Աւելի Վճռական Կերպով Նուիրուինք Հայ Դատին՝ Ի Սէր Ապագայ Սերունդներուն
24 Ապրիլ 2026
Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցին նախօրեակին, ականատես եղանք Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի սրտին մէջ Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին ամբողջական եւ ծրագրուած քանդումին:
Ատրպէյճան կը գործածէ նոյն բարբարոսական միջոցները, որոնք թուրքերը օգտագործեցին աւելի քան մէկ դար առաջ՝ հայ ազգը բնաջնջելու համար: Այս գործընթացը սկսաւ խորհրդային տարիներուն հայերու դէմ կազմակերպուած ջարդերով՝ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի, Շահումեանի եւ այլ վայրերու մէջ: 2020ի Արցախի պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճան ամէն ջանք պիտի թափէ Արցախը եւ անոր բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար: Պատերազմին յաջորդեց Արցախի ամբողջական շրջափակումը, որ ի վերջոյ առաջնորդեց Արցախի հայ բնակչութեան բռնի եւ ամբողջական տեղահանութեան:
Այս բռնարարքները, որոնք ծնունդ առած են հայերու նկատմամբ խոր արմատներ ունեցող անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան պետական քաղաքականութենէն, տեղի ունեցան այն միջոցին, երբ միջազգային համայնքը միայն դիտորդի դեր ստանձնած էր, բաւարարուելով «խոր մտահոգութիւն» արտայայտող յայտարարութիւններով եւ անուղղակի դատապարտումներով, որոնք առիթ տուին Ատրպէյճանին՝ անպատիժ կերպով իր նպատակները իրագործելու:
Այսօր նոյն համաշխարհային ուժերը կը խօսին խաղաղութեան մասին՝ առանց անդրադառնալու անպատիժ մնացող անցեալի անարդարութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն։
Սակայն, աւելի մտահոգիչ է Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը այս իրականութիւններուն նկատմամբ: Անոնք այնքան համոզուած են, թէ կրնան խաղաղութեան նոր դարաշրջան բերել Հայաստանին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը նախաձեռնած է ուրացման վտանգաւոր արշաւի մը՝ հաճոյանալու համար անոնց, որոնք իբր թէ խաղաղութիւն կը փնտռեն, մինչ իրականութեան մէջ անոնց նպատակն է տնտեսական նոր առիթներ հետապնդել, իրենց շահերուն համար:
Փաշինեան սկսած է 1915ի իրադարձութիւններուն մասին խօսիլ գործածելով «Մեծ Եղեռն» եզրը եւ նոյնիսկ կ՛առաջարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու պատճառները վերաքննել։ Նման քայլեր վնաս կը պատճառեն մօտ մէկ դար տեւած այն պայքարին եւ ջանքերուն, որոնք նպաստեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, որ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց շառաւիղներուն համար արդարութիւն ապահովելու առաջին քայլն է:
Փաշինեանի նաեւ կը յայտարարէ, թէ Արցախի ազատագրական շարժումը, որ ոչ միայն վերականգնեց Արցախի պատմական հողերը, այլ նաեւ որոշ չափով արագացուց Հայաստանի անկախութիւնը՝ 1991ին, այլեւս պէտք չէ շարունակուի, քանի որ անիկա կրնայ պատերազմ հրահրել։ Այս կը նշանակէ, թէ Հայաստանի ղեկավարները գրեթէ հրաժարած են ինքնորոշման, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու գաղափարներէն:
Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ պատմութիւնը անտեսելով կը մաքրէ անցեալը եւ կը ստեղծէ աւելի պայծառ ապագայ ունեցող Հայաստան մը, ազատ պատմական անարդարութիւններու բեռէն: Փաշինեան կը հաւատայ, թէ անցեալին չանդրադառնալով, կը ջնջէ պատմական այն իրականութիւնը, որ հայերը ժամանակակից պատմութեան ընթացքին ենթարկուած են անասելի ոճիրներու:
Երբ Հայաստանի վարչապետը իր խեղաթիւրուած տեսակէտները կը ներկայացնէ հանրութեան եւ միջազգային հարթակներուն մէջ, ան ըստ էութեան Թուրքիոյ կը թոյլատրէ շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ Ատրպէյճանին կը քաջալերէ գործել անպատժելիութեամբ՝ առանց միջազգային օրէնքներու եւ չափանիշներու պատասխանատուութեան ենթարկուելու:
Փաշինեանի մօտեցումները՝ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցին, վնաս հասցուցած է Սփիւռքի տասնամեակներու ջանքերուն՝ յառաջ տանելու հայ ժողովուրդին արդարութեան դատը:
Պատմութիւնը երբեմն անյարմար կրնայ թուիլ, բայց անիկա նաեւ կը ձեւաւորէ ժողովուրդները եւ կը ներշնչէ պայքարելու իրենց ինքնութեան, իրենց գոյութեան իմաստին եւ իրենց ԱԶԳին համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարը՝ հասնելու համար վնասուց հատուցման եւ արդարութիւն, պէտք է շարունակուի ոչ միայն իբրեւ հայկական հարց, այլ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայական: Մենք, իբրեւ հայեր, տասնամեակներով պնդած ենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի կանխէ նման ոճիրներու կրկնութիւնը:
Մենք սեփական փորձով տեսած ենք, թէ նման ոճիրներու միջազգային ճանաչման բացակայութեան պարագային, բռնապետ ղեկավարներուն առիթ կ՛ընծայուի աւելի սարսափելի ոճիրներ գործելու: Օրինակ, այսօրուան Պաղեստինի իրավիճակը եւ Արցախի հայերու շարունակական պայքարը. երկու ժողովուրդներն ալ բռնի կերպով տեղահանուած են իրենց հայրենիքէն եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու կողմէ կը նկատուին ցեղասպանութեան զոհեր:
Ուրեմն, կրնա՞նք իսկապէս ըսել, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անցեալի հարց է եւ պէտք է յառաջ շարժինք:
Չենք կրնար: Պատմութիւնը անտեսելով եւ անոր հանդէպ խուլ մնալով մենք ճամբայ կը հարթենք նոր անարդարութիւններու համար, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ցեղասպանութեան սպառնալիքը պիտի շարունակէ կախուած մնալ ապագայ սերունդներուն վրայ:
Ուրեմն, եկէ՛ք աւելի վճռական կերպով նուիրուինք Հայ Դատին՝ ի սէր ապագայ սերունդներուն:
«Ասպարեզ»ի խմբագրական
