ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Վեհօրէն Հսկող Յուշահամալիրը` Արարատին Ու Արագածին Նայող

28 Մայիս 2026 – Քիչ մըն ալ այս կողմ եկո՛ւր,- կ՛ըսէր ընկեր Էդիկ` ափս սեղմած զիս քիչ մը եւս աջ տանիլ փորձելով:

– Այո՛, ճիշդ այստեղ պէտք է կենաս: Հիմա մէյ մը աջ, մէյ մըն ալ ձախ նայէ…

Մինչ այդ իր պնդումին եւ դասաւորումներուն քիչ մը անլրջութեամբ մօտեցած էի, կ՛ամչնայի, որ նման հանրային տեղ մը մանուկի մը նման զիս այս ու այն կողմ կը տանէր, սակայն ճիշդ այդ պահուն, երբ, ինչպէս յանձնարարեց, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ նայեցայ, կայծակնային խորհուրդ մը ցնցեց էութիւնս համակ, կարծէք այլ աշխարհ փոխադրուեցայ, ոտքերս անջատուած էին գետնէն ու կը թեւածէի այդ հիանալի պատկերին ի տես: Մէկ կողմը Արագածն է` իր վեհութեամբ, իսկ միւս կողմը` Արարատը, իր խորհրդաւորութեամբ… Ճիշդ այն պահն էր, երբ չէի կրնար որոշել` ո՛ր կողմ նայիմ աւելի երկար, ո՛ր մէկուն գեղեցկութեամբ լիացնեմ հայեացքս ու կշտանամ այն կարօտէն, որ փոքրուց ընկերակցած էր ինծի` իբրեւ անձ մը, որ ապրած էր Արարատով ու Արագածով, թէկուզ լոկ լուսանկարներով, բայց անպայման` ուսուցիչներէս փոխանցուած ազգային ոգիով ու արժեւորումով:

Անշարժ մնացի հոն` ուզելով անմահացնել այդ պահը, նոյնիսկ ուզելով յաւերժանալ այդ դիրքին վրայ, սակայն մեր սիրելի ընկեր Էդիկին ձայնը զիս իրական աշխարհ բերաւ կրկին:

– Սարդարապատի թանգարանը կառուցուած է այնպէս, որ մէկ կողմի պատուհանէն նայի դէպի Արագած, իսկ միւսէն` դէպի Արարատ:

Համալսարանական քննութիւններ ներկայացնելու համար Հայաստան կը գտնուէինք, եւ Հայաստանի անկախութեան օրը մեր հոն գտնուիլը բացառիկ առիթ նկատելով` մեր տանտէր ընկեր Էդիկը անպայման ուզած էր մեզ Սարդարապատ տանիլ, հակառակ անոր որ իրեն յայտնած էինք, որ նախապէս այցելած ենք:

– Գիտե՞ս` Սարդարապատի զանգակատունը ի՛նչ կը խորհրդանշէ, քանի մեթր է, այդ յուշահամալիրը ե՞րբ կառուցուած է: Համալիրին ետին գտնուող թանգարանը այցելա՞ծ ես:

Գոհացուցիչ պատասխաններ չստանալով` ան հաստատեց, որ պէտք է անգամ մը եւս այցելենք Սարդարապատի համալիր, մասնակցինք տօնակատարութեան եւ լաւատեղեակ ըլլանք կառոյցի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան, նաեւ` այցելենք Սարդարապատի թանգարանը, ուր ոչ ամէն մարդ կ՛այցելէ ու կը ծանօթանայ հոն գտնուող պատմական իւրայատուկ արժէք ներկայացնող իրերով:

Արարատ-Արագած թովիչ երազէն զգաստացնելով եւ ձայնը քիչ մը բարձրացնելով ոտքերս կրկին գետին դնելու մղելով` մեր ուղեկիցը` ընկեր Էդիկը, կը սկսի իր բացատրութեան:

1968-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան առիթով, բացումը կատարուած է Սարդարապատի յուշահամալիրին, իսկ 1978-ին` Հայաստանի Ազգագրական պետական թանգարանին` համալիրին աւարտին կանգնող:

Յուշահամալիրին ծնունդը ժողովրդային մտքի արդիւնք է, իսկ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոկտեմբերեանի (այժմ` Արմաւիր) Համայնավար կուսակցութեան շրջանային կոմիտէն` Վլադիմիր Դարբինեանի գլխաւորութեամբ:

Սարդարապատի ճակատամարտի 50-ամեակին առիթով յուշահամալիր մը կառուցելու նախապատրաստական աշխատանքները կը սկսին 1965-ին: Յուշահամալիրին գլխաւոր ճարտարապետ-քանդակագործները կ՛ըլլան` Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, Արա Յարութիւնեան, Սամուէլ Մանասեան եւ Արշամ Շահինեան: Վերջինին վկայութեամբ, տեղեկութեան պակասը սկզբնական շրջանին կը դժուարացնէ գործընթացը: Գրականութեան, պատմութեան, թանգարաններուն մէջ ամփոփուած նիւթերու չգոյութիւնը, տարիներ շարունակ այդ մասին պատմութեան գիրքերուն մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն ըլլալու եւ պատմական ճշմարտութիւնները մութին մէջ պահելու կացութիւնը մեծապէս կը բարդացնէին աշխատանքը:

Այնուամենայնիւ, յուշահամալիրին կառուցման ձեռնարկած անձերուն նպատակը յստակ էր. անոնք կ՛ուզէին կառուցել յաղթանակի յուշարձան մը, որուն մէջ արտացոլայ հայ ժողովուրդի արձանագրած յաղթանակը:

Նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին ծրագրումի եւ միտքերու փոխանակումի իբրեւ արդիւնք` յուշահամալիրին սկզբնական մանրակերտը քանի մը անգամ կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու եւ իր լրումին կը հասնի 1966-ին: Յուշահամալիրի կառուցման վայրի ընտրութիւնը եւս կը խլէ բաւական ժամանակ. ի վերջոյ կ՛որոշուի յուշահամալիրը կառուցել ճիշդ հոն, ուր տեղի ունեցած են ամէնէն թէժ ճակատամարտերը:

Կառոյցին հիմնական մասը կը կազմէ բարձր եւ գեղանիստ, վեհ զանգակատունը, որ ամբողջ յուշահամալիրին մէջ տիրական ներկայութիւն է. կը թուի, թէ անիկա կը բարձրանայ դէպի երկինք` չորս սիւներուն ընդմէջէն արտացոլացնելով բնութեան կանաչն ու երկնքին կապոյտը:

Քանի մը աստիճաններ այցելուն կ՛առաջնորդեն դէպի 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ զանգակատունը, որ կ՛երեւի շատ հեռուէն` տպաւորիչ եւ յուզիչ ազդեցութիւն ձգելով զայն դիտողին վրայ:

Յատկանշական է, որ յուշահամալիրին կառուցման աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ ժողովուրդը, եւ 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ զանգակատան շինութիւնը ամբողջացած է 35 օրուան ընթացքին:

Զանգակատան երկու կողմերը տեղադրուած են ուժի, պայքարի եւ վճռակամութեան խորհրդանիշը հանդիսացող, տուֆ քարէ կառուցուած թեւաւոր ցուլերու մեծ քանդակները: Այս վերջինները կը ներկայանան իբրեւ հայ ժողովուրդի յաղթանակի պահապանները: Հին Հայաստանի մէջ ցուլը կը մարմնաւորէր` ուժը, հաստատակամութիւնն ու հաւատարմութիւնը:

Զանգակատան զանգերը ունին իրենց յատուկ երաժշտութիւնն ու հնչեղութիւնը. անոնք պատրաստուած են Լիոնի մէջ, եւ անոնցմէ մեծագոյնին վրայ փորագրուած է զայն նուիրողին` Նափոլէոն Բուլիկեանին անունը: Երեք շարքերով կախուած են զանգերը: Կը թուի, որ անոնք մնայուն կերպով պատրաստ են զանգահարելու եւ ոտքի հանելու ժողովուրդը, երբ վտանգի ժամը հնչէ: Այդպէս էր կացութիւնը ճակատամարտի օրերուն, երբ եկեղեցիներու զանգերը վեց օր շարունակ կը ղօղանջէին` ժողովուրդը ոտքի հանելով եւ մղելով ազատագրական պատերազմի: Այն օրերուն ղօղանջը կը տարածուէր ամբողջ Արարատեան դաշտին մէջ:

9 զանգակները` երեքական զանգեր երեք շարքերու վրայ, ամէն տարի կը հնչեն 28 մայիսին` անգամ մը եւս վերակենդանացնելով յաղթանակի մթնոլորտն ու ոգին:

Յուշահամալիրին գլխաւոր գաղափարը հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարն է, յաղթանակ կերտելու զօրութիւնը:

Ճակատամարտի հերոսներուն անվախութիւնը, քաջութիւնն ու խիզախութիւնը կը խորհրդանշեն համալիրի մուտքին տեղադրուած արծիւները: Այս մասին Իսրայէլեան կը գրէ. «Աշխատանքի ընթացքում զգացինք, որ խօսքը քիչ է, պակասում է ուժը: Բարձրացրեցինք արծիւ-զինուորներին, որոնք յաղթանակ են բերել: Նրանց հոգիները դէպի ժողովուրդն է ուղղուած` մենք կանք, մենք ձեզ հետ ենք, մենք ձեր մէջ ենք»:

Իւրաքանչիւր արծիւին բարձրութիւնը 55 մեթր է, իսկ լայնքը` 7:

Արծիւները այցելուն կ՛առաջնորդեն լայն, յաղթանակի պատը, ուր փորագրուած են զանազան պատկերներ, որոնք կը խորհրդանշեն տեղի ունեցած հերոսամարտն ու արձանագրուած յաղթանակը:

Թեւաւոր ձիերը կը խորհրդանշեն հայութեան հերոսական պայքարը չար ուժերու եւ վիշապներու դէմ: Պատկերուած ձիերը, որոնք իրենց սմբակներուն տակ առած են վիրաւոր, ուժասպառ օձերը, կը մարմնաւորեն չարի ու բարիի պայքարը: Պատին միւս կողմը կայ կնոջ մը ու անոր զաւկին նկարը, որ կը խորհրդանշէ վերազարթնում եւ վերածաղկում:

Յուշահամալիրին շուրջ կայ նաեւ Հայաստանի Ազգագրութեան թանգարանը, որ կառուցուած է 1978-ին: Ուղղանկիւն յատակագիծով 10 մեթր բարձրութեամբ կառուցուած երկյարկանի այդ շէնքը ծածկուած է հայաոճ երդիքներով եւ ունի հսկայական երեք դահլիճներ (իւրաքանչիւրը 13ճ13 մեթր, բարձրութիւնը` 8,2 մեթր), որոնց քով գտնուող 4 ներքին բակերէն առատ լոյս կը թափանցէ դէպի ցուցասրահներ: Շէնքը իւրայատուկ է իր գեղարուեստական-ճարտարապետական լուծումներով եւ իւրայատկութիւններով` պատերը սրբատաշ են` տուֆէ կերտուած, կամարները` երիզուած խորհրդանշական բարձրաքանդակներով: Կեդրոնական դահլիճներուն կողքին կան կանաչապատ փոքր ներքին բակեր, որոնց միջոցով կ՛ապահովուի սրահին լուսաւորութիւնը:

Կառոյցը ունի հսկայական երկու պատուհաններ, որոնցմէ մէկը կը նայի Արարատին, միւսը` Արագածին:

Թանգարանի առաջին ցուցանմուշը Հայկական Լեռնաշխարհի մանրակերտն է` իր երեք մեծ լիճերով` Կապուտան (Ուրմիա), Վանայ լիճ եւ Սեւանայ լիճ:

Թանգարանին մէջ կը գտնուին` Հայոց պատմութեան վերաբերող աւելի քան 70 հազար վկայութիւններ, փաստաթուղթեր, մանրամասնութիւններ եւ նկարներ:

Կ՛ըսուի, որ թանգարանին դիմաց ցանուած են զոհուած հերոսներուն թիւով ծաղիկներ:

Իւրաքանչիւր ցուցասրահի մէջ ներկայացուած են յատուկ առարկաներ, եւ անոնց բաժանումը կատարուած է պատմական ժամանակաշրջանի մը հիմամբ` հետեւեալ ձեւով.

1.- Հնագիտական` հնագոյն եւ միջնադարեան արուեստ, արհեստներ, կրօնապաշտամունքային առարկաներ,

2.- Ազգագրական` աշխատանքի գործիքներ, արհեստներ, ազգային խոհանոց, օժանդակ տնտեսաձեւեր, գորգ ու կարպետ, կահոյք, ժանեակ ու աստեղնագործութիւն, ազգային տարազ եւ զարդեր, ընտանիքին եւ ազգային տօնացոյցին վերաբերող առարկաներ,

3.- Լուսանկարներ, նկարներ, փաստաթուղթեր, արխիւային նիւթեր,

4.- Ժամանակակից կիրառական արուեստ:

5.- Այլ ժողովուրդներու ցեղային մշակոյթին առնչուող նմուշներ:

Հոն կան նաեւ խաչքարեր ու արձանիկներ:

Յուշահամալիրին կառոյցը ամբողջութեամբ կը գրաւէ շուրջ 65 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն:

Այս բոլորը տեսնելն ու այս բոլորին մասին բացատրութիւն ստանալը արդէն քեզ` իբրեւ մարդու եւ իբրեւ հայու, կ՛օժտեն հարստութեամբ եւ ցնծութեամբ:

Որքա՜ն հպարտութիւն է` հոն գտնուիլ, ներշնչուիլ կերտուած յաղթանակով, զգալ մղուած պայքարներուն զօրութիւնն ու անպայման յաղթանակ կերտելու վճռակամութիւնը: Հոն հպարտութիւնը կը շոյէ հոգիդ, կ՛ամրապնդէ պատմութեան կառչելու եւ անկէ դասեր քաղելու կարեւորութիւնը:

Արդէն անցած էր քանի մը ժամ, տօնական մթնոլորտով կը հրճուէր Սարդարապատը, խճողուած էր թանգարանը, հայ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներով հպարտ էին արծիւները ու կը ղօղանջէին զանգերը` իբրեւ յուշարար յաղթանակին եւ պատգամ` այդ յաղթանակին պահապանները ըլլալու:

Սարդարապատով լիացած` պէտք էր վերադառնայինք Երեւան: Կը նայիմ ընկեր Էդիկին, մեղմ կը ժպտի, գոհունակ է, որ կրցած է ինքնիրեն տուած պարտականութիւնը կատարել, գոհունակ ենք նաեւ մենք` այսքան գիտելիքներ ամբարած ըլլալնուս համար: Բաժանումի պահուն հայեացքս անգամ մը եւս կ՛ուղղեմ զանգակատան, արծիւներուն` հայութեան հերոսական էջերը մարմնաւորող այդ կոթողներուն, որոնցմէ բաժնուիլը այդքան ալ դիւրին չէ, սակայն անոնք կը շարունակեն ուղեկցիլ իւրաքանչիւր հայու, թէկուզ` Հայաստանէն դուրս…

Արդարեւ, Սարդարապատը չտեսած իսկ Սարդարապատի լուռ խորհուրդով ապրած ու հասակ նետած էինք, որովհետեւ անիկա այնպիսի կառոյց մըն է, որ իր վեհ լռութեամբ իսկ կը խօսի աշխարհին` իբրեւ գոռացող պատգամ եւ հպարտութեան մարմնացում:

Սարդարապատը զուտ նիւթական կառոյց չէ, այլ Հայաստանի անկախութեան կերտման ճամբուն վրայ մղուած յաղթանակներու, զոհաբերուած կեանքերու, ի գործ դրուած նուիրաբերումներուն ու մարտնչումներուն խորհրդանիշն է, այլ խօսքով` Հայոց պատմութեան հպարտալի էջերէն թանկարժէք կտոր մը:

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ազդակ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company