ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայ Ազգի Փրկութեան Բանալին

27 Մայիս 2026

1917-ին ռուս զինուորները, Լենինի տունդարձի «հայրական» կոչին անսալով, լքեցին ճակատն ու իրենց հայրենիք վերադարձան` պոլշեւիզմին աւետած բարիքները վայելելու հիասթափումի դատապարտուած յոյսով: Հայ կամաւորները ամբողջ արեւմտեան ճակատի երկայնքին մնացին առանձին` ընդդէմ թրքական բազմամարդ բանակին: Ստեղծուած էր վտանգաւոր կացութիւն մը եւ ճակատագրական պահ մը:

Հայ ժողովուրդը յարգեց ճակատագիրի ժամադրութիւնը, եւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ 3 տարի ետք, վերապրելու իր հազարամեայ կամքին շնորհիւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ գոյութենական ճակատամարտերէ ետք յաղթանակ արձանագրելով` 28 մայիս 1918-ին հռչակեց իր անկախութիւնը, որուն ան արժանի էր եւ` երկար ատեն անոր համար պայքարած:

Ահա 108 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, եւ հաստատուեցաւ անոր առաջին հանրապետութիւնը: Ոչինչէն կազմուած պետութիւնը դիմագրաւեց ներքին եւ արտաքին հազարումէկ ծանրակշիռ դժուարութիւններ: Իրողութիւն մը, որ ընկրկումի եւ յուսալքութեան պատճառ չդարձաւ, տիրող վատ իրավիճակը չխեղդեց դէպի լուսաւոր ապագայ թռիչքը եւ անոր հասանելիութեան նկատմամբ հաւատքը:

7 դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն երկու տարի ետք, հայ ժողովուրդը դարձեալ ժամադրուած էր ճակատագիրի հետ, այս անգամ` Արցախի մէջ: Ան այդ առիթով եւս ակնթարթային, հաստատակամ ու ինքնավստահ կերպով եւ ճիշդ պահուն բազմեցաւ պատմութեան սրընթաց գնացքին մէջ:

Երկու աղէտ, ապա` երկու յաղթանակ. պատմական իրողութիւն մը, որմէ պէտք է դաս քաղել: Յաճախ կ՛ըսուի, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Այո՛, այդ մէկը կրնայ ճիշդ ըլլալ, սակայն հաստատօրէն թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ իրադարձութիւններու կրկնութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ եւ չի կրնար ըլլալ, այլ` ազգի մը հոգեմտաւոր պատրաստուածութեան, տոկունութեան, քաջութեան ու վճռակամութեան գոյութեան արդիւնքը, կամ ալ` անոնց չգոյութեան հետեւանքը:

Ուստի ծանր հարուածներ ստանալէ ետք, հայ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակներուն դափնեկիրը պատմութիւնը չէ, այլ այդ յաղթանակները կերտողը` հայ ժողովուրդը:

Պատմութիւնը վկայ, իր հազարամեայ պատմութեան զարգացումներու հնոցին մէջ թրծուած հայ ժողովուրդին էութեան մէջ կոփուած է վերապրելու անպարտելի կամք մը: Ահա այդ կամքն է, անոր գոյութիւնն է երաշխաւորն ու դրդապատճառը 1918-ի պատմութեան 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի մէջ կրկնութեան:

Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ, նաեւ` հանդիսացաւ հանրաքուէի արդիւնք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն բռնատիրական Ազրպէյճանի, Արցախը ժողովրդավարական հանրապետութիւն էր, շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս մը` միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի:

Ուստի, 2020-ին եւ 2023-ին անոր դէմ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումը միայն հայութեան դէմ յարձակում մը չէր, այլ նաեւ` ժողովրդավարութեան դէմ յարձակում մը. յարձակում մը` այն միջազգային օրէնքներուն վրայ, որոնց հիմամբ անկախացած էր հայկական 2-րդ պետութիւնը:

Ի տես այդ իրողութեան, սակայն, ժողովրդավարութեան ջատագով մեծ տէրութիւնները լուռ մնացին, կոյր ձեւացան կամ, լաւագոյն պարագային, կցկտուր յայտարարութիւններ կատարեցին` առանց իրենց շարունակ ջատագոված ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու որեւէ շօշափելի քայլ կատարելու: Փաստ է, որ երբ քննութեան ժամը հնչեց, միջազգային ընտանիքը ձախողեցաւ եւ կը շարունակէ կրել իր այդ ամօթի խարանը:

Այդ յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան վրայ չէր միայն, այլ` մարդու իրաւունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման 1948 թուականի միջազգային հռչակագիրի համաձայն` բացայայտ ցեղասպանութիւն մը:

Այսպէս, հայ ժողովուրդը հարիւր տարուան ընթացքին 2-րդ անգամ ըլլալով ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: Իրողութիւն մը, որ հետեւանք է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան մթնոլորտին:

Իրենց անվտանգութեան դարպասի կորուստով այսօր վտանգուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր բնակչութիւնը: Արցախի ամբողջական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներու բռնագրաւումը միայն սրած է թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքին չյագեցող ախորժակը:

Այո՛, հարուածը ծանր էր ու ցնցիչ: Սակայն ոչինչ աւարտած է: Ազգերու պատմութիւնը վերիվայրումներով լեցուն է, իսկ քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է, այնտեղ վերջնական արդիւնքներ չկան, այլ` յարատեւ ջանք, աշխատանք ու պայքար: Ո՛չ յաղթանակն է վերջնական, ո՛չ պարտութիւնը: Այլ բան կարծելը ինքնախաբէութիւն է միայն, թերեւս` նոյնիսկ միամտութիւն, սակայն հաստատօրէն խիստ վտանգաւոր է եւ ծանր հետեւանքներով յղի:

Մեզմէ հեռու պահենք ամէն վհատութիւն, յուսալքութիւն ու պարտուողականութիւն: Յիշենք, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք ալ կը գտնուէինք շատ ծանր վիճակի մէջ, սակայն անոնց յաջորդեցին փառապանծ յաղթանակներ:

Յիշենք, որ ամէն գիշեր ի վերջոյ արշալոյս մը ունի, սակայն պարտուողական մտայնութեան տէրերուն ու մութ ճակատագրին յանձնուածներուն համար չկայ այգաբաց: Իրենց հոգիներուն մէջ յոյսի լոյսը մարողներն ու փայլուն ապագայի նկատմամբ հաւատքը սպաննողները անկարող են լոյսի ճամբան տեսնելու: Անոնց համար գիշերը տեւական է, խաւարը` ճնշիչ, ամենակուլ ու թանձր: Ահա անոնց համար ըսուած է այն ճշմարիտ խօսքը, թէ լաւ է կոյր աչօք, քան` կոյր մտօք:

Ուստի զինուինք 1918-ի սերունդի հոգեմտաւոր կորովով, շարունակենք երթը դէպի լուսաւոր ապագայ եւ մանաւանդ, ի՛նչ որ ալ պատահի, ի՛նչ դժուարութիւն որ ալ դիմագրաւենք, երբեք ու երբեք չկորսնցնենք անոր հասանելիութեան նկատմամբ հաւատքը: Ի վերջոյ այդ հաւատքը եւ այդ հաւատքէն ծնող, անոր արտայայտութիւնը եղող գործն է միայն, որ մեզ պիտի փրկէ եւ մեզ հասցնէ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին:

ՀՅԴ-ն ամբողջ իր պատմութեան ընթացքին այդ հաւատքով գործած է, կը գործէ եւ պիտի գործէ` մինչեւ մեր սրբազան նպատակներու իրագործումը: Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, Դաշնակցութիւնը 70 տարի շարունակ հաւատաց, որ մեր հայրենիքը դարձեալ պիտի անկախանայ:

Ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Հաւատքը հաւատալն է բանի մը, որ չես տեսներ, այս հաւատքին վարձատրութիւնը տեսնելն է այն, ինչին որ կը հաւատաս»: Այդպէս ալ եղաւ: ՀՅԴ-ն հաւատաց Հայաստանի վերանկախացման եւ հանրապետութիւնը վերանկախացաւ: Մեր աչքերովը տեսանք այն, ինչ նախկին սերունդները շարունակ երազեցին տեսնել:

Ինչպէս 70 տարիներ Հայաստանի վերանկախացման հաւատացինք, այսօր ալ կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդի Արցախ վերադարձը ի վերջոյ պիտի իրագործուի, ուստի այս հաւատքով եւ միջազգային օրէնքով զինուած կը գործենք այդ նպատակի իրագործման համար: Այո՛, կը գտնուինք դժուար կացութեան մէջ, սակայն արդեօք արցախեան պայքարի սկիզբը կացութիւնը դիւրի՞ն էր, երբ թշնամիին հրասայլերուն եւ ուղղաթիռներուն դէմ դնելու համար միայն որսորդական զէնքեր ունէինք…

Տոսթոյեւքսի կ՛ըսէ, թէ` «Ազգերը չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան», իսկ մենք անձնասպան ըլլալու նպատակ չունինք, այլ` ապրելու, այդ ալ` արժանապատիւ եւ հպարտ կերպով, նաեւ գիտենք, թէ ապրիլ` կը նշանակէ դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ: Ուստի պիտի չընկրկինք, պիտի չվհատինք, այլ պիտի շարունակենք մեր ազգին ու պետութեան լուսաւոր ապագային հաւատալ եւ անոր համար պայքարիլ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազդակ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Յաւերժական են հայրենիքն ու պետականութե

«­Ժա­մա­նա­կա­ւոր են ղե­կա­վար­նե­րը: ­Յա­ւեր­ժա­կան են ազ­գերն ու հայ­րե­նիք­

29 Մայիս 2026
Սարդարապատ ունեցող ազգը չի՛ հանձնվելու

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամավոր, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան

28 Մայիս 2026
Հանրապետության անկախության օրը Սարդարա

Մայիսի 28-ին, Առաջին Հանրապետության օրվա առիթով, Սարդարապատ էին այցելել «Հայաս

28 Մայիս 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ուղերձը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1918 թվականի Մայիսի 28-ը հայոց պատմության բեկումնայի

28 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հայաստանը նոր Մայիս 28-ներ

Մայիս 28-ին, Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի Երեւանի մէջ կազմակերպել լայնածաւալ զ

28 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հայաստանի Անկախութիւնը Ազգ

1918ի Մայիս 28ին, դարերով կայսերական իշխանութեանց տակ ապրելէ ետք, Հայաստան իր

28 Մայիս 2026
Կործանման Դիմաց… Մայիս 28,1918 Եւ Այսօ

1918-ի եւ ներկայ օրերու տարբերութիւնը յստակ է։ 1918-ին պետականութիւն չունէ

28 Մայիս 2026
Մայիսի 28-ը և Միացյալ Հայաստանի կենար

Դաշնակցական մեծ տեսաբան և գաղափարախոս Սարգիս Զեյթլյանի այս պատմափիլիսոփայական

28 Մայիս 2026
Վեհօրէն Հսկող Յուշահամալիրը` Արարատին

Արարատ-Արագած թովիչ երազէն զգաստացնելով եւ ձայնը քիչ մը բարձրացնելով ոտքերս կր

28 Մայիս 2026
Շարունակելու ենք մեր որդեգրած գիծը

Արցախի Հանրապետության ԱԺ նախագահ Դավիթ Իշխանյանը ուղերձ է հղել Բաքվի բանտից, ո

27 Մայիս 2026
ՀՀ իշխանությունները կատարել են հերթակա

Սիրելի' հայրենակիցներ Օգտվելով այն հանգամանքից, որ այս օրերին ուշադրություն

27 Մայիս 2026
28 Մայիս 1918-ն Իրական Անկախութեան Հիմ

Մեր ժողովուրդի իրական եւ վաւերական պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918-ն հայութեան վե

27 Մայիս 2026
Խմբագրական. Հաւատարիմ` Հանրապետութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին ամփոփած խորհուրդները այսօր այժմէական նշանա

27 Մայիս 2026
Հայ Ազգի Փրկութեան Բանալին

1917-ին ռուս զինուորները, Լենինի տունդարձի «հայրական» կոչին անսալով, լքեցին ճա

27 Մայիս 2026
28 Մայիսը Տօնն Է Վերանկախացած Հայաստան

Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ հայկական վերջին պետութիւնը` Բագրատունեաց թագաւորո

27 Մայիս 2026
Տեղի ունեցավ Զարեհ Խրախունու «100 բան

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի ու Խաչատուր Աբ

27 Մայիս 2026
Եթե Փաշինյանն արգելի որևէ ընդդիմադիր կ

Նիկոլ Փաշինյանը շարունակում է իր նախընտրական քարոզարշավը՝ Հայաստանի օրենսդրութ

26 Մայիս 2026
Լիբանանի Բաժանման Ծրագիրը Անվերադարձ Վ

Շաբաթավերջին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփո

25 Մայիս 2026
Մեր պայքարը իր իրական տարողութեամբ

Տարրական տրամաբանութեամբ, Փաշինեանի մտագարութիւնները պէտք է լրջօրէն տագնապահար

25 Մայիս 2026
Ակնարկ. Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրո

Շաբաթ օրէն սկսեալ միջազգային լրատուադաշտը կը խօսի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձ

25 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company