ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից. Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

26 Ապրիլ 2023

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումը` հոծ թիւով հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան, որ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութիւնը` կարենալ իրագործելու ազգային վերածնունդն ու զարթօնքը, շարունակելու ապրիլ հայօրէն եւ հայկական արժէքներուն հաւատարիմ: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած փուլի զանազան մարտահրաւէրներուն եւ պայքարներուն մասին խօսելով` Խանճիհանեան ըսաւ, որ այսօրուան հայուն իսկական պայքարը ա՛լ աւելի մեծ պայքար մըն է, որովհետեւ պայքար է յուսահատութեան դէմ, պայքար` մեր շրջանակին մէջ արթնցնելու ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը, վերջ դնելու տիրող անտարբերութեան, անգամ մը եւս ոտքի կանգնելու եւ յաղթահարելու այս թշնամին, պայքար` նախքան հողերու միացման` մենք միանալու: Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ, թէ հոս հասանք, որովհետեւ մոռցանք մեծ զոհողութեամբ ու նահատակութեամբ ձեռք բերուած նուաճումներն ու յաղթանակները, բայց եւ այնպէս ապրիլ ամիսը մեզի կը պարտադրէ ապրիլ հեռանկարով մը. «Ապրինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հեռանկարով, թերեւս ոչ մենք, ոչ ալ մեր զաւակներն ու թոռները տեսնեն ազատ ու միացեալ Հայաստան մը, բայց պիտի գայ սերունդ մը, որ իր նախնիներու տարած յարատեւ պայքարը ամբողջացնելով` պիտի ապրի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սուրբ հողին վրայ»:

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան խօսքը արտասանեց Տիգրան Միհրանեան, որ նշեց, թէ 108 տարիներ անցած են մարդկութեան դէմ կատարուած այդ ոճիրէն, սակայն ցեղասպան Թուրքիան ոչ միայն տակաւին չէ ճանչցած իր նախնիներուն կատարած ոճիրը, այլ յամառօրէն կը ժխտէ ճշմարտութիւնը` օսմանցի երիտթուրքերուն յանցանքը փորձելով բեռցնել հայ ժողովուրդի ազատատենչ հատուածին վրայ: Ան աւելցուց, որ 1919-1920 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած երիտթրքական Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավար գործիչներու դատավարութիւնը անժխտելի կերպով փաստեց, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայերու դէմ կատարուած արարքները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով կը նկատուին պետական մակարդակով մշակուած եւ կազմակերպուած գործողութիւններ: «Այդ գործողութիւնները մեր ժամանակակից միջազգային մարդկային իրաւունքներու եւ ՄԱԿ-ի իրաւական չափորոշիչներով ցեղասպանութեան հաստատ տարրեր են», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ անցեալի թէ ներկայի իշխանութիւնները որքան ալ փորձեն ժխտել իրականութիւնը, փաստը կը մնայ այն, որ ցեղային հիմք ունեցող համաթուրանական պետութեան գոյացումը Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան գաղափարախօսութեան անքակտելի մէկ մասն էր:

Անդրադառնալով մեր օրերուն` Տ. Միհրանեան դիտել տուաւ, որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի ժամանակաշրջանի մեծագոյն ձախողութիւններէն մէկն էր: Թէեւ այդ պատերազմէն անցած է 2,5 տարի, սակայն հակառակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն` Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը` վտանգելով շրջանի կայունութիւնը: «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, առանց վարանելու եւ առանց քողարկելու, յստակ հռետորաբանութեամբ կը յայտարարեն, որ իրենց թիրախը Սիւնիքն է, ապա Թուրքիոյ հետ ուղիղ կապի հաստատումը` ամբողջացնելու համաթուրանական երազանքը: Իսկ Թուրքիոյ ներկայիս կրօնա-ազգայնական ղեկավարութիւնը բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կը շարունակէ աջակցիլ եւ քաջալերել Պաքուի բռնապետը, որպէսզի միասնաբար լրումին հասցնեն իրենց նախնիներուն սկսած եւ հայ ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեամբ Սարդարապատի պատերուն տակ կանգ առած իրենց դիւային ծրագիրը», ըսաւ ան:

Բանախօսը շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկիր ղեկավարելու դասերն ու շրջանը ապակայունացնելու դիւային խորհուրդները կը ստանայ իր սիոնական ռազմաքաղաքական դաշնակից Իսրայէլէն: Ուստի հայութեան դիմադրութիւնը մաս կը կազմէ շրջանը ապակայունացնել փորձող սիոնական եւ համաթուրանական դաշինքին դէմ մղուող պայքարին: Ան իր խօսքը եզրափակեց` նշելով. «Աշխարհասփիւռ հայութեան խորհրդանիշ եւ Հայոց ցեղասպանութեան Դատի ջահակիր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն կը բարձրաձայնենք, որ մենք` հայերս, դեռ այստեղ ենք բոլորս միասնաբար, միակամ, մէկ բռունցք, մէկ պայքար»:

Այնուհետեւ Կասիա Շատարեւեան երգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան խօսքը արտասանեց Լեւոն Բարսեղեան, որ նշեց, թէ ազգովին կորսնցնելէ ետք հող եւ հայրենիք, կը դիմագրաւենք նոր արհաւիրք, որուն զոհը կը դառնան մեր հայրենիքը, մեր աչքի լոյս Արցախը եւ Միջին Արեւելքի հայաշատ գաղութները: Անոնք հիմա թիրախ են մեծ խաղին, որուն պատճառով կը տուայտի Հայաստանը` տեսնելէ ետք 44 օրուան պատերազմի արհաւիրքը, կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուելով Արցախը, որ 130 օրերէ ի վեր պաշարուած է համաթուրանական ծրագիրին պատճառով: Հայաստանամերձ գաղութները, ենթարկուելէ ետք ռազմական եւ տնտեսական տագնապներու, կը հայաթափուին, հայ ժողովուրդի բեկորները կը լքեն հայահոծ գաղութները. մանաւանդ մեր յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի նոր սերունդը կը հարկադրուի հեռանալ այս ասպնջական հողերէն` այսպիսով ուրախացնելով գորշ գայլը, որուն երազն էր քանդել հայագաղութները:

Ան նկատել տուաւ, որ ժամանակն է ազգովին որդեգրելու նոր ռազմավարութիւն ու ծրագիր եւ ջանալու միաւորել ուժերը` երեք միլիոն հաշուող Հայաստանը, Արցախը շրջապատուած եւ ութ միլիոն հաշուող սփիւռքը: «Միայն ու միայն մեր միասնական կամքն է, որ կրնայ յաղթանակ բերել ու մեկնակէտ դառնալ մեր ժողովուրդին: Բաւական է` ինչ որ տեսանք եւ ապրեցանք, մանաւանդ բաւական են անորոշութիւնը եւ անտարբերութիւնը: Մենք իրաւունք չունինք մնալու դիտողի դիրքին մէջ: Այդ պարագային մեզ կ՛անիծեն մեր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հայրենիքի ազատագրութեան», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ հայկական հայեցակարգի մը հաստատումը կարեւոր է համախմբելու համար հայութիւնը ազգային մէկ ծրագիրի շուրջ: Ներկայիս Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ունին իրենց տարբեր ծրագիրները, չկայ աշխատանքային միացեալ ծրագիր: «Արցախի հարցն ալ կարելի է լուծել միասնական կեցուածք մը որդեգրելով: Այդ հարցին լուծումը պէտք է տեսնել համահայկական քաղաքականութեան եւ պահանջատիրութեան ընդմէջէն», շեշտեց Բարսեղեան:

Բանախօսը կոչ ուղղեց` զանազանութիւն դնելու պետականութեան եւ իշխանութեան միջեւ, յայտնելով, որ պետականութիւնը մնայուն է, մինչ իշխանութիւնը` գնայուն, ուստի պէտք է գուրգուրալ մեր պետականութեան վրայ, որ հազարաւոր մարտիրոսներու թափած արեամբ հիմնուած է: «Ժամն է համախմբուելու ազգովին` ստեղծելու համար հզօր պետականութիւն, հզօր բանակ եւ հզօր տնտեսութիւն: Մեր աշխատանքը պէտք է կեդրոնանայ այս հարցերուն վրայ: Հզօր պետութիւնն է, որ կը յարգուի բոլորէն ու ինքզինք կը պարտադրէ միջազգային կառոյցներու մէջ: Այս քայլը կը նկատուի հայոց դատի յաջողութեան առաջին քայլը», եզրափակեց Լեւոն Բարսեղեան:

Այնուհետեւ Անի Եփրեմեան ասմունքեց ազգայնաշունչ քանի մը քերթուած:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Աւագեան, որ նշեց, թէ 24 ապրիլ 1915-ին կարծէք հայութեան համար ժամանակը կանգ առած է, որովհետեւ տակաւին չենք յաղթահարած Ցեղասպանութիւնը, անիկա մեզի համար պատմական անցեալ չէ, այլ ներկա՛յ է, ամէնօրեայ ապրուող իրականութիւն է: Դիտել տալով, որ Ցեղասպանութեան խորհրդանիշը դարձած ապրիլ 24-ը անցնող 108 տարիներուն իր մէջ խտացուց հայ ժողովուրդին ձգտումներն ու նպատակները, ան նշեց, որ այդ օրը այլեւս դադրած է յիշատակի սոսկական օր մը ըլլալէ, այլ դարձած է իրաւազրկման եւ հայրենազրկման դէմ պայքարի, արդարութեան, հատուցման եւ պահանջատիրութեան օր:

«Ապրիլ 24-ը օրն է նաեւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդի զաւակները այլեւս քաջածանօթ են «Ուժը իրաւունքէն առաջ կ՛ընթանայ» իմաստութեան: Անոնք գիտեն, որ ուժը յաճախ կը ճզմէ իրաւունքը: Իրաւունքի մը արդար ըլլալը բաւարար չէ, որպէսզի ան ինքնաբերաբար եւ իսկոյն հատուցուի», հաստատեց բանախօսը` նշելով, որ իրաւունքները ո՛չ մէկ պարագայի կը տրուին իբրեւ շնորհ կամ նուէր, այլ ձեռք կը բերուին յամառ ու յարատեւ պայքարով միայն: Ան շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, որ Թուրքիա կը մնայ հայութեան գլխաւո՛ր թշնամին, այնքան ատեն որ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ նուազեցնելու համար հայ ժողովուրդի քաղաքական կշիռը շրջանին մէջ, այնքան ատեն որ չի հատուցեր Ցեղասպանութեամբ հայութենէն իր խլած ազգային-եկեղեցապատկան մեր բոլոր կալուածները, ինչքերն ու հարստութիւնները, հայկական քաղաքակրթութեան կրած ամբո՛ղջ վնասը, այնքան ատեն որ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով իր բարձրաստիճան զօրավարները Պաքու կ՛ուղարկէ հայութեան դէմ Ազրպէյճանի պատերազմը գլխաւորելու համար, զէնք, զրահ եւ անօդաչու սարքեր կը մատակարարէ անոր, եւ իբրեւ միջազգային ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր` վարձկան ահաբեկիչներ կը զինուորագրէ Արցախի հայկական ուժերուն դէմ:

Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ Թուրքիոյ թշնամական շարունակուող քայլերուն դիմաց չկայ այլ ելք` բացի ընդհանուր ճակատումը, շեշտելով, որ մեր պայքարը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դադար չեն կրնար ունենալ, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտէ Մեծ ոճիրը եւ ստանձնէ անոր հետեւանքներուն սրբագրումը, եւ կամ… շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութեան փաստը եւ հանդէս գայ միջազգային յանցագործութեան մը իրաւական յաջորդի եւ շարունակողի դերով: Ընտրութիւնը չափազանց դժուար է եւ, սակայն, միակ միջոցն է հարցին մօտեցման, ինչ որ խիզախութիւն եւ նոր մտածողութիւն կը պահանջէ Թուրքիոյ վարիչներէն: Այս ծիրին մէջ Աւագեան նաեւ դիտել տուաւ, որ հայ-թրքական հաշտեցման որեւէ առաջարկ հայութեան համար պայմանաւորուած է պատմական արդարութեան վերականգնումով: Այս իսկ պատճառով վտանգաւոր է թրքական ամէն ծուղակ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման քողին տակ կը փորձէ պատմաքաղաքական զգայուն հարցերու շուրջ Հայաստանէն զիջումներ կորզել եւ Երեւանին հաշտութիւն պարտադրել:

«Յարաբերութիւններու կարգաւորում եւ հաշտեցում տարբեր բաներ են, եւ անկախ այն իրողութենէն, թէ կարգաւորման ընթացքը ի՛նչ հունով կը զարգանայ, Թուրքիոյ հետ հաշտեցումը, պատմական արդարութեան վերականգնումի հարցը առնչուած են ո՛չ միայն հայկական պետութեան, այլեւ` համայն հայութեան. հետեւաբար այս ուղղութեամբ առնուելիք որեւէ քայլ հայրենի վարիչներ պարտին համադրել ու համակարգել սփիւռքի հետ գործակցաբար, դերերու եւ պարտականութիւններու յստակ բաժանումով», դիտել տուաւ Վիգէն Աւագեան: Ան ընդգծեց, որ ներկայիս հայ կեանքը կը գտնուի նոր ու դառն իրականութիւններու դէմ յանդիման: Իրականութիւններ, որոնց հետ հաշտուելու որեւէ պատճառ եւ իրաւունք չունինք, ընդհակառակն, զանոնք մերժելու եւ փոխելու պարտքն ու պարտաւորութիւնը ունինք, որովհետեւ պարտուածի հոգեբանութեամբ ապրիլը մեռնելէն աւելի վատ է:

«Հարցը պարտութիւնը չէ: Աշխարհի վրայ չկայ ժողովուրդ մը, որուն պատմութիւնը միայն յաղթանակներէ բաղկացած ըլլայ: Հարցը պարտութեան զգացողութիւնը կորսնցնելն է, կրաւորական եւ անտարբեր դառնալն է: Հայրենասիրութեան բացակայութենէ աւելի` տարրական տրամաբանութեան կորուստն է: «Ո՛չ» ըսելու անկարողութիւնն է Արցախի յանձնուողական համաձայնագիրը ստորագրած, Հայ դատ, հողերու պահանջ, միացեալ Հայաստան եւ այլ սրբութիւններ արհամարհած քաղաքական առաջնորդներու: Հարցը, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան դարաշրջանի» ցնորքն է, այն պատրանքը, որ իբր թէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալով` Անգարա եւ Պաքու թոյլ կու տան, որ 29,800 քառ. քմ տարածութեամբ Հայաստանը հանգիստ ու ապահով կեանք ունենայ: Կարծէք հանգիստ կեանքը կը պայմանաւորուի առանց Արցախի», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ Արցախի հարցը կը վերաբերի համայն հայութեան, եւ շեշտելով, որ չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Հայաստանի սիրոյն Արցախի զիջումը կրնայ խաղաղութեան բանալին ապահովել հայութեան, որովհետեւ Արցախը զիջիլ` կը նշանակէ թշնամին հրաւիրել Հայաստանի վրայ յարձակելու, իսկ 120 հազար հայու կորուստը կը նշանակէ երեք միլիոն հայու կործանումը: «Եւ ուրեմն, Արցախի հայկական մնալու պայքարը պայքա՛ր է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահելու եւ պահպանելու»:

Աւագեան իր խօսքը եզրափակեց` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի պատկերը` մոխրագո՛յն պատկեր է, որուն ի տես այլընտրանք չունինք` բացի հաւաքաբար մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու բարձրութեան վրայ գտնուելէ: «Մեր ազգային-կուսակցական, միութենական-յարանուանական միաւորներէն իւրաքանչիւրը կոչուած է իր առաւելագոյն ներդրումը ունենալու այս պայքարին մէջ` տէր կանգնելու համար ստեղծագործ, գիտակից եւ մարտունակ ազգի մեր պողպատեայ ամրութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ միայն կենսունակ սփիւռքով, վերականգնած Արցախով ու ամուր հայկական պետականութեամբ կրնանք Թուրքիոյ եւ իր ռազմաքաղաքական դաշնակիցներուն պարտադրել Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը: Մենք կը հաւատանք, որ միայն տոկունութեամբ, յարատեւութեամբ եւ վճռակամութեամբ կրնանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին արժանաւոր ժառանգորդները ըլլալ: Ու մենք կը հաւատանք, որ միայն հայութեան ուժը կերտելով, տեւաբար զօրանալով, մեծնալով, պահանջատիրական մեր շարժումին համազգային տարողութիւն եւ միջազգային կշիռ տալով կրնանք հասնիլ մեր ժողովուրդի ամբողջական յաղթանակին: Մեր սրբազան Դատին արդա՛ր հատուցման», ըսաւ ան:

Հաւաքի աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ահազանգեց, թէ ճակատագրական է ներկայ փուլը մեր ազգի պատմութեան, մութ ամպերով ծածկուած է հայ կեանքին երկնակամարը, անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը, կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը:

«Գիտե՛նք` իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել: Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, իբրեւ ազգ` կոչուած ենք խոհեմութեամբ ու համախոհութեամբ դիմագրաւելու մեզ շրջապատող բազմազան ու այլազան տագնապները, ներքին թէ՛ արտաքին: Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումները ըլլան իրատես եւ հայեցակէտերը` համապարփակ, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրները ճի՛շդ տեսնել, կացութիւնները ճի՛շդ ըմբռնել եւ մեր շուրջը տեղի ունեցող զարգացումները ճի՛շդ կերպով գնահատել` աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ», ըսաւ ան:

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ ապրիլ 24-ը մեր պահանջատիրական պայքարին, իր ռազմավարական ու մարտավարական տարածքներով, վերաշեշտման ու միաժամանակ վերարժեւորման յիշեցում է, որ այսօր, առաւել քան երբեք, ազգային միասնականութեան ամրապնդումի ու անոր հրամայականին անսալու մարտահրաւէր է: Նկատի ունենալով արդի ժամանակներու գոյութենական մարտահրաւէրները` կաթողիկոսը հրաւիրեց լաւ տեսնելու հայրենիքին ներկայ իրավիճակը, որուն սահմաններն ու գերիշխանութիւնը վտանգուած են: «Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը ո՛չ միայն ինքնիշխան Արցախին վրայ շիրմաքարի զետեղում պիտի ըլլայ, այլ նաեւ` Հայաստանի հանդէպ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակներու առաւել սրում», մտահոգութեամբ յայտնեց ան ու շարունակեց, որ` «Աննախատեսելի հետեւանքներով յղի այս վտանգալից կացութեան դիմաց, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կոչուած Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, բնականաբար իր շահերէն մեկնած, կը մնայ սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ: Հայաստանը առանձին է, եւ Արցախը` փաստօրէն լքուած: Սակայն` յարգանք ու պատիւ Արցախի ժողովուրդին, որ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան պատնէշին վրայ կը մնայ ամուր: Նո՛յն պատնէշին վրայ ողջ սփիւռքը Արցախի կողքին ու Արցախին նման կը մնայ ամուր»:

Խօսելով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան մասին` վեհափառ հայրապետը սրտի կսկիծով դիտել տուաւ, որ այդ դարձած է մակերեսային, ու ճեղքեր յառաջացած են հայութեան հատուածներուն միջեւ: «Իսկ այն համոզումը, որ զիջումներ կատարելով տարածաշրջանին մէջ կը հաստատուի խաղաղութիւն` կը վտանգէ Հայաստանի ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը, եւ Արցախը կրնայ անհետանալ հայ կեանքի քարտէսէն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ընդունելի չէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղ գոյակցութեան համաձայնութեան մը գոյացումը` ի հեճուկս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, ո՛չ ալ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութեան հաստատումը` ի հեճուկս մեր պատմական իրաւունքներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Արամ Ա. կաթողիկոս դիտել տուաւ, որ ճկուն ու իրատես դիւանագիտական մօտեցումը պէտք չէ շփոթել համակերպումի ու զիջումի քաղաքականութեան հետ: Ազգերու իրաւունքը ճշդողը դժբախտաբար ուժի իրաւունքն է եւ ո՛չ թէ` իրաւունքի ուժը, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայրենիքին ապագան ու իր պատմութեան ընթացքը ճշդողը ժողովո՛ւրդն է, ժողովուրդի հաւաքական հաւա՛տքը, կա՛մքն ու տեսլակա՛նը, որքան ալ ահեղ ըլլան զինք շրջապատող պայմանները:

Արամ Ա. կաթողիկոս յորդորեց մեր ազգի զաւակները` «Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը շրջապատող ահաւոր սպառնալիքներուն միայն մէ՛կ հաւաքական ուժ կրնայ դիմադրել` «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»: Մեզի համար սա անժխտելի համոզում է ու միաժամանակ` անսակարկելի ու անյետաձգելի հրամայական, մեր պատմութեան ներկայ վճռադրոշմ հանգրուանին: Այլ ընտրանք չունինք»: Իր հայրական խրատը տալով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ զիրար մեղադրելով ու անգոսնելով, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները արհամարհելով, պետութիւնը եկեղեցիէն հեռացնելով` հայրենիք չենք կրնար կերտել, այլ հայրենիք կը քանդենք: Հետեւաբար, փոխանակ իրարու դէմ խօսելու, իրարու հետ խօսինք պատասխանատու ու յանձնառու ոգիով, ազգին ու հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր նկատելով եւ նոյնիսկ, ի պահանջել հարկին, մեր համոզումներէն ու կեցուածքներէն, մեր դիրքերէն ու հանգամանքներէն հրաժարելով: Ժամանակի նշանները ճի՛շդ կարդանք ու ճիշդ կերպով կողմնորոշուինք: Եթէ այսօր Լաչինի ճամբան փակ է մեր առջեւ, վաղը բազո՜ւմ ճամբաներ կրնան փակուիլ մեր առջեւ, եթէ չհամախմբուինք ու չդառնանք մէկ բռունցք, այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:

Վեհափառ հայրապետը, որ բազմիցս համազգային համախմբումի կոչ ուղղած է Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան համար, անգամ մը եւս շեշտեց այս օրակարգը եւ մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն դիմաց կանգնած` դարձեալ համազգային համախմբումի կոչ ուղղեց, այս անգամ` աւելի զօրեղ շեշտով, ու արթնութեան հրաւէր ուղղեց մեր ազգի զաւակներուն, իսկ ղեկավարութեան` քաղաքական իրատեսութեան ու հեռատեսութեան կոչ: «Պատմութեան դիմաց բոլորս հաւաքական նո՛յն պատասխանատուութեան կոչուած ենք` ըլլալ Արցախի ու Հայաստանի կողքին, ըլլալ մէկ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու կողքին, անվերապահ ու ամբողջական կերպով եւ ազգին ներուժը ի սպաս դնելով մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու կենսագործման` դերերու յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ:

«Ա՛յս կը պահանջեն ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ իրա՛ւ հայրենասիրութիւնը: Աւետարանը կ՛ըսէ` «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մր 4.9)» ըսելով` վեհափառ հայրապետը աւարտեց իր պատգամը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս ամենը մեկ անուն ունի՝ ժողովրդին կա

Համատարած բռնությունների և վախի մթնոլորտում, բռնաճնշումների բոլոր տեսակների կի

24 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը

24 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականն

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ Սփիւռքի ինքնութեան եւ առաք

23 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայէլի Նախագահը Դատապարտեց Երուսաղէմ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ դատապարտեց Երուսաղէմի հայ համայնքին դէմ յարձ

23 Հոկտեմբեր 2026
Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

Հինգշաբթի, 22 հոկտեմբերի կառավարութեան ընթացիկ նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլ

23 Հոկտեմբեր 2026
Լաչակին Հպարգելքը

Լաբիւրինթոսի վերածուած է Աշխարհը։ Ամէն կողմ բողոքի հաւաքներ, ցոյցեր, անիշխանակ

23 Հոկտեմբեր 2026
Ալիևի ճնշումներին զուգահեռ՝ Սահմանադրո

Արտահերթ ընտրությունների գնալու մասին Փաշինյանի այս հայտարարությունը, ձևակերպո

22 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ նախընտրական ամփոփիչ հանրահավաքը՝

Արտաշատ խոշորացված համայնքում, ՏԻՄ ընտրությունների շրջանակում Հայ Յեղափոխական

22 Հոկտեմբեր 2026
Էներգետիկ ճգնաժամի նոր զոհերը

Հոկտեմբերի 19-ին ՌԴ արտգործնախարար Լաւրովի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատւիրա

22 Հոկտեմբեր 2026
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company