Թորոնթոհայութիւնը ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
28 Ապրիլ 2026
Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած ժողովրդային ոգեկոչում։
Ձեռնարկը կը վայելէր համայնքի հոգեւորականներու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէութեան եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամներու, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներու, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանի, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու, թորոնթոհայ գաղութին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու ներկայութիւնը։
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի օրհներգներու հնչեղութեամբ եւ սկաուտներու տողանցքով սկիզբ առաւ ձեռնարկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան անդամ Աւետիս Գրճիքեան, որ խրախուսիչ խօսքով եւ պայքարի կոչով հրաւիրեց ներկաները՝ անխափան եւ անվհատ կերպով շարունակելու պայքարը ի սպաս ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին։
Օրուան հանդիսավարներ՝ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան եւ Աւետիս Գրճիքեան, հերթականութեամբ հրաւիրեցին գեղարուեստական յայտագրին մէջ բաժին ունեցողները՝ տուտուկահար Ճիւան Ստեփանեանը, ջութակահար Նշան Փափազեանը, ասմունքող Սարին Փօլատեան Աբիկեանը, մեներգող Փաթիլ Սարգիսը, ինչպէս նաեւ խմբային ասմունքի մասնակիցները՝ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն Վան Տէր Յարութիւնեանը, Գայիանէ Յարութիւնեանը եւ Լարա Տէր Մինասեանը։
Սրահի մուտքին էր ձեռային աշխատանք մը, որ կը ներկայացնէր Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսը՝ իր քաղաքներով եւ գիւղերով։ Աշխատանքը պատրաստուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ։ Ներկաները իրենց պապենական ծննդավայրերը ամրագրեցին քարտէսին վրայ եւ անմոռուկ ծաղիկներու հունտեր ցանեցին՝ որպէս յաւերժութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշ։
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու յետագային Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքը հաստատուած որբացած հայ մանուկներու կեանքի դժուար ընթացքը։ Անոնք հասած էին Ճորճթաուն՝ չգիտակցելով, թէ ինչպիսի դժուարութիւններու պիտի հանդիպէին հեռաւոր Գանատայի մէջ, մանաւանդ երբ երկրի պատասխանատուները փորձեցին զիրենք ձուլել օտարազգի դպրոցներու մէջ՝ ըստ որդեգրուած պետական ծրագիրներուն։
Սարգիսեան անդրադարձաւ հանգուցեալ Գուրգէն Մակարեանի դերակատարութեան՝ որպէս այդ որբերէն մէկը, որ յետագային դարձաւ երդուեալ դաշնակցական եւ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը, որուն ամբողջ կեանքը եղաւ պայքար եւ նուիրում՝ հայապահպանութեան սուրբ գործին։
Ան ակնարկեց ցեղասպանութեան զոհերուն մեզի կտակած գաղափարախօսութեան՝ անգամ մը եւս յիշելով Ճորճթաունի տղաքը, որոնք, հակառակ գանատական կառավարութեան որդեգրած ձուլումի ծրագիրներուն, շնորհիւ հայ բարերարներու, կառչած մնացին իրենց հաւատքին եւ հիմը դրին հայապահպանման գործընթացին։
Բանախօսը շեշտեց, թէ հայապահպանման եւ հայակերտումի աշխատանքներուն մէջ եզակի եւ առանցքային դեր կը գրաւէ հայ ընտանիքը՝ որպէս անմիջական կապ, մղիչ ուժ եւ հիմնական կռուան։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Թորոնթոյի հայ դպրոցը իր հիմնադրութենէն ի վեր կրցած է ձեւաւորել հայ պատանիի ինքնութիւնը՝ սորվեցնելով, թէ քրիստոնէութիւնն է մեր հաւատքը, եռագոյնն է մեր դրօշը, «Մեր հայրենիք»-ն է մեր օրհներգը, եւ մերն է միացեալ Հայաստանը։
Սարգիսեան հպարտութեամբ յայտարարեց թորոնթոհայութեան առած նոր քայլին մասին՝ դպրոցի նոր մասնաշէնքի հիմնադրութեան, որ պիտի շարունակէ գործել նախնիներու կտակով՝ ի խնդիր հայապահպանման եւ հայակերտումի աշխատանքներուն։
Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ապազգային վարքագիծին՝ քննադատելով զայն եւ նշելով, որ սին խոստումները չեն կրնար շեղել ազգային ուղին, քանի դեռ գոյութիւն ունի ազգասէր հայը, եւ սփիւռքի մէջ կը շարունակուի հայապահպանման աշխատանքը։ Ան շեշտեց, որ վերապրողներու արեան կանչով հայը պիտի շարունակէ իր երթը դէպի հզօր եւ ամբողջական Հայաստան։
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Բոլորս միասին՝ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ ընտանիք, դաստիարակենք մեր զաւակները ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով, սերմանենք անոնց մէջ պահանջատիրութեան ոգին եւ ընթանանք նախնիներու հետքերով։ Սփիւռքի մէջ այս տեսլականով ապրեցաւ եւ գործեց հայը եւ արձանագրեց փայլուն յաղթանակներ։ Նոյնը պէտք է կատարուի այսօր՝ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, որպէսզի նախնիներու տեսլականով առաջնորդենք մեր ազգի գերագոյն նպատակները»։
Աւարտին, Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխըրտմեան «Պահպանիչ»-ով փակեց պաշտօնական հանդիսութիւնը, որմէ ետք հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի յուշակոթող, ուր ծաղիկներ զետեղեցին եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով փակեցին ձեռնարկը։
ՀՈՒՐԻՆԱ
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի



