Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մատնուած
04 Հունիս 2026
Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակի պակասին, իշխանութեան հիմնական հերոսի արտառոց վարուելակերպին մասին, որուն դէմ ժամանակին իր ուղղութեամբ պարզուած դեղին քարտը դիւրութեամբ եւ բացարձակ իրաւունքով կարելի էր ներկել կարմիրով, եւ խաղէն դուրս շպրտել բարձրաստիճան օրինազանցը, որ բազմիցս ոտնակոխ ըրած էր ամէն տեսակի օրէնքները, թէ՛ սահմանադրական, թէ՛ քրէական-իրաւական, թէ՛ մանաւանդ բարոյակա՛ն օրէնքները, եւ այս՝ իր աւելի քան ութամեայ զաւեշտաողբերգական ամբողջ պաշտօնավարութեան ընթացքին: Այդ գործունէութեան համար կարելի պիտի ըլլայ հատորներ հրապարակել իբրեւ դասագիրք քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքներու, կիրարկելով ժխտական մանկավարժութեան մեթոտ մը, որով ուսանողները կը սորվին չընել ամէն ինչ, ինչ որ մեր հերոսը ըրած է ութամեակի տեւողութեան. ի հարկէ, նաեւ՝ ատկէ առաջ (մարտ 1 եւ այլն), յուսալով, որ շուտով կը վերջանայ հայութեան ներկայ մղձաւանջը: Առանց այդ վերջաւորութեան կասկածէ վեր է, որ վատ երազը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ հայկական տեսակի շարունակական տկարացման, չըսելու համար՝ անոր արագ անէացման հայրենի հողին վրայ:
Պէտք է լրջօրէն մատնանշել, որ նախընտրական պայքարի ընթացքին բաւարար չխօսուեցաւ իշխանութիւններու այն կոպիտ, ակնյայտօրէն կամաւոր ձգձգումներուն մասին, որոնք արգելք հանդիսացան 44-օրեայ պատերազմի Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթի լայն ու խորքային քննարկման, որ պիտի ճշդէր պարտութեան պատճառները, պատասխանատոււներու ինքնութիւնը, եւ պիտի պահանջուէր գէթ գլխաւոր պատասխանատուներու հաշուետուութիւնը: Դատելով իր ատենին բարձրաստիճան փոքրաթիւ զինուորականներու կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութիւններէն ռազմական գործողութիւններու մասին, այդ պատասխանատուութիւնը ոմանց պարագային կրնար առաջնորդել մինչեւ պարտութեան մէջ կամաւոր մեղսակցութիւն. մանաւանդ որ մեր գերագոյն հերոսը նոյնիսկ Սարտարապատը ոգեկոչելով չվարանեցաւ մեզի երաշխաւորելու, թէ պարտութեան պարագային իսկ մենք յաղթական կրնանք զգալ:
Յամենայն դէպս բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ինք պատերազմի աւարտէն եւ մինչեւ այսօր յաղթական կը զգայ: Այդ պատճառով ալ զարմանալի է, որ Ազգային ժողովի պաշտօնավարութեան երկար ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցաւ յանձնաժողովային աշխատանքը, իսկ արդիւնքը գաղտնի կը պահուի նոյնիսկ յանձնաժողովի կարգ մը անդամներէն, որոնք անբաղձալի են մեր գլխաւոր հերոսին եւ իր շրջապատին: Կը կարծեմ, որ տարրական հոտառութիւն ունեցող ոեւէ պարկեշտ հանրային դատախազ ու դատաւոր վստահութեան մօտեցող հաւանականութեամբ պիտի մատնանշէր պարտութեան տեսքով ներկայացած մեր մեծ յաղթանակին հայ մէկ ու միակ շահառուին ինքնութիւնը եւ իր կողքին՝ բնականաբար Իլհամ Ալիեւէն մինչեւ Զիա Կէօքալփ երկար շքախումբը: Պարկեշտ ու կարող դատախազի եւ դատաւորի բացակայութեան կարելի է հայութեան ապրած ներկայ աղէտը առաջնորդած պատասխանատուներուն առայժմ ու առնուազն զլանալ իրենց պաշտօնի տեւողութեան վերանորոգումը, որպէսզի չնոյնանան դահիճն ու դատաւորը: Այլապէս միջազգային բեմին վրայ, կամայ թէ ակամայ, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ազգովին ծաղրի առարկայ կը դառնանք:
Յաջորդ կիրակի օրուան ընտրութիւնները վերջին առիթն են առանց նուազագոյն խղճի խայթի բարձրացնելու կարմիր քարտը:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Աթէնք, 3 յունիս 2026
