ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

Սիմոն Վրացեան (1882-1969). Հայաստանի վարչապետն ու Դաշնակցութեան դրօշակիրը

21 Մայիս 2019 Մայիս 21ին, Պէյրութի մէջ, յետ-երկարատեւ հիւանդութեան, յոգնաբեկ ու մարած իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան։

28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ եւ վերջին վարչապետն էր Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։

Երկար ապրեցաւ եւ մինչեւ 87 տարեկան հասակը պատնէշի վրայ մնաց Վրացեան՝ գործելով եւ պատասխանատու առաքելութիւններ ստանձնելով ամէնուր եւ այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր հայ ժողովուրդը պէտք ունեցաւ իրեն եւ Դաշնակցութիւնը պարտականութեան գլուխ կոչեց զինք։

Ս. Վրացեան ո՛ւր որ եղաւ եւ ի՛նչ պատասխանատուութիւն որ ստանձնեց՝ անվիճելիօրէն մնայո՛ւն ներդրում ունեցաւ եւ վաւերակա՛ն իր դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնահաստատման երթին վրայ։

Ճակատագիրը դասաւորեց այնպէս, որ Վրացեան յայտնուեցաւ հայ կեանքի հանգուցային պահերուն՝ պատմական տարողութեամբ զարգացումներու յառաջապահ դիրքերուն վրայ։

Ծնած էր 1882ին, Մեծ Սալա գիւղը, Նոր Նախիջեւան (հիւսիսային Կովկաս)։ Տեղւոյն հայկական եւ ռուսական վարժարաններուն մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, 1900ին ան ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, որուն փայլուն շրջանաւարտներէն հանդիսացաւ։

Իր ազգային-յեղափոխական խմորումներու վարակիչ մթնոլորտով, ինչպէս եւ հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութեան վերանորոգման շունչով՝ Գէորգեան Ճեմարանը վճռորոշ անդրադարձ ունեցաւ Սիմոն Վրացեանի դաշնակցական կազմաւորման եւ անոր քաղաքական, կազմակերպական ու մտաւորական ընդունակութիւններու զարգացման վրայ։

Վրացեանի յեղափոխական նկարագիրն ու դաշնակցական աշխարհայեացքը կոփեցին՝

– 1903ի հայկական եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւումին դէմ ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացման մէջ Գէորգեան Ճեմարանի ուսանողութեան բողոքի բուռն ելոյթները,
– Նոյն շրջանին Հ.Յ.Դ. Կովկասեան գործունէութեան Նախագիծի որդեգրման մէջ Ճեմարանի դաշնակցական ուսանողութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը,
– Նաեւ 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան եւ, անոր զուգահեռ, հայ¬թաթարական ընդհարումներուն դաշնակցական ուսանողութեան յանձնառու մասնակցութիւնը։

Այսպէ՛ս, Վրացեան արդէն դաշնակցական պատրաստուած գործիչ էր 1906ին, երբ աւարտեց Գէորգեան Ճեմարանը։
1907ին Վիեննայի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին, Սիմոն Վրացեան մասնակցեցաւ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան պատգամաւոր։

Ատիկա Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ դատերու միջեւ խաչաձեւման ու թրքահայու եւ ռուսահայու հակադրութեան բուռն մթնոլորտին մէջ գումարուած դժուարին Ընդհանուր Ժողովն էր, որմէ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ աւելիով միաձոյլ եւ միակամ։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդի ջանքերով ձեռք բերուած գաղափարական այդ միասնականութիւնն ու կազմակերպական հզօրացումը ամրակուռ հիմքը կազմեցին Վրացեանի հետագայ ոգորումներուն։

Ընդհանուր Ժողովէն ետք ան անցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, ուր հետեւեցաւ համալսարանական բարձրագոյն ուսման՝ իրաւագիտութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մանկավարժութեան մէջ։ 1910ին, երբ ցարական հալածանքը իր գագաթնակէտին հասած էր դաշնակցական գործիչներու դէմ, Սիմոն Վրացեան անցաւ Կարին, ուր Ռոստոմ հաստատուած էր՝ իր քով մէկտեղելով Դաշնակցութեան փորձառու եւ խոստմնալից ուժերը, միասնաբար լծուելու համար բուն Երկրի հայութեան հասարակական եւ մշակութային զարգացման, ինչպէս եւ ազգային¬յեղափոխական կազմակերպումին։

Տարի մը Կարնոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յառաջ»ը խմբագրելէ ետք, 1911ին, Ռոստումի յանձարարութեամբ, Սիմոն Վրացեան ղրկուեցաւ Պոսթըն, Մ. Նահանգներ, իբրեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի խմբագիր։ 1914ին, իբրեւ Ամերիկայի շրջանէն պատգամաւոր, Վրացեան վերադարձաւ Կարին, մասնակցելու համար Հ.Յ.Դ. Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովին, որու աւարտին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ անցաւ Թիֆլիս։ Ստանձնեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը՝ զուգահեռաբար Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին անդամ ընտրուելով եւ լծուելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։

Սիմոն Վրացեանի հրապարակագրական, քաղաքական եւ կազմակերպական գործունէութեան թիֆլիսեան այս աշխոյժ շրջանը շարունակուեցաւ մինչեւ 28 Մայիս 1918ի Հայաստանի անկախութեան նուաճումը։

Հուսկ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Ազգային Խորհուրդի խառն նիստին կողմէ վարչապետ նշանակուած Յովհաննէս Քաջազնունիի աջ բազուկը դառնալով՝ Վրացեան իր կարգին տեղափոխուեցաւ Երեւան։ Կառավարութեան գլխաւոր բանագնացներէն եղաւ ինչպէս Պաթումի մէջ թուրքերու հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն, այնպէս ալ համատարած սովին յաղթահարման համար Մ. Նահանգներու հետ տարուող բանակցութիւններուն՝ Պարէնի ապահովման նպատակով։

Միաժամանակ՝ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ խորհրդարանին՝ Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր եւ տենդագին լծուեցաւ նորահաստատ Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հիմերու վրայ հաստատելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութեամբ օժտելու աշխատանքին։ Իրաւագէտի եւ գիւղատնտեսի իր մասնագիտական պատրաստութեամբ ալ նշանակալի ներդրում ունեցաւ աշխատանքի եւ տնտեսական յառաջդիմական օրէնսդրութեան մշակումին մէջ։

Պետական շինարարութեան գործին Սիմոն Վրացեանի փարումը եղաւ ամբողջական եւ արդիւնաւոր։ Եղաւ սերտ գործակիցը Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան։ Իսկ երբ Մայիս 1920ին կեանքի կոչուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը, Վրացեան ստանձնեց աշխատանքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը, մինչեւ որ Հոկտեմբեր 1920ին, Հայ-թրքական պատերազմի ծանր օրերուն, իր ուսերուն դրուեցաւ ծանր բեռը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի պատասխանատուութեան։

Վրացեան ինք եղաւ թէ՛ 2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը Յեղկոմին զիջելու պայմանագիրը ստորագրող վարչապետը, թէ՛ Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութենէն ետք կազմուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէին նախագահը։

Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ մեկնեցաւ Փարիզ եւ ստանձնեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի վերահրատարակութեան խմբագրութիւնը։ Մինչեւ 1933 շարունակուած «Դրօշակ»ի հրատարակութեան այս շրջանը պատուանդանը կազմեց Վրացեանի գաղափարագրական ժառանգութեան։

Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս դաշնակցական մտածողութեան մէջ յառաջ եկած բեկումներու, խզումներու եւ խոտորումներու դժուարին այդ հանգրուանին, «Դրօշակ»ի շուրջ համախմբուած ուժերու ստորագրած յօդուածներով թէ ուղղակի իր առաջնորդողներով՝ Սիմոն Վրացեան բառին բուն իմաստով ուղի հարթեց տարագիր հայութեան եւ նոյնպէս տարագրուած Դաշնակցութեան առջեւ։ Եղաւ ոչ միայն արթուն պահապանը հայ ազգային¬ազատագրական շարժման քաղաքական-գաղափարական աւանդներուն, այլեւ նորարար ու լայնախոհ դրօշակիրը դարձաւ ծանրագոյն ցնցումներէ վերականգնող աշխարհի մը մէջ հայ ժողովուրդին նոր տեղն ու դերը գաղափարականօրէն հունաւորելու շարժումին։

Միեւնոյն այդ շրջանին Սիմոն Վրացեան գրեց նաեւ իր կոթողական գործը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, որ մնայուն աւանդ մը կազմեց ոչ միայն պատմագրական առումով, այլեւ՝ նոր ժամանակներու հայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն ուղղութիւնը՝ ազգային արեւելումը հիմնաւորելու իմաստով։

«Դրօշակ»ի հրատարակութեան ընդհատումէն ետք, Վրացեան հաստատուեցաւ Պէյրութ, Լիբանան, ուր խմբագրեց Պատմութեան եւ Մշակոյթի հանդէս «Վէմ»ը, որ Հայաստանի անկախութեան սերունդի ժամադրավայրը դարձաւ, նոյնպէս եւ սփիւռքահայ առաջին սերունդի մտաւորականութեան ինքնադրսեւորման բեմը։ «Վէմ»ը փրկարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի ազգային յիշողութիւնը խորհրդային նենգափոխումներու դէմ անաղարտ պահելու եւ պաշտպանելու գաղափարական պայքարի ճակատին վրայ։

Վրացեանի քաղաքական վաստակին սփիւռքեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կազմեց, Մ.Ա.Կ.ի կազմութեան հիմնադիր ժողովներու շրջանին, Հայ Դատի վերարծարծման ուղղութեամբ Սան Ֆրանսիսքօ տարուած բանակցութիւններուն մէջ իր աշխոյժ դերակատարութիւնը, որ թէեւ անմիջական արդիւնքի չյանգեցաւ, այսուհանդերձ՝ ամուր նախադրեալներ հաստատեց Հայ Դատի պահանջատիրական հետագայ նախաձեռնութեանց համար։

Սիմոն Վրացեանի աշխատունակութիւնն ու եռանդը յոգնութիւն չճանչցան նաեւ անոր յառաջացեալ տարիքին։ 1952ին, Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Վրացեան նշանակուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն եւ մեծ ներդրում ունեցաւ Համազգայինի կրթական այդ մեծ հաստատութեան տնտեսական հիմերու ամրապնդումին մէջ։ Նաեւ հրատարակութեան պատրաստեց եւ լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կեանքի Ուղիներով» վեց-հատորեակը, որ համադրումը եղաւ ազգային¬քաղաքական եւ հոգեմտաւոր իր ժառանգութեան ու պատգամին։

Եւ մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ 21 Մայիս 1969ի իր մահը, Սիմոն Վրացեան թէ՛ մեր մամուլի էջերէն, թէ՛ հրապարակային հանդիսութեանց բեմերէն անլռելի վկան ու պատգամախօսը դարձաւ այն պատմակշիռ երթին, որ հայ ժողովուրդը կտրեց քսաներորդ դարու առաջին քառորդին։

Լիբանանի հայութիւնը պետական ղեկավարի բարձրագոյն հանդիսաւորութեամբ յուղարկաւորութեան եւ ազգային¬ժողովրդային խուռներամ թափօրով թաղումի արժանացուց հայութեան մեծ զաւակին՝ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետին, որ իր կեանքով ու գործով, նուիրումով եւ գաղափարապաշտութեամբ մարմնաւորեց դաշնակցական մեծութիւնը հայ յեղափոխականի, պետական ղեկավարի եւ ներհուն մտաւորականի։

Սիմոն Վրացեանի ոգեկոչման նուիրուած այսօրուան վկայութիւնը եզրափակելու համար, ունկնդիր մնանք նաեւ մեր օրերուն այնքան այժմէական ու խօսուն իր Պատգամին.-

«Պատմական իրողութիւն է, որ… Խորհրդային Հայաստանը շարունակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Եթէ տեղի չունենաին այն մաքառումները, որոնք յանգեցրին հայկական անկախ պետութեան ստեղծման 1918թ. Մայիսի 28ին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ազգային կազմով ու նկարագրով, այսօր գոյութիւն չէր ունենայ եւ Խորհրդային Հայաստանը ազգային կազմով ու դիմագծով:

«Հայաստանի խորհրդային վարչաձեւը շատ ճիգ թափեց, որպէսզի ազատագրուի հայ ժողովրդի քաղաքական ժառանգութիւնից. մերժեց ընդունել «ամենայն հայոց կառավարութեան» դերը, հրաժարուեց Հայկական Հարցի հետապնդումից, ուրացաւ հայկական Սփիւռքի գոյութիւնը: Ի զուր։ Ժամանակը պարտադրեց նրան ճանաչել ե՛ւ Հայկական Հարցը, ե՛ւ հայկական Սփիւռքը, եւ անբնական չի լինի, եթէ վաղը իր վրայ առնէ եւ «ամենայն հայոց կառավարութեան» պատմուճանն էլ:

«Ժամանակը ունի եւ իր խորհուրդը: Հայաստանի Հանրապետության սերունդը եւ իր յաջորդները այդ օրուան են սպասում եւ պայքարում են այդ օրուայ համար:

«Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են:
«Ժամանակաւոր են վարիչները:
«Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները՝ հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները:
«Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով՝ կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյյս ապագայի»:

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company