Համահայկական Պահանջատիրութեան Անհրաժեշտութեան Դիմաց
25 Ապրիլ 2026(Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Առիթով)
Արցախ
Հայաշխարհը այսօր բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը: Հայկական պահանջատիրութեան երթը եւ անոր էութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը ներկայ փուլին կանգնած են դարձակէտային ու ճակատագրական իրադրութեանց դիմաց, եւ ներազգային ու արտաքին օրակարգերու նոր թղթածրար մը համահայկական այս հիմնախնդիրին դիմաց կը դնէ նոր հարցադրումներու եւ մտահոգութիւններու երկար շղթայ մը:
Ա.- Կասկածէ վեր է, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Հայ դատի տասնամեակներու յաղթարշաւը կը գտնուի լրջագոյն վտանգներու դիմաց: Հայաստանի պետական մտածողութիւնը, արժէքային նոր համակարգի մը ձեւաւորման իր ճիգին մէջ` «իրական Հայաստան»-ի ստեղծման գաղափարական իր շինծու վարքագիծով, Արարատի հայապատկանելիութիւնը կասկածի տակ դնելով ու այդ խորհրդանիշը պետական կառուցային դրուածքէն դուրս բերելով, կեղծ խաղաղութեան ջատագով դառնալու իր յանձնուողական ու զիջումնային գործընթացով, հայդատականութիւնը իբրեւ երկրի զարգացման ու պետականութեան հակադրուող գործօն ներկայացնելով, պահանջատէր հայու տեսակէն սովորական քաղաքացիի պատրաստութեան իր մտասեւեռումով, մեր կեանքին մէջ Ցեղասպանութեան օրակարգը կը փորձէ պարզապէս արխիւացնել: Կրթական նոր համակարգի ձեւաւորումը, դասագիրքերու փոփոխութիւնը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` այդ վարքագիծին յագուրդ տուող գործօններ, որոնք նորահաս սերունդի դաստիարակութեան մէջ «նորարար» ուղղութիւններ բանալով, զանոնք կը պարպեն պահանջատիրական մտածողութենէ ու ոգիէ: Աւելի՛ն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը փաստօրէն այսօր թաղուած է տիղմին մէջ եւ մոռացութեան տրուած Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած պետական կազմակերպ վարքագիծի իբրեւ անմիջական հետեւանք:
Բ.- Արցախի բռնագրաւումը եւ անոր հանդէպ Հայաստանի իշխանութեանց ցուցաբերած զիջողական քաղաքականութիւնը, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անտեսումը ու արցախեան խնդիրը իբրեւ վտանգ Հայաստանի գոյութեան դէմ հակադրելու երեւակայածին հնարքները, արդէն իսկ հայութեան ժամանակակից պահանջատիրական երթը խափանելու պարարտ հող պատրաստող նախադրեալներ են, որոնք ազգային հաւաքական տեսլականներու եւ իղձերու հետապնդման ճամբուն վայ փշածածկ թումբեր կազմելու կը ծառայեն անտարակո՛յս: Երէկ Արցախը Հայ դատի հետապնդման ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականի իբրեւ առաջին ամուր ելակէտ-յենասիւնն էր, իսկ այսօր, դժբախտաբար, այդ յենասիւնը քանդուած է եւ համահայկական պահանաջատիրութիւնը իրողապէս նահանջ արձանագրած:
Գ.- Թշնամի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման տենդագին հեւքով եւ «խաղաղութեան» հաստատման «առաքելութեամբ» Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն ժողովրդականացնել եւ հանրայնացնել այն մտածողութիւնը, որ ազգային պահանջատիրութիւնը կը խոչընդոտէ դէպի «խաղաղութիւն» ընթացող հայութեան ու հայրենիքի ապագայ երթը, եւ թշնամիներու կողմէ պարտադրուող ներկայ իրականութեան համակերպումն ու անոնց պայմաններուն ենթակայութիւնը անխուսափելի միջոց կը նկատեն «իրական Հայաստան»-ի բարգաւաճման ու զարգացման:
Դ.- Իրերու այս կացութեան մէջ, սփիւռքը եւ ի մասնաւորի աւանդական սփիւռքը կ՛ապրին հիասթափութեան ու տեղատուութեան վտանգաւոր պահեր, ուր հայրենիքէն օտարացումը, ներքին միասնակամութեան խարխլումն ու համազգային նպատակներու շուրջ համախմբուելու գործօնի հետզհետէ բացակայութիւնը սկսած են դառնալ ծանրագոյն մարտահրաւէրներ:
Ե.- Միջազգային ընտանիքին կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը եւ մեծապետական ու շահադիտական հաշիւներէ մեկնած կողմնակալ վերաբերմունքը իրենց կարգին խիստ դժուարութեան կը մատնեն միջազգային ամպիոններէ հայութեան իրաւունքներու բարձրաձայնումը եւ հետապնդումը: Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարման եւ կեղծ ու շինծու ամբաստանութիւններով զանոնք պատանդ պահելու իրողութեան դիմաց, ահաւասիկ երկար ժամանակէ ի վեր, ի բացառեալ քանի մը ամչկոտ արտայայտութիւններէ, միջազգային ընտանիքը կը փորձէ լուռ եւ ձեռնածալ մնալ: Աւելի՛ն, Արցախի ժողովուրդին հաւաքական տեղահանութեան փաստը, 21-րդ դարու այս յառաջադէմ փուլին, կը շարունակուի անոնց կողմէ անտեսուիլ: Հայկական դիւանագիտութեան նահանջը այս բոլորին մէջ նաեւ երբեք չի նպաստեր հայկական օրակարգի միջազգային հարթակ տեղակայման:
Յովհաննէս Շիրազի բառերով` «Աքլորը իր ժամանակէն առաջ կանչելու» հրամայականը այժմէականացուած ձեւով կը դրուի մեր դիմաց, որովհետեւ ուշացումը կրնայ զարթնումը անկարելի դարձնել:
Պէյրութ
Համահայկական պահանջատիրական օրակարգի ձեւաւորումը այսօր կենսական նշանակութիւն ունի գոյութենական մեր ներկայ իրավիճակին մէջ: Ազգային անկորնչելի իրաւունքներու նկատմամբ անզիչող ու հաստատակամ մեր կեցուածքը եւ անոնց ձեռքբերման համար մեր ամբողջական պատրաստակամութեան դրսեւորումը կը շարունակեն մնալ մեծագոյն երաշխիք` այսօրուան Հայաստանի գոյութեան ու անվտանգութեան: Մեր հայրենիքը այսօր ենթակայ է թշնամիի ծաւալապաշտական բոլոր տեսակի նկրտումներուն: Պահանջատիրական հիմնարար մտածողութեան ու համոզումի դարբնումը եւ ժողովրդականացումը մեծ պարտաւորութեանց տակ կը դնէ հայ քաղաքական միտքը:
Ինքնակամ զինաթափումը, յարմարուողականութիւնը, եւ վերջապէս` գործնապաշտութիւնը թերեւս կրնան երաշխաւորել անհատի բարեկեցիկ կեանքն ու ընթացքը, սակայն ոչ մէկ ձեւով կրնան ապահովել անոր ազգային ինքնութիւնը: Այդ ինքնութիւնը այսօր դրուած է նժարի վրայ: Հայոց լեզուն, հայկական մշակոյթը, ազգային հոգեմտաւոր արժէքները եւ հայեցի դիմագիծը ուշ կամ կանուխ պիտի ստանան ծանր հարուած, եթէ երբեք այսօրուընէ ազգովին չգիտակցինք մեր գոյութեան սպառնացող ներկայ վտանգին:
Արժէ անգամ մը եւս այստեղ յիշել, որ մօտաւորապէս երկու տասնամեակ առաջ, լիբանանցի տաղանդաւոր լուսանկարիչ Ժիլպեր Հաժ ներկայացաւ Համազգայինի ցուցասրահ եւ առաջարկեց «Արարատը` Պէյրութի մէջ» նիւթով իր ցուցահանդէսը կազմակերպել: Արուեստագէտը շրջագայած էր հայկական ընտանեկան օճախներ եւ իր ոսպնեակին արժանացուցած հայ ընտանեկան օճախներու տարբեր անկիւնները տեղադրուած Արարատ լերան նկարը: Այս երեւոյթը իր պարզութեան մէջ խորիմաստ պատգամներ պարփակող յղում մըն էր: Օտարներուն համար` հայութեան ցուցաբերած ամրակուռ հաւատքն ու պահանջատիրական ոգին իբրեւ փաստ շատոնց յայտնի են եւ տեսանելի ու ամրագրուած կը մնան անոնց մտապատկերին մէջ: Այսօր համայն աշխարհը ականատես կը դառնայ հայութեան պահանջատիրական պատկերի դիմափոխութեան, եւ այս հանգամանքը անշուշտ ունի իր ժխտական հետեւանքները:
Համահայկական պահանջատիրական օրակարգի ձեւաւորման նպաստող կարեւոր քայլ էր 11-12 ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ կազմակերպուած Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովը: Սփիւռքի ռազմավարական դերն ու նշանակութիւնը, ազգային արժէքներու պահպանումը, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքի հայկական ինքնութեան պահպանման գործընթացին մէջ, Հայաստան ու սփիւռք յարաբերութիւններու դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ նոր հորիզոններու յստակացումը, եւ վերջապէս` սփիւռքի զօրաշարժն ու վերաշխուժացման հրամայականը յանուն համազգային նպատակներու, իբրեւ ժամանակակից օրակարգեր ու կարեւոր անյետաձգելի քննարկումներ եւ շեշտադրումներ համապատասխան ձեւով կատարուեցան խորհրդաժողովի ընթացքին: Մտածումի եւ ծրագրաւորման այսպիսի հարթակներու ստեղծումը մեր կեանքին կու տայ նոր աշխուժութիւն եւ նպատակասլաց գործի կարելիութիւն:
Այսօ՛ր միջազգային ամպիոններ բարձրանալէ առաջ, ներազգային ճակատի վրայ հսկայական ընելիք ունինք: Թմբիրէն դուրս գալու եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ վերամիաւորուելու, Արցախի պարտութիւնը ժամանակաւոր եւ հանգրուանային նկատելու ու նոր յաղթանակներու խոր համոզում գոյացնելու, եւ վերջապէս` պառակտումի բոլոր փորձերը ձախողցնելու յանձնառութեան դիմաց կանգնած ենք ազգովին:
Կ՛ընդունինք, որ այդքան ալ դիւրին չէ այսօր աշխատանքի խանդավառութիւն ստեղծել, բայց պատմութիւնը մեծագոյն վկան է, որ միշտ ալ հայու կամքն ու վճռակամութիւնը յաջողած են պատմութեան անիւը շրջել: Կը մնայ համախմբել հայկական ներուժն ու կարողականութիւնը եւ ապահովել համայն հայութեան ներդրումը: Այստեղ անհրաժեշտ է մտածել այդ համախմբումը արդիւնաւէտ ձեւով յառաջացնելու եւ տնօրինման ու ղեկավարման ճշգրիտ միջոցներու որոնման մասին:
Թոյլ եւ յանձնուողական ընթացքով հայ կեանքը պարզապէս պիտի վերածենք ինքնանպատակ դրութեան, որուն համար անշուշտ նաեւ ազգովին պիտի վճարենք շատ սուղ գին:
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը անհրաժեշտ է, որ բոլորիս համար դառնայ զգաստութեան դարձակէտային առիթ:
Հաւատա՛նք, որ ի վիճակի ենք զօրաշարժը յաջողցնելու եւ վերակերտելու մենք զմեզ ու վերադարձնելու մեր ազգային հպարտանքը:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ազդակ
