ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Համահարթ Եկամտահարկը, Գործատուներու Թիւի Աճին, Ու Արտահանումներուն Ծաւալին Վրայ Չնչին Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ

19 Հունիս 2019 Կարծես համախոհութիւն կայ, թէ ՀՀ կառավարութեան առաջարկած համահարթ եկամտահարկը, որ չհարկուող շեմ չունի, անարդար է: Այս յօդուածը կը կեդրոնանայ հարկերու համահարթեցումին ունենալիք ազդեցութեան՝ տնտեսական աճին, մրցունակութեան ու արտահանումներուն վրայ:

Եկամտահարկերու նուազեցումը ու համահարթեցումը անարդար ըլլալուն կողքին, կարեւոր է նաեւ շեշտել, թէ ան գործատուներու աճին, մրցունակութեան ու արտահանումներուծաւալին վրայ չնչին ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Ուրիշ խօսքով, ոչ միայն արդարութեան գետնի վրայ, այլ նաեւ տնտեսական աճի գետնի վրայ եւս, խոցելի է առաջարկուած համահարթ եկամտահարկը:

Ա. Եկամտահարկի նուազեցումը, բարձր աշխատավարձ ունեցող աշխատաւորին «մաքուր» եկամուտը կրնայ բարձրացնել եւ գործատուին ծախսերը պահել նոյնը:

Եկամտահարկերու նուազեցումը 23 տոկոսի ապա 20 տոկոսի ու համահարթեցումը, գործատուին ծախսերը միայն որոշ չափով կրնայ նուազեցնել, քանի բարձր աշխատավարձ ունեցող աշխատաւորներուն «մաքուր» եկամուտն ալ, հարկերը վճառելէ ետք, որոշ չափով կը բարձրանայ:

Աշխատանքի շուկայի մէջ, ինչպէս որեւէ շուկայի մէջ, ապրանքին գինը, այս պարագային աշխատաւորին աշխատավարձը, հիմնուած է գործատուին կողմէ աշխատանքի պահանջարկին եւ աշխատաւորին կողմէ աշխատանքի առաջարկին վրայ: Կարգ մը ճիւղերու մէջ, ինչպէս բարձր արհեստագիտութեանց մարզերու ոլորտը, Հայաստանի մէջ կայ մասնագէտներու պակաս, այսինքն կայ աւելի պահանջարկ քան թէ առաջարկ: Հետեւաբար, երբ եկամտահարկը նուազի, կարգ մը գործատուներ տրամադիր պիտի ըլլան աւելի բարձր մաքուր աշխատավարձ առաջարկել որպէսզի հրապուրեն մասնագէտ աշխատաւորները իրենց քով աշխատելու:

Հոս կարելի է մէջբերել Հայաստանի ֆինանսներու նախկին նախարար Վարդան Արամեանի ելոյթը Յունիս 13ին, եկամտահարկերու նուազեցումին ու համահարթեցումի նիւթով ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովին նիստին ընթացքին, որուն նախագահն է Բաբկէն Թունեան: Պաշտպանելով, հարկերու նուազեցումը, Արամեան նշեց Արաբական Միացեալ էմիրեթներուն փորձը, ուր որպէսզի ներգրաւեն բարձրակարգ կամ մասնագէտ աշխատողներ, եկամտահարկը իջեցուցած են զերոյի: Ուրիշ խօսքով նախկին նախարար Արամեան կ՛ըսէր, թէ երբ եկամտահարկը նուազեցուի, հարկերը վճարելէն ետք մնացած աշխատողներուն եկամուտը կը բարձրանայ: Իսկ երբ աշխատողին »մաքուր« եկամուտը կը բարձրանայ, կը նշանակէ թէ գործատուին ծախսերը կը մնան նոյնը, կամ ալ քիչ մը կրնան պակսիլ: Ան նաեւ տուաւ անձնական օրինակ մը: Ըսաւ թէ անցեալ տարուայ Մայիսին, երբ դադրեցաւ նախարար ըլլալէ, իրեն աշխատանքի կարելիութիւն կար Վրաստան, գրեթէ նոյն վճարումով ինչ որ կրնար ստանալ Հայաստանի մէջ: Սակայն Վրաստանի մէջ եկամտահարկը աւելի նուազ ըլլալով, իր գրպանը 10 տոկոս աւելի եկամուտ պիտի մտնէր: Հետեւաբար, ան պիտի ուզէր փոխադրուիլ Վրաստան ու աշխատիլ հոն: Այսինքն Արամեան հետեւցուց թէ եկամտահարկի նուազեցումին ու համահարթեցումի պարագային, բիզնեսի ծախսերը պիտի մնան նոյնը, սակայն աշխատաւորները աւելի »մաքուր« եկամուտ պիտի ստանան, հետեւաբար պիտի նախընտրեն մնալ Հայաստան, փոխանակ երթալու ուրիշ երկիր:

Բ. Նոյնիսկ եթէ եկամտահարկը պակսեցնելու պատճառով գործատուի ծախսերը որոշ չափով նուազի, չի նշանակեր, թէ նոր գործատեղիներ պիտի բացուին ու տնտեսութիւնը աճի:

Երբ գործատուին ծախսերը կը նուազին ու շահոյթը կը բարձրանայ, չի նշանակեր թէ այդ բիզնեսին տէրը, այդ յաւելեալ շահոյթով նոր գործատեղի պիտի բանայ: Կրնայ այդ յաւելեալ շահոյթով, իր մրցակից գործատուն գնել, որուն հետեւանքով երկրի արտադրութիւնը չի բարձրանար: կրնայ յաւելեալ շահոյթը երկրէն դուրս հանել ու ուրիշ երկրի մը մէջ ներդրում ընել: Կրնայ յաւելեալ շահոյթը խնայել ու իր հարստութիւնը բարձրացնել, եւայլն: Այն գաղափարը թէ գործատուները աւելի ապրանք պիտի արտադրեն, ստեղծելով յաւելեալ աշխատատեղիներ ու բարձրացնելով աշխատավարձերը, քանի պետական օրէնքները ու հարկերը կը բացակային, տնտեսագիտութեան մէջ կը կոչուի supply-side economics: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիկընը, 80ական թուականներուն սկիզբները գործադրեց այս գաղափարը, սակայն ձախողեցաւ ու անոր խոստումները չիրականացան: Նախագահ George H.W. Bush նախագահ Ռիկընի supply-side economics կոչեց voodoo economics կամ կախարդի տնտեսութիւն: Այս տնտեսական գաղափարը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը երբ խոստումները չիրականացան եւ այսօր տնտեսագէտներուն մեծամասնութիւնը շատ կշիռ չի տար այս գաղափարին:

Գ. Եկամտահարկի նուազեցումը ու համահարթեցումը էական չափով հայ գործատուին մրցունակութիւնը չի բարձրացներ:

Տնտեսագէտ Յովհաննէս Աւետիսեանի հաշուարկներով, Հայաստանի աշխատաւորներուն ու գործատուներուն արտադրողականութիւնը (productivity-ն), բաղդատած մրցակից երկիրներուն այնքան ցած է, որ եկամտահարկի նուազեցումը ու համահարթեցումը էական չափով հայ գործատուին մրցունակութիւնը չի բարձրացներ, հետեւաբար, եկամտահարկի պակսեցումը արտահանումին վրայ շատ քիչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

Այս կը նշանակէ թէ եկամտահարկի նուազեցումին ու համահարթեցումին պաշտպաններուն սխալ տպաւորութիւն ստեղծելը, թէ կառավարութիւնը քայլեր կ՛առնէ որպէսզի գործատուներուն մրցունակութիւնը բարձրացնէ, վտանգաւոր է, քանի կառավարութեան վրայէն կը պակսի այդ ուղղութեամբ իրապէս կամ իսկական քայլեր առնելու բեռը:

Հետեւաբար, փոխանակ եկամտահարկը նուազեցնելու ու պետութեան եկամուտը պակսեցնելու բազմաթիւ միլիարդներու դրամով, եթէ պահենք ներկայ փրոկրեսիւ եկամտահարկը ու պետութիւնը ունենայ յաւելեալ եկամտահարկերու մուտք ու գործածէ, օրինակ կրթութեան, առողջապահութեան, կամ երկրի ենթակառոյցներուն վրայ, կ՛ունենանք աւելի կրթութիւն ունեցող եւ աւելի առողջ աշխատաւորներ ու աւելի լաւ ճամբաներ եւ ենթակառոյց, որոնց պատճառով երկրին արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ, որուն պատճառով մեր գործատուները կարելիութիւնը կ՛ունենան ըլլալու աւելի մրցունակ բաղդատած մրցակից երկիրներուն ու կարելիութիւնը կը բարձրանայ արտահանումներու ծաւալը աւելցնելու:

Դ. Եզրակացութիւն

Վերի նշուած կէտերուն արդիւնքը այն է, թէ եկամտահարկի համահարթեցումը գործատուներուն ծախսերուն վրայ կրնայ շատ մեծ ազդեցութիւն չ՛ունենալ: Եթէ նոյնիսկ որոշ չափով գործատուին ծախսերը նուազին ու շահոյթը որոշ չափով բարձրանայ, այդ որոշ չափով աւելցած շահոյթին միայն որոշ մասը գործատուները ներդրում կ՛ընեն ու բիզնեսը կ՛ընդլայնեն: Եթէ նոյնիսկ գործատուն որոշ չափով աւելցած շահոյթին որոշ մասով ներդրում ընէ ու նոր գործատեղի ստեղծէ, անոր մրցունակութիւնը շատ չի փոխուիր, քանի Հայաստանի գործատուներուն արտադրողականութիւնը էականօրէն ցած է բաղդատած մրցակից երկիրներու: Հետեւաբար, փոխանակ եկամտահարկերը նուազեցնելու ու համահարթեցնելու, եթէ որոշ բարելաւումներով պահենք ներկայի փրոկրեսիւ եկամտահարկը ու պետութեան խնայած եկամտահարկերով, բարելաւենք կրթութեան, առողջապահութեան մարզերը եւ ենթակառոյցները, երկրի արտարողականութեան, մրցակցութեան ու արտահանումի մակարդակները կը բարձրանան:

Մէկ խօսքով, եկամտահարկերու նուազեցումը ու համահարթեցումը, տնտեսական աճին ու մանաւանդ մրցակցութեան մակարդակին ու արտահանումներուն վրայ շատ սահմանափակ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
asbarez.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի հայտարարո

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալն իր վրդովմունքն ու խոր մտահոգությունն է արտահայտու

13 Փետրվար 2026
Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը ե

Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հար­ցին շուրջ կա­րե­լի

13 Փետրվար 2026
Մենք մեր 135 տարվա տերն ենք, դուք ձեր

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արմեն Ռուստամյա

12 Փետրվար 2026
Վենսի Այցելութիւնը Հայաստան՝ Երկիր Դր

«Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է։ Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար՝ ոչ միայն ան

12 Փետրվար 2026
Խախտել եք օրենքի պահանջը, տարածել եք ս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելույթ

12 Փետրվար 2026
Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը-

Ահարոն Շխրտըմեան Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի Ծիծեռնակաբերդի

12 Փետրվար 2026
Ճէյ․Տի․ Վենսի Ջնջուած Գրառումը Հայոց Ց

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճա

12 Փետրվար 2026
Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարս

Խորհուրդը այժմէականացման կարգով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Ղեւոնդեանք եւ

12 Փետրվար 2026
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը պահանջում

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հեղինակել է Հեռուստատեսության եւ ռադիոյի հանձնաժո

11 Փետրվար 2026
Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

Ե՞րբ Հայ եկեղեցին 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն տեղի

11 Փետրվար 2026
Չպայքարելը Նշանակում է Հաշտուել Չլինել

ՀՅԴ կառոյցի Գերագոյն ժողովի որոշումը միանշանակ էր․ քաղաքական ներկայ միջավայրը

11 Փետրվար 2026
Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մ

Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթեր

11 Փետրվար 2026
Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանաց

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցելութեան օրակարգերէն պահ մը կեդրոնանանք Երե

11 Փետրվար 2026
Գոյժ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւով կը

11 Փետրվար 2026
Ինչո՞ւ է Փաշինյանը դարձել Ադրբեջանի և

Այս տխուր իրավիճակի վերջին ապացույցը YouTube-ում տեղադրված թուրքերեն 8.5 րոպեա

10 Փետրվար 2026
Պատրաստ ենք համագործակցել ընդդիմադիր ո

«Հայաստան» դաշինքի ձևաչափը պահպանելու ցանկություն կա. այսօր՝ փետրվարի 10-ին, Ա

10 Փետրվար 2026
Վենսի այցից պետք էր ստանալ լավագույնը

«Չմոռանանք, որ Դավոսում Թրամփը հանդիպել էր Ալիևի հետ, Փաշինյանի հետ՝ ոչ։ Այսին

10 Փետրվար 2026
Այսօր պահն է համազգային դիմադրութեամբ

Յանուն արդիականութեան, այլանդակութիւններու պարարտ հող կը պատրաստուի, կ՛ոտնակոխ

10 Փետրվար 2026
Ազատություն հայ պատանդներին. բողոքի ցո

ԱՄՆ փոխնախագահ Ջեյ Դի Վենսի՝ Հայաստան կատարած այցի կապակցությամբ փետրվարի 9-ին

10 Փետրվար 2026
Հայաստանը պետք է ԱՄՆ-ին բացատրի, որ Իր

Հայաստանը չի կարող հրաժարվել Իրանի հետ առևտրատնտեսական հարաբերություններից, քա

10 Փետրվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company