ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Հանդիպում-ընդունելութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ

13 Մարտ 2019

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Հրաւիրուած էին տարբեր յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական, կրթական ու մշակութային մարզերու պատասխանատուներ եւ Դաշնակցութեան զանազան ծրագիրներուն աջակցող բարեկամներ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի 33-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայութեան եւ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները, արժեւորում կատարուեցաւ անցնող քառամեայ ուղիին եւ ճշդուեցան յառաջիկայի ռազմավարութիւնն ու մարտավարական հիմնական սկզբունքները, իսկ աւարտին ընտրուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի նոր կազմն ու անոր ներկայացուցիչը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այս ժողովը Արցախի մէջ գումարելուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ցուցանիշ է ՀՅԴ-ին համար արցախեան հարցին եւ Արցախի Հանրապետութեան ունեցած մեծ ու առանցքային կարեւորութեան:

Ապա Յակոբ Հաւաթեան խօսեցաւ այդ հանդիպումին նպատակին մասին` դիտել տալով, որ նման մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութիւններ կարեւոր դեր եւ իմաստ ունին, որովհետեւ «մեր ժողովուրդին հետ ամէնօրեայ ու կենդանի կապը եւ մեր տեսլականներու ու առաջադրանքներու պարզաբանումը ամուր նախադրեալներ են ընդհանուր գործի յաջողութեան»: Ան աւելցուց. «Դուք պիտի վկայէք, որ Դաշնակցութեան համար համակիրը պարզապէս իր նիւթական աջակցութեամբ չէ, որ իր մասնակցութիւնը կը պայմանաւորէ ընդհանուր գործին մէջ: Անկէ կ՛ակնկալուի մի՛շտ աւելին: Ան իր տեսակէտներուն ներկայացումով, արժեւորումներով, առաջարկներով, նաեւ ծրագիրներուն գործօն մասնակցութեամբ կը սատարէ կուսակցութեան ընդհանուր երթին եւ կը շարունակէ դառնալ ամուր յենարան ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար գործող, պայքարող ու մի՛շտ զոհաբերութեան ու նուիրուածութեան պատրաստ այս համահայկական կուսակցութեան», հաստատեց Յ. Հաւաթեան:

Իր խօսքի վերջին բաժինով ան ներկայացուց Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչին կենսագրական գիծերը, գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն եւ Դաշնակցութեան նեցուկ կանգնած անձերուն հետ հանդիպելու առիթին համար` հաստատելով, որ Դաշնակցութեան համար Լիբանանը կը մնայ սփիւռքի բաբախուն սիրտը, ճառագայթող համայնքը, որ որքան ալ պատերազմներու ու արտագաղթի պատճառով նօսրացած թիւ ներկայացնէ, իբրեւ կորիզ, իբրեւ էութիւն ունի հիմնական դերակատարութիւն ո՛չ միայն սփիւռքի կեանքին մէջ, այլ նաեւ համահայկական տարողութեամբ` Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի կեանքին մէջ եւս:

Ապա ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան համար համակիրներուն ունեցած արժէքին` նշելով, որ անոնք կը հանդիսանան կուսակցութեան ուժի գլխաւոր աղբիւրը: Ըստ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, կազմակերպական կուռ կառուցուածքը չէ միայն, որ կը լարէ ՀՅԴ-ն, զայն յառաջ կը մղէ իր առջեւ դրած նպատակներու իրագործման ի խնդիր, այլ նաեւ այն նեցուկն է, քաջալերանքը, համակրութիւնը, զորս մեր բարեկամ շրջանակները կը ցուցաբերեն կուսակցութեան նկատմամբ, որովհետեւ առանց անոնց անկարելի է իրագործել այդ բոլոր նպատակները:

Խօսելով Դաշնակցութեան նպատակներուն մասին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ դասականօրէն անոնք կը վերաբերին հայրենիքին, սփիւռքին ու Հայ դատին: Հայրենիք` Հայաստանն ու Արցախը միասին. Հայաստանը, որ հակառակ խարխափումներուն, արդէն բաւական ուղի կտրած է ու աւելի պիտի ամրանայ Դաշնակցութեան նեցուկով, նաեւ մեր պատմութեան վերջին փուլի ամէնէն հոյակապ իրագործումներէն հանդիսացող Արցախը: Ան լուսարձակի տակ առաւ Ջաւախքի հայութիւնը, որ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն եւ վրացական իշխանութիւններու թշնամական կեցուածքին, իր ոտքերը ամուր կպցուցած է հողին, կրցած է հասկնալ անհրաժեշտութիւնը մայր հողին վրայ գտնուելու, ուստի մեր բոլորին պարտքն է օժանդակել Ջաւախքին, որ կարենայ տէր կանգնիլ իր մարդկային իրաւունքներուն: Սփիւռքին մասին խօսելով` Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ անիկա որեւէ ժամանակէ աւելի կը գտնուի կազմակերպ վիճակի մէջ, հակառակ բնական մաշումին, ձուլման աւերներուն, որոնք տեղ-տեղ իրենց գլուխը կը ցցեն: «Մենք ունինք կազմակերպուած եւ քաղաքականացած սփիւռք, որ վերջին 20-30 տարիներուն ձեռք բերած է շատ կարեւոր յաջողութիւններ, յատկապէս Հայ դատի մարզին մէջ: Յիսնամեակով բացուած մեր պահանջատիրութեան էջը, երբ Հայաստանի ու սփիւռքի ժողովուրդը իջաւ փողոց եւ պահանջեց մեր հողերը, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը սգատօնէն վերածեց պահանջատիրութեան առիթի», ըսաւ ան` նշելով, որ յաջորդող տարիներուն ալ Հայ դատը միջազգայնացաւ, լռութեան պատը քանդուեցաւ, եւ օտար պետութիւններ ո՛չ միայն սեղանի վրայ բերին Հայկական հարցը, այլ նաեւ մեր բոլորին ջանքերով որդեգրեցին բանաձեւեր, կատարեցին յայտարարութիւններ, ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոր համաձայն, այս բոլորը կարելի եղաւ համակիրներուն եւ Դաշնակցութեան ծրագիրներուն նեցուկ կանգնողներուն աջակցութեան շնորհիւ, որպէսզի այս գծով տարուած սիրողական աշխատանքը վերածուի արհեստավարժի, բացուին համապատասխան գրասենեակներ, ուր կը տարուի մասնագիտական աշխատանք:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին երկրորդ բաժինը կեդրոնացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժման եւ ներկայիս տիրող կացութեան վրայ` հաստատելով, որ ՀՅԴ-ն լիովին կը բաժնէ այս շարժումին նպատակակէտը` նախկին վարչակարգէն ձերբազատիլ, ստեղծել բեկումնային դրութիւն, որպէսզի Հայաստանը ուղղուի դէպի լուսաւոր ապագայ: «Բայց անհրաժեշտը յառաջիկայ քայլերն են, անհրաժեշտը այդ ժողովրդային շարժման նպատակակէտերէն կարեւորագոյնը ընտրելն է. այդ գծով Բիւրոյի ընտրութենէն քանի մը օր ետք մենք ներկայացուցած ենք մեր գործակցութեան պատրաստակամութիւնը` կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, արդարադատութեան համակարգի ամբողջովին անկախացման եւ յուսանք նաեւ` մենաշնորհներուն դէմ պայքարին առումով», յայտնեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այս ծիրին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ վիճակին գծով Դաշնակցութեան ունեցած մտահոգութիւններուն, որոնք կը բխին վերջին ամիսներուն կուսակցութեան ապրած փորձառութենէն` հաստատելով, որ այս մտահոգութիւնները արդէն ներկայացուած են բոլոր օղակներուն: «Մենք պէտք է ազգովին աշխատինք, որպէսզի այդ մտահոգութիւնները չվերածուին անդառնալի խոչընդոտներու, որոնք կրնան արգելակել Հայաստանի զարգացումը», ըսաւ ան: Մտահոգութիւններէն առաջինը կը վերաբերի Արցախին, որուն իշխանութիւնները եւս մտահոգ են միջազգային մակարդակի վրայ զարգացող այն դէպքերով, որոնք յստակօրէն յատուկ ճնշումի պիտի ենթարկեն Հայաստանը եւ բանակցային հոլովոյթը: «Մտահոգութիւն է ո՛չ թէ այն պատճառով, որ, ինչպէս հայաստանեան կարգ մը թերթեր կը գրեն, Հայաստանի իշխանութիւնը պատրաստ է հողեր զիջելու, այլ պարզ այն պատճառով, որ երբեմն քաղաքականութեան փոքր սխալներով անգամ կրնայ ստեղծուիլ այնպիսի կացութիւն, ուր բանակցային հոլովոյթը կ՛ըլլայ ի վնաս Հայաստանի եւ ի նպաստ Ազրպէյճանի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ Ազրպէյճանի այս նոր խանդավառութիւնը մտահոգիչ է, իսկ յառաջդիմութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին լուրերը, եթէ ճշմարտացի ըլլան, ուրեմն յառաջդիմութիւնը պիտի չըլլայ հայանպաստ, որովհետեւ ներկայ պայմանները նման բան չեն արտօներ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ի երկրորդ մտահոգութիւնը կը վերաբերի ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային արժէքներուն: «Մենք հպարտութեամբ տեսանք, որ անկախ Հայաստանը առաջին օրէն իսկ որդեգրեց այն ազգային արժէքները, այն ազգային խորհրդանիշերը, զորս այսքան տարիներ մենք գուրգուրանքով պահած էինք սփիւռքի մէջ եւ հպարտութեամբ վերադարձուցինք Հայաստանին: Այդ արժէքներուն կարգին են դրօշակը, քայլերգը, զինանշանը, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, որուն ամրապնդման աշխատանքին սկսած էինք մէկուկէս տարի առաջ Հայաստանի պետութեան հետ, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդով մենք կարենանք բռնցքուիլ, եթէ անհրաժեշտ պահը ներկայանայ, եւ մենք ըլլանք բանակին օժանդակող ուժ, լծենք մեր երկու բանակները` Հայաստանի ու Արցախի, երկրորդ բանակը` Հայ դատի համակարգը եւ երրորդ օղակը, որ ժողովուրդն է: Այդ հասկացողութիւնը կը բացակայի այսօր, եւ մեզի համար մտահոգութիւն է այն, որ ազգ-բանակ հասկացողութիւնը մէկդի դրուեցաւ», նշեց ան:

Դաշնակցութեան ունեցած երրորդ մտահոգութիւնը, ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, այն է, որ Հայաստանի ընտրութիւններուն ընթացքին ի յայտ եկաւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու, ամէն ինչ սեւ ու սպիտակ տեսնելու մօտեցումը` բաժնելու ժողովուրդը ներսի ու դուրսի, անհատներու, մօտեցումներու: «Ատիկա կը շարունակէ մտահոգել մեզ, որովհետեւ մեր փիլիսոփայութիւնը, մեր գաղափարական մօտեցումը ճիշդ հակառակը եղած է: Մենք այն կուսակցութիւնն ենք, դուք հաւատացողն էք այն շարժումին, որ մեր ժողովուրդը կը տեսնէ միացած, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ դատ: Բնականաբար Արցախի պարագային ալ մեր տեսլականը, վախճանական նպատակը զայն Հայաստանին միացած տեսնելն է, մնացեալը` տարբեր պատճառներով եղած միջանկեալ լուծումներ են: Այդ ճակատը պէտք չէ քանդուի, պէտք է ամրապնդուի, Հայաստանի մէջ բաժանարար գիծեր պէտք չէ ըլլան, Հայաստանի մէջ, բոլորս ալ համաձայն ենք, որ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան այս ժողովրդային շարժումը իսկապէս վերջանայ միայն սիրով եւ հանդուրժողականութեամբ», յայտնեց ան:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը լաւատես է, որովհետեւ ունի ուժեր` Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս, որոնք յետին ոչ մէկ օրակարգ ունին, պատրաստ են իրենց ամբողջ էութեամբ ծառայելու հայրենիքին ու հայութեան ազատագրութեան դատին: «Մենք պետականութեան գործին մէջ ունեցած ենք մեծ ներդրում, Հայաստանի անկախութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչման առումով ունեցած ենք մեծ ներդրում, Արցախի ազատամարտի եւ Արցախի առաջին կառավարութիւններուն մէջ ունեցած ենք մեծ ներդրում: Այս ամբողջը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան հայկական աշխարհին մէջ ՀՅԴ-ն մնացած է քաղաքական այն միակ կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ, աշխուժ ներկայութիւն եւ դերակատար է ամէն տեղ, ուր կայ հայ շունչ: Մենք կը հաւատանք, որ սփիւռքի ու Հայաստանի զիրար ամբողջացնող երկու մեր խոշոր շերտերը պէտք է աշխատին միասին, որովհետեւ հզօր հայրենիքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր սփիւռքի, եւ յանձնառու սփիւռքն է, որ պիտի առաջնորդէ Հայաստանի, Արցախի եւ մեր հայապատկան հողերուն վրայ գտնուող հայութեան գոյատեւման: Մենք պատրաստ ենք պատնէշի վրայ մնալու, ինչպէս Հրայր Մարուխեանը կ՛ըսէր, մնալու պինդ ու աներեր, բայց միաժամանակ ճկուն, լսող, մեր ժողովուրդին բազկերակին հետեւող, որպէսզի կարենանք ղեկավարութիւն-ժողովուրդ կապը ամրապնդել, բազմացնել եւ առաջնորդուիլ նաեւ ձեր առաջարկներով` ի շահ մեր հայրենիքին եւ ի փառք մեր ժողովուրդին», իր խօսքը եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարարութ

Հայ ազգի մեծ բարերար Սամվել Կարապետյանն այսօր, ի պատասխան վարչախմբի անբարո ոտն

17 Հունիս 2025
Հայաստանի բանտերում տեղերը չեն կարող բ

Սամվել Կարապետյանի դեմ գործողությունները նպատակ ունեն վախեցնել և լռեցնել Հայ Ա

17 Հունիս 2025
Փաշինյանի հեռացումը կարող է լինել բացա

Հունիսի 16-ին Euromedia24-ի եթերում էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի պատ

17 Հունիս 2025
Օրուան հետքերուն հետ

­Միջազգային անիշխանութեան իրականութիւնը եւ անոր վտանգները տարածաշրջանին մէջ

17 Հունիս 2025
Ակնարկ. Միջնորդութեան Առաջարկներուն Ար

Իսրայէլ-Իրան պատերազմի դադրեցման համար Մոսկուայի առաջարկները հիմնական երկու բա

17 Հունիս 2025
Իսրայէլեան Յարձակողականը Աշխարհակարգի

Պարզ է, որ Իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը Իրանի միջուկային կարողականու

17 Հունիս 2025
Հայտարարություն Սյունիքի մարզի նկատմամ

Հայ Դատի կենտրոնական խորհուրդն իր խոր մտահոգությունն է հայտնում, տարածաշրջանայ

16 Հունիս 2025
Իշխան Սաղաթելյանի մամուլի ասուլիսը

Հունիսի 16-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացյան» կենտրոնում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագո

16 Հունիս 2025
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրնական վարչութեան յայտարար

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայա

16 Հունիս 2025
Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ

1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկ

16 Հունիս 2025
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գե

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գերագույն ժողովը գումարվեց Հայաստանի Հանրա

16 Հունիս 2025
Ակնարկ.- Իրանի վրայ յարձակումին յայտար

Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտ

16 Հունիս 2025
Ավարտվել է ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպությ

Հունիսի 15-ին Հայաստանում իր աշխատանքներն է ավարտել ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութ

15 Հունիս 2025
Թեհրանի ռմբակոծությունից վնասվել է հայ

Իրանում, իհարկե, փաստացի պատերազմական իրավիճակ է, բոլորը սպասողական վիճակում ե

15 Հունիս 2025
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի լույս 13-ի գիշերը Իսրայելի ռազմաօդային ուժերը զանգվածային հարվածներ են

14 Հունիս 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեա

13 Հունիս 2025
Իրանում հայեր չեն տուժել, զոհեր և վիրա

Իսրայելի կողմից Իրանին հասցված հարվածներն ունեցել են կոնկրետ թիրախային բնույթ,

13 Հունիս 2025
Իրանը լուրջ պատասխան է պատրաստում

Իսրայելն այս գիշեր հարվածներ է հասցրել Իրանին: Կան բազմաթիվ զոհեր և վիրավորներ

13 Հունիս 2025
Եթե ԱՄՆ–ն չզսպի Իսրայելին, ռիսկային վի

Հերթական անգամ փորձում են հարվածել Իրանին. վիճակը դեռ անորոշ է, այս պահին հնար

13 Հունիս 2025
ՀՕՄ-ը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր

Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարու

13 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company