ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Հայաստան
  • Հարցազրոյցներ

ՀՅԴ Պատմութեան թանգարանը կը ներկայացնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին կարեւոր արխիւներ

14 Օգոստոս 2019 «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեանի հետ, լուսարձակի տակ առնելու թանգարանի տնօրէնութեան գործունէութիւնն ու թանգարանին պատմական արժէքը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:


«Գանձասար»- Ե՞րբ հիմնուած է ՀՅԴ պատմութեան թանգարանը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ան:

Անուշ Ամսէեան- 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց տարածքներուն վրայ ազգային ուժերը հալածանքի կ’ենթարկուէին: Մենք ո՛չ միայն մարդուժ եւ ընկերներ կը կորսնցնէինք, այլեւ կը բռնագրաւուէին մեր պատմական փաստերը, արձանագրութիւնները, նկարները, անձնական իրերը: Այդ օրերուն, Ռոստոմ եւ իր ընկերները, այդ ամէնը պահպանելու եւ պատմութեան յանձնելու համար սկսան մասունքի պէս, աստիճանաբար հաւաքել արխիւները, միակ ապահով վայր ունենալով Ժընեւի մէջ Դրօշակի խմբագրատունը: Տասնհինգ տարիներու ընթացքին հաւաքուածները այնքան շատցան, որ 1915-ին որոշուեցաւ ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի մը մէջ առանձնացնել այդ բոլորը՝ գրադարանը առանձին, իսկ արխիւները առանձին բաժիններով պահել: Երբ Դրօշակի գործունէութիւնը Ժընեւի մէջ դադրեցաւ, 1924-1925 թուականներուն թանգարանի ամբողջ նիւթերը տեղափոխուեցան Փարիզ, ուր շէնք մը ձեռքբերուեցաւ եւ հաւաքուածները երեք մասի բաժնուած պահպանուեցան այնտեղ: Այդ վայրը մշակութային եւ գաղափարական կեդրոն մը դառնալով համախմբող դեր կատարեց յառաջիկայ տարիներուն: Թանգարանը տեղափոխուելէն ետք՝ մինչեւ 1935 թուական, թանգարանի պատասխանատուն մնաց Լեւոն Թադէոսեանը (Պապաշա), որ Քրիստափորի քրոջ կրտսեր որդին էր: Անոր մահէն ետք պատասխանատու նշանակուեցաւ Կերսաիմ Բալայեանը, որ մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ ՀՀ հիմնադրութեան եւ Ղարաբաղեան շարժումին մէջ, մասնակից դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն բանակի ստեղծման եւ պետականութեան կազմաւորման գործին, սակայն 1921-ի ապստամբութենէն ետք, միւսներուն նման ինքն ալ ստիպուած հեռացաւ Պարսկաստան, ապա Փարիզ, ուր 1935-էն մինչեւ իր մահը՝ 1959, մնաց թանգարանի վարիչ պատասխանատուն: Ան թանգարանը վերածեց հայ կեդրոնի, ուր ոչ միայն իրեր կը ցուցադրուէին, այլեւ աշխարհի զանազան անկիւններէն մարդիկ կը հաւաքուէին, տօնական օրերուն կը համախմբուէին եւ ազգային տօները կը յիշատակէին: Այնուհետեւ թանգարանի տնօրէնութիւնը վարեց Կարօ Մեհեան:

2006-ին թանգարանը տեղափոխուեցաւ Հայաստան: Մշակութային կեդրոնի նիւթերը երեք մասի բաժնուած էին՝ գրադարան, արխիւ եւ թանգարան: Արխիւը 1947-1948 թուականներուն տեղափոխուեցաւ Պոսթըն եւ մինչեւ օրս հոն կը գտնուի: Թանգարանի մնացեալ բաժինը 2006-ին տեղափոխուեցաւ Հայաստան, իսկ 2007-ին սրահը բացուեցաւ: Տարածքը փոքր ըլլալուն պատճառով որպէս թեմա ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմութիւնը, որ ոչ միայն կարեւորագոյն նուաճումն էր Դաշնակցութեան գործունէութեան, այլեւ մեր ժողովուրդի պատմութեան:

Իւրաքանչիւր ժողովուրդի մեծագոյն երազանքը պետականութիւն ունենալն է, իսկ մերը ոչ թէ ունենալն էր, այլեւ՝ վերականգնելը: Շատ կարեւոր էր Ա. Հանրապետութեան մասին ժողովուրդին պատմել, արխիւներ ցոյց տալ, մանաւանդ որ Խորհրդային Միութեան, պոլշեւիկեան եւ կոմունիստական ժամանակաշրջանին սխալ մեկնաբանուած էր ժողովուրդին մեր պատմութիւնը եւ գրեթէ երեք սերունդ սխալ պատկերացումներ ունէր ո՛չ միայն Դաշնակցութեան մասին, այլեւ՝ Ա. Հանրապետութեան մասին, որ միայն Դաշնակցութեան պատմութիւնը չէր, այլեւ հայ ժողովուրդին պատմութիւնն էր:

«Գ.»- Ինչպիսի՞ արխիւներ եւ իրեր պահպանուած են թանգարանին մէջ:

Ա.Ա.- Թանգարանի արխիւային մասը քիչ է, քանի որ ՀՅԴ-ի հիմնական արխիւները պահպանուած են Պոսթընի մէջ: Այստեղ ցուցադրուած է թանգարանայինը՝ Ա. Հանրապետութեան գործիչներուն անձնական իրերը, լուսանկարները, քարտէզներ եւ պատմութիւնը ամբողջացնող արխիւներ:

Ներկայիս կը շարունակենք նիւթեր հաւաքել, բայց ոչ այն թափով, ինչպէս որ սկզբնական շրջանին հաւաքուած է աշխարհի բոլոր դաշնակցականներուն ներդրումով:

ՀՅԴ Պատմութեան թանգարանը նաեւ կենսաբանական, մարդաբանական թանգարան է, որովհետեւ կը պարունակէ Անդրանիկի ատամները, Շանթի եւ Օհանջանեանի մազափունջերը, Շիրակեանի աճիւնները եւ այլ նիւթեր:

«Գ.»- Թանգարանը ինչպիսի՞ այցելուներ կ’ունենայ ընդհանրապէս:

Ա.Ա.
– Սփիւռքի մեր ընկերները յաճախ կ’այցելեն: Մարդիկ կան, որոնք անընդհատ կ’այցելեն: Աշխատանք կը տանինք դպրոցի ուսանողները բերելու, յատկապէս 8-9 տարեկան աշակերտները, որոնց դասագիրքերուն մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին քանի մը տող գրուած է միայն: Անոնք երբ ուսուցիչներուն հետ կ’այցելեն, մօտէն կը ծանօթանան եւ կը սորվին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմութեան ամբողջական պատմութիւնը: Դպրոցական դասագիրքերը թիւերու շտեմարան դարձած են, անոնց վերանայումը անհրաժեշտ է:

ՀՅԴ Ուսանողական, երիտասարդական, ե՛ւ հայաստանեան պատանեկան միութիւնները, Սփիւռքի մեր կառոյցները ծրագրուած կերպով կ’այցելեն թանգարան:

«Գ.»- Թանգարանի տնօրէնութիւնը ինչպիսի՞ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:

Ա.Ա.– Ամէն տարի 18 Մայիսին Թանգարանի Միջազգային Օրը կը յիշատակենք, իսկ 18-ին յաջորդող առաջին Շաբաթ օրը կը մասնակցինք «Թանգարանային Գիշեր» օրուան, երբ մինչեւ գիշերուան 12 թանգարանը անվճար բաց կը պահենք, որուն հետեւանքով ալ մեծաթիւ այցելուներ կ’ունենանք:

Հետաքրքրական ձեռնարկներ կը կազմակերպենք, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ՝ Պատանեկան Միութեան համար:

Եթէ տարածք ունենանք, կարելիութիւն կ’ունենանք ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ ալ կազմակերպելու, մշտական ցուցադրութեան կողքին, որ նպատակային է: Կրնանք ըստ ժամանակին եւ անհրաժեշտութեան ցուցադրութիւններ կազմակերպել, նոյնիսկ կիրառական արուեստ ներկայացնել աշխարհի ինքնահոսներու, գրիչներու զարգացումը ցուցադրելով 15-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը եւ նմանօրինակ այլ ցուցադրութիւններ:

Նախապէս երկու ցուցափեղկերով թանգարանի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուցած էինք, սակայն փոխարինեցինք զայն ժամանակաւոր ցուցադրութեամբ, ներկայացնելով Ա. Հանրապետութեան գործիչներուն ընտանեկան լուսանկարները, որպէսզի այցելուները նորութիւն տեսնեն:

Թանգարանի մասին քանի մը անգամ Երկիր Մետիա պատկերասփիւռի կայանէն հանդէս եկայ, «Առաւօտ Լուսոյ» յայտագիրէն, նաեւ Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Մայիս 28-ի խորհուրդները փոխանցելու: Այլ կայաններ եւս նկարահանեցին թանգարանը Մայիս 28-ի եւ Ա. Հանրապետութեան նիւթերով: Թանգարանը նկարահանուեցաւ Արամ Մանուկեանի մասին եւ Խորհրդարանի առաջին կին պատգամաւորներու մասին շարժանկարներու պատրաստութեան համար:

Բաւական ծրագրեր ունինք՝ տարբեր շերտերու հետ հանդիպումներ, հրաւէրներ կազմակերպելու եւ ժողովուրդին հետ աշխատելու առումով:

«Գ.»- Ձեր կարծիքով ի՞նչ է արխիւային աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Ա.Ա.– Արխիւային աշխատանքը շատ կարեւոր է: Նման աշխատանք մէկ հոգիի գործ չէ, այլ՝ երկար ժամանակ պահանջող խմբային աշխատանք: Մենք ունինք հարուստ նիւթեր ե՛ւ Պոսթընի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ: Ներկայիս ընկ. Երուանդ Փամպուքեան արխիւային աշխատանքը կը տանի: Պոսթընի մեր արխիւային եւ թանգարանային նիւթը մասնագիտական աշխատանք կը պահանջէ, աշխատանքային բաժանումներ պէտք է կատարուին ըստ նիւթերու եւ ժամանակաշրջանի: Մեր արխիւները հրատարակելով, հանրային դարձնելով մենք կը ներկայացնենք ե՛ւ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, ե՛ւ Դաշնակցութեան պատմութիւնը, որովհետեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնը եւ Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան անքակտելի մասերն են: Այդ պատճառով թանգարանին մէջ ցուցադրած ենք երկու դրօշները՝ բացատրելու համար թէ ո՞ր մէկն է կառավարութեան ազգային դրօշը եւ ո՞ր մէկը՝ Դաշնակցութեանը: Ոմանց մօտ շփոթ կը յառաջացնէր այս իսկ թեման: Թանգարանին մէջ ցուցադրուած կառավարութեան եռագոյն դրօշը պատմական անցեալով եզակի ցուցանմուշ է:

Այս աշխատանքին մէջ մշակութային դաստիարակութիւն կայ եւ ոչ միայն պատմութիւն: Ունինք նիւթեր, որոնք կապուած են նաեւ մշակոյթի հետ՝ Աղբալեան, Շանթ եւ միւս գործիչները: Մեր երազանքն է մշակութային կեդրոն ստեղծել՝ թանգարան, արխիւ եւ գրադարան, ընդհանուր մեծ կառոյցով եւ սրահով, ուր կրնանք Դաշնակցութեան պատմութեան կողքին մեր մշակոյթի պատմութիւնը ցուցադրել, 19-րդ դարու ազատագրական ֆիտայական շարժումէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը զէնքի պատմութիւնը, դաշոյններու պատմութիւնը իրենց զարդանախշերով: Եթէ այս ամբողջը համատեղուի եւ ստեղծուի ուսումնասիրութեան համար ամբողջ խումբ մը, այն ատեն պարտաւոր կ’ըլլանք վերահրատարակել գիրքեր, նաեւ արխիւի եւ թանգարանի նիւթեր, որոնք ե՛ւ դաստիարակչական, ե՛ւ քարոզչական նշանակութիւն ունին:

«Գ.»- Արխիւագէտներու պատրաստութեան աշխատանք կը տարուի՞ միաժամանակ: Երիտասարդութիւնը որքանո՞վ հետաքրքրուած է այս մարզին վերաբերող աշխատանքներով:

Ա.Ա.
– Այս օրակարգը միշտ ալ կը դրուի, սակայն ներկայ օրերուս դժուար է այսպիսի ոլորտներու մէջ երիտասարդութիւն ներգրաւելը: Երիտասարդները մեծ փափաք չունին արխիւային աշխատանքի մէջ մասնագիտանալու: Անոնք կը նախընտրեն հասարակութեան հետ կապեր ունեցող գործեր ստանձնել: Եթէ երիտասարդներ թանգարանագիտութիւն սորվին, նոյնիսկ եթէ Սփիւռքէն գան, մասնագիտանան եւ աշխատանքային գործունէութեամբ փորձեր բերեն, միասնաբար լաւ արդիւնքի կը հասնինք: Հոս կը մնայ դարձեալ տեղի եւ համակարգիչի օգտագործման յարմարութիւններ ստեղծելու հարցը:

Հարցազրոյցը վարեց
Մարինա Պօղիկեան

kantsasar.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company