Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մէջ
02 Հունիս 2026
Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երեւութապէս առկախուած էին: Կողմերը չէին համաձայնած, սակայն կը թուէր, որ դիւանագիտական պատուհանները բաց են միջնորդաւորուած երկխօսութիւնը շարունակելու: Ճիշդ է, որ անօդաչուներու, ռատարներու եւ յենակէտերու մակարդակներով փոխադարձ հարուածներ կ՛արձանագրուին, այդուհանդերձ մեծ գործողութիւններու չեն դիմուիր: Հորմուզի կարգավիճակը կը շարունակէ հանգուցային մնալ, որուն շուրջ ալ կ՛ընթանան եւ պիտի ընթանան բանակցութիւնները: Երէկ Թեհրան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նկատի ունենալով, որ հրադադարի պայմաններէն մէկը բոլոր արտաքին ճակատներուն վրայ, ընդ որում` Լիբանանի, կրակի դադրեցումն էր, ինչ որ չի յարգուիր, հետեւաբար կը դադրեցնէ միջնորդաւորուած երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ:
Հաւանաբար համոզուած, որ առաջադրուած համաձայնութիւնը պիտի գոյանայ, յատկապէս Հորմուզի խնդիրին հանգուցալուծումով եւ կողմերուն միջեւ թէեւ դժուար, բայց ի վերջոյ կայանալիք համաձայնութեամբ, Իսրայէլ կը սաստկացնէ իր յարձակումները Լիբանանի ուղղութեամբ, կը խորացնէ իր ներկայութիւնը դէպի հարաւի քաղաքներ: Այս թոհուբոհին մէջ, Ուաշինկթըն զգուշացուցած էր Իսրայէլը Պէյրութը զերծ պահելէ յարձակման գործողութիւններէ: Այդ ինքնին կ՛ենթադրէր, որ հարաւի մէջ թոյլատրուած է Իսրայէլի յարձակողապաշտութիւնը: Մինչ Իրանի համար հրադադարի համաձայնութեան նախապայման կը շարունակէր մնալ Լիբանանը:
Իսրայէլի վարչապետը ներքին լսարանին առումով դէմք փրկելու հրամայականին առջեւ է նաեւ: Առանց լիբանանեան հատուածի գրաւումին եւ առանց Հըզպալլայի կարողականութեան ջլատումին, զինադուլ մը հիմնովին կը սասանէր վարչապետին դիրքերը: Մանաւանդ որ երկիրը խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն ընթացակարգի մէջ է արդէն:
Իսրայէլեան այս «սփրինթ»-ը հետեւաբար ունի ոչ միայն անվտանգային, այլ նաեւ ընտրական մղիչ գործօններ: Իսկ Հորմուզի փակ մնալը մեծ հաշուով չի բխիր նաեւ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահի շահերէն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւս կը նախատեսուին մասնակի ընտրութիւններ: Միջանկեալ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը գտնուի ուրեմն տարածաշրջանը: Նախահամաձայնական գուցէ, որ թէժութեամբ կը յատկանշուի, պայմանաւորումովը` առկախ հարցերու լուծման:
Այս հանգամանքներով ալ պէտք է դիտարկել Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուող նոր սաստկացումը: Այստեղ կ՛երեւի Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ լուռ համաձայնութիւնը: Առկախման այս փուլին Միացեալ Նահանգները նախ կը յորդորեն Իսրայէլին չհարուածելու Պէյրութը, ապա կը ձեռնարկեն լիբանանեան հատուածի ուղղութեամբ հրադադարի համաձայնութիւնը գոյացնելու փորձերուն: Ապա յայտարարելու, որ այդ փորձերը չեն արդիւնաւորուած: Այս բեմագրութիւնը առիթ կու տայ Իսրայէլին, որ աւելի խորացնէ իր թափանցումներն ու տեղաշարժերը, չանսայ ռազմական գործողութիւններէն Պէյրութը զերծ պահելու յորդորներուն եւ յայտարարէ, որ պաշտօնապէս կայացած է որոշում Լիբանանի մէջ յարձակումները ընդլայնելու:
Նախորդող օրերուն շատ կը խօսուէր գրեթէ կայացած համաձայնութեան մասին` Իրան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ: Հիմա կ՛արձանագրուի այլ ուղղութիւն, թէեւ առանց մեծ բռնկումներու տարածաշրջանային մակարդակով: Լիբանանն է, որ կը բացառուի, գրաւումներու նոր տարածքներ ներառելով եւ բնականաբար գաղթականական ալիքի նոր մակընթացութիւններ բերելով:
Այս պայմաններուն մէջ առաջ կը մղուին Պէյրութ-Թել Աւիւ ուղղակի բանակցութիւններուն թափ տալու պահանջներ, ճնշումներ: Յարձակումի, գրաւումի, տեղահանումներու եւ ամբողջ բնակավայրեր ամայացնելու ոչ միայն սպառնալիքներու, այլեւ գործողութիւններու տարափին տակ Պէյրութ կը հրաւիրուի բանակցելու: Բանակցութեան հրաւիրողը Ուաշինկթընն է, որ սկզբունքով յորդորած էր Իսրայէլին Պէյրութը չհարուածելու եւ որ հրադադարի համաձայնութեան ուղղութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու դիմած էր:
Այս իրադրութիւնները կը յուշեն, որ Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած ընդլայնուած գօտիի վերահսկողութենէն ետք է միայն, որ հրադադարի շուրջ համաձայնութիւն առարկայացնելու դրսեւորումներ պիտի ըլլան: Իսկ Իրան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ ձգձգումներն ու առկախումները ըստ էութեան նպաստաւոր են ժամանակ տալու Իսրայէլին` իր լիբանանեան ծրագիրը լրումին հասցնելու: Դէմք փրկելու նպատակով Իսրայէլ կրնայ ձեռնարկել Լիբանանի մէջ նոր մարտավարութեամբ յատկանշուող գործողութիւններու:
Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուէր թէժացումներու նոր տարողութիւնը Լիբանանի մէջ: Երէկ գիշեր իրավիճակը փոխուեցաւ։ Պէյրութի դէմ յարձակումներուն սպառնալիքներուն Թէհրան պատասխանեց հիւսիսային Իսրայէլը հրթիռակոծելու սպառնալիքով։ Ամերիկեան միջնորդութիւնը աշխուժացաւ եւ յայտարարուեցաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է լիբանանեան մասով կրակը դադրեցնելու։ Այս համաձայնութեան կիրարկելիութիւնը կրնայ տարակուսելի ըլլալ։ Համաձայնութիւնը կը յարգուի, եթէ Ուաշինկթըն իսկապէս պահանջէ Իսրայէլէն դադրեցնելու կրակը։ Յամենայնդէպս թէժացում-համաձայնութիւն երեւոյթը կապ ունի Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Իսրայէլ-Լիբանան բանակցային գործընթացին հետ։
«Ա.»
«Ազդակ.»
