Յայտարարութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի
19 Մայիս 2019 ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէն խիստ կերպով կը դատապարտէ Արցախի ազատամարտիկ եւ երկու տասնամեակներ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը վարող ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ արարքը որ տեղի ունեցաւ Ազատութեան հրապարակի վրայ երէկ:Այս դէպքը ցայտուն արտայայտութիւնն է տարիներու վրայ շարուակուող ու զարգացող քաղաքական մթնոլորտին, որ արդէն իսկ ապականած է Հայաստանի քաղաքական կեանքը:
Ժողովուրդի այլամերժութիւնն ու ատելութիւնը գուցէ պէտք է փնտրել իր ամէնօրեայ խնդիրներու լուծման բացակայութեան, իր սպասումներու, երազներու ու թավշեայ յեղափոխութեան խոստումներու ոչնչացման մէջ:
Այս առումով ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ յարձակումը սպասելի կրնայ նկատուիլ:
Ուժգի եկէք Հայաստանի կառավարութիւն:
Ձեզմէ պատասխան կը սպասէ համայն հայութիւնը թէ մինչեւ երբ եւ որքան պիտի շարունակուի այս թշնամական վերաբերմունքը, որու միջավայրի ստեղծման համար, պատասխանատուներուն պատմութիւնը ներելու չէ:
Դադրեցուցէք ատելութեան վրայ հիմնուած ձեր ուղին, որու մութ ճամբուն վրայ կը կորսուի մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը:
ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ
Կիրակի 19 Մայիս 2019