Բագրատունի Տեսակցեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի Հետ
04 Հոկտեմբեր 2024
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դրուին Լիբանանի եւ լիբանանցիներու դիմաց` իսրայէլեան շարունակուող ոճրային յարձակումներուն պատճառով:
Պըրրի ներկայացուց ներկայ փուլի վտանգները եւ այն ճիգը, որ կը ներդրէ զինադուլի հաստատման, թիւ 1701 բանաձեւի գործադրման եւ նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ:
Բագրատունի ցաւակցելէ ետք սէյիտ Նասրալլայի նահատակութեան առիթով, բաժնեկցեցաւ խորհրդարանի նախագահի տեսակէտները` շեշտելով, որ Իսրայէլի անցեալէն եկած ախորժակները չեն բաւարարուիր միայն Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմով, ո՛չ ալ սոսկ համայնքի մը դէմ իր կեցուածքներով:
Ան անհրաժեշտ նկատեց ներկայ փուլին լիբանանեան միասնականութիւնը եւ հաւաքաբար թշնամիին սադրանքներուն դէմ դնելու հրամայականը, շեշտելով պետութեան կայացման առաջնահերթութիւնը սահմանադրութեան գործադրութեան ծիրին մէջ, սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ մէկ միլիոնի հասնող գաղթականներու տագնապին եւ այս իմաստով կատարուած նախաձեռնութեանց, որոնց ծիրին մէջ Բագրատունի ներկայացուց ՀՅԴ-ի եւ հայկական տարբեր կառոյցներու աշխատանքները` թեթեւցնելու գաղթականներու տառապանքը: