ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան 90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

12 Մարտ 2019

«Ընկեր Հրայր Փայլատակեց Հայկական Երկնակամարին Վրայ` Իբրեւ Յեղաշրջող Ու Աներեր Աստղ, Եւ Իր Կեանքը Նուիրեց Հայակերտման, Հայրենիքի Ազատագրութեան, Հայ Ժողովուրդին Ու Հայ Դատին» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ներկայութեամբ, դերակատարութեամբ եւ ղեկավարի ուրոյն յատկութիւններով իւրայատուկ դրոշմ ձգած Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 90-ամեակին եւ մահուան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Կոկոնեան, որ ըսաւ, թէ 20-րդ դարու վերջաւորութեան հայութեան, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր անշրջելի աւանդը թողած Հրայր Մարուխեան` Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ իր տածած անվերապահ սէրով եւ Հայ դատի հետապնդման գործին մէջ ունեցած անխոնջ նուիրումով անկրկնելի մըն է մեր իրականութեան մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Հրայր Մարուխեանին վիճակուած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կազմակերպել հայութեան ինքնապաշտպանութիւնն ու գոյատեւումը, հետագային` արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակցութեան գործը: Շաղիկ Կոկոնեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ սերմեր ցանած եւ Հայաստանի համար իր ամբողջ կեանքը զոհաբերած Հրայր Մարուխեան հայրենիք վերադարձաւ անշնչացած մարմինով:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ Հրայր Մարուխեան մարդուն, դաշնակցականին, ղեկավարին, անոր դաւանած գաղափարախօսութեան, ներաշխարհին եւ անհատականութեան մասին ապրուած վկայութիւններ տուին Յակոբ Բագրատունի, Երուանդ Փամպուքեան, Մարտիկ Պօղոսեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան:

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Մեսրոպեան, որ ըսաւ, թէ ձեռնարկին նպատակն է վերյիշել ու վերյիշեցնել Հրայր Մարուխեանի դաւանած սկզբունքներն ու աշխարհահայեացքը, հայութեան եւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոր ցուցաբերած արի կեցուածքներն ու մաքառումները, նաեւ վերալիցքաւորուիլ գաղափարական այն ուժեղ համոզումներով, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց արտայայտութիւնը գտան Հ. Մարուխեանի գրիչով, խօսքով ու կեցուածքով: «Հաւաքուած ենք վերարժեւորելու Հայ դատի պահանջատիրական երթին, արցախեան գոյամարտին, Դաշնակցութեան որդեգրած «Դէպի Երկիր» կարգախօսի որոշումի գործադրութեան մէջ իր ռահվիրայի դերակատարութիւնը ստանձնած դաշնակցական աննկուն, քաջ, նախաձեռնող, տեսլապաշտ ու հեռատես ղեկավար Հրայր Մարուխեանի յիշատակը», նշեց ան:

Րաֆֆի Մեսրոպեան թուեց դաշնակցական ղեկավարին յատկութիւնները, որոնց կարգին յատկապէս` ընկերականութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, ժամանակակից պայմաններն ու կացութիւնները արագօրէն ըմբռնելու եւ զանոնք դաշնակցական պրիսմակէն դիտելու ու փոխանցելու ունակութիւնն ու փորձառութիւնը, ղեկավարին ուսերուն դրուած ճակատագրական պարտականութիւնները, անկէ ակնկալուած ծով զոհողութիւնը, կուսակցական եւ ընդհանրապէս հայկական կեանքին մէջ ճառագայթող ներկայութիւնը, դերակատարութիւն ունենալու հրամայականը: «Հրայր Մարուխեան այս բոլոր յատկութիւններով օժտուած ղեկավարը եղաւ», հաստատեց ան:

«Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր նկատող ընկեր Հրայրին համար կեանքը դարձաւ դաշնակցական ապրելակերպ ու ընտանիքը` Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք: Ոչ մէկ դաշնակցական եւ աւելի՛ն, ոչ մէկ հայ կրնայ մոռնալ հայրենիքէն արտաքսման ընթացքին օդակայանին մէջ հայրենիքին ուղղութեամբ սեւեռած անոր վերջին հայեացքը: Այդ հայեացքը Դաշնակցութեան հայեացքն էր եւ փաստօրէն, մինչեւ այսօր կը սաւառնի հայրենի երկնակամարին ներքեւ, ինչքան ալ մարդիկ եւ ուժեր փորձեն նսեմացնել անոր ուժգնութիւնը, ան պիտի շարունակէ մնալ հոն, որովհետեւ ան ապրող ու ապրեցնող իրականութիւն է եւ հայրենապաշտութեան ու հայրենանուէր աշխատանքի արտայայտութեան եւ մտածողութեան հարազատ դրսեւորում: Դաշնակցութիւնը հայրենիքի պաշտպանն է ու ծառան եւ տէրը անոր պայքարին: Այսպէս պատգամեց Հրայր Մարուխեան», հաստատեց Րաֆֆի Մեսրոպեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ նման անձնաւորութեան մը վաստակին ու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպելը հպարտութիւն ըլլալու կողքին նաեւ յանձնառութիւն է` հաւատարիմ մնալու անոր գաղափարական հանգանակին ու պատգամին, ինչ որ դաշնակցականէն կը պահանջէ յարատեւ կռիւ, ամէնօրեայ տագնապ ու գերագոյն զոհաբերութիւն: Յանուն «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան անդամներուն Րաֆֆի Մեսրոպեան հաստատեց, որ կ՛ուխտեն շարունակել Հրայր Մարուխեանի եւ հայութեան հերոսներուն գործն ու առաքելութիւնը:

Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի հնգեակը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ Հրայր Մարուխեանը բնորոշեց իբրեւ ազգային գաղափարախօսութեամբ եւ հայութեան ծառայելու պատրաստակամութեամբ տոգորուած պայծառամիտ երիտասարդ մը, որ հասակ կ՛առնէր այնպիսի փուլի, երբ մեր ժողովուրդը բաժնուած էր խորհրդայնասէր ու հակահամայնավար շերտերու, երբ մեծապետական շահերը Խորհրդային Հայաստանն ու սփիւռքի մեծամասնութիւնը տարանջատած էին իրարմէ: Նման պայմաններու մէջ Հրայր Մարուխեանին վիճակուած էր հայաշխարհը գլխիվար շրջելու եւ մեր ազգային կեանքը հարուածող այդ տխուր էջը փակելու:

«Ընկեր Հրայրը փայլատակեց հայկական երկնակամարին վրայ` իբրեւ յեղաշրջող ու աներեր աստղ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայակերտման, հայրենիքի ազատագրութեան, հայ ժողովուրդի ու մանաւանդ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ Հայ դատի միջազգայնացման պայքարին», հաստատեց Յ. Տէր Խաչատուրեան, որ իր անձնական փորձառութենէն մեկնած վկայեց, որ Հրայր Մարուխեան կը գուրգուրար ու կը խթանէր երիտասարդները, որոնք կուսակցական այլազան մարզերուն մէջ կը ցուցաբերէին աշխուժ գործունէութիւն եւ ծառայելու պատրաստակամութիւն: «Մեր ունեցած պաշտօնական յարաբերութիւնները բաւարար հանդիսացած էին, որպէսզի լաւապէս ճանչնամ ու գնահատեմ մեր մեծ ընկերոջ ղեկավարի, մտաւորականի, դաստիարակի, գաղափարապաշտ մարդու եւ Հայ դատի մարտիկի յատկանիշները», յայտնեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով Հրայր Մարուխեանի նկարագրային գիծերը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ան հրապուրող քաղաքական ու կազմակերպական ղեկավարն էր, որ կրնար լեռներ շարժել` իրագործելու համար ՀՅԴ տեսլականը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու եւ բիւրոներու որոշումները: «Ան յարգալից հաւաքական ղեկավարն էր, որ իր գործընկերներուն հետ ստեղծեց նոր իրողութիւն մը հայ իրականութեան մէջ: Ան նաեւ օժտուած էր վարչագիտութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի կառավարման մասնագիտութեամբ, ինչ որ նոր շունչ բերաւ մեր աշխատանքներուն եւ գործելակերպին: Հ. Մարուխեան առաջին իսկ օրէն համոզուած էր, որ ղեկավարները պէտք է գործեն ո՛չ միայն հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքով, այլ նաեւ պատուիրակումի եւ փոխադարձ վստահութեան սկզբունքով, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ մեծ թիւով աշխատողներ իր շուրջ հաւաքելով միայն կրնար ինք հսկել, պահանջել եւ գործադրութիւնը երբեմն ձգել ուրիշներու, որպէսզի կուսակցական գործը կատարուի բոլորին կողմէ, եւ իւրաքանչիւրը իր նպաստը բերէ այս մեծ աշխատանքին», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ըստ անոր, Հրայր Մարուխեան նաեւ մտաւորական էր, ժամանակին հետ քայլ պահող, գրական, քաղաքական, տնտեսական թէ արուեստի մարզերուն ծանօթ, որովհետեւ կը հաւատար, թէ այդ մշակուած անձն է, որ կրնայ դառնալ ամբողջական ղեկավարը` իր կազմակերպութեան ու ժողովուրդին կողմէ սէր ու յարգանք վայելող:

Բանախօսը յատկապէս անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Հրայր Մարուխեան երիտասարդութեան մեծագոյն ջատագովն էր, ունակ էր լսելու երիտասարդութեան եւ անոր հետ խօսելու յատուկ կարողութիւն ունէր, ինչ որ նաեւ այսօր մեծապէս կարեւոր է մեր իրականութեան մէջ: Ան աւելցուց, որ Մարուխեան գաղափարական քարոզիչ էր ու ընկերվարական հասկացողութիւններ տարածողը, Հայ դատի միջազգայնացման խթանողը` իր բոլոր երեսներով, գիտական միտքով, նուրբ զգայնութեամբ, ամբողջական նուիրումով եւ քաղաքական սուր հոտառութեամբ եւ հեռատեսութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն, որ ջատագովը եղաւ «Դէպի Երկիր» կարգախօսին, գործեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար:

«Մեծ է ընկեր Հրայրին արժէքը մեր կուսակցութեան համար: Ընկեր Հրայրը իսկապէս անկրկնելի է, մեր գաղափարական հայրն է, մեր կուսակցութեան խստապահանջ, բայց արդար ներկայացուցիչը, երիտասարդութեան լեզուն հասկցող ու խթանող դաստիարակը եւ Հայ դատին հանդէպ հաւատք ներշնչող ղեկավարը: Սիրելի՛ ընկեր Հրայր, քու շունչովդ մեծցանք մենք, օրինակովդ փորձեցինք գործել իբրեւ պինդ դաշնակցական եւ նուիրեալ հայ, եւ ահա՛ կը շարունակենք մեր սուրբ գործը` նոյն համոզումով եւ նուիրումով», եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ապա խօսքը տրուեցաւ Հրայր Մարուխեանի դստեր` Շաղիկ Մարուխեանին, որ ըսաւ, թէ կարելի չէ Հրայր Մարուխեան հայրն ու դաշնակցականը իրարմէ զատել. «Ինչքան ալ պեղեմ յիշողութիւնս, կը տեսնեմ հայրս իբրեւ մեզի համար օրինակելի հայր, իր բոլոր ֆիզիքական բացակայութիւններով հանդերձ, կը տեսնեմ միաժամանակ դաշնակցականին, դաշնակցական ղեկավարին, որուն շունչով մեծցանք, ապրեցանք, վայելեցինք զինք ու կը յիշենք միշտ»: Ան դիտել տուաւ, որ Հրայր Մարուխեանի համար ապրելակերպ էր Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ այդ մեծ ընտանիքին նկատմամբ անսակարկ նուիրումը, իսկ ազնուութիւնը, անկաշառութիւնը, համեստութիւնն ու արդարութիւնը, սեփական եւ հանրային իրաւունքի համար պայքարը եղած են արժանիքներ, որոնք ձգտած է ներարկել իր զաւակներուն, կուսակցական ընկերներուն, գործակիցներուն: Շ. Մարուխեան ըսաւ, թէ հայրենիքը վեհագոյն գաղափար ու թիրախ էր իր հօրը համար, իսկ մնացեալ բոլոր երկիրները պարզապէս կացարաններ էին` «Դէպի Երկիր»-ի ճամբուն վրայ, հայրենիքին ծառայելը անոր մտասեւեռումի հասնող տեսլականն էր, որ փոխանցուեցաւ իր զաւակներուն եւ թոռներուն: «Կը յիշեմ, երբ կ՛ըսէր, որ եթէ դարձեալ աշխարհ գամ, կ՛ուզեմ կրկին հայ ըլլալ: Այդ էր իր կեանքին առաքելութիւնը, եւ այնքան փափաքեցաւ, որ իր կեանքի օրով տեսաւ Հայաստանի անկախացումը, Եռագոյնի ծածանումը անկախ Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան:


Շաղիկ Մարուխեան շարունակեց. «Դէպի Երկիր»-ը իր եւ մեր կեանքին առաքելութիւնը դարձուցած հայրս սկսաւ հաւաքել պայուսակները վերջապէս հաստատուելու հայրենիք. կը յիշեմ այդ օրերու իր խանդավառութիւնը, Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ բնակարանի ձեռքբերումը, մօրս նախապատրաստական աշխատանքները` փոխադրութեան համար: Նոր էջ մը պիտի բացուէր մեր ընտանիքին համար, նոր էջ մը պիտի ըլլար նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար, որ եղաւ այն միակ կուսակցութիւնը, որ սփիւռքը պահեց հայ, պայքարող եւ արարող հայ, որ միջազգային հարթակներու վրայ հայութեան արդար դատի պայքարը ճանչցնել տուաւ` ի գին իր լաւագոյն զաւակներուն: Այս իմաստով անգերազանցելի եղաւ լիբանանահայութեան բացառիկ դերը եւ մասնակցութիւնը»:

Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանէն Հրայր Մարուխեանի արտաքսումին` նշելով, որ իր հօր որոշումէն` Հայաստանէն դուրս գալու, ընդվզած էր ինք, որովհետեւ կը հաւատար, թէ ամէն գնով պէտք է ան մնար Հայաստան ու չենթարկուէր Հայաստանի օրուան նախագահին որոշումին, սակայն Հ. Մարուխեանին բացատրութիւնն էր, որ այդ պայմաններուն մէջ այդ է ճիշդը, որովհետեւ պէտք չէ առնել քայլեր, որոնք կրնան ապակայունացնել Հայաստանի պետականութիւնը: Անոր համաձայն, Հրայր Մարուխեան հաւատաց, որ Դաշնակցութեան գիծը, որդեգրած քաղաքականութիւնը ճիշդ է, եւ ՀՅԴ-ն պէտք է մնայ ուրոյն քաղաքական ուժ, օրակարգ թելադրող, իշխանութեան բացերը լրացնող, քննադատող, սակայն` կառուցողական:

Ապա Շաղիկ Մարուխեան հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ Հրայր Մարուխեանի օճախը կ՛ապրի, անոր վեց թոռները մխրճուած են հայ ըլլալու եւ հայութեան իրաւունքներուն համար պայքարելու գործին մէջ, անոնցմէ երեքը դաշնակցական են արդէն, իսկ միւսները փոքր են: Բոլորը գիտեն անոր վաստակին ու գործին մասին, որ կը մնայ ներշնչարան:

Աւարտին քանի մը երգով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի:

Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն բաժնուեցան Հրայր Մարուխեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած գրքոյկներ:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company