ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Լոռիի եւ Ջաւախքի մեր կեդրոնները, պիտի ըլլան նոր սերունդին դարբնոցները

08 Մայիս 2019 Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Գաբրիէլ Սոմունճեանի հետ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը, Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն ի նպաստ զեկուցական եւ հանգանակային հաւաք կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս:

Այս առթիւ «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Գաբրիէլ Սոմունճեանի հետ «Հորիզոն»ի յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ նուիրահաւաքի գումարը պիտի յատկացուի յանձնախումբի ծրագիրներուն, որոնք կ’ընդգրկեն Լոռիի երիտասարդական կեդրոններու համակարգչային սարքաւորումը, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ երիտասարդական կեդրոնին կից Հայ կեդրոնին վերանորոգումը:

Յանձնախումբին կազմաւորման անդրադառնալով Գաբրիէլ Սոմունճեան յայտնեց, թէ ՀՅԴ նախորդ Ընդհանուր ժողովները որոշում կայացուցին իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի յանձնել Հայաստանի մարզերէն մէկը, որուն տուեալ շրջանը պարտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ եւ ծաւալել յատուկ գործունէութիւն: «Գանատայի շրջանին յանձնուեցան Լոռիի մարզը եւ Ջաւախքը: Այսպիսով Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն առաջացուց «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը, որ կը գործէ չորս տարիէ ի վեր: Հետեւաբար, ինչպէս նշեցի, յանձնախումբին նպատակն է աջակցիլ եւ զօրավիգ կանգնիլ Լոռիի շրջանին եւ Ջաւախքի մէջ իրականանալիք ծրագիրներուն», յայտնեց ատենապետը:


Յանձնախումբը անցնող տարիներուն ակնառու յաջողութեամբ կրցաւ իրականցնել կարգ մը ծրագիրներ, որոնց մասին տեղեկութիւն տուաւ Սոմունճեան ըսելով. «Վերջին երկամեակին յանձնախումբին հիմնական իրագործումը եղաւ դրամահաւաքի երկու ձեռնարկները՝ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, որոնց հասոյթը, ինչպէս նաեւ նախապէս հանգանակուած այլ գումարներ, ամբողջութեամբ տրամադրուեցան Լոռիի մարզի ծրագիրներուն՝ Ալավերդիի եւ Վանաձորի մեր կեդրոններու վերանորոգման եւ կահաւորման, Ստեփանաւանի եւ Սպիտակի երիտասարդական հաւաքավայրերու բարեկարգման եւ այլ աշխատանքներու»: Ան նաեւ մատնանշեց, թէ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը ամէն տարի Վանաձորի մէջ կը կազմակերպէ ամառնային ճամբար մը, որուն նոյնպէս նեցուկ կը կանգնի յանձնախումբը, ապա շեշտեց կարեւորութիւնը նման ճամբարներու՝ ոչ միայն Վանաձորի մէջ, այլեւ Լոռիի ամբողջ տարածքին, որոնց իրագործման ի խնդիր յանձնախումբը պիտի շարունակէ աջակցիլ ԳԵՄ-ին:

Հարցումին, թէ ինչպիսի՛ տպաւորութիւն կրցած են գործել տարուած այս աշխատանքները Լոռիի մարզի մեր ժողովուրդին վրայ, ատենապետը յայտնեց. «Լոռիի մէջ Գանատայի շրջանին տարած աշխատանքը, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը մեծ արձագանգ գտած է շրջանի մեր ժողովուրդին մօտ. անոնք գնահատանքով եւ գոհունակութեամբ կ’անդրադառնան Գանատայի շրջանին աջալուրջ եւ նպատակաուղղուած աշխատանքներուն»: Ան կը նշէ նաեւ, որ այսպիսի տպաւորութիւն կրցած է թողուլ Գանատայի շրջանը, որովհետեւ կոկիկ գումար ապահովելով յաջողած է նպատակին ծառայեցնել եւ ծրագիրները յաջողութեամբ պսակել, այսպիսով նաեւ յանձնախումբը կրցած է վստահութիւնը շահիլ Գանատայի բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ վստահութիւն ներշնչել Լոռիի մեր ժողովուրդին:

Ջաւախքի ծրագիրներուն մասին Սոմունճեան յայտնեց, թէ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին կից կառուցուած է «Համօ Օհանջանեան» մասնաշէնքը, որուն բացումը տեղի ունեցած է 2016-ին՝ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի աջակցութեամբ. նշեալ ծրագրին մէջ բաժին ունեցած է նաեւ Գանատայի շրջանը՝ նիւթապէս աջակցելով գործին ի կատար ածման:

Հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Գանատայի հայ գաղութին հետաքրքրութիւնն ու ներդրումը յանձնախումբին կազմակերպած միջոցառումներուն, Սոմունճեան պատասխանեց. «Ժողովուրդին անդրադարձը մեր նախաձեռնութիւններուն միշտ դրական է. օրինակ այս մէկը երկրորդ մեծ ձեռնարկն է, զոր կը կազմակերպէ «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը, եւ ամէն անգամ որ կը դիմենք մեր ժողովուրդին, մեր գաղութի ազգայիններուն, նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, բոլորն ալ առանց տատամսելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աջակցելու, բոլորն ալ իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ իրենց ներդրումը կ’ունենան»: Ան յայտնեց նաեւ, թէ բոլոր քոյր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, նոյնպէս, ոչ մէկ ջանք կը խնայեն օժանդակելու նիւթապէս եւ բարոյապէս: «Նկատառելի է, որ զգացական գործօնը եւս իր ներգործութիւնը ունի, մեր ժողովուրդը երբ կը լսէ, թէ նախաձեռնութիւնը կը միտի ջաւախահայութեան կամ Վանաձորի օժանդակութեան, անոնք անվարան կը փութան իրենց բաժինը եւս բերելու», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով յանձնախումբի անդամներուն՝ ատենապետը յայտնեց, թէ յանձնախումբը կազմուած է հետեւեալ անդամներէն. Մոնթրէալ-Լաւալէն՝ Վիգէն Աբրահամեան, Արմինէ Մուքոյեան, Կարօ Յարութիւնեան եւ ինք՝ Գաբրիէլ Սոմունճեան (ատենապետ), ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Մարօ Ֆրունճեան, որուն յետագային փոխարինած է Սեդա Մալխասեան, ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչ Ալեքս Օհանեան, որուն յետագային փոխարինած է Ժոզէֆ Գուբէլեան, Թորոնթոյէն՝ Հուրի Նաճարեան, Ժան Պալճեան, Վանգուվըրէն՝ Օհան Կիւրեղեան: «Բազմանդամ յանձնախումբ մըն է, ժրաջան կերպով կ’աշխատին բոլորը անխտիր, շաբաթական դրութեամբ կը գումարենք մեր ժողովները, եւ իւրաքանչիւր անդամ ունի իր մասնագիտական ներդրումը. մէկը քարոզչական աշխատանք կը տանի, միւսը տոմս կը ծախէ եւ այլն», ըսաւ ան:

Առ ի մտահոգութիւն, Սոմունճեան յայտնեց, թէ յանձնախումբը չ’ուզեր, որ իր առաքելութիւնը սահմանափակուի նիւթական ապահովելով, այլ անդամները կը փափաքին զարկ տալ փոխյարաբերութեանց սերտացման. «Մենք կը քաջալերենք անոնք, որոնք կը փափաքին անձամբ երթալ եւ հոն իրենց մասնագիտութեամբ օգտակար դառնալ այդտեղի մեր ժողովուրդին, այս մէկը կը սատարէ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման: Նաեւ կը փափաքինք հոնկէ երիտասարդներ հրաւիրել, որպէսզի մասնակցին մեր միութիւններուն կազմակերպած զանազան միջոցառումներուն, ի մասնաւորի ջաւախահայերը, որովհետեւ անոնք կարիքը ունին քաջալերանքի՝ յաղթահարելու համար իրենց վրայ բանեցուած զանազան տեսակի ճնշումները»:

Հարցումին, թէ ի՛նչ նպատակ կը հետապնդեն նման կեդրոններու կառուցումը, բարենորոգումն ու սարքագորումը, ատենապետը յայտնեց, թէ Վանաձորի կեդրոնին մէջ կը գործեն մեր բոլոր միութիւնները, որոնք ազգային դաստիարակութիւն կը ջամբեն մեր նորահաս սերունդին: «Ջաւախքի պարագային, կեդրոնին մէջ կը գործեն ՀՕՄ-ն ու Համազգայինը, հոն կը դասաւանդուին անգլերէն եւ հայերէն, հայոց պատմութիւն, երգ ու երաժշտութիւն, պար եւ մշակոյթ. այս բոլորը կը սատարեն մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հայեցի դաստիարակութեան: Վերջերս դպրոցներէն ներս հայերէնի դասապահերու նուազում տեղի ունեցած էր հոն, հետեւաբար այս կեդրոնները պիտի ըլլան մեր նոր սերունդին դարբնոցները, ուր անոնք պիտի թրծուին որպէս հայ», եզրափակեց ատենապետը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

horizonweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company