ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեանց Հանդիպումը Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ
15 Հոկտեմբեր 2024
Սրբազան Հայրը եւ Թեմականի ատենապետ Տիար Սարգիս Տէր Պետրոսեան եւ Արժ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեան, Առաջնորդարանին մէջ ընդունեցին Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ կառոյցի հիմնադրման 60-ամեակի առիթով Սիտնի ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՕՄի ու ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութիւնը մաս կը կազմէին Ընկերներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Խաժակ Մկրտիչեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութենէն ընկերուհիներ Արուսեակ Մելքոնեան եւ Նորա Սեւակեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութենէն եղբայր Տիրան Վահրատեան ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնակն Կոմիտէի ներկայացուցիչներ ընկերներ Ներսէս Պալիօզեան եւ Կարպիս Սարեան:
Մօտ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Զեկուցուեցաւ 60-ամեակի նշումին առթիւ ձեռնարկներու ծրագիրին մասին, քննարկման նիւթ դարձան ազգային հրատապ հարցերը որոնք կլանած են հայրենի թէ սփիւռքի հայութիւնը:
Զեկուցուեցաւ նաեւ որ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց ատենապետները չէին կարողացած Լիբանանէն ժամանել Սիտնի Պէյրութի օդակայանին համարեա անդամալուծման պատճառով: Քննարկուեցան Լիբանանի այժմու տագնապին հետեւանքով հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւնները եւ անոնց դիմագրաւման համար տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկու կաթողիկոսութեանց եւ ՀՅԴ-ի սիրալիր յարաբերութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին ներկաները այցելեցին Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին որուն հոգեւոր հովիւը ամփոփ ձեւով ներկայացուցի եկեղեցուոյ պատմութիւնը: