Ակնարկ – Հ.Յ.Դ. 35-րդ Ընդհ. ժողովի ընդառաջ
14 Փետրվար 2025
Ծանօթ է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կանոնագիրը ու անկէ բխող կազմակերպութեան կառոյցը հիմնականօրէն կազմուած են ազատագրական պայքարի անբնական պայմաններու հոլովոյթին մէջ, նախ՝ 1892-ին, մէկ-երկու էջանոց յայտարարագրի մը ձեւով, իսկ 1896-ին՝ «կազմակերպական կանոններ» խորագրով: (Յուշապատում, Դրօշակի մատենաշարով): Ապա, ժամանակի ընթացքին աստիճանական վերամշակումով պատշաճեցուած է ան սփիւռքեան պայմաններուն ու թելադրանքներուն: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք՝ երկրի օրէնսդրական հրահանգին երթարկուելու համար գրեթէ «պարտադրական» նկատուեցաւ անոնց վրայ աւելցնելու «Հայաստանի գերագոյն ժողով եւ գերագոյն մարմին» կառոյցը՝ 1998 թուականին:
Կանոնագրի եւ կառոյցի վերանայման օրակարգի քննարկման ընթացքին, անհրաժեշտ է գերազանց կարեւորութիւն տալ այն իրականութեան, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին կազմակերպական կրկնակ պատկանելիութեամբ ու տարբեր գործադաշտերու վրայ գործելու իւրայատկութեանց մէջ, բնական է, որ Հ.Յ.Դ.ը պարտքը ունի եւ պէտքը՝ սեփական պետութեան օրէնքներով առաջնորդուող կուսակցութեան մը կարգավիճակը առնելու, այլեւ միաժամանակ՝ ամրօրէն պահելու-պահպանելու ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՁՈՅԼ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Կասկած չկայ անշուշտ, որ ինչպէս անհատ մարդուն, նոյնպէս կազմակերպութիւններուն հաւաքական անհատականութիւնն ու նկարագիրը քոմբլեքս մըն են՝ յատկանիշերու ամբողջութիւն մը, որ կը կազմաւորուի ու կը մշակուի բարեշրջման ընթացքով, ժամանակի հոլովոյթին հետ, փորձառութեանց ընդմէջէն:
Այդ քոմբլէքսին անբաժանելի մասը կը կազմեն կազմակերպութեան անունէն մինչեւ իր անցեալի պատմութիւնը, ծրագիրը, գրաւոր ու անգիր կանոնները, կառոյցը, աշխատանքի մեքենականութիւնը, ռազմավարութիւնը, գործելաձեւը, ներկազմակերպական յարաբերութիւնները, ներքին մթնոլորտը, բարոյական ըմբռնումներն ու աւանդութիւնները, եւ այլն:
Որեւէ կազմակերպութիւն, որքան ալ յառաջդիմական ու յանդուգն գաղափարներով տոգորուած ըլլայ եւ «նոր»ին սիրահար, կը դառնայ ծայրայեղ պահպանողական, երբ հարցը վերաբերի այդ քոմբլէքսի վերանայման, փոփոխման: Խնդիրը աւելի կը դժուարանայ, երբ կազմակերպութիւնը շատ երկար կեանքի փորձ ունի եւ հարուստ անցեալ, ինչպիսին է Հ.Յ.Դ.ը:
Ահա թէ ինչու Հ.Յ.Դ. ը անյետաձգելի մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման՝ դժուար ընտրանքի մը առջեւ կը գտնուի ներկայիս: Մարտահրաւէր այն իմաստով, որ համաշխարհայնացման եւ համացանցային անկասելի զարգացումներու ներկայ դարու բովին մէջ, հիմնովին փոխուած են սերունդին եւ առհասարակ հայ մարդուն ըմբռնումները, ընկալումները, հայեացքները, ապրելաձեւը, կեանքի հարկադրանքները, որոնց քիչ-շատ ներդաշնակուելու խնդիրը կարելի չէ անտեսել, քննարկման առարկայ չդարձնել եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններու չդիմել:
Պէտք չէ թողուլ, որ կեանքի «պարտադրանքներով», այսինքն թաւալող ժամանակին մէջ կեանքը ի՛նք թելադրէ ու պահանջէ մեր կանոնագրքի բովանդակութիւնն ու կառոյցի ձեւը, իրաւունքի եւ պարտաւորութեանց խնդիրները, ինչ որ անբաղձալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ կազմակերպութեան միասնութեան ու ամբողջականութեան վրայ:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթէնք, 10 Փետր. 2025