Խմբագրական. Աշխարհաքաղաքականութիւն Եւ Սահմանադրական Մեծամասնութիւն Չունենալու Իրականութիւն
10 Հունիս 2026
Միջազգային ընտանիքը քաղաքական եւ ոչ թէ իրաւական գնահատական կը շարունակէ տալ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ոչ միայն ամբողջ ընտրարշաւին, այլ նաեւ ընտրութեան եւ յետընտրական այս կարճ ժամանակամիջոցին տրուեցաւ աշխարհաքաղաքական բովանդակութիւն` Արեւմուտք ընդդէմ Ռուսիոյ դաշնութեան: Ընտրութիւններու նախօրեակին Եւրոպական գագաթնաժողովներու Երեւանի մէջ կազմակերպումը, Ֆրանսայի նախագահին պետական այցելութիւնը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կայծակնային այցելութիւնը, Ուքրանիոյ նախագահին Երեւանէն կատարած յայտարարութիւններուն ուղղակի սլաքները. տակաւին այս ամբողջ ժամանակահատուածին համաեւրոպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կատարած յայտարարութիւնները զօրակցելու Հայաստանին, որպէսզի ձերբազատի արտաքին խառնածին յարձակումներէն եւ թէ Եւրոպան Հայաստանի մէջ պիտի ընէ այն, ինչ որ ըրաւ Մոլտովայի մէջ, կ՛ընդգծէին շատ բացայայտ այս ընտրութիւններուն հաւաքական Արեւմուտքի ներգրաւուածութեան աննախադէպ աստիճանաչափին մասին:
Այս ամբողջը արտացոլաց նաեւ միջազգային մամուլին մէջ: Ընդդիմադիր թեկնածուները ներկայացուեցան իբրեւ Քրեմլինի թեկնածուներ, իսկ ընտրապայքարը ռուսական բռնաճնշամիջոցներէն ձերբազատելու պայքար, պահպանելու համար Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: Այս բոլորը իրենց համահունչ թարգմանութիւնը պիտի ունենային նաեւ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն մօտ:
Միջազգային ընտանիքը, համաեւրոպական կառոյցներն ու դիտորդական առաքելութիւնները չնկատեցին, աւելի ճիշդը չուզեցին նկատել, որ կատարուեցան`
– Ապօրինի գաղտնալսումներ եւ հրապարակումներ,
– Ձերբակալութիւններ եւ սպառնալիքներ,
– Հաշուառումներու համար հասցէներու օգտագործումներ,
– Վարչական լծակներու աղաղակող օգտագործում,
– Քուէներու հաշուարկի եւ պաշտօնական կայքի հրապարակումներու անհամապատասխանելիութիւն,
– Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական յայտարարութենէն շատ առաջ, գործող իշխանութեան կողմէ ընտրական յաղթանակի յայտարարութիւն:
Փաստօրէն, պաշտօնական յայտարարութենէն առաջ իսկ տարբեր պետութիւններու նախագահներ եւ վարչապետներ ձեռնարկեցին շնորհաւորական տարափի` կասկածի տեղ չձգելով կատարուած ընտրութիւններուն օրինականութեան:
Աշխարհաքաղաքական առանցք ունեցող այս վարքագիծը կը յուշէ, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան զօրակցելու շղարշին տակ պիտի թէժանայ այս արշաւը այցելութիւններով, նոր համաձայնագիրներով, նոր շրջափուլերով:
Կարեւոր է այստեղ յիշելը, որ մեծամասնական ուժը չունի սահմանադրական մեծամասնութիւն, ինչ որ լրջագոյն խոչընդոտ կ՛ըլլայ այս աշխարհաքաղաքականութեան ընդառաջ շրջադարձային որոշումներ կայացնելու, սահմանադրական փոփոխութիւններէն սկսեալ մինչեւ միջազգային կամ միջպետական միութիւններէ դուրս գալու կամ անդամակցելու ուղղութիւններուն վրայ:
Հիմա, նոր ձեւաւորուող ընդդիմութեան դաշտէն կը հնչեն վերահաշուարկի, ընտրութիւնները վիճարկելու դիմումներ եւ պատգամաւորական պաշտօնները ստանձնելու կամ չստանձնելու քննարկումներ:
Ընդդիմութիւնը նկատի ունենալով այս բոլոր հանգամանքները վստահաբար կը գտնուի իր քայլերը միասին, համատեղ որոշելու հրամայականին առջեւ: Մանաւանդ այդ քայլերը համակարգուած իրականացնելու այլընտրանք չունեցող անհրաժեշտութեան առջեւ:
Սահմանադրական մեծամասնութիւն չունենալու փաստը պատուհան է երկրի եւ պետութեան ներկայ ընթացքը խոչընդոտելու առումով: Նոյնիսկ սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէն խիստ տարակուսելի է` այսօրուան իշխանաւորներուն վայելած ժողովրդականութեան անկումի նախադրեալները նկատի ունենալով:
Ազդակ
