ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Քաղաքացիին «Ո՛չ»-ը

04 Հունիս 2026 Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը այլեւս դժուար է մեկնաբանել որպէս սովորական իշխանութիւն–ընդդիմութիւն մրցակցութիւն կամ հերթական ընտրապայքար։ Անվտանգային անորոշութեան, տարածքային եւ ինքնիշխանական հարցերու սրացման պայմաններուն մէջ՝ քաղաքացին կը գտնուի շատ աւելի խորքային ընտրանքի մը առջեւ։ Ուստի, Յունիս 7-ի ընտրութիւնները սոսկ իշխանափոխութեան պահ մը չեն․ խնդիրը միայն այն չէ, թէ ո՞ր ուժը պիտի ղեկավարէ երկիրը, այլ՝ թէ ի՞նչ որակի եւ արժէքային հիմքերու վրայ կանգնած պետութիւն պիտի կազմաւորուի, որքանո՞վ ան պիտի արտացոլացնէ ազգային արժէքներու, պետական արժանապատուութեան եւ համազգային ուղղուածութիւն ունեցող տեսլականի գիտակցութիւնը, եւ ընտրական գործընթացը որքանո՞վ պիտի նպաստէ ժողովրդավարական վերահսկողութեան, հաշուետուութեան ու հաստատութիւններու ամրապնդման՝ ի խնդիր աւելի վստահելի, համախմբուած եւ հեռանկարային հաւաքական ապագայի կառուցման։

Վերջին տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարութեան թուլացումը հազուադէպօրէն կ՚ըլլայ յանկարծակի կամ բացայայտ կերպով։ Աւելի յաճախ, ան կը յառաջանայ աստիճանաբար ու աննշմարելիօրէն․ երբ Ազգային ժողովը կը նահանջէ գործադիրը վերահսկելու իր հիմնական դերակատարութենէն, երբ դատական անկախութեան շուրջ կասկածները կը խորանան, եւ երբ իրաւապահ մարմինները սկսին ընկալուիլ որպէս ընտրողաբար կիրարկուող գործիքներ։ Այս պարագային վտանգը միայն սահմանադրական սկզբունքներու խախտումը չէ, այլեւ՝ քաղաքացիին վստահութեան դանդաղ, բայց խորքային քայքայումը սեփական պետութեան հանդէպ։ Երբ հաստատութիւնները կը հեռանան հանրային շահի ծառայութենէն, խոցելի կը դառնայ նաեւ այն արժէքային հիմքը, որ պէտք է սնուցանէ պետական կեցուածքն ու համազգային նպատակաուղղուածութիւնը:

Այս իրականութիւնը անխուսափելիօրէն քաղաքացիին կը մղէ վերաիմաստաւորելու պետութեան դերը։ Պետութիւնը քաղաքացիին համար պարզապէս վարչական ծառայութիւն մատակարարող կառոյց մը չէ․ ան ազգային ինքնութեան, հանրային արժանապատուութեան, պատմական շարունակականութեան եւ հաւաքական ապագայի խորհրդանիշն է։ Աւելին, ան պէտք է մարմնաւորէ այն համազգային տեսլականը, որ կը միաւորէ Հայաստանի քաղաքացին եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ ի խնդիր երկարաժամկէտ կայունութեան ու գոյատեւման։ Ուստի ընտրութեան պահուն քաղաքացին ինքնաբերաբար կը կշռադատէ ոչ միայն տնտեսական խոստումները կամ անվտանգային յայտարարութիւնները, այլ նաեւ այն, թէ արդեօք բարձրագոյն պաշտօն վարողները՝ իրենց վարքով, լեզուով եւ պետական մտածողութեամբ, կը ներշնչե՞ն վստահութիւն, յարգանք եւ ազգային հպարտութիւն։ Քաղաքացին կ՚ուզէ տեսնել ղեկավարութիւն մը, որուն մէջ կը գտնէ ոչ միայն իշխանութիւն, այլեւ՝ արժանապատիւ պետական ներկայացուցչութիւն եւ հանրային վստահութիւն ներշնչող ազգային ուղղուածութիւն։

Միաժամանակ, սակայն, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ Հայաստանի մէջ ընտրական վարքը յաճախ կը ձեւաւորուի տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումներու ազդեցութեան տակ։ Գործազրկութեան երկիւղը, տնտեսական կախուածութիւնը, համակարգին հետ ընդհարուելու կամ հալածանքի ենթարկուելու վախը իրական ազդակներ են, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ քաղաքացիին ընտրութեան վրայ։ Այսպիսի մթնոլորտի մէջ ընտրութիւնը երբեմն կը դադրի ազատ նախապատուութեան արտայայտութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի գոյատեւման ռազմավարութեան։ Սակայն, երբ կարճաժամկէտ անապահովութիւնները կը գերակշռեն հանրային կեանքին մէջ, վտանգ կը ստեղծուի, որ հասարակութիւնը աստիճանաբար հեռանայ այն համազգային հեռանկարներէն, որոնք անհրաժեշտ են պետական կայունութեան, արժէքային համախմբման եւ երկարաժամկէտ զարգացման համար։

Այդուհանդերձ, Հայաստանի ապագայի տեսանկիւնէն կը ծագի հիմնական հարցում մը․ քաղաքացիին ընտրութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է թելադրուի՞ կարճաժամկէտ վախերով եւ անձնական անապահովութեամբ, թէ՞ գոյութիւն ունի այն սահմանային պահը, երբ ան կը սկսի կշռադատել պետականութեան, ազգային ինքնահաւատի եւ համազգային պատասխանատուութեան եւ հաւաքական ապագայի ծանրութիւնը։ Երբ քաղաքացին կը զգայ, թէ հաստատութիւնները կը հեռանան հանրային շահէն, պետական պաշտօնը կը կորսնցնէ իր բարոյական հեղինակութիւնը, կամ ազգային առաջնահերթութիւնները կը սկսին զիջիլ օրապահիկ քաղաքական հաշիւներու, անխուսափելիօրէն կը ծագի վստահութեան ճգնաժամ մը։ Այսպիսի պայմաններու մէջ ժողովրդավար հասարակութեան կենսունակութիւնը կը չափուի այն կարողութեամբ, որով քաղաքացին՝ խաղաղ, գիտակից եւ ընտրական միջոցներով, կ՚արտայայտէ իր սահմանագիծը։ Այդ սահմանագիծը կը դրսեւորուի հանրային «Ո՛չ»-ով՝ ուղղուած այն ընթացքներուն, որոնք իր ընկալումով կը խաթարեն պետութեան արժէքային հիմքերը, ազգային արժանապատուութիւնն ու համազգային ապագայի հեռանկարը։

Այս «Ո՛չ»-ը, սակայն, պէտք չէ հասկնալ որպէս զգացական մերժում կամ պարզ քաղաքական հակազդեցութիւն։ Ան քաղաքացիական հասունութեան արտայայտութիւն է՝ հիմնուած այն գիտակցութեան վրայ, որ քաղաքացին միայն ընտրող չէ, այլեւ՝ պետականութեան բարոյական համասեփականատէր եւ հաւաքական ճակատագրի մասնակից։ Այս իմաստով, հանրային «Ո՛չ»-ը կրնայ դառնալ ոչ միայն մերժում, այլեւ արժէքային վերահաստատում՝ յօգուտ այնպիսի պետական մշակոյթի մը, որ հիմնուած է հաշուետուութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, պետական բարոյական հեղինակութեան եւ համազգային նպատակաուղղուածութեան վրայ։ Ի վերջոյ, պետութեան ամրութիւնը կը հենի այն հաւաքական համոզումին վրայ, թէ պետականութիւնը արժանի է յարգանքի, հպարտութեան եւ պաշտպանութեան։ Իսկ երբ քաղաքացին կը դադրի այդ զգացումը ունենալէ, վտանգի տակ կը դրուի ոչ միայն իշխանութեան իրաւազօրութիւնը, այլեւ՝ Հայաստանի պետականութեան ներքին բարոյահոգեբանական հիմքը եւ անոր երկարաժամկէտ համախմբող կարողութիւնը։

Այնուամենայնիւ, պէտք չէ մտահան ընել, որ ընտրական արդիւնքները ինքնին չեն լուծեր վստահելիութեան ճգնաժամերը, եթէ անոնց չհետեւին հաստատութենական վերակազմակերպում, հասարակական համախմբում եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական տեսլականի յստակեցում։ Պետութեան կայունութիւնը միայն ընտրական օրինականութեամբ չի պայմանաւորուիր․ ան կը հենուի նաեւ այն կարողութեան վրայ, որով պետական կառոյցները կը վերականգնեն հանրային վստահութիւնը, կը ծառայեն ընդհանուր շահին եւ կը մարմնաւորեն ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պատասխանատու պետական մշակոյթ մը։ Այս իմաստով, Հայաստանի ապագան կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական վերադասաւորում, այլեւ համազգային ուղղուածութիւն ունեցող մտածողութիւն մը, որ կրնայ համադրել անվտանգութիւնը, տնտեսական դիմադրողականութիւնը, պետական արժանապատուութիւնն ու ազգային միասնականութեան վերակերտումը։

Հետեւաբար, Յունիս 7-ի ընտրութիւնները աւելի ճիշդ է դիտարկել որպէս ազգային վերաիմաստաւորման գործընթացի կարեւոր հանգոյց մը, այլ ոչ՝ վերջնական հանգրուան։ Հայ ընտրողին առջեւ այսօր կանգնած է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ պատմական ընտրութիւն մը՝ գերազանցելու կարճաժամկէտ մտահոգութիւնները եւ վերասահմանելու պետութեան ու հանրութեան փոխյարաբերութիւնը՝ հիմնուած պետական որակի, հանրային բարոյականութեան, ազգային արժէքներու եւ համազգային ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեան վրայ։ Ի վերջոյ, պետութեան ամրութիւնը կախեալ է ոչ միայն ընտրութիւններէն կամ հաստատութիւններէն, այլեւ այն հաւաքական գիտակցութենէն, որով Հայաստանը կը պատկերացուի որպէս ազգային արժանապատուութեան, համազգային տեսլականի եւ հաւաքական հաւատքի շուրջ համախմբուած քաղաքական ու բարոյական նախագիծ մը։

Մուրատ Մանուկեան
Հայրենիք

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակի» մայիսի համարը։ 2026 թ․մայիսը անհանգիստ, եթե

04 Հունիս 2026
Մենք ենք որոշում մեր ճակատագիրն ու մեր

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանը հանդես է եկել

04 Հունիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի ասուլիսը ընտրախախտո

Այսօր՝ հունիսի 4-ին «Հայաստան» դաշինքի կենտրոնական շտաբում տեղի է ունեցել ը

04 Հունիս 2026
Քաղաքացիին «Ո՛չ»-ը

Այս իրականութիւնը անխուսափելիօրէն քաղաքացիին կը մղէ վերաիմաստաւորելու պետութեա

04 Հունիս 2026
Գլխաւոր Խայտառակութիւնը՝ Մոռացութեան Մ

Հայաստանի ընտրապայքարը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Բաւական խօսուեցաւ անոր որակ

04 Հունիս 2026
Նպատակը՝ երկրի ուղղութիւնը ճիշտ ուղի վ

- Պրն. Դանիէլեան, սկսենք հիմնական հարցից. որպէս քաղաքական մեծ փորձ ունեցող կու

03 Հունիս 2026
Ընկերական Զրոյց. Առողջ Քննադատութիւնը

Դաշնակցութեան անցեալի եւ ներկայի ընդդիմախօսները ու նաե՛ւ «երդուեալ» հակադաշնակ

03 Հունիս 2026
Խմբագրական. Պոֆորէն Ստեփանակերտի Ս. Աս

Իսրայէլի գործած յարձակումներուն թիրախ դարձած Պոֆորի ամրոցը, դատապարտումի առում

03 Հունիս 2026
Վճռորոշ Ընտրութեան Սեմին

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն մեզ կը բաժնեն քանի մը

03 Հունիս 2026
Այսօր առաջնային է, հայրենիքի թէ սփիւռք

Ինչքան ողջունելի է սերունդներու դաստիարակութիւնը՝ հայրենիքի անկախութեան կարեւո

03 Հունիս 2026
Ռուսաստանը, ԱՄՆ-ը և ԵՄ-ը չպետք է միջամ

Որևէ օտարերկրյա պետություն չպետք է միջամտի անկախ և ինքնիշխան Հայաստանի ներքին

02 Հունիս 2026
Փաշինյանի իմացությամբ 2020-ին ՊՆ նախար

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամավորի թեկնածու Գեղամ Մանուկյա

02 Հունիս 2026
Խուզարկություններ՝ «Հայաստան» դաշինքի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան Սա

02 Հունիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան ան

02 Հունիս 2026
Ակնարկ. Միջանկեալ Թէժ Փուլ` Լիբանանի Մ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան 60-օրեայ հրադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւնները երե

02 Հունիս 2026
Հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած Մայիս

Կիրակի, 31 Մայիսին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սո

01 Հունիս 2026
Հաւանական Չէ, Որ Մօտերս Խաղաղութեան Հա

Նախ եւ առաջ պատասխանելով իսրայէլեան ուժերու Պէյրութի թէ հարաւային Լիբանանի վրա

01 Հունիս 2026
Տեր կանգնենք մեր երկրին. «Հայաստան» դ

Այսօր՝ մայիսի 31-ին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մ

31 Մայիս 2026
Հայաստանը պետք է ապրի

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

31 Մայիս 2026
Վերելքի Յոյսե՞ր

Հասարակութիւններու փափաքները, գիտակցաբար կամ ոչ, կը գոյանան կեանքի առարկայական

31 Մայիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company