Ակնարկ. Բռնագրաւեալ Կիպրոսը՝ Մոսկուա –Անգարա Յարաբերութիւններու Արանքին
14 Օգոստոս 2023
Բռնագրաւեալ Կիպրոսի թրքական իշխանութիւններուն անունով փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտարարութիւն կատարած է առ այն, որ Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան գրասենեակի բացումը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ բռնագրաւեալ Կիպրոսի ճանաչումին։ Իբրեւ հիմնաւորում ան նշած է, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը եւ թէ հիմա եւս չի բացառուիր, որ նոյնը տեղի ունենայ։
Այս յայտարարութեան նախորդած էր Կիպրոսի մէջ ռուսական դեսպանութեան հրապարակած յայտարարոթիւնը, որուն համաձայն՝ Ռուսիան կը սկսի կանոնաւոր հիմունքներով հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել կղզիի հիւսիսային, թրքաբնակ շրջաններուն մէջ։
Իսկ դեսպանութեան հրապարակումին նախորդած էր Թուրքիոյ նախագահին ակնկալութիւնը, որ Կիպրոսի հարցի հանգուցալուծման միտուած բանակցութիւններու ձեռնարկելէն առաջ պէտք է ճանչնալ հիւսիսային Կիպրոսը։
Խնդիրը ուրեմն ուղղակիօրէն կը տեղադրուի Անգարա-Մոսկուա յարաբերութեան գիծին վրայ։ Էրտողանը ակնկալութիւն կը յայտարարէ, Մոսկուան հիւպատոսարան բանալու մասին կը խօսի։
Կան այլ հանգամանքներ եւս, որոնք կրնան կապուիլ հիւպատոսական ծառայութիւններուն հետ։ Որոշ գնահատականներու համաձայն, թրքական ինքնահռչակ հանրապետութեան տարածքին մէջ շուրջ յիսուն հազար Ռուսիոյ քաղաքացիներ հաստատուած են։ Ռուսական դրամագլուխի առկայութիւնը Կիպրոսի առընթեր բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ երեւոյթի կը վերածուի։
Բայց խնդիրը սուր կերպով քաղաքական է եւ նաեւ միջազգային ընտանիքին ուղերձ կը փոխանցէ։ Նախ անշուշտ Մոսկուա-Անգարա քաղաքական առեւտուրի պարունակին մէջ կարեւոր կէտ է, ապա միջազգային մեկուսացման ենթարկուող Ռուսիոյ համար օգտագործելի քայլ։
Քանի մը դիտարկում կարելի է արձանագրել այս յայտարարութիւններուն առիթով։ Նախ նշենք, որ բռնագրաւեալ Կիպրոսէն հնչած յայտարարութիւնը փոխադրամիջոցներու նախարարութեան մակարդակով է։ Տակաւին պաշտօնապէս բռնագրաւեալ Կիպրոսի իշխանութիւններու ակնկալութիւնը Ռուսիայէն չէ ձեւակերպուած։ Երկրորդ՝ հիւպատոսարանի բացումը դէպի ճանաչումի քայլ յուսալիութեան սահմաններուն մէջ կատարուող այս յայտարարութիւնը անպայման իրաւական գործընթացի մը մեկնարկը չ՛ենթադրեր դէպի ճանաչում առաջնորդող։ Կ՛արժէ այստեղ յիշել բռնագրաւեալ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին անմիջական հակազդեցութիւնը, թէ հիւպատոսական ծառայութիւններու հաստատումը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչում։
Այս մէկը քաղաքական այլ մեկնաբանութեամբ ալ կարելի է ընկալել։ Կանխարգիլել միջազգային հակազդեցութեան ալիքի բարձրացումը Ռուսիոյ կողմէ հիւպատոսական ծառայութեան բացումին։
Յամենայն դէպս յայտարարութիւններու շարքը պէտք է նկատի ունենալ՝ յաջորդականութեան տրամաբանութեամբ։ Հիւպատոսական ծառայութեան բացման մասին ռուսական դեսպանութիւն, փոխադրամիջոցներու նախարար, Էրտողան եւ ապա արտաքին գործոց նախարար (նախարարները՝ բռնագրաւեալ Կիպրոսի)։ Չմոռնանք, որ երկու տարի առաջ Թուրքիոյ նախագահը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ յայտարարեց «Մէկ ազգ երեք պետութիւն» բանաձեւը, փոխան «Մէկ ազգ երկու պետութեան»։ Ազրպէյճանը չարձագանգեց, եւ փաստօրէն այդ բանաձեւը չարծարծուեցաւ Թուրքիոյ, բռնագրաւեալ Կիպրոսի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ։ Ազրպէյճանը Արցախի հանգամանքներէն մեկնած չառաւ այդ քայլը եւ չճանչցաւ բռնագրաւեալ Կիպրոսը։
Ռուսիայէն ակնկալութիւնը անշուշտ նկատի ունի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ Ռուսիոյ այսօրուան պատկերը։ Հիւպատոսարանի բացումը պաշտօնական ճանաչում չէ։ Բայց դէպի ճանաչում տանող քայլ կրնայ նկատուիլ իբրեւ խաղաթուղթ Մոսկուայի Անգարայի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն ընթացքին։
Ճանաչումը այս պարագային կրնայ նաեւ Անգարայի համար պահանջ ըլլալ աշխարհագրական այլ միջավայրի մէջ ակնկալուող զիջումի դիմաց։ Մանաւանդ որ Կիպրոսի հարցի լուծման համար Էրտողան միջազգային ընտանիքին ճանաչումի պահանջ կը դնէ իբրեւ նախապայման։
«Ա.»
aztagdaily.com
