Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքուի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ
01 Հունիս 2026 «Լեպանոն Տիպէյթ» կայքի պատկանող «Ռետ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին ու արտաքին առնչութիւններուն: Հարցերը հիմնականին մէջ կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յաճախակի յարձակումներուն, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի հաւանականութեան եւ արտաքին կողմերու միջնորդական դերին վրայ: Արտաքին ճակատին վրայ առանցքային հարց էր` Իրան-Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ պատերազմն ու անոր հետեւանքները Լիբանանի կայունութեան վրայ:Ստորեւ սոյն հարցազրոյցին հիմնական կէտերը.-
Նախ եւ առաջ պատասխանելով իսրայէլեան ուժերու Պէյրութի թէ հարաւային Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումներուն վերաբերող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այս առաջին անգամը չէ, անցեալին ալ Իսրայէլ յարձակած ու ներխուժած էր Լիբանանի զանազան շրջաններուն ուղղութեամբ, եւ զարմանալի չէ այն, ինչ որ ներկայիս կը կատարուի, որովհետեւ այդ մէկը Իսրայէլի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ: «Սակայն այս հարցը պէտք է աւելի լայն ու համատարած պարունակին մէջ նկատի ունենալ, ուր Իսրայէլ օգտուելով շրջանային, արտաքին պայմաններէն` նպատակայարմար կը նկատէ ներկայիս շարունակել իր յարձակումները` իբրեւ ճնշումի միջոց:
Այս գծով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հարցադրումներ արծարծեց «միջնորդ»-ի բնոյթին եւ դերին գծով` ընդգծելով, որ միջնորդը պէտք է չէզոք ըլլայ, ինչ որ այս պարագային այդպէս չէ: Աւելի՛ն, երեսփոխան Բագրատունի հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են մարդկային իրաւանց պաշտպանները, եթէ խաղաղութեան ենթահողի նախապատրաստութեան պիտակին տակ տարածքներ պիտի աւերուին ու ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան սպառնալիքի վտանգին պիտի ենթարկուի: Այս մթնոլորտին մէջ Դիմադրութեան մարտիկներուն մղած հակազդեցութեան պայքարին ակնարկելով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յստակօրէն բնութագրեց դիմադրութեան մը դերը, որ կ՛առաջադրէ հակազդել ու պայքարիլ օտար լուծին դէմ:
«Իբրեւ դիմադրող յեղափոխական կուսակցութեան անդամ` կը զօրակցիմ Դիմադրութեան մղած հայրենիքի պաշտպանութեան թէ ինքնապաշտպանութեան պայքարին»: «Յանցագործը տունդ մտեր է, ընտանիքդ ջարդելու եւ հողերդ գրաւելու կը միտի, բնական է, որ չես կրնար ձեռնածալ մնալ», նշեց երեսփոխան Բագրատունի եւ դիտել տուաւ, թէ դիմադրութեան ապազինումով հարցը չի փակուիր, պատերազմը չի դադրիր` ընդգծելով, որ Իսրայէլի թիրախը Լիբանանի մէջ բազմակողմանի բնոյթ ունի` քաղաքականէն մինչեւ ապահովական, տնտեսական, մշակութային եւ այլն: Լիբանանի դէմ պատերազմի շարունակման հաւանականութեան վերաբերող հարցումի մը անդրադառնալով Բագրատունի յայտնեց, որ ինք անհաւանական չի նկատեր իսրայէլեան նոր «խենթութիւն» մը այս առումով: Ան թելադրեց դասեր քաղել անցեալի փորձութիւններէն: «Իսրայէլի պահանջը խաղաղութիւն չէ, այլ` յանձնատուութիւն», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Շրջանին մէջ ընդհանուր խաղաղութեան հաստատման անդրադառնալով երեսփոխան Բագրատունի ատիկա հաւանական նկատեց զինադուլի կնքումին եւ Հորմուզի նեղուցին գծով հասկացողութեան յանգելու պարագային ինչ որ խաղաղութեան նոր փուլ թեւակոխելու յոյսերը կ՛ամրագրէ: Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ հակառակ Հըզպալլայի դիմադրութեան յարձակումները կը շարունակուին, «ուրեմն դիւանագիտութեամբ պէտք է փորձենք լուծում գտնել ու այս վերջինի ձախողութիւնը պէտք չէ յուսալքէ, որովհետեւ միշտ ալ միջոցներ ու միջնորդներ կը գտնուին կացութիւնը հարթելու եւ խաղաղութեան յանգելու գծով», ընդգծեց Բագրատունի:
Ներքին ճակատի վրայ միջիշխանութեան յարաբերութեան անդրադառնալով Բագրատունի յայտնեց, որ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ` դրուատելով նախագահ Ժոզեֆ Աունի խիզախ կեցուածքը `լիբանանեան գերիշխանութեան ամրագրման եւ հիմնական սկզբունքներու պահպանման գծով, գերիներու ազատ արձակումէն մինչեւ լիբանանեան տարածքներէն հեռանալու եւ խաղաղութեան հաստատման գծով:
«Թշնամիին հետ ձեռք սեղմելու պատկերին դիմաց բնական է կ՛ընդվզիմ այնպէս, ինչպէս իբրեւ հայ կ՛ընդվզիմ, երբ տեսնեմ հայազգի պատասխանատու մը, որ կը սեղմէ թուրքին ձեռքը խաղաղութեան պատրանքին համոզումով»: Բագրատունի դէմ արտայայտուեցաւ Հըզպալլան ապազինելու միտումով լիբանանեան բանակին մէջ յատուկ ջոկատ կամ ջոկատներ կազմելու գաղափարին, որ կրնայ երկպառակութիւն ստեղծել բանակին մէջ: Բագրատունի նաեւ դէմ արտայայտուեցաւ «Քարտ Հասան» դրամավարկի հաստատութեան փակման որոշումին` նկատի ունենալով անոր ընկերային բնոյթը եւ յիշեցնելով, որ Լիբանանի մէջ այլ համայնքներ եւս ունին դրամավարկի նմանօրինակ հաստատութիւններ` ժողովուրդի կարիքաւորներուն օգնելու համար: «Թող պետութիւնը իր դերը կատարէ, որպէսզի համայնքները ստիպուած չըլլան նման կառոյցներու կազմութեան դիմելու», դիտել տուաւ Բագրատունի:
«Ներկայիս շահ չկայ կառավարութեան փոփոխութեան քայլին դիմելու», յայտնեց Բագրատունի` նշելով, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բարեկամ է ու տակաւին ժամանակ կայ վճռելու կառավարութեան գործելաոճի քննարկման գծով:
Արտաքին ճակատի վրայ պատերազմի շարունակման հաւանականութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անհաւանական նկատեց մօտերս խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը` նշելով, որ հարցը միայն Իրանի հիւլէական թղթածրարը չէ, կան այլ հարցեր եւս, ինչպէս` Հորմուզի նեղուցը եւ այլն:
Աւարտին երեսփոխան Բագրատունի իր մտավախութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ յանգին այնպիսի համաձայնութեան, որ կատարուած իրողութեան առջեւ դնեն միւսները, եւ «չկարենանք բան մը փոխել»:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի առիթէն օգտուելով լիբանանցիները, յատկապէս` իսլամները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով:
