Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Զաւէն Էքմէքճեան
16 Սեպտեմբեր 2024
Շաբաթ 14 Սեպտեմբեր 2024-ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Զաւէն Էքմէքճեանը:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2024-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:
Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`
ԳՈՅԺ – Ընկեր Զաւէն Էքմէքճեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հիւսիսային Սիտնիի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ ՝ Ընկեր Զաւէն Էքմէքճեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 14 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամերուն:
Ընկեր Զաւէն Էքմէքճեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութիւն համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Զաւէնի ընտանիքին, հարազատներուն, եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի – Աւստրալիա