Սիտնիի Մէջ Հանրային Լսարան ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Ուղեկից Միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւններու Մասնակցութեամբ
15 Հոկտեմբեր 2024
Հինգշաբթի 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ հանրային լսարան Willoughby Uniting Church-ի հանդիսասրահին մէջ:
Հանդիսավարուհի Հուրի Մայիսեան-Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացնելէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, զայն հրաւիրեց տալու իր զեկուցումը: Ընկեր Յակոբ, սահիկներու ցուցադրութեամբ կատարեց տեսալսողական զեկուցում բացատրութիւն տալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարած կազմակերպչական, քաղաքական, յարաբերական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ Երիտասարդական գործունէութեանց մասին:
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Ընկերուհի Արուսեակ Մելքոնեան տուաւ համապարփակ զեկուցում ՀՕՄի տարած բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի Լիբանանէն չկարողանալ դուրս գալուն պատճառով, Կեդր Վարչութեան անդամ Եղբայր Տիրան Վահրատեան տուաւ հակիրճ զեկուցում աշխարհացրիւ ՀՄԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան մասին:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկեր Զաքար Քէշիշեան մօտ տաս վայրկեան տեսերիզ մը ուղարկած էր Լիբանանէն: Ընկեր Քէշիշեան չէր կարողացած Սիտնի ժամանել Պէյրութի օդակայանի անդամալոյծ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառով: Հակիրճ բայց բովանդակալից զեկուցումը լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի մշակութային հսկայ գործունէութիւնը:
Աւարտին, հանդիսավարուհին հրաւիրեց զեկուցաբերները հարց-պատասխանի, որուն ընթացքին անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած բոլոր հարցումներուն:
Տեսանիւթն՝ այստեղ



