ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ժողովրդային Փառատօն

03 Հունիս 2019 «ՀՅԴ-ն Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Համախմբուելու, Սարդարապատեան Ոգիին Վերստին Հաղորդակից Դառնալով Դիմագրաւելու Արտաքին Ամէն Տեսակի Մարտահրաւէր» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» փողոցի «Արին» կեդրոնին կից տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած ժողովրդային փառատօն, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ կերտուած յաղթանակները պահպանելու եւ անոնցմէ պատգամ քաղելու կարեւորութեան վրայ, իսկ ազգային-հայրենասիրական երգերուն ընթացքին յաղթանակներուն փառքը հիւսուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ մեծաթիւ ժողովուրդին կամքը` կառչելու ազգային արժէքներուն:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Պետիկ Գասպարեան, որ 28 մայիսը նկատեց հայոց պատմութեան մեծագոյն տօնը, վերածնունդի խորհրդանիշը` դաշնակցական անձնուէր հերոսներու զոհաբերութեամբ կերտուած: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր, երբ ունինք մեր ազատ ու անկախ Հայաստանը, պարտինք վերանորոգել մեր ուխտը, կառչիլ դաշնակցական սկզբունքներուն եւ աշխատիլ ու մեր լաւագոյնը նուիրաբերել յանուն հայրենիքին ու ազգի բարգաւաճման:
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Սագօ Մարտիրոսեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը նշէ մայիսեան յաղթանակները, որովհետեւ Սարդարապատը ինքնին խորհրդանիշն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ու հայոց պետականութեան ծնունդին: Այդ յուշարձանի զանգերուն ղօղանջը հասած է Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, Լիբանան, հայութեան սիրտը` Պուրճ Համուտ: Ըստ անոր, Սարդարապատը կը հանդիսանայ ներշնչումի աղբիւր` գործելու պայքարի ոգիով ու հերոսներուն շունչով, աշխատելու այնպէս, որ պահպանուին հայ ընտանիքը, հայութիւնը եւ հայկական արժէքները:

Սագօ Մարտիրոսեան շեշտեց, որ 101 տարի առաջ հայութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ գոյապայքար մղելու մարտահրաւէրին, զոր պատուով յաղթահարեց` կամքով, ներքին ուժականութեամբ եւ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ` ձախողեցնելով հայութիւնը հարուածելու եւ անոր ճակատագիրին ընթացքը փոխելու ամէն տեսակի փորձ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ուղին կ՛անցնի մայիս 28-էն, որմէ եկած կտակը նուիրական կը մնայ: «Այս կտակը եղած է զէնքը ՀՅԴ Լիբանանի ընտանիքին, որ բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ու փոթորիկներուն ատեն աշխատեցաւ պաշտպանել մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ արեան գնով փրկել մեր հայահոծ թաղերն ու շրջանները», յայտնեց Ս. Մարտիրոսեան: Ան նշեց, որ այս կտակը «Սարդարապատ» կոմիտէին ուսերուն դրած է յաւելեալ պարտաւորութիւն` միշտ գործելու մայիսեան պայքարի ոգիով, յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն, թումբ կանգնելու շրջանի հայեցի դիմագիծին սպառնացող վտանգներուն դէմ` հետեւողականօրէն աշխատելով մեր թաղերուն հայկականութեան պահպանման ի խնդիր:

Մարաշի հայրենակցական միութեան խօսքը արտասանեց Նազարէթ Ապունայեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մայիսեան հերոսամարտի կարեւորութիւնը հայութեան համար, որ ծառացաւ, ըմբոստացաւ, դէմ կանգնեցաւ իր դարաւոր թշնամիին եւ արեան գնով կերտեց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի սրբազան յաղթանակները` իրականացնելով ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու դարաւոր երազը: Ան շեշտեց, որ առանց այս անկախութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, մայր հայրենիքը պիտի չգոյատեւէր մինչեւ այսօր` աւելցնելով, որ պէտք է կեդրոնանանք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին վրայ: «Հայրենիքը միայն հող չէ, այլ նաեւ հող ու ժողովուրդ է եւ անոնց միաձոյլ ամբողջութիւնը: Հետեւաբար, հայրենիքը սրբազան արժէք է, ժողովուրդի գոյութեան ամրոցն է, հզօրութեան աղբիւրն ու յաւերժութիւնը», նշեց Ն. Ապունայեան:

Ապա ան խօսեցաւ Մարաշէն եկած այն բեկորներուն մասին, որոնք իրենց մայր բնօրրանէն տեղահանուելէ ետք եկան ու հաստատուեցան այս հիւրընկալ ափերուն եւ հիմը դրին Նոր Մարաշին, «ուր կ’ապրինք, կը գործենք, կը շինենք, կը կերտենք, կը կառուցենք եւ կը մնանք հայ` հաւատարիմ մեր նահատակներուն եւ մեր արմատներուն»: Նազարէթ Ապունայեան յայտնեց, որ սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ կը գործեն հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, կը հնչէ մեր մայրենի լեզուն, տիրական ներկայութիւն է ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տունը, որուն ժրաջան կոմիտէն արթուն պահակի նման կը հսկէ շրջանին եւ անոր բարօրութեան: Ան ողջունեց մայիսեան յաղթանակներու փառատօնի կազմակերպումը, որովհետեւ անիկա կու գայ ժողովուրդին հոգիին մէջ յաւերժացնելու մայիսեան գոյամարտին սրբազան պատգամը` հայրենիքը միշտ անսասան ու հզօր պահելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ ըսաւ, թէ մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը մեզ կը մղէ անդրադառնալու անկախութեան, ազատութեան եւ պետականութիւն կերտելու մեծագոյն խորհուրդներուն, նաեւ այն աննախընթաց, գերազանցապէս միասնական ոգիին, որ հրաշք կերտեց եւ փրկեց մեզ իբրեւ ազգ, իբրեւ երկիր եւ իբրեւ պետականութիւն` վերապրելու, յարատեւելու եւ զարգանալու: Ան դիտել տուաւ, որ հայութիւնը այդ փուլին մղեց իսկական գոյապայքար: «Ազգ-բանակը Սարդարապատի մէջ կ’առարկայանար, եւ ազգ մը ամբողջ մահուան ու կեանքի կռիւ պիտի մղէր, իր ո՛չը պիտի ըսէր երկրագունդի երեսէն անհետանալու վտանգին դիմաց: Եւ հրաշքը պիտի կերտուէր: Յաղթանակը պիտի ամրագրուէր. հրաշքները պիտի շարունակուէին: Պիտի հռչակուէր անկախութիւն, ձեւաւորուէր պետականութիւն, կազմուէր բանակ, դիւանագիտութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ: Հայութեան, ամբողջ ժողովուրդին ոտքի կանգնելու կամքին, հաւաքական բազկերակին ծանօթ ուժ մը պիտի հաւատար, որ ժողովուրդը պիտի կարենար կերտել այդ հրաշքները: Ուժ մը, որ պիտի ղեկավարէր ճակատամարտերը, պիտի համախմբէր ամբողջ ազգը, պիտի մղէր դիւցազնամարտերը: Ուժ մը, որ առանց ինքնագերադասումի, զինուորական իրադարձութիւնները ղեկավարելէ ետք, շատ արագ պիտի անցնէր ժողովրդավար կարգերու հաստատման: Ուժ մը, որ իր հերոսներու անձնական կենդանի օրինակներով միջազգային դիւանագիտութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ, ճգնաժամէ ելած երկրին ամէնէն փայլուն դիւանագիտական յաղթանակները պիտի ապահովէր Սեւրի մէջ: Ուժ մը, որ ուղիղ հարիւր տարի առաջ պիտի յաջողէր բանաձեւել համայն հայութեան ազգային քաղաքական տեսլականը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գերագոյն նպատակը:


«Ու տակաւին ուժ մը, որ ուղիղ հարիւր տարի առաջ, Ցեղասպանութենէն միայն չորս տարի ետք, պիտի շտկէր հայութեան ողնաշարը. Պիտի որոշէր պատժել Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրողներն ու գործադրողները եւրոպական քաղաքներու մէջ, օր ցերեկով, ինքն իր ձեռքով կատարելով Նիւրեմպերկը», յայտնեց Է. Թաշճեան:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այս բոլորին մէջ դերակատարութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն կը պարտինք ազգի համախմբման, ազգ-բանակի գոյացման, դիւցազնական կռիւներու կազմակերպման, հայոց պետականութեան կերտման, հայ ազգի նպատակի առաջադրման, Սեւրի մէջ դիւանագիտական գագաթ նուաճելու, Ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժելու եւ իրաւամբ հայ ազգի շարունակականութիւնը ապահովելու ամէն տեսակի նուաճում:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան խօսեցաւ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ոչ ըստ արժանւոյն նշումին մասին` յայտնելով, որ թէեւ եղան նախաձեռնութիւններ, սակայն անհրաժեշտ էր քաղաքական այժմէականութեամբ ընկալել մեծագոյն խորհուրդը եւ լաւապէս ըմբռնել, որ եթէ չըլլար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, չէր ըլլար խորհրդային Հայաստանը, չէր ըլլար այսօրուան Հայաստանը: Չէր ըլլար նաեւ իրաւական այն հիմքը, որուն յենելով այսօր համայն հայութիւնը կը նախապատրաստուի իր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգայնացնելու: Այս ծիրին մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց Արամ Մանուկեանի եւ անոր սերնդակիցներուն գործելաոճը ունենալ իբրեւ ուղեգիծ, գործել ազգի միասնականութեան ի խնդիր: «Ազգի միասնականութեան վերաձեւաւորման չեն նպաստեր ուրեմն, հասարակութիւնը սեւ ու սպիտակի բաժնելը, յեղափոխականներն ու հակայեղափոխականները տարանջատելու փորձերը, Արցախ-Հայաստան հակադրման յանգող յայտարարութիւնները: Մայիս 28-ի ոգիին ու խորհուրդին խոտոր համեմատող այս երեւոյթներուն դէմ է, որ կ’ահազանգէ Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ: Ի՞նչ նշանակութիւն կ’ունենայ տարի մը առաջ միայն մայիս 28-ի խորհուրդները արժեւորելը, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները գնահատելը, անոնց ուղիին հետեւելու յորդորներ տալը, եթէ այսօր մեր քաղաքական կենդանի վարքով, գործով չենք հետեւիր անոնց ուղիին. չենք կրնար ըմբռնել անոնց կերտած միասնականութեան էութիւնը, չենք կրնար համախմբել ազգը, չենք յաջողիր ձեւաւորել ներհասարակական համերաշխութիւնը», շեշտեց ան:

Էլի Թաշճեան նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այս տարի կ’ամբողջանայ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշած ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի նպատակի հռչակման 100-ամեակը` շեշտելով, թէ միացեալ Հայաստանի ուղին կ’անցնի Արցախէն, որ այսօր հայկական աշխարհի անվտանգութիւնը ապահովող հայրենիքի հատուածն է, եւ որուն շուրջ համախմբուելու հրամայական կայ այսօր: Ան կարեւոր նկատեց մեր անզիջելիութիւնն ու անտեղիտալիութիւնը Արցախի հարցին մէջ: «Սարդարապատի եւ արցախեան ոգին անհրաժեշտ է, որ վերստին տիրէ հայկական աշխարհին վրայ: Այս ոգիին սփիւռքի մէջ առաջիններէն հաղորդակից դարձաւ լիբանանահայութիւնը, որ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բնակեցման, եւ թէ՛ ազատամարտին ուղղակի մասնակցութեամբ անմասն չմնաց արցախեան գոյապայքարէն: Դաշնակցութիւնը առաջիններէն էր, որ զէնք ու զինամթերք հասցուց Արցախին: Դաշնակցութիւնը գլխաւոր ուժն էր, որ Սարդարապատը ղեկավարեց: Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ հիմնարար դեր ունեցաւ պետութիւն եւ հանրապետութիւն ստեղծելու առումով: Դաշնակցութիւնը հանրապետակերտ կուսակցութիւն էր մայիս 28-ին: Հանրապետութիւններ կերտած այս կուսակցութիւնը սակայն ամբողջ ազգին վերագրեց իր բոլոր յաղթանակները: Յաղթանակներ, որոնք ճշդեցին մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութիւնը եւ տապալեցին անոր շարժումի ուղղութիւնը ճշդել փորձող մեր թշնամիին ծրագիրները», ըսաւ ան:

Իր խօսքը աւարտելով` տոքթ. Էլի Թաշճեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն կոչ ուղղեց բոլորին` համախմբուելու, սարդարապատեան ոգիին վերստին հաղորդակից դառնալով դիմագրաւելու արտաքին ամէն տեսակի մարտահրաւէր, ինչպէս նաեւ լրջանալու, զգաստանալու կոչ կ’ուղղէ այսօրուան գործող իշխանութիւններուն` «համազգային համահայկական արժէքներէն չշեղելու, որեւէ կերպով միակողմանի զիջումներու համար արտաքին կեդրոններէ թելադրուած մթնոլորտի ձեւաւորման չնպաստելու, հասարակական համերաշխութիւնը չխաթարելու, Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթը նպատակաուղղուած հետապնդելու, հայոց պատմական բոլոր իրաւունքներուն տէր կանգնելու, մնայուն կերպով մայիսեան խորհուրդներուն ականջալուր ըլլալու»:

Աւարտին ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով մթնոլորտը խանդավառեցին Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները` «Տարօն» նուագախումբին ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սերոբ Յակոբեան` Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ:


Ամբողջ պողոտան լեցուցած, Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշներ բարձրացուցած ժողովուրդը երգեց հայրենի ու լիբանանահայ երգիչներուն հետ, խանդավառուեցաւ անոնց խօսքերով, ապրեցաւ հայրենիքին նուիրուած երգերուն իմաստները` անգամ մը եւս հաստատելով, որ ինք արժանաւոր համակիրն է Դաշնակցութեան, հաւատարիմ է իր ազգին ու հայրենիքին:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company