Յետընտրական Հայաստանը քաղաքական խաչմերուկի մը առջեւ
12 Հունիս 2026
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան, սակայն անոնք չփակեցին քաղաքական լարուած իրավիճակի էջը։ Ընդհակառակը, քուէարկութեան արդիւնքները ստեղծեցին նոր կացութիւն մը, ուր իշխանութիւնը թէեւ կը պահէ կառավարելու իր դիրքը, բայց միաժամանակ կը կորսնցնէ այն քաղաքական գերակայութիւնը, որ անհրաժեշտ էր իր ծրագիրները ամբողջացնելու համար, յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ։ Այս իմաստով, ընտրութիւններու մեծագոյն հետեւանքը միայն նոր խորհրդարանի աթոռներու բաշխումը չէ, այլ այն իրողութիւնը, որ իշխանութիւնը այլեւս չի տիրապետեր այնպիսի քաղաքական ուժի, որով պիտի կարողանայ միակողմանի իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք կը հետապնդէ ժամանակէ ի վեր։
Վերջին տարիներուն, գործող վարչախումբը հետեւողականօրէն փորձած էր ներկայացնել սահմանադրական փոփոխութիւնները որպէս պետական բարեփոխումներու անհրաժեշտ քայլ։ Սակայն ընտրական արդիւնքները փաստեցին, որ հասարակութիւնը ամբողջական վստահութիւն չէ վերապահած իշխանութեան քաղաքական ուղղութեան, մերժելով իշխանաւոր կարգի քաղաքական ուղեգիծը։ Նոյնիսկ եթէ իշխող խումբը կը շարունակէ մնալ խորհրդարանի առաջին ուժը, այլեւս չի վայելեր այնպիսի գերիշխանութիւն անցեալի նման, որպէսզի հնարաւոր դարձնէ սահմանադրական փոփոխութիւնները առանց լայն քաղաքական համաձայնութեան։ Այս իրողութիւնը կը սահմանափակէ իշխանութեան շարժումներուն դաշտը եւ կը ստիպէ զայն հաշուի նստիլ խորհրդարանական ընդդիմութեան, բայց նաեւ հասարակական դիմադրութեան հետ։
Աւելի մտահոգիչ կը դառնան թիւ մէկ իշխանաւորի սպառնալիքները եւ առաջին քայլերը ընդդիմութեան ղեկավարներուն դէմ, զանոնք ոչնչացնելու եւ քաղաքական կեանքէն դուրս քշելու մտադրութեամբ, որ քաղաքական սուր լարուածութեան եւ անկայունութեան նոր շրջանի մը կրնան առաջնորդել երկիրը։
Միւս կողմէՆ, ընդդիմադիր ուժերը ընտրութիւններէն ետք յայտարարեցին, որ ընտրական գործընթացը յատկանշուեցաւ վարչական լծակներու օգտագործումով, անհաւասար պայմաններով եւ բազմաթիւ խախտումներով։ Անոնք նաեւ ազդարարեցին քաղաքական պայքարի նոր փուլ մը, որուն նպատակն է վիճարկել ընտրութիւններու արդիւնքը։ Թէեւ դժուար է կանխատեսել, թէ այս պայքարը ինչպիսի ծաւալ պիտի ստանայ, սակայն ակնյայտ կը դառնայ, որ ընդդիմութիւնը մտադիր չէ սահմանափակուիլ միայն խորհրդարանական գործունէութեամբ։
Ստեղծուած իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը պիտի թեւակոխէ յետընտրական շիկացած շրջան մը։ Իշխանութիւնը պիտի փորձէ ընտրական արդիւնքները ներկայացնել որպէս հանրային վստահութեան վերահաստատում, մինչ ընդդիմութիւնը զանոնք կը մեկնաբանէ որպէս վարչական մեքենայի ու պետական միջոցներու կիրարկման եւ լայնատարած խախտումներու հետեւանք։
Տակաւին, չեն պակսիր այն ձայները, որոնք կ՚առաջարկեն ընդդիմութեան վար դնել «մանտադները» ու չընդունիլ խորհրդարանական մասնակցութիւնը։ Այս հանգրուանին, հարկ է սպասել վերահաշուարկի արդիւնքներուն եւ խորհրդարանական աթոռներու վերջնական պատկերին։
Աւելի կարեւոր է այն հանգամանքը, որ արտաքին քաղաքական եւ անվտանգային հիմնական խնդիրները կախուած կը մնան փխրուն թելի մը վրայ։ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները, սահմանազատման գործընթացը, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հարցը, երկրի անվտանգային համակարգի վերաձեւաւորումը կը շարունակեն հանդիսանալ առանցքային խնդիրներ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ։ Միաժամանակ, Արեւելք-Արեւմուտք մեծապետական ուժերու բախումը տարածաշրջանէն ներս պիտի յատկանշէ հետագայ զարգացումները, իւրաքանչիւրը իր ազդեցիկ գօտինները հաստատելու քաղաքականութեամբ։ Արդէն, յատկապէս Արեւմուտքէն եկող առաջին շնորհաւորական ուղերձները ցոյց կու տան զօրացած ներկայութեան մը նախադրեալները տարածաշրջանային զարգացումներուն մէջ։ Այս իրողութեան լոյսին տակ պէտք է սպասել նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութեան առաւել աժխուժացումը, սկսելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին ճնշումները աւելի ուժեղ դարձնելէ, մինչեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնիգիրի» կնքումին վրայ պարտադրելով միակողմանի յաւելեալ զիջումներ եւ երկրի ինքնիշխանութեան նահանջ։
Ընտրութիւններու արդիւնքը հաստատեց, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը դէմ յանդիման պիտի գայ ստեղծուած նոր պայմաններուն հետ։ Իշխանութիւնը ստացաւ կառավարելու իրաւական հնարաւորութիւն, սակայն կորսնցուց քաղաքական բացարձակ ուժը։ Ընդդիմութիւնը չկրցաւ իշխանափոխութիւն իրականացնել, սակայն ապահովեց հանրային զգալի աջակցութիւն եւ պահպանեց քաղաքական պայքարը շարունակելու կարողութիւն։ Ընտրական արդիւնքը վիճարկելէ աւելի կարեւոր հարց մը գոյութիւն ունի. արդեօք ընդդիմութիւնը պիտի կարենա՞յ վերածուիլ համահունչ քաղաքական բեւեռի։
«Ազատ օր»ի խմբագրական
