Վճռորոշ Ընտրութեան Սեմին
03 Հունիս 2026
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն մեզ կը բաժնեն քանի մը օրեր: Ընտրարշաւը հետզհետէ աւելի բուռն կը դառնայ: Ընտրարշաւը կ՛աւարտի ուրբաթ, 5 յունիսի կէս գիշերին: Շաբաթ, 6 յունիսը լռութեան օր է, քուէարկութիւնը կը կատարուի կիրակի, 7 յունիսին:
Ազգային ժողովի ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ համամասնական կարգով: Խորհրդարան մուտք կը գործեն ընտրական այն ցուցակները, որոնք, ըստ ընտրական օրէնքին, կը թեւակոխեն ընտրական շեմը: Ընտրական շեմը կուսակցութիւններու համար 4 առ հարիւր է, երկու կամ երեք կուսակցութիւններու դաշինքին համար` 8 առ հարիւր, երեքէն աւելի դաշինքին համար` 10 առ հարիւր:
Հայաստանի գրանցուած 123 կուսակցութիւններէն ընտրութեան կը մասնակցին շուրջ քսանը. առանձին մասնակցող կուսակցութիւնները 17-ն են (Ալեանս կուսակցութեան քաշուելով` 16), դաշինքները 2 հատ են. «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները: Թիւով 19 (այժմ` 18) ցուցակներ պիտի պայքարին խորհրդարանի 101 աթոռներուն տիրանալու համար: Ազգային ժողովի անդամներուն թիւը կրնայ գերազանցել 101-ը որոշ պայմաններով. ազգային փոքրամասնութիւններու անդամներու յաւելումով եւ առնուազն երեք խմբակցութիւններու առկայութեան գոհացումով: Ներկայ Ազգային ժողովը ունի 107 պատգամաւոր. Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը մուտք գործեց Ազգային ժողով, առանց անցման շեմը թեւակոխած ըլլալու:
Ուրիշ առանձնայատկութիւն է կայուն մեծամասնութեան ապահովումը: Ընտրական շեմը յաղթահարած խմբաւորումներուն ստացած ձայներուն գումարը նկատի ունենալով իբրեւ 100 առ հարիւր, կը կատարուի պատգամաւորական տեղերու բաշխումը: Ընտրական շեմը չյաղթահարած խմբակցութիւնները կը նկատուին… ընտրութեան չմասնակցած: Այս երեւոյթն է, որ կը նկատուի ձայներու փոշիացում:
Եթէ առանձին խմբաւորում մը կամ ընտրուած խմբաւորումներու դաշինք մը Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունենայ, անիկա իրաւունք կը ստանայ վարչապետի անուն առաջարկելու եւ կառավարութիւն կազմելու: Այլապէս, եթէ մեծամասնութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել, կը կազմակերպուի ընտրութեան երկրորդ փուլ, կրկին բոլորին մասնակցութեամբ եւ նոր դաշինքներու կազմութեան հնարաւորութեամբ:
Յաճախ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ արդիւնքի պիտի յանգի 7 յունիսի ընտրութիւնը: 19-էն 21 մայիսին Gallup ընկերութեան կատարած հարցախոյզը կը նախատեսէ հինգ խմբաւորումներու մուտքը Ազգային ժողով. Քաղաքացիական պայմանագիր (28,8%), «Ուժեղ Հայաստան» (14,9%), «Հայաստան» դաշինք (12,1%), Բարգաւաճ Հայաստան (8,7 %), եւ Միասնութեան թեւեր (5,8%): Ասոնք միասնաբար կը գոյացնեն 70,3%: Ընտրողներուն 12,4%-ը չէր կողմնորոշուած, իսկ ընտրական շեմը չյաղթահարող ուժերու ձայներուն գումարը 17,3% է: Այս թիւերը բնականաբար կրնան փոխուիլ: Մէկ բան յստակ է. հարցախոյզի թուականին ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ձայներուն գումարը լայնօրէն կը գերազանցէ Քաղաքացիական պայմանագրի ձայները:
Իշխանութիւնները մեծ ճիգ կը թափեն ապահովելու համար իրենց վերարտադրութիւնը: Ընդդիմադիրները կ՛որակուին դաւաճան, օտարի շահերը սպասարկող, նիւթական միջոցներով ձայն գնող եւ այլն: Սպառնալիքներ կը կատարուին, խուզարկութիւններ տեղի կ՛ունենան, ձերբակալութիւններ եւ կալանաւորումներ կը կատարուին: Ընտրարշաւը քիչ քաղաքական հարցերու շուրջ բանավէճերով կը յատկանշուի: Ինչպէս միշտ, իշխող կուսակցութիւնը եւ անոր ղեկավարը ընտրողներու ուշադրութիւնը կը շեղեն դէպի հակառակորդներու կարծեցեալ թերութիւնները եւ անոնց սխալները, մինչեւ լրտեսութիւն եւ ազգային դաւաճանութիւն: Երբ նմանատիպ պատասխան կը ստանան, կը դիմեն ոստիկանական բռնութեան եւ բռնադատման:
Հայաստանի քաղաքական ապագային համար վճռորոշ նշանակութիւն ունին այս ընտրութիւնները: Պարտութեան թմբիրէն զարթնող քաղաքացիները, խուռներամ մասնակցելով ընտրութեան, պիտի վճռեն Հայաստանի քաղաքական ուղղութիւնը յառաջիկայ տարիներուն համար:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
