ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հա­յոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը չվերածել սոսկ յուշի արարողութեան

24 Ապրիլ 2026

­Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ, երբ հա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին ինք­զինք կը փոր­ձէր վե­րագտ­նել ե­ղեռ­նեան ար­հա­ւիր­քէն ետք, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լից­նե­րու նշու­մը կը ստա­նար յու­շի բնոյթ, յա­ճախ միայն հո­գե­ւոր կա­մար­նե­րուն տակ հնչող ա­ղօթք­նե­րու ու օ­րո­ւան խօս­քե­րու ար­տա­յայ­տու­թեամբ։ ­Գա­ղու­թա­հայ կեան­քը տա­կա­ւին կը մնար իր ինք­նամ­փոփ մի­ջա­վայ­րին մէջ, յատ­կա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի գա­ղութ­նե­րէն ներս ստեղ­ծո­ւած հա­յա­ւան­նե­րու թշո­ւառ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն ներ­քեւ։

Ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն՝ յու­շը անհ­րա­ժեշտ հանգ­րո­ւան մըն էր։ Ազգ մը, որ կը փոր­ձէր վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւիլ գո­յա­բա­նա­կան ա­ղէ­տէն ետք, կա­րի­քը ու­նէր ինք­նու­թեան վե­րագտ­նու­մին, հո­գե­ւոր ամ­րաց­ման եւ պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թեան պահ­պան­ման։ ­Սա­կայն, այդ փու­լը չէր կրնար մնա­յուն ըլ­լալ։

Ե­ղեռ­նի յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք էր դառ­նար քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի շար­ժիչ ուժ, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ յատ­կա­պէս քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին։

­Հա­յոց Ե­ղեռ­նի 50-ա­մեա­կին, ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի ան­նա­խըն­թաց պոռթ­կումն էր, որ նոր շունչ եւ թափ պար­գե­ւեց հա­յու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիին, զայն վե­րա­ծե­լով քա­ղա­քա­կան զարթ­նու­մի, եւ լայն հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ ցու­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար, դուրս բե­րե­լով ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը հա­մայն­քա­յին նեղ շրջա­գի­ծէն։

­Հա­մազ­գա­յին պոռթ­կու­մը կոտ­րեց լռու­թեան պա­տը եւ յու­շը վե­րա­ծեց քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջի։ ­Հայ դա­տը սկսաւ իր ձե­ւա­ւո­րու­մը ստա­նալ՝ անց­նե­լով յու­շի հանգ­րո­ւա­նէն դէ­պի ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցադ­րում՝ ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին։

Այդ փու­լին յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ճա­նա­չում­նե­րը, խորհր­դա­րան­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րը վկա­յե­ցին, թէ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը կրնայ ­Հայ դա­տի ի­րա­ւա­կան ու­ժը զե­տե­ղել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի սե­ղա­նին վրայ։

Հայ դա­տի նո­ւաճ­ման ի­րե­րա­յա­ջորդ հանգ­րո­ւան­նե­րը, ազ­գե­րու ըն­տա­նի­քին կող­մէ հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող ճա­նա­չում­նե­րու ա­լի­քը ցոյց տո­ւաւ, թէ ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քը կը պա­հէ իր ան­ժա­ման­ցե­լիու­թիւ­նը եւ կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գին ա­ռաջ­նա­կարգ ի­րա­գոր­ծու­մը։

Ա­ւե­լին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի հնչե­ղու­թիւ­նը, հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը, ազ­գե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու ճա­նա­չո­ղա­կան բազ­մա­թիւ ո­րո­շում­նե­րը ի­րա­ւա­կան ու­ժի մէջ պա­հե­ցին մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման հար­թա­կը, Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ ո­ճի­րը եւ ար­դի թրքա­կան պե­տու­թեան մեր­ժու­մի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

­Սա­կայն, 2020-ի ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոր հե­տե­ւած Ար­ցա­խի կո­րուս­տը շրջա­դարձ մը ե­ղան հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան դի­մա­գի­ծին հա­մար։

­Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր յա­ջոր­դած ա­ղէ­տը ոչ միայն տա­րած­քա­յին կո­րուստ­նե­րու ու հա­յա­թափ­ման պատ­ճառ դար­ձան, այ­լեւ ծանր հա­րո­ւած հաս­ցու­ցին մեր բո­վան­դակ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քին։ Ա­ւե­լի վտան­գա­ւո­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր մա­կար­դա­կին վրայ յայտ­նո­ւած հա­յու­թեան հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գի մեր­ժու­մին ու նսե­մաց­ման հե­տե­ւո­ղա­կան դիր­քա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք փաս­տօ­րէն կը թու­լաց­նեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման հար­ցին շուրջ տա­րի­նե­րով կու­տա­կո­ւած քա­ղա­քա­կան դրա­մագ­լու­խը։ Այս մթնո­լոր­տը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ծանր կ­՚ազ­դէ նաեւ սփիւռ­քին վրայ, ուր աս­տի­ճա­նա­բար կը տա­րա­ծո­ւի հիաս­թա­փու­թիւն եւ նպա­տա­կի ար­ժեզր­կում։

­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ան­կա­րող կը թո­ւի ըլ­լալ ձե­ւա­կեր­պե­լու միաս­նա­կան օ­րա­կարգ մը, որ պի­տի հա­մա­կար­գէ պե­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ սփիւռ­քեան ջան­քե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ճա­նա­չում­նե­րու ա­լի­քէն ետք, հա­տուց­ման օ­րա­կար­գի ճշդու­մը եւ մի­ջազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժը դառ­նայ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ սե­ւե­ռում։

Այս պայ­ման­նե­րուն տակ, յու­շը դար­ձեալ կը գրա­ւէ տի­րա­կան դիրք, փո­խա­րի­նե­լով պայ­քա­րի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին։ Ո­գե­կո­չում­նե­րը կը բազ­մա­նան, խօս­քե­րը կը հնչեն, սա­կայն կը պակ­սի հա­մազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան հո­րի­զո­նը։ ­Յի­շո­ղու­թիւ­նը, որ պի­տի ծա­ռա­յէր որ­պէս պայ­քա­րի հիմք, կը վե­րա­ծո­ւի մեզ բա­ւա­րա­րող նպա­տա­կի։

Ա՛յս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը նշմա­րուի հիմ­նա­կան վտան­գը՝ յու­շի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան նա­հան­ջի։

Հ­րա­մա­յա­կան կը դառ­նայ շրջան­ցել այս ետ­դար­ձը, ստեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նոր ա­լիք մը, որ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դո­ւի հա­մազ­գա­յին մէկ եւ ամ­բող­ջա­կան քա­ղա­քա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան օ­րա­կար­գի մշա­կու­մով։ ­Շար­ժու­մը կը պա­հան­ջէ իր մէջ ամ­փո­փել հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան քա­ղա­քա­կան միտ­քի միաս­նա­կան մշա­կու­մը, իսկ հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ ա­ռաջ­նոր­դող մղիչ ու­ժը այդ շար­ժու­մին, որ հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րի ուժգ­նու­թեամբ նոր մղում պի­տի տայ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Անհ­րա­ժեշտ է ձե­ւա­կեր­պել հա­մազ­գա­յին նոր բա­նա­ձեւ մը, որ պի­տի շրջան­ցէ այս փա­կու­ղին եւ պի­տի վե­րա­կազ­մա­կեր­պէ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը։ ­Բա­նա­ձե­ւը պէտք է հիմ­նո­ւի քա­նի մը ա­ռանց­քա­յին սկզբունք­նե­րու վրայ։

ԱՌԱՋԻՆ՝ յստա­կօ­րէն տար­բե­րու­թիւն սահ­մա­նել յու­շի եւ քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջի մի­ջեւ։ ­Յու­շը պէտք է պա­հէ իր ի­մաս­տը իբ­րեւ ինք­նու­թեան բաղ­կա­ցու­ցիչ, սա­կայն չի կրնար փո­խա­րի­նել քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր ո­գե­կո­չում պէտք է ու­ղեկ­ցուի յստակ նպա­տակ­նե­րու եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրագ­րու­մով, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լան ­Հայ դա­տի հիմ­նախն­դի­րի ար­ծար­ծու­մին մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ։

ԵՐԿՐՈՐԴ՝ հա­տուց­ման օ­րա­կար­գի ճշդում։ ­Ճա­նա­չում­նե­րը կա­րե­լի չէ դի­տել որ­պէս ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան հաս­տատ­ման վերջ­նա­կան հանգ­րո­ւան։ Անհ­րա­ժեշտ է վե­րա­տե­սել ու մշա­կել քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ի­րա­ւա­կան հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր մը, որ պի­տի սահ­մա­նէ պա­հանջ­նե­րու բնոյ­թը՝ տա­րած­քա­յին, նիւ­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի տե­սան­կիւ­նէն։ Այս աշ­խա­տան­քը կը պա­հան­ջէ մաս­նա­գի­տա­կան նե­րու­ժի հա­մախմ­բում եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ռազ­մա­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն։

ԵՐՐՈՐԴ՝ պե­տա­կա­նու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րար­ժե­ւո­րում։ Ա­ռանց ու­ժեղ եւ նպա­տա­կաս­լաց պե­տու­թեան, պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը կը զրկո­ւի իր հիմ­նա­կան յե­նա­րա­նէն։ ­Պե­տու­թիւ­նը պէտք չէ դառ­նայ խո­չըն­դոտ, այլ շար­ժիչ ուժ՝ մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան, ի­րա­ւա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րու գոր­ծի­քա­կազ­մի ամ­բող­ջա­կան օգ­տա­գոր­ծու­մով։

ՉՈՐՐՈՐԴ՝ հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­կար­գում։ Ա­ռանց միաս­նա­կան կեդ­րո­նա­կան ուղ­ղու­թեան, ա­ռան­ձին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը մնան մաս­նա­տո­ւած եւ սահ­մա­նա­փակ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող։ ­Պէտք է ստեղ­ծո­ւի հա­մա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան հար­թակ մը, ուր հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը եւ սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րը պի­տի աշ­խա­տակ­ցին գործ­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս հա­մա­կար­գու­մը պէտք է հիմ­նո­ւի հա­ւա­սար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան վրայ։

ՎԵՐՋԱՊԷՍ՝ նոր սե­րուն­դի ներգ­րա­ւում։ ­Պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը իր գո­յա­տեւ­ման ու­ժը պէտք է տես­նէ նոր սե­րուն­դի ի­մա­ցա­կան վե­րա­զարթ­նու­մին մէջ, հա­յոց ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ձե­ւա­կերպ­ման մէջ դեր ու մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։ Հ­րա­մա­յա­կան կը դառ­նայ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան են­թա­հո­ղին վրայ վերս­տեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան ազ­գա­յին կրթու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան նոր հա­մա­կարգ մը, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն պի­տի ձե­ւա­ւորու­ի ար­դի մտա­ծո­ղու­թիւն, միա­ձու­լե­լով պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րուն հետ։

Այս բո­լոր սկզբունք­նե­րը միա­սին, ի վի­ճա­կի են կազ­մել այն նոր բա­նա­ձե­ւը, որ պի­տի կա­սեց­նէ հա­յու­թեան նա­հան­ջը դէ­պի սոսկ յու­շի աշ­խար­հը։ Խն­դի­րը այ­լեւս յի­շել կամ չյի­շել չէ։ Անհ­րա­ժեշտ է այ­լեւս սահ­մա­նել, թէ ինչ­պէս յի­շել՝ իբ­րեւ պայ­քա­րի մի­ջոց, այլ ո՛չ թէ իբ­րեւ ինք­նան­պա­տակ ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Ե­թէ այս վե­րար­ժե­ւո­րու­մը չկա­տա­րուի, վտան­գը յստակ է. ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը պի­տի վե­րա­ծո­ւի սոսկ խորհր­դա­նի­շի մը, իսկ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ ան­ցեա­լի հանգ­րո­ւա­նի մը պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեան։

­Հա­յու­թիւ­նը կանգ­նած է ընտ­րու­թեան առ­ջեւ. կամ շա­րու­նա­կել յու­շի ծի­սա­կան կրկնու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քեան ոս­տան­նե­րուն մէջ, կամ վե­րա­ծել զայն կազ­մա­կեր­պո­ւած քա­ղա­քա­կան կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան։

Հ­րա­մա­յա­կան է խզել մեզ բա­ւա­րա­րող յու­շի ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը եւ հաս­տա­տել պայ­քա­րի նոր փուլ մը։ Ա­մէն ո­գե­կո­չում պէտք է դառ­նայ քայլ՝ դէ­պի ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րա­ցում։

Ա­մէն խօսք պէտք է վե­րա­ծո­ւի քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թեան։ ­Հայ նոր սե­րուն­դը պէտք է վե­րա­ծո­ւի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կրող ու­ժի։
­Հա­յու­թիւ­նը դար­ձեալ ի վի­ճա­կի է վե­րա­հաս­տա­տել իր կամ­քը, որ­պէս­զի յու­շը վե­րար­ժե­ւո­րո­ւի իբ­րեւ նոր մեկ­նա­կէտ՝ ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին։

«Ազատ օր»ի խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Գէմպրիճի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպ

Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ց

28 Ապրիլ 2026
Թորոնթոհայութիւնը ոգեկոչեց Ցեղասպանութ

Կիրակի, 26 ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց

28 Ապրիլ 2026
Քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնին, շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին,

27 Ապրիլ 2026
«Հայ Մարդն Իր Ողջ Պատմութեան Մէջ Այսքա

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ձեր կեանքի պատմութիւնը անհաւանական ուժի, հաւատի, դիմադրողականու

27 Ապրիլ 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հակոբ Բագրատունու ա

Ապրիլի 23-27-ը Ռուսաստանի Հայերի Միության հրավերով Մոսկվայում աշխատանքային այց

27 Ապրիլ 2026
Ցեղասպանությունը շարունակվում է այնտեղ

Ստորև ներկայացված խոսքը հնչեցվել է միջազգային իրավապաշտպան փաստաբան Գառնիկ Քեր

27 Ապրիլ 2026
Հայկական Երեք Կուսակցութիւններու Միացե

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Լիբանանի մէջ, մենք` հայկական երե

27 Ապրիլ 2026
Պետք է փոխել երկրի զարգացման այս հակազ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արմեն Ռուստա

27 Ապրիլ 2026
ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Մի

24 ապրիլին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ջահերթը կը խորհրդանշէ

27 Ապրիլ 2026
Համահայկական Պահանջատիրութեան Անհրաժեշ

Արցախ Հայաշխարհը այսօր բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ եւ մարտահրաւէրներու

25 Ապրիլ 2026
Աւելի Վճռական Կերպով Նուիրուինք Հայ Դա

Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցին նախօրեակին, ականատես եղանք Ատրպէյճանի կող

24 Ապրիլ 2026
Բաքվի և Անկարայի որոշումները Նիկոլի ռե

Հայաստանն Ադրբեջանի վիլայեթը չէ, որտեղ Բաքուն պետք է դատավճիռներ թելադրի։ Ա

24 Ապրիլ 2026
Խաղաղության հռետորաբանության խաբեությո

Ուղերձի առանցքային թեզերից մեկը՝ «հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետությունն է», առա

24 Ապրիլ 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէ

«Նախագահ Թրամփ կրկնապատկած է իր ամօթալի յանձնուիլը թրքական սպառնալիքներուն առջ

24 Ապրիլ 2026
Յաւերժական Հայաստանի ուխտը՝ ընդդէմ ուր

Ապրիլեան այս սրբազան օրերուն, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը կը դիմա

24 Ապրիլ 2026
Հայ դատի պահանջատիրութեան նուիրուած «Ա

Հրապարակի վրայ է Ազատ Օրին կողմէ պատրաստուած բացառիկ թիւը, որ նուիրուած է Հայ

24 Ապրիլ 2026
Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնթ

Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան

24 Ապրիլ 2026
Հա­յոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը չվերա

­Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ, երբ հա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին ինք­զինք կը փոր­ձէր վե­րագ

24 Ապրիլ 2026
Երբե՛ք Չվհատիլ

Գործ՝ Լիանա Մկրտչեանի – Մեծն Բրիտանիա Ապրիլ 24-ը երկար ժամանակ եղած է որպէս

24 Ապրիլ 2026
Խմբագրական. 111-Ամեակի Զգուշացումը

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը քաղաքական, տեղեկատուական թէ կազմակերպական առու

24 Ապրիլ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company