Կործանման Դիմաց… Մայիս 28,1918 Եւ Այսօր
28 Մայիս 2026
1918-ի եւ ներկայ օրերու տարբերութիւնը յստակ է։
1918-ին պետականութիւն չունէինք, բայց ունէինք հաւաքական վճռակամութիւն։
Այսօր ունինք պետականութիւն, բայց յորձանուտի մէջ ենք եւ արդէն իսկ սկսած է ազգային ուղղութեան եւ միասնութեան քայքայումը։
Առաջին Հանրապետութիւնը գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի՝ 1918-էն մինչեւ 1920, եւ ապա խորհրդայնացումը վերջ մը դրաւ այս յիշատակելի անկախութեան։ Սակայն անոր պատմական նշանակութիւնը շատ աւելի վիթխարի է, քան իր կարճ կեանքը։ Ան վերականգնեց հայկական պետականութիւնը, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն չունէր եւ հաստատեց այն գաղափարը, թէ հայերը արհամարհուած, լքուած ու պարտուած ժողովուրդ մը չեն, այլ ինքնիշխան քաղաքական ազգ մը, որ ի վիճակի է ինքզինք կառավարելու։
Այսպէս, Առաջին Հանրապետութիւնը ծնաւ աղիտալի օրերու ընթացքին, որովհետեւ այդ օրերուն խելագարներ չկային, այլ «խենթեր», որոնք կը հաւատային, թէ գոյատեւումը կը պահանջէր հաւատք, քաջութիւն, բերկրանք եւ համախմբում։ Հիւանդութիւն, սով եւ անօթութիւն կը տիրէր ։ Օսմանեան բանակը կը մօտենար Երեւանի։ Ոչ մէկ հզօր դաշնակից պատրաստ էր փրկութեան հասնելու։ Ռուսաստանի կայսրութիւնն ալ փուլ եկած էր։
Եւ սակայն, այս ահաւոր պայմաններուն մէջ իսկ, հայ ղեկավարներ, զինուորներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, մշակներ, բանուորներ եւ գիւղացիներ միացած, ունէին մէկ հիմնական համոզում՝ Հայաստանը պէտք է գոյատեւէր, հաւատալով ազգային միասնութեան, հաւաքական զոհողութեան եւ զինեալ դիմադրութեան:
Սարդարապատի հերոսները հիմնովին կը հասկնային մէկ ճշմարտութիւն․ առանց պետականութեան, անոնք դարձեալ պիտի մնային այլ պետութիւններու լուծին տակ: Այդ գիտակցութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ Հանրապետութեան։
Այսօր, աւելի քան մէկ դար ետք, Մայիս 28-ը այլ հոգեբանական իմաստ ունի։ Ան կը տօնուի հպարտութեամբ, բայց նաեւ՝ տագնապով, ինքնաքննութեամբ եւ խոր ազգային անորոշութեամբ։ Այդ հերոս «խենթեր»-ն ու իրենց անկարելին կարելի դարձնելու մարմաջը փոխարինուած է, խելագար վարչապետով մը, որ իր հլու կամակատարներով եւ ինքն ալ, իր կարգին սահմանակից կարգ մը երկիրներու հլու կամակատարն ըլլալով, ժամանակակից Հայաստանը թիավարած է ներքին բաժանումներու, աշխարհաքաղաքական անել կացութեան եւ երկարաժամկէտ ազգային տեսլականի անորոշութեան։
Ներկայ Հայաստանը բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ կը գտնուի։ Ի տարբերութիւն 1918-ի, այսօր Հայաստանը ունի միջազգային ճանաչում ունեցող ինքնիշխանութիւն, դիւանագիտական յարաբերութիւններ (բաւական մը քայքայուած), բանակ (բոլորովին քայքայուած), պետական հաստատութիւններ եւ հզօր Սփիւռք, որ իր զանազան համայնքներով, կրնայ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական գործակցութիւն ցուցաբերել։ Սակայն, դժբախտաբար հոգեբանական եւ քաղաքական առումով, շատ մը հայորդիներ այսօր աւելի անհանգիստ ու անապահով կը զգան, քան նախորդ սերունդները, որոնք շատ աւելի դժնդակ պայմաններու մէջ կը գտնուէին։
2020-ի Արցախի պատերազմի ծանր պարտութեան հետեւանքները, ապա 2023-ին Արցախի անկումը, շարունակուող սահմանային ճնշումները, ժողովրդավարութեան անկումը, քաղաքական բեւեռացումը եւ ընդհանրապէս հաստատութիւններու նկատմամբ խոր անվստահութիւնը ստեղծած են ազգային վստահութեան լուրջ ճգնաժամ։
1918-ի եւ այսօրուան միջեւ ամենամեծ համեմատութիւնը ոչ թէ ռազմական կամ աշխարհաքաղաքական է, այլ հոգեբանական։
Մայիս 28-ի սերունդը կը հաւատար, թէ գոյատեւումը կը պահանջէր դիմադրութիւն։ Պարտութիւնը հնարաւոր էր, բայց ազգային ինքնութեան յանձնումը՝ բացարձակապէս անընդունելի։
Արդեօք հայ ազգը տակաւին ունի՞ իր ինքնիշխանութիւնը, ինքնութիւնը եւ պատմական շարունակականութիւնը պաշտպանելու հզօր կամքը։
Հուսկ, Մայիս 28-ը միայն անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ յատկապէս ներկայիս, տիրող ընտրարշաւի օրերուն՝ լուրջ մարտահրաւէր մը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
