Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն
12 Մարտ 2019![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/03/Անթիլիաս-1024x621.jpeg)
Երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը:
Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու Հայ դատին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: