Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի
12 Սեպտեմբեր 2024
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Արծարծուած նիւթերու կարգին էին Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ Լիբանանի դէմ ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ այդ գծով խորհրդակցութիւններու կայացման հրամայականը, ընկերային եւ տնտեսական տագնապը, ընտրական օրէնքի վերանայման անհրաժեշտութիւնը եւ խորհրդարանական օրէնսդրական հարցեր:
