Խմբագրական. 111-Ամեակի Զգուշացումը
24 Ապրիլ 2026
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը քաղաքական, տեղեկատուական թէ կազմակերպական առումով այսօր նկատառելի նոր տարածքներ գրաւած կ՛ըլլար, եթէ 100-ամեակին առիթով ձեւաւորուած կառուցակարգը մնացած ըլլար, շատ հաւանաբար վերափոխուած` Համազգային խորհուրդի:
Այդ կառոյցի չեղեալ նկատուելով, ըստ էութեան, գոնէ պետական մակարդակով չեղեալ նկատուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը: Եզակի փաստաթուղթ մը, որ իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց` ներառած էր հայկական իրականութեան բաղադրիչ բոլոր հիմնական շրջանակները` պետութիւն, Եկեղեցի, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ:
Այս շրջածիրին մէջ բաւական ճանապարհ կտրած կ՛ըլլար նաեւ հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը, որ իրաւական հիմք տալու կոչուած էր մեր անհատական, համայնքային եւ համազգային պահանջատիրութեան: Նման ընթացք մը ամէնէն առաջ կ՛անհանգստացնէր թուրքեւազրպէյճանական համակարգը: Հռչակագիրը աշխատանքային ուղեցոյց ու ճանապարհային քարտէս ճշդած էր երկու պետութիւններուն ուղղութեամբ եւ կը դաւանէր համայն հայութեան իղձերու կենսագործման առաջադրանքները:
Այսօր այլ է իրականութիւնը: Իրողապէս չեղեալ նկատելէ ետք 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, իշխանութիւնները նոր սահմանադրութեան որդեգրման տարազին տակ կ՛առաջնորդուին չեղեալ նկատելու նաեւ Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն կապը:
Եւ ահա այստեղ է գաղափարախօսական բուն գոյակռիւը: Հայրենի հայութիւնը կոչուած է կա՛մ ընդունելու «իրական Հայաստան»-ի այսօրուան գաղափարը` այդպիսով նաեւ հրաժարելով համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական արդարութեան վերականգնման, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն սատար կանգնելու, Արցախը միաւորելու եւ մայիս 28-եան ժողովրդավարական կարգերու ժառանգորդը ըլլալու սկզբունքներէն, կա՛մ ալ կառչած մնալու մէկ ազգի գաղափարին:
«Իրական Հայաստան»-ի ներկայացուած այսօրուան հայեցակարգը խորքին մէջ ազգը երկփեղկելու, Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան տարածքէն դուրս ապրող հայուն նկատմամբ որեւէ պատասխանատուութիւն չունենալու դիրքորոշում է, որ իրողականօրէն կը բաժնէ հայութիւնը ոչ միայն հանրապետութեան բնակչութեան եւ արտահանրապետութեան հայութեան միջեւ, այլ բաժանարար է նաեւ ներհանրապետութեան կամ ներսփիւռքեան առումներով:
Նոր սահմանադրութեան նախագիծին կողմ եւ դէմ քուէարկողները, ըստ էութեան, տարբեր պատկերացումներ պիտի ունենան ոչ միայն Ցեղասպանութեան հարցին, այլ նաեւ հայրենիքի, նոյնիսկ` ազգի պատկերացումին վերաբերեալ:
Այս վտանգաւոր բաժանարարութեան կարեւորագոյն թեմաներէն է Ցեղասպանութեան խնդիրը, որ, ըստ պաշտօնական Երեւանի, առաջնային նշանակութիւն չունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անուղղակի ըսելաձեւ է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի առաջադրանքը դուրս կու գայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգերէն:
Եւ եթէ դուրս կու գայ օրակարգէն, ապա կ՛ենթադրէ, որ Երեւանը կ՛ենթարկուի Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան, հակառակ անոր որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկին բազմիցս կը հնչէր «առանց նախապայմաններու» ձեւակերպումը: Երեւանը արդէն կատարած է նաեւ Անգարայի միւս նախապայմանը` Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունած ըլլալով: Նախապայմանը, սակայն, կը շարունակուի: Առանց Պաքուի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման` չեն կատարուիր Երեւան-Անգարա կայացած պայմանաւորուածութիւնները: Այս բոլորը ետդարձի տեղ կրնան ունենալ, եթէ մերժուի նոր սահմանադրութիւնը կամ պահպանուի Անկախութեան հռչակագիրին սահմանադրականութիւնը:
111-ամեակը գուցէ ամէնէն շատ յուշարար է չընդունելու նոր սահմանադրութիւնը` կանխարգիլելու համար նոր վտանգաւոր բաժանարարութիւնը:
Ազդակ
