Արաբ Ղեկավարներու Թերացման Հետեւանքով Էրտողան Դարձաւ Աւելի Կարեւոր Իսլամ Ղեկավար
19 Հունիս 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երեքշաբթի, 16 յունիս 2026-ին յատուկ հարցազրոյց մը տուաւ «Սոնար Միտիա»-ին: Հարցազրոյցը մէկ օր ետք սփռուեցաւ նաեւ «Վանայ Ձայն»-էն: Զրոյցը վարեց Հալա Հատտատ: Հարցազրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան լոյսին տակ Լիբանանին վիճակուելիք կացութեան կամ «ճակատագիրին», շրջանի իրավիճակին եւ Հայաստանի յետընտրական դրութեան վրայ:
Ստորեւ` հարցազրոյցին գլխաւոր կէտերը.
Լիբանանի գծով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յստակացուց, թէ գերիշխանութեան պարագային ո՛վ կը բանակցի Լիբանանի անունով, սակայն այս պարագային կարեւոր է արդիւնքը, Լիբանան տակաւին կը պահէ իր գերիշխանութիւնը: «Յաղթական» կողմէ աւելի կարեւոր է, թէ ի՛նչ էին Լիբանանի վրայ յարձակումին հիմնական նպատակները: Կազմալուծման գծով, Դիմադրութիւնը տակաւին «կը գործէ» իսկ ապազինման իսրայէլեան պահանջին գծով նախագահ Ժոզեֆ Աուն բանակի հրամանատար եղած է եւ քաջ գիտէ, թէ Լիբանանի մէջ զէնքով կամ բռնութեամբ կարելի չէ լուծման յանգիլ, եւ այդ հարցը ինք ատակ է դասաւորելու: «Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը սկսած է 1948-էն, մինչ Դիմադրութիւնը կազմուած է աւելի ուշ` իսրայէլեան յարձակումներուն դիմադրելու պատճառով», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Այս գծով Բագրատունի յիշեցուց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աունի յայտարարութիւնը օրին ոչ նպատակայարմար ձեւով մեկնաբանուեցաւ կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Ան ընդգծեց, որ Իրանի հետ Լիբանանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները չեն խզուած, եւ բնական է, որ նախագահ Աուն ընդառաջէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի հեռաձայնային հաղորդակցութեան:
Շրջանային կացութեան գծով «Իսրայէլ շատ ալ բաւարարուած չի թուիր այս նորագոյն համաձայնութենէն` Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ», յայտնեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ Կազայի պատկերէն պարզ է, թէ ինչքա՛ն աւեր ու զոհեր արձանագրուեցան: Ան թելադրեց սպասել ընթացիկ ուրբաթ օրուան, երբ կը կնքուի համաձայնագիրը (Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները արդէն առցանց ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը, «Ա.»): Այս գծով կը նախատեսուին զանազան համաձայնագիրներ առնչակից կողմերուն միջեւ, ուր կարեւոր դեր պիտի ունենան Փաքիստան եւ Թուրքիա: Նաեւ Բագրատունի յիշեցուց, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ գրեթէ նոյն հեռանկարները ունին շրջանին մէջ` յիշեցնելով Էրտողանի «Հալէպը թրքական հողամաս է, նոյնպէս եւ` Իրաքէն մաս մը» յաւակնութիւնները, որոնք կը յիշեցնեն Իսրայէլի նոր տարածքներ իւրացնելու ախորժակները, Աբրահամեան համաձայնութեան, թէ հին կտակարանային աւանդի հիմնաւորումներով: Փոխադարձաբար, թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ՛ Թուրքիա իրար կը դատապարտեն, թէ Իրանէն ետք յաջորդը իրենք պիտի ըլլան: Այս պարագային Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հեռանկարային շահերն ու մտավախութիւնները զիրար կը խաչաձեւեն, դիտել տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Սուրիոյ դերակատարութեան գծով Բագրատունի նշեց, որ «նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ նախագահին թելադրեց Լիբանան մուտք գործել այն յոյսով, որ Սուրիա պիտի ընդառաջէ, բայց կը խորհիմ, որ խորապէս զարմացաւ Սուրիոյ կրաւորական (ժխտական) կեցուածքէն: Իսրայէլ մտահոգ է Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութեան թափանցումի տարածումէն, նմանապէս Թուրքիա մտահոգ է դէպի Սուրիա ներխուժելու Իսրայէլի ախորժակներէն»: «Սուրիոյ Լիբանան մուտքը նախ նոր ճակատ պիտի բանայ Լիբանանի մէջ», դիտել տուաւ Բագրատունի` նշելով, որ անցեալին, երբ սուրիական ուժեր մտան Լիբանան, ատիկա եղաւ առնչակից կողմերու` Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու հաւանութեամբ: «Այս պայմաններուն մէջ մենք` լիբանանցիներս պէտք է գոհարավաճառի կշիռքով դատենք, կշռենք դէպքերը, որպէսզի կարենանք դուրս գալ այս տագնապէն», նշեց Բագրատունի:
Հայաստանի գծով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յստակացուց, թէ «այն վարկածը, որ ընդդիմութիւնը Ռուսիոյ համակիր կողմ է, այդքան ալ ճշգրիտ չէ»: Վարչապետը նախ թիրախաւորեց Հայաստանի մէջ հայրենասիրական եւ ազգայնական մտածողութիւնը, յատկապէս երբ յայտարարեց, թէ Արցախը Ազրպէյճանին մաս կը կազմէ ու երբ արգիլեց Ղարաբաղի հայերէն անունին` Արցախ բառին գործածութիւնը Հայաստանի մէջ ու Արցախը յանձնեց թշնամիին: Ա՛յն Արցախը, որ դարերու ընթացքին ապրած է ազատ ու ինքնավար կարգավիճակով: Այսօր Արարատ լեռը միայն հայերուն ծանօթ չէ, աւելի՛ն` համայն աշխարհ գիտէ, թէ Արարատ լեռը կ՛առնչուի Հայաստանին ու հայ ազգային խորհրդանիշ է բոլոր հայերուն համար անխտիր: Վարչապետը նաեւ թիրախաւորեց Հայաստանեայց եկեղեցին, որ առանցքային դեր ունի Հայաստանի պատմութեան մէջ:
Խորհրդարանին մէջ սահմանադրական որեւէ փոփոխութիւն կը կարօտի խորհրդարանի անդամներու երկու երրորդ մեծամասնութեան եւ ժողովրդային հանրաքուէի: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Բագրատունի ըսաւ. «Կը խորհիմ, որ պէտք չէ սպասել յառաջիկայ ընտրութեանց, որովհետեւ ընդդիմութիւնը բաւական ուժեղ է: Ներկայիս վարչապետին լիազօրութիւնները ի զօրու են մինչեւ յառաջիկայ երկու օգոստոս, եւ ինք ներկայիս ունի երկու երրորդի լիազօրութեան համեմատութիւնը եւ եթէ ուզէ` կրնայ փոխել սահմանադրութիւնը, սակայն փողոցին մէջ ժողովրդային ցասումը մեծ աճ արձանագրած է, եւ ընդհանուր տատամսում կայ նման քայլերու գծով», դիտել տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
