Հանդիպում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ
13 Ապրիլ 2019 ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները 9 Ապրիլին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Վահագն Մելիքեանի հետ, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր քաղաքի Հայաստանի հիւպատոսարանին 25ամեակի տօնակատարութեան համար։ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցին եւ շրջանային ապահովական մտահոգութեանց վերաբերող հարցեր։
![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/04/Ասպարեզ-1-1-1024x644.jpg)
Խորհրդակցութեանց ներկայ եղաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։
Մելիքեան յայտնեց, թէ ՀՅԴն միշտ կարեւր դերակատարութիւն ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ Հայաստանի մէջ եւ ՀՅԴի հետ համագործակցութիւնը յոյժ կարեւոր համարեց, յատկապէս միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ վարկը բարելաւելու ջանքերուն մէջ։
Ան նաեւ դրուատեց հայութեան շահերը պաշտպանող հայկական կազմակերպութեանց դերակատարութիւնը, յատուկ դրուատիքի արժանացնելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը՝ Հայաստան-Միացեալ Նահագներ յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքին մէջ։
Իրենց կարգին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, որոնց կողքին էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Արամ Գալուստեան, վստահեցուցին, որ ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ Արցախի բարգաւաճման ջանքերուն, շեշտելով յատկապէս Արցախի ժողովուրդին ինքնաճանաչման իրաւունքը երաշխաւորելու եւ Արցախի հակամարտութեան արդար լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը։
ՀՅԴի ներկայացուցիչները նաեւ շեշտեցին, որ կուսակցութիւնը միշտ առաջին ճակատի վրայ եղած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ամրանպնդելու, Հայաստանի պետութեան շահերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն մէջ:
asbarez.com