ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Լուրեր
  • Ելույթներ

Այսօր առաջնային է, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, վերականգնել մեր ազգի մարտունակ ոգին

03 Հունիս 2026 Մայիս 28-ի Հալէպի տօնախմբութեան առիթով Մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի բանախօսութիւնը

Այնտեղ մշտնջենապէս ձիւնածածկ բարձունք մը ուշադիր կը հետեւի մեզի, բարձունք, ուր կը հանգչի սուրբ տապանը՝ խաղաղութեան ճիւղը պարզած։ Կը հետեւի քայլ առ քայլ եւ կը հետազօտէ մեր ծրագրերն ու նախագիծերը, ապահովելու համար ի՛ր շնչառութեան յարատեւութիւնը։

Բարձունք, որ մեր նախաձեռնութիւններուն մէջ կ՚որոնէ դէպի իրեն առաջնորդող արահետները, դէպի իր գագաթը տանող կածանները, դէպի իր սրբութիւնը շօշափել ձգտող կիրճերը։

Բարձունք, որ լաւ կ՚իմանայ, որ այսօր այս փոքրիկ հողատարածքի անկախութեան յաղթանակը նշողները, նոյն անոնք պիտի ըլլան, որոնք ամենայն յանձնառութեամբ, լրջութեամբ եւ ամենակարեւորը հաւատքով պիտի շարունակեն քալել այն ճամբաներէն, որոնք կ՛ուղղուին դէպի իրենց էութիւնը կազմող սուրբ կատարը։

Ինչքան հետաքրքրական է ազգակիցներու համախմբումը այստեղ, հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի անկախութեան տարեդարձը տօնախմբելու։

Ինչքան ողջունելի է սերունդներու դաստիարակութիւնը՝ հայրենիքի անկախութեան կարեւորութիւնը շեշտելով։

Ինչո՞ւ այսքան մեծ շուքով կը նշենք Մայիս 28-ն, ինչո՞ւ այսքան կը կարեւորենք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ծնունդը, ի՞նչ նախադրեալներ կամ ներգործող ազդակներ հիմք կը հանդիսանան այս փառահեղ յաղթանակին։

Ի՞նչ կացութիւն կը տիրէր Արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Խաղաղ ու ապահո՞վ էր մեր երկիրը անկախութեան հռչակումէն ոչ թէ ամիսներ, այլեւ օրեր առաջ։ Հասարակ յայտարարներ կարելի՞ է որոնել դար մը եւ ութ տարի առաջ իշխող կացութեան եւ այսօրուան իրավիճակին միջեւ։

Թէ որ խաղաղ ու ապահով էր մեր երկիրը՝ երբե՛ք։ Անկախութենէն ճիշդ 13 օր առաջ թշնամին գրաւած էր Ալեքսանդրապոլը, իսկ ընդամէնը վեց օր առաջ՝ Սարդարապատն ու անոր կայարանը։

Ի՞նչ կը նշանակէր այս։ Այս կը նշանակէր, որ մենք յուսալքուելու ու յանձնուելու շատ աւելի տուեալներ ունէինք, քան կռուելու ու յաղթանակի յոյսի նշոյլներ փայփայելու։

Մենք ծանօթ էինք մեր թշնամիին, այո՛, շա՛տ լաւ ծանօթ էինք անոր, տակաւին երեք տարին նոր բոլորած էր անոր գործած քստմնելի մեծ ոճիրը, տակաւին արիւնարբուն կը շարունակէր իր սադրանքները, տակաւին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զոհեր կը թուագրուէին․ այսի՞նքն․․․ այսինքն մեզ շրջապատող բոլոր պայմանները ձեռնտու էին մեզ յուսահատութեան գերին դարձնելու, ընկճելու եւ յանձնելու։

108 տարի առաջ տիրող այս պայմանները միթէ կը յիշեցնե՞ն մեզի ակնթարթ մը առաջ իշխող պայմանները մեր հայրենի Արցախին մէջ, ուր եւս մեր նուիրեալ արիները, մեր բանակայինները թէ կամաւորները յուսալքութիւնը դէն շպրտելով, հայրենասէրի զրահանդերձով պաստպարուած մրցակցեցան պատերազմի դաշտ փութալու։

108 տարի առաջ մենք ունէի՞նք պատերազմելու բաւարար զինամթերք, մեր ռազմիկներուն թիւը կը համապատասխանէ՞ր թշնամու կռուողներու թիւին։ Ի՞նչ փոյթ, առաջին ճակատամարտն էր միթէ մեր պատմութեան ընթացքին, որ երկու կողմերու ուժերը համահաւասար չէին, այո՛, մեր թշնամին զօրքով ու զինամթերքով աւելին ունէր, սակայն ունէ՞ր մեզ գերազանցող կամ նոյնիսկ մեզի հաւասարող հայրենասիրութեան ու ազգանուիրումի անսպառելի հոգեմթերք։

Բաւարար է այն փաստը երբ թշնամի Վէհիպ փաշան կը խոստովի, որ «Հայերը Ղարաքիլիսէի մէջ ցոյց տուին, որ անոնք կրնան ըլլալ աշխարհի լաւագոյն զինուորները»։
Երկար խոկալու բաւարար ժամանակ չկար, հարկաւոր էր վճռել՝ կամ ունենալ հայրենիք կամ ըլլալ հայրենազուրկ։

Ի վերջոյ հայ ենք, ազգ մը, որուն համար հայրենիքը արժեւորելը բառարանային բացատրութիւն չունի, այլ ունի բացատրութիւն ռազմաճակատին վրայ, ունի բացատրութիւն ստեղծագործական գետնի վրայ՝ գիտական, գրական, մշակութային թէ այլ յայտնագործութիւններու մէջ։

Կամաւորական խումբերը վերակազմաւորուեցան, հայրենիք ունենալու ու անհայրենիք ապրելու երկմտանքը չմթագնեց մեր արիներուն միտքերը, որոշումը մէկ էր ու վճիռը կայացած։

Կռիւները սկսան Սարդարապատի մէջ։ Թշնամին կ‏՚որոնէր հակառակորդի թոյլ տեղերը գրոհի դիմելու համար£ Զօրավար Սիլիկեան յարձակման հրաման տուան£ Հայկական ուժերը բռնեցին կատաղի ճակատամարտի ճամբան£ Թուրքերը յուսահատական դիմադրութիւն ցոյց տուին, փորձեցին դիրքեր գրաւել, բայց մերիններուն շեշտակի հարուածներուն տակ դիմեցին փախուստի։

Յաղթանակը վախկոտին վայել չէ։

Յաղթանակը քա՛ջը կը սիրէ։

Մենք պատերազմասէր չենք, բայց յանուն խաղաղութեան պէտք է որ պատերազմինք։

Եթէ պիտի ոչնչանայինք աւելի լաւ էր, որ զէնքը ձեռին, հայրենիքի պաշտպանութեամբ ըլլար այդ, քան խոնարհեցնէինք մեր պարանոցները ու այդպէս դիւրացնէինք թշնամու գործը:
Երեք հրամանատարներ՝ զօրավար Սիլիկեան, զօրավար Փիրումեան եւ Դրօ աշխատանքի անցան գործի:

Հայերը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնած ճակատեցան թշնամիին դէմª ազատութիւն կամ մահ վճռական կամքով:

Այո՛, այսօր դար մը ետք, հպարտանքով ու պարծանքով կը նշենք այդ օրն ու այդ որոշումը, ինչքան գերզգայուն, ինչքան անկիւնադարձային, յանդուգն վճռականութիւն պահանջող պատասխանատու որոշում էր այդ։ Ստեղծուած կացութեան մէջ Քաջազնունի ու Խատիսեան այլ ելք չէին գտներ, քան Հայաստանի անկախութեան հռչակումը։

Ակներեւ է, որ տուեալ պահուն Հայոց Ազգային Խորհուրդը եթէ ինքզինք չյայտարարեր հայկական գաւառներու գերագոյն իշխանութիւն, ապա հայկական գաւառները պարզապէս բաժին կը դառնային հարեւան Թուրքիոյ, Ատրպէյճեանի եւ Վրաստանի։

Հայրենիքի փրկութեան հասնելու համար զօրավար Սիլիկեանի իր կոչին մէջ դիմեց տղամարդոց թէ կանանց, զէնք վերցնելու եւ ճակատ շտապելու համար£ Դանդաղող չկար, կին թէ տղամարդ փութացին ռազմաճակատ£ Հայուհիները լաւ անսացին կոչին եւ յիշեցին հինգերորդ դարու հայ փափկասուն կանայք, որոնք ոչ միայն ոգեւորեցին իրենց ամուսինները դէպի մեծ գործը, դէպի Աւարայր, այլեւ իրենք եւս մասնակցութիւն բերին յանուն հաւատի ու հայրենիքի համար մղուած պատերազմին։

Յաղթանակը վախկոտին վայել չէ։

Յաղթանակը քա՛ջը կը սիրէ։

Սարդարապատի, Բաշապարանի եւ Ղարաքիլիսէի կռիւներուն հայերը կրցան գերմարդկային ճիգերով վիժեցնել Արեւելեան Հայաստանը գրաւելու եւ տեղի հայութիւնը ոչնչացնելու երիտթուրքերու ծրագիրը£ Աւելինª Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերը հիմք հանդիսացան Հայաստանի անկախութեան համար, որովհետեւ յաղթանակները ստիպեցին հակառակորդը հաշուի նստիլ հայ ժողովուրդի կամքին հետ եւ ճանչնալ անոր անկախ ապրելու իրաւունքը։

Այս անկախութիւնը ջուրի նման կենսատու նշանակութիւն ունէր, մեր վերջին յոյսն էր, եթէ ան ալ կորսնցնէինք, ինչպէս այդ տարիներուն ժամանակաւորապէս կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները, կը դառնայինք անհայրենիք ազգ, իսկ ինչ կը նշանակէր ըլլալ ազգ առանց հայրենիքի, կը նշանակէր կարճ ժամանակուան մէջ ետեւ-ետեւի կորսնցնել պատմութիւն, ազգային, նիւթական եւ հոգեւոր արժէքներ, հիմնականին մէջ լեզու ու մշակոյթ եւ ստորագրել մեր չգոյութեան համաձայնագիրը։

Իսկ ո՞ր հայը կրնար ընդունիլ նման բան, ո±ր պատուախնդիր հայը կրնար վայելել հոգեկան անդորրութիւն երբ ձեռնածալ մնար իր հայրենիքի կորուստն ի տես, ո±ր հայրենասէրը կրնար աւելի բարձր դասել իր կեանքըª քան իր հայրենիքի գոյութիւնը:

Ուրեմն հիմա հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ այսքան փառաւոր շուքով կը նշենք Մայիս 28-ն եւ ինչո՛ւ կը կարեւորենք Հայաստանի առաջին Հանապետութեան ծնունդը։

Մենք միշտ ալ գիտակցած են, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիքի պաշտպանութիւն, գիտակցած, որ միայն վախկոտները կը խուսափին հայրենիքը պաշտպանելէ: Երէկ գիտէինք, այսօր գիտենք եւ վաղն ալ պիտի գիտնանք, որ թիփի բորան ուշ գիշերին, փամփուշտները խաչկապ կապած եւ հրացանը ուսին պտտող Ֆետային ենք բոլորս, որ ամօթանք կը համարենք հայրենիքի պաշտպանութեան համար ուսին զէնք չկրելը£ Այդ զէնքը կրնան ըլլալ մեզի ծանօթ հրացանն ու փամփուշտը, կրնան ըլլալ գիտութիւնն ու գրիչը, կրնան ըլլալ դիւանագիտական կապերն ու յարաբերութիւնները։ Նպատակը մէկն է պաշտպանել հայրենիքը, որովհետեւ

Յաղթանակը վախկոտին վայել չէ։

Յաղթանակը քաջը կը սիրէ։

Ազգ, հայրենիք, անկախութիւն եւ ընկերային արդար կարգերª միջազգային նոյնքան արդար ու ներդաշնակ համակեցութեան մը մէջ, ահա այն ամրակուռ սիւնները, որոնց վրայ կը խարսխուի մեր գաղափարական ամբողջ կառոյցը Մայիսեան դիւցազնամարտէն առաջ, դիւցազնամարտի օրերուն եւ դիւցազնամարտէն ետք մինչեւ այսօր:

Այսօր, այսօր ո՞ր հրամայականներն են, որոնք առաջնային կը դառնան մեր ծրագրերու իրականացման ճամբուն վրայ․

Ա․-Այսօր կրկին առաջնային կը դառնայ ներազգային առումով, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ամէն զոհողութիւններով, ազգային շահերը գերադասող զոհողութիւններով, մեր վեհանձնութիւնը, մեր մեծութիւնը հաստատող զոհողութիւններով՝ վերականգնել մեր ներազգային անդորրը, մեր եղբայրութիւնը, մեր արենակցութիւնը, մեր համերաշխութիւնը։ Միասնականութեան գաղափարը , բեմերու վրայէն ու ճառերու մէջէն, թուղթերու վրայէն ու փակ սենեակներէն բերել մեր մէջ, մեր ինքնութեան մէջ, բերել, սփռել, տարածել, հաղորդել, այնպէս որ պառակտումը մերժելն ու միասնութիւնը ամրապնդելը անսակարկելի սկզբունքներ դառնան։

Բնական է, որ բոլորս նոյն միտքերն ու գաղափարները չբաժնենք, բնական է, որ ունենանք միտքերու զանազանութիւն եւ գաղափարներու այլազանութիւն, բնական է եւ ընդունելի երբ բոլորս կ՚աշխատինք ազգահզօրացման նոյն ջաղացքին թափել մեր ջանքերը, սակայն անբնական է եւ անընդունելի երբ մեր այլազանութիւնը իրարամերժութեան կը վերածուի։

Բ․-Այսօր առաջնային է սփիւռքի մէջ յանուն մեր ինքնութեան վերաթարմացնել ազգային կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան մեր ծրագրերը։ 21-րդ դարուն ծնած կամ հասակ առած սերունդները չենք կրնար դաստիարակել 19-20-րդ դարերու մօտեցումներով։ Այո՛, մեր հիմնական ըմբռնումները, մեր ազգային կարմիր գիծերը անփոփոխ են, անփոփոխ է Հայոց Ցեղասպանութեան դատի հետապնդման աշխատանքները շարունակելը, անփոփոխ է մեր պահանջատիրութենէն քայլ մը ետք չկենալը, անփոփոխ է ամբողջական հայրենիքի մեր հասկացութիւնը, մեր հայրենիքը Արեւելեան Հայաստանն է, Արցախն է, Արեւմտեան Հայաստանն է, Ջաւախքն ու Նախիջեւանն է։ Անփոփոխ է հայերէն լեզուի անաղարտ պահպանման մեր մօտեցումը, անփոփոխ է մեր նիւթական թէ հոգեւոր մշակոյթի տէր կանգման եւ նորի ստեղծման մեր սկզբունքը։ Ուրեմն ի՞նչն է այսօրուան առաջնայինը, այսօրուան առաջնայինը այս բոլորը ի գործ դնելու մեր աշխատելաոճի բարեփոխումն է, արդիականացումն ու ստեղծագործութիւնը, ջանքն ու հաւատքը նորոգելը։

Գ․-Շուրջ 600 օր առաջ Հալէպի մէջ, ճիշդ այստեղ, այս ամպիոնին վրայ, այս գրակալի ետին կանգնած էր ընկ․Դաւիթ Իշխանեանը, Քանի մը օր ետք ընկ․Դաւիթի ձերբակալման, ազատազրկման հազարերորդ օրն է․․․

Ընկ․Դաւիթ եւ Պաքուի բանտերուն մէջ կեանք մաշեցնող մեր ընկերնե՛ր, մեր հայրենակիցնե՛ր, որ յանուն հայրենիքի ձեր ամենաթանկը, ձեր ազատութիւնը զոհեցիք, միթէ կա՞յ ազատութենէն թանկ բան, ինչպէս կ՛ըսէ հայ գրականութեան վարպետը՝ Իսահակեանը իր կոթողական «Կեանքից Թանկ Բանը» գործին մէջ, դուք ձեր ամենաթանկը զոհեցիք Արցախ հայրենիքին համար։

Ընկե՛ր Դաւիթ, եւ մեր հայրենակի՛ց քաղբանտարկեալներ, այստեղ, Հալէպի մէջ, ազգասէր ու հայրենասէր հալէապահայութիւնը ձեր կողքին է, բանիւ եւ գործով։

Դ․-Այսօր առաջնային է, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, վերականգնել մեր ազգի մարտունակ ոգին, որ դարեր շարունակ պինդ պահեց մեզ։ Ոգի որ կը բազմապատկէ մեր ուժն ու յոյսը՝ ունենալու պետութիւն, որ բարձր կը պահէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային արժէքներուն, որ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած արժանավայել յարաբերութիւններ կը մշակէ միջազգային ընտանիքին հետ։

Ե․-Առաջնային է այսօր հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ կանգնիլ մեր եկեղեցւոյ կողքին, իր բարձունքին վրայ պահել հայ եկեղեցին ու հայ հոգեւորականը։ Պատմութիւնը ընդմիշտ կը յուշէ մեր եկեղեցւոյ ունեցած դերը՝ նամանաւանդ այն օրերուն, երբ չենք ունեցած պետականութիւն, պատմութիւնը կը յիշեցնէ մեր առաքինի հոգեւորականներու ազգանուէր ու հայրենանուէր ոչ միայն կեցուածքները, այլեւ աշխատանքները։ Հալէպէն ողջո՜յն ձեզի, Բագրա՛տ Սրբազան, Միքայէ՛լ Սրբազան։ Ընդունեցէ՛ք մեր հեռաւոր զօրակցութիւնը․․․

Զ․-Մեր ապրած անցնող քառորդ դարը ապացուցեց, որ քաղաքական բեմին վրայ անկարելիութիւններ գոյութիւն չունին, որեւէ պահու կրնան բեմականացուիլ տարբեր բնագրեր, կրնան դերակատարներու փոփոխութիւններ տեղի ունենալ, հետեւաբար մենք միշտ պատրաստ ու զգօն պիտի ըլլանք՝ մշակուած նախագիծերով, պատրաստ շարքերով, յստակ ռազմավարութեամբ եւ գործնական մարտավարութեամբ։ Թէկուզ աշխարհակալութենէն վերածուեցանք փոքր պետութեան, սակայն ի՜նչ փոյթ, մեր փոքր քայլերը մեծ նուաճումներու ուղին կը հարթեն։

108 տարի առաջ Մայիս 28-ն կերտած Արամ Մանուեանի, Քաջազնունիի, Օհանջանեանի, Խատիսեանի, Վրացեանի, Դրոյի, Շանթի, Աղբալեանի, Ահարոնեանի, Նազարբէկեանի, Սիլիկեանի, Տէր Մինասեանի, Նժդեհի եւ դեռ շատ նուիրեալներու լուսաւոր գաղափարներով ու ջանքերով նոր եռանդ ու կորով պիտի ստանան մեր քայլերը։

Ահա ա՛յն ատեն, ա՛յն սուրբ բարձունքը, ուր կը հանգչի սուրբ տապանը, այն սուրբ գագաթը, որ կը հետեւի մեր քայլերուն հայօրէն պիտի շնչէ․․․

Ահա այն ատեն այն քառագագաթը, ուրկէ առանց պարան կախուած է Լուսաւորիչ Կանթեղը հայոց ոչ թէ մթագնած, այլ լուսաւոր երկրէն լոյս պիտի սփռէ աշխարհին եւ որպէս Աստուծոյ աչքը պայծառ, պիտի հսկէ հայոց երկնքէն։

Յանուն ինքնութեան ու պետականութան։

Ապրի՛ մեր Հայաստանը ամբողջական։

Ապրի՛ մեր եկեղեցին ազգապահապան,

Ապրի՛ մեր ազգը հայկեան։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակի» մայիսի համարը։ 2026 թ․մայիսը անհանգիստ, եթե

04 Հունիս 2026
Մենք ենք որոշում մեր ճակատագիրն ու մեր

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանը հանդես է եկել

04 Հունիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի ասուլիսը ընտրախախտո

Այսօր՝ հունիսի 4-ին «Հայաստան» դաշինքի կենտրոնական շտաբում տեղի է ունեցել ը

04 Հունիս 2026
Քաղաքացիին «Ո՛չ»-ը

Այս իրականութիւնը անխուսափելիօրէն քաղաքացիին կը մղէ վերաիմաստաւորելու պետութեա

04 Հունիս 2026
Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մ

Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակ

04 Հունիս 2026
Նպատակը՝ երկրի ուղղութիւնը ճիշտ ուղի վ

- Պրն. Դանիէլեան, սկսենք հիմնական հարցից. որպէս քաղաքական մեծ փորձ ունեցող կու

03 Հունիս 2026
Ընկերական Զրոյց. Առողջ Քննադատութիւնը

Դաշնակցութեան անցեալի եւ ներկայի ընդդիմախօսները ու նաե՛ւ «երդուեալ» հակադաշնակ

03 Հունիս 2026
Խմբագրական. Պոֆորէն Ստեփանակերտի Ս. Աս

Իսրայէլի գործած յարձակումներուն թիրախ դարձած Պոֆորի ամրոցը, դատապարտումի առում

03 Հունիս 2026
Վճռորոշ Ընտրութեան Սեմին

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն մեզ կը բաժնեն քանի մը

03 Հունիս 2026
Այսօր առաջնային է, հայրենիքի թէ սփիւռք

Ինչքան ողջունելի է սերունդներու դաստիարակութիւնը՝ հայրենիքի անկախութեան կարեւո

03 Հունիս 2026
Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը և ԵՄ-ը չպետք է միջամ

Որևէ օտարերկրյա պետություն չպետք է միջամտի անկախ և ինքնիշխան Հայաստանի ներքին

02 Հունիս 2026
Փաշինյանի իմացությամբ 2020-ին ՊՆ նախար

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամավորի թեկնածու Գեղամ Մանուկյա

02 Հունիս 2026
Խուզարկություններ՝ «Հայաստան» դաշինքի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան Սա

02 Հունիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան ան

02 Հունիս 2026
Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երե

02 Հունիս 2026
Հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած Մայիս

Կիրակի, 31 Մայիսին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սո

01 Հունիս 2026
Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Հա

Նախ եւ առաջ պատասխանելով իսրայէլեան ուժերու Պէյրութի թէ հարաւային Լիբանանի վրա

01 Հունիս 2026
Տեր կանգնենք մեր երկրին. «Հայաստան» դ

Այսօր՝ մայիսի 31-ին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մ

31 Մայիս 2026
Հայաստանը պետք է ապրի

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

31 Մայիս 2026
Վերելքի Յոյսե՞ր

Հասարակութիւններու փափաքները, գիտակցաբար կամ ոչ, կը գոյանան կեանքի առարկայական

31 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company