Հրատապ օրը․․․
05 Հունիս 2026
Այդպէս կարելի բնորոշել 7 Յունիս 2026 թուականը, որ պիտի տարբերի նախորդներէն։ Արդարեւ, 1991-էն ի վեր Հայաստանի ընտրութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացած են անհատներու շուրջ։
Մինչդեռ, այս շաբաթավերջի ընտրութիւններուն պարզուած պատկերը տարբեր է։ Անձի մը ստեղծած, կամ ստեղծելիք շուքը հետզհետէ սկսած է պակսիլ։ Պատճա՞ռ, հաւանաբար հետզհետէ յստակ դարձած է, թէ երկիրն ու իր ապագան շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ են, քան գնայուն անձ-ղեկավարը։ Այս մէկը, շատ աւելի բացայայտ կը թուի, մանաւանդ երբ հայրենիքն ու իր ազգային անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր գերադասող եւ այդ գծով, իսկապէս շնորհք՝ քարիզմա ունեցող անձը գոյութիւն չունի։
Անցած է, այդ Մայիս 2018-ի ստեղծուած «դուխով»-ն ու իր կերտած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը։ Այսպէս, անոնք ալ հիներու շարքին անցած նորեր են եւ նախկին սեւերուն բաղդատ(ու)ած, նոյնքան ածխացած սպիտակներ են։
Յատկապէս ընտրարշաւի տաք օրերուն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործելաձեւն ու անբարունակ արտայայտութիւնները հարցադրումի տակ առին, ո՛չ թէ իր կարողութիւնն ու կարողականութիւնը, այլ պարզ ու մեկին անոր տրամաբանութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը։ Նոյնիսկ, հետեւելով իր խօսքերուն, արտայայտութիւններուն, բոլորովին հակասող յայտարարութիւններուն տեղն պիտի ըլլայ եզրակացնել, թէ ինչպէ՞ս նմանօրինակ անհաւասարակշիռ մը ցարդ կառչած կը մնայ աթոռին։
Այրած սրտի մխիթարանք պիտի ըլլայ, եթէ կարկինը լայնցնելով, գոհանանք, նշելով, թէ այս օրերուն աշխարհին մէջ ամէն բան կարելի է, յատկապէս երբ հզօր Ա․Մ․Ն․-ի Սպիտակ Տան ներկայ վարձակալն ալ կը ղեկավարուի շատ աւելի տաղանդաւոր անհաւասարակշիռով մը, որ ի միջի այլոց պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը կատարելով, գրանցած է 19 Բաղրամեանի ներկայ վարձակալը։
Նախագահ Թրամփի համար, այդ հասցէն Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ կը գտնուի, թէ Ալպանիոյ մայրաքաղաք՝ Թիրանայի մէջ, այդ մէկը գէթ, նոյնինքն Թրամփի համար, նոյնքան երկրորդական է, որքան հազարաւոր անմեղներու մահը՝ Կազայի կամ Լիբանանի մէջ։
Եւրոմիութիւնն ալ Ուքրայինայի ստեղծած թնճուկին դէմ պայքարելու համար, թիկունք կը կանգնի ներկայ «հինցած» փաշինեանական հոսանքին։ Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ էր, որ դիտմամբ․․․ այս խորհրդարանական ընտրութիւններէն գրեթէ ամիս մը առաջ, Մայիս 4-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ եւրոպական համայնքի վեհաժողովը, ուր հայրենի մայրաքաղաք ժամանած կարեւորագոյն դէմքերէն՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն, հակառակ գերզբաղ ըլլալուն, առիթ ստեղծած էր իր օրական երկար վազքը կատարելու, սակայն երբեք չէր ունեցած մտայղացումն ու փրոթոքոլային պարտականութիւնը՝ այցելելու Էջմիածին։
Հոս, տեղին է նշել, թէ Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Արեւմուտքը միակամ չէր․ Թրամփ գրանցած էր պարտեալ՝ Օրպանը, իսկ Եւրոմիութիւնը մօտէն գործակցած էր յաղթական Փեթըր Մաճիարին հետ։
Թէ՛ Պաքուն եւ թէ՛ Անգարան անուղղակիօրէն զօրակցութիւն կը յայտնեն իրենց հլու կամակատար, ներկայ վարչապետին։
Ներքին լծակները օգտագործելով եւ արեւմուտքէն հոսող նիւթական օժանդակութիւնները մսխելով, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, կը շարունակէ պնդել, թէ Հայաստանը պէտք է հրաժարի անցեալի ձախողած արեւելամէտ պատկերացումներէն եւ կառուցէ արդիական պետութիւն մը, որ սերտօրէն կը գործակցի արեւմուտքին հետ։ Յստակ է, որ Եւրոմիութեան եւ Ա․Մ․Ն․-ի հետ սերտ յարաբերութիւններով, Փաշինեան կը փորձէ ամէն գնով հեռանալ Ռուսիայէն, որ հետզհետէ սկսած է տնտեսական սեղմումներ կատարել, որոնք հետզհետէ սաստկանալով կրնան լուրջ տագնապ մը ստեղծել։ Շարունակ տեղի տալով ազերի-թուրք «թանտեմ»-ին դիմաց, բոլորովին մոռնալով Արցախն ու իր ժառանգութիւնը․․․եւ խաղաղութիւն քարոզելով, Փաշինեան շատո՜նց անցած է ազգային անվտանգութեան պահպանման կարմիր գիծը, որ կը ներառէ միջերկրեայ «անքլաւ»-ներն ու Պաքուի շեշտած 300 հազար ազերիներու վերաբնակեցումը։
Ընդդիմութեան զանազան հոսանքները, մեծամասնութեամբ կը քննադատեն, ՔՊ-ական ներկայ միամիտ, դիւրահաւան եւ յանձնուողական քաղաքականութիւնը, յատկապէս շեշտելով Արցախի կորուստն ու բնակչութեան բռնի տեղահանումը, Ատրպէյճանի (․․․եւ Թուրքիոյ) հետ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ շարունակուող միակողմանի բանակցութիւնները, դէպի արեւմուտք թոքումի մտահոգութիւնները մէկդի դրած, յատկապէս դիւանագիտական եւ պաշտպանողական ոլորտէն ներս ստեղծուած պարապութիւնը եւ իսկական ահազանգային հարցը՝ սահմանադրական բարեփոխումներու եւ ազգային ինքնութեան վերաբերեալ թնճուկը։
Գլխաւորութեամբ «Հայաստան» դաշինքի եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի, ընդդիմութիւնը կը շեշտէ, թէ գոյաբանական նշանակութիւն ունեցող պայքար մըն է, որ կը մղուի, եւ սխալ ընտրութեան, այսինքն Փաշինեանի վերընտրութեան պարագային, Հայաստանի ապագան կրնայ վտանգուիլ։
Այդ պատճառով, ընդհանրապէս քննարկումները յաճախ կեդրոնացան ազգային սպառնալիքներու շուրջ, մասամբ մը մոռցնել տալով կրթութեան, առողջապահութեան եւ նոյնիսկ տնտեսական հարկային հարցեր։
Անկախ ընտրութիւններու արդիւնքէն, 7 Յունիսի քուէարկութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկայ տարիներու համար պիտի ձեւաւորէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութիւնը, արտաքին յարաբերութիւններն ու անվտանգային ռազմավարութիւնը։ Ընդդիմութիւնը միակամ գործելով, կրնայ շրջանցել, ամէնայն յանդգնութեամբ ներքին լծակները օգտագործող ՔՊ-ական ընտրողները եւ փրկել մեր վտանգուած հայրենիքը։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
