Յուսադրիչ 2026-ի Մը Մարմաջով
27 Դեկտեմբեր 2025
Արդէն իսկ քառորդ դարաշրջան մը աւարտած է։ 2025-ին հրաժեշտ կու տանք։
Առ հասարակ, հայորդին կը սիրէ ամեակներ նշել, ըլլան անոնք ծնունդ, թէ մահ, մեկնարկ, թէ աւարտ կամ յաղթանակ, թէ պարտութիւն։
Տարուան մէջ, չկայ օր մը, որ ամեակի մը չկապուի։ Վիճակագրութեամբ մասնագիտացած հիմնարկներ, որոնք սունկի նման կը բուսնին Հիւսիսային Պողոտայէն հեռու կամ մերձակայ, սակայն միշ՛տ ալ Երեւանի մէջ, կրնան գործի լծուիլ եւ մանրամասնել, թէ այս նշուած յիշատակելի ամեակներուն, որքա՞ն համեմատութիւնը ուրախալի է կամ հակառակը՝ տխրելի։
Չերկարենք այս երկրորդական նիւթը եւ կեդրոնանանք անցնող տարուան անցուդարձերու նիւթով։ Հաւանաբար, լաւագոյն նշումը պիտի ըլլար բոլորովին մոռնալ ու չյիշել այս տարին, սակայն պատշաճ պիտի չըլլայ ուրանալ եւ չտեղեկանալ, թէ ինչ ահաւոր տարի մը բոլորեց հայորդին։
Թէ ինչպէ՞ս ընկալել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամը, որ ուղղուած էր ողջ հայութեան՝ 2025-ը հռչակելով աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի: Հայորդիին համար, տարբեր իմաստ ունի աւանդութիւնը, ընթացիկ հասկացութէնէն շա՛տ աւելի խոր եւ կենսական: Սակայն, երբ ակնթարթ մը նշենք, թէ վարչապետ Փաշինեան շրջան առ շրջան պտտեցաւ իր կողակիցին եւ ուսապարկերուն հետ, քարոզելու համար կրթութեան հետ, ոչ մէկ աղերս ունեցող «Նորաձեւ Կրթութիւն», կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, թէ ելեկտրոնային, առցանց եւ համակարգչային այնպիսի կատարելագործութիւններ կը կատարուին, որ դժուար կ՛ըլլայ քայլ պահել եւ անշուշտ՝ պահպանել մարդակերտումի նպաստող աւանդութիւնները, իսկ ներկայ իշխանութիւններու գործելաձեւով՝ նոյնիսկ դիւրին կըլլայ աղաւաղել այդ մէկը:
Է՜հ…շատ բան փոխուած է այս քառորդ դարաշրջանէն ետք։ Դեռ 2018-ի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թարմ օրերուն, «Յաղթանակի Դար» եզրոյթով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, իսկ այսօր հողատարածք է, որ կորսնցուցած ենք, եւ դեռ ալ պիտի կորսնցնենք։
Նոյնիսկ, Արարատը՝ մեր ազգի յաւերժութեա՛ն մէկ խորհրդանիշը եղաւ ոտնակոխ, երբ Փաշինեանական խունթայի որոշումով 1 Նոյեմբերէն սկսեալ, Հայաստան մուտքի եւ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայէն վերցուեցան Մասիսներուն պատկերը, այն «զզուելի» երազային մտահոգութեամբ, որ այդպիսի կնիքներ յարձակողական պատգամներ կրնան թուիլ «բարի դրացիութիւն» եւ «խաղաղութեան խաչմերուկ» մուրացողներուն համար, որոնք նոյնքան բարեացակամութեամբ դռները լայնօրէն բացին Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ին, որ մեկնարկէ ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան։
Իսկ Երեւանցիին քիթին տակ կանգնած Ծիծեռնակաբերդն անգամ, վերանորոգման պատրուակով փակուած կը մնայ։ Թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ, այդ սրբութիւն, դառն յուշ եւ յիշատակ առթող այդ կոթողական սուրբ կառոյցին…
Ծիծեռնակաբերդէն ոչ շատ հեռու, Էջմիածինն ալ եղաւ «ազգընտիր» վարչապետին թիրախը։ Ըստ երեւոյթին ՔՊ-ական «աղանդ»-ին համար Հայոց եկեղեցին կրօնական յամառատու եւ հաշուետու հաստատութիւն մը պէտք է, որ ըլլայ, սահմանափակ ազգային կառոյցով եւ քաղաքական դերակատարութեամբ։ Իր յատուկ «սահմանադրութիւն»-ը ունի հայաստանեաց եկեղեցին՝ կանոնագիրքը, որ մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը սահմանէ գործունէութեան ձեւն ու օրէնքը։ Հ.Հ. սահմանադրութեան մասին, այս մէկն ալ կ՛ուզէ փոփոխութեան ենթարկել ՔՊ-ապետ վարչապետը։
Դեռ վերջերս, Պաքուի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի մը առթիւ, բռնապետ Ալիեւը յոխորտանքով շեշտած էր, թէ բազմաթիւ այլ վայրերու կողքին, Ատրպէյճանի արեւմտեան սահմանին մօտակայ դարձած Սեւանայ լիճն ալ, ըստ իր «հաւաստի աղբիւրներ»-ուն, կը կրէ ծագումով Կէօյչա անունը։
Անշուշտ, Ալիեւ իր ախորժակը սրելու մարմաջը արտայայտեց, «պատմական» 8 Օգոստոսի շոգ օրէն ամիսներ ետք, երբ նոպելեան մրցանակին տիրանալու երազներով տոգորուած, Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Թրամփ ժամացոյցի դէմ մրցում մը կը կատարէր «պատերազմներ աւարտելու» շարքին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարծել հաշտեցնելով։ Հոս է, որ ծնունդ առաւ TRIPP-ը («Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»), Սիւնիքի հարաւէն՝ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը իրարու միացնող ճամբայ մը բանալու մտայղացումը Հայաստանի սահմանէն ներս, որ մինչեւ օրս Ալիեւի համար կը նշուի իբրեւ «Զանգեզուրի Միջանցք»։
Եւ դեռ աւելին, գործի լծուած է ազերի քարոզչական մեքենան Պրիւքսելէն մինչեւ Վատիկան։ Ոչ-կառավարական հիմնարկներ սիրաշահելով եւ նիւթապէս պարարտացնելով, Պաքու գործի լծուած է, այդ յերիւրածոյ Հայաստանի մէջ ապրող ազերիներու վերադարձը ապահովել եւ նոյնիսկ վնասուց յատուցում պահանջել։ Իսկ Վատիկանի մէջ, Հոկտեմբեր 19-ի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասում, ոչ մէկ խոչնդոց ստեղծեց Ատրպէյճանի դեսպանութեան, որ գործի լծուած է, իր կարգին բազմիցս ներկայացնելու արդիականացած Ատրպէյճանի մէջ գործող քրիստոնէութիւնը, անշուշտ շարունակ լայնօրէն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով։
Հապա ի՞նչ ըսել Պաքուի դատարաններուն մէջ կատարուած խեղկատակութեան մասին։
Միջազգային դատավարական ամենաթոյզն օրէնքներն անգամ չեն կիրարկուիր Արցախէն բռնի ուժով ձերբակալուած, առեւանգուա՛ծ եւ Պաքու փոխադրուած հայ քաղաքական եւ զինուորական անձնաւորութիւններու եւ պարզ քաղաքայիններու հանդէպ։ Վճիռները (մեծամասնութեամբ ցմահ) արձակուած են վստահաբար նախքան դատավարութեան «թատերգութիւնը»։
Հայաստանի մէջ ալ, պատկերը երբեք փայլուն չէ։ Ներքին ապահովութեան ուժերը՝ Հայաստանի օրինապահ մարմիններ չեն, այլ Հայաստանի ոստիկանական պետութեան ծառայողներ։ Բազմիցս պատահեցան կոշտ ու կոպիտ միջամտութիւններ, յատկապէս 12 Յունիսին, երբ ոստիկանութիւնը յարձակում գործեց խաղաղ ցոյցի ելած քաղաքայիններու վրայ, գործածելով վտանգաւոր նռնակները, որոնք կարճ ատեն մը մոլորութեան կը մատնեն ենթարկուողը՝ ազդելով անոր լսողական, տեսողական եւ նոյնիսկ մտային կարողութիւններուն վրայ։
Արդե՞օք բան մը պիտի փոխուի Յունիս 2026-ի ընտրութիւններուն։
Միջազգային ոլորտէն ներս, Պոլսոյ քաղաքապետ եւ Էրտողանի գլխաւոր ընդդիմադիր Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալումը հսկայական ալեկոծումի տարաւ Թուրքիան: Միայն Պոլսոյ մէջ չեն խռովութիւնները, այլ անոնք բուռն կերպով շարունակուեցան նա՛եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ ալ. բողոքի ալիքը տարածուեցաւ դէպի մայրաքաղաք Անգարա, Իզմիր, Տրապիզոն, Քոնիա, Ատանա…։ Սակայն Էրտողան կը շարունակէ մնալ ղեկի վրայ։
Կազայի պատերազմը աւարտած է յայտարարելը, հաւանաբար մեծ ու տարրական սխալ է։ Զինադադար մըն է պատահածը, ուր նոր դարաշրջանի ջարդարար Նաթենիահու մը կը շարունակէ ղեկավարել հետզհետէ մեկուսացուող Իսրայէլ մը։
Անկիւնադարձային էր ծայրայեղ ձախակողմեան Մամտանիի շռնդալից յաղթանակը, Նիւ Եորքի քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն։ Պըրնի Սանտըրզի հետեւորդներէն՝ Մամտանի նոր էջ մը բացաւ Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքական ոլորտէն ներս փաստելով, թէ ամէն բան կարելի է այս դրամատիրական քաղաքին մէջ։ Յաղթանակ մը…արդե՞օք նաեւ ի յիշատակ տարուան ծանր կորուստներէն՝ Ուրուկուայի Մուխիքային։
Հուսկ, տարիները կը թաւալին եւ աշխարհ կ՛ուղղուի դէպի գերկատարելագործում: Հետեւողականօրէն յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ:
Պահպանենք եւ պաշտպանենք մեր աւանդները։ Այս մօտեցումով ալ, կոչուած ենք մեզի հասած էջերուն վրայ աւելցնելու նորեր:
Յուլիսէն ի վեր, մեր թերթը կը գործէ առցանց դրութեամբ, իր կայքէջով եւ ե-նամակային առաքումներով։ Խոստացած էինք, որ թուղթն ու մելանը վերջնականապէս պիտի չմոռնանք, այլ եռամսեայ դրութեամբ լոյս պիտի ընծայենք գունազարդ բացառիկ թիւեր։ Ահաւասիկ, քանի մը օրէն պիտի ստանաք ամանորեայ մեր թիւը։
Բարի ընթերցում, շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։
Յ․Գ․- Յառաջիկայ օրերուն, այս բացառիկ թիւին յօդուածները լոյս պիտի ընծայուին կայքէջին մէջ, նաեւ pdf տարբերակը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
