մը մէկ ստու­գում բեռ­նա­տար վա­գո­նի ու­ղե­ւո­րին: ­Հեր­թա­կան կան­գա­ռի ժա­մա­նակ բա­ցում են դուռն ու խցի­կը դա­տարկ տես­նում: ­Պարզ­ւում է, ոտ­քերն ու ձեռ­քե­րը կա­պո­ւած վի­ճա­կում ան­գամ, Թե­ւա­նը ել­քը գտել էր. ա­տամ­նե­րով պո­կել էր յա­տա­կի կի­սա­ջարդ տախ­տակ­ներն ու ի­րեն նե­տել գնաց­քից: ­Յետ դառ­նա­լով` նախ ա­րեան թարմ հետ­քեր են գտնում, ա­պա` գնաց­քի գծե­րից 25 մետր հե­ռու` ան­գի­տա­կից ­Թե­ւա­նին: Ի՞նչ է լի­նում յե­տոյ, մինչ օրս պարզ չէ: Ո­րոշ տո­ւեալ­նե­րով՝ նրան գնդա­կա­հա­րել են, ո­մանք պնդում են ­Սի­բիր աք­սո­րո­ւե­լու, միւս­նե­րը` իբր բոլ­շե­ւիկ­նե­րի կողմն անց­նե­լու եւ որ­պէս հե­տա­խոյզ աշ­խա­տե­լու, ու­րիշ­ներն էլ` դար­ձեալ փախ­չե­լու մա­սին:

Տե­սա­կէտ կայ, որ ­Թե­ւա­նին առ­հա­սա­րակ չեն բռնել, եւ այս պատ­մու­թիւ­նը յօ­րի­նո­ւել է ի­րենց եր­բեմ­նի հրա­մա­նա­տա­րին սպա­սող թե­ւա­նիստ­նե­րի (այս­պէս էին Ար­ցա­խում կո­չում հա­կա­խորհր­դա­յին տար­րե­րին) յոյ­սե­րը մա­րե­լու հա­մար: ­Հա­յաս­տա­նում գտնո­ւող ար­խի­ւա­յին սա­կաւ փաս­տաթղ­թե­րում նշւում է միայն գնդա­կա­հա­րու­թեան մա­սին։

Նոյն­պէս ար­խի­ւա­յին ար­ձա­նագ­րու­թեանց հա­մա­ձայն՝

«­Հե­րո­սի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղի է ու­նե­նում ­Բաք­ւում։ Գն­դա­պետ Է­դո­ւարդ Մար­տի­րո­սո­վը՝ ­Թե­ւա­նին ձեր­բա­կա­լող խմբի ղե­կա­վա­րը, գրում է, որ դա­տա­վա­րու­թեան վեր­ջին օ­րը, գնդա­կա­հա­րու­թիւ­նից ա­ռաջ, ­Թե­ւանն ա­րիւ­նո­տո­ւած պի­ջա­կի գրպա­նից հա­նե­լով մի փոք­րիկ քսակ՝ պար­զում է ի­րեն եւ ա­սում.- «Այս քսա­կի մէջ, ես պա­հում եմ մի բուռ հող, ո­րը վերց­րել եմ հայ­րե­նի Ար­ցա­խից: Այս բուռ հո­ղը իմ սրտի մէջ պա­հում եմ քսան տա­րուց ա­ւե­լի: Ես այս հո­ղի հա­մար եմ պայ­քա­րել, այս հո­ղը հա­յին պա­հե­լու հա­մար են ինձ հե­տապն­դել եւ օ­տա­րել իմ հայ­րե­նի Ար­ցա­խից: Այս հո­ղը, իբ­րեւ սրբու­թիւն, որ­պէս մեր քաջ նախ­նի­նե­րի ա­րեամբ ամ­րա­ցած, կրել եմ մարմ­նիս վրայ եւ ուժ ու ե­ռանդ ստա­ցել: Որ­տեղ էլ որ մեռ­նէի, իբ­րեւ պատ­գա­մի պի­տի խնդրէի այս մէկ բուռ հո­ղը շաղ տան գե­րեզ­մա­նիս վրայ: Խնդ­րում եմ կա­տա­րէք իմ այս պատ­գա­մը…»։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company