Անընդհատ Պատերազմի Մը Առժամեայ Զինադադարը
18 Հունիս 2026
«Խաղաղութիւնը անդադար շարունակուող պատերազմի մը զինադադարն է»։
Թուկիդիտէս (Thucydides, յոյն հանրածանօթ պատմիչ, որ գրած է «Փելոփոնեզեան պատերազմի մասին» վիթխարի գործը, մահացած՝ Ք․Ա․ 395-ին)
Ակնթարթ մը երեւակայեցէ՛ք, որ այս կարճ ու կտրուկ եւ իմաստուն խօսքը երկու տասնեակ դարեր առաջ արտայայտուած է, երբ դեռ նոյնիսկ չէր յստակացած աշխարհն ու գիտութիւնը՝ աշխարհագիտութիւնը, իր քարտէսներով, քաղաքականութեամբ, տնտեսագիտութեամբ եւ անշուշտ ներկայ օրերու արհեստական բանականութեամբ։
Նկատի ունենալով ներկայ օրերուն ստեղծուած պատկերը, եւ յատկապէս աւելի քան երեք ամիսէ ի վեր տեղի ունեցող Իրան – Ա․Մ․Ն․ պատերազմը, հարցադրումի տակ իսկ կարելի չէ առնել այս հաստատումը։
Անցեալ շաբաթավերջին, Սպիտակ Տան վարձակալը, որ նշելու համար Ա․Մ․Ն․-ի 250-ամեակը, իր բնակավայրին մօտ փոխանակ արուեստի եւ մշակոյթի հանդիսութիւն մը կազմակերպելու, մտայղացումը ունեցած էր ըմբշամարտի ճակատումներ կազմակերպելու, հրաւիրելով քանի մը հազար հլու կամակատաներ, յանկարծ յայտարարած էր, թէ համաձայնութիւն մը պիտի կնքուի Իրանի հետ եւ ամբոխահաճ յոխորտանքով մըն ալ եզրակացուցած էր․- «Պատերազմը աւարտեցի՛նք Իրանի դէմ։ Քարիւղը կրկին առատօրէն պիտի հոսի»։
Յաւելեալ մանրամասնելով, ան տեղեկացուցած էր, թէ Ցիւրիխի մէջ, Ուրբաթ, Յունիս 19-ին պիտի ստորագրուի այս խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Արդեօք որքա՜ն ճիշդ է պատահածը։ Պիտի կատարուի՞ իսկական համաձայնութիւն։ Առ հասարակ, քաղաքականութեան հետ քայլ պահող մարդ էակը սկսած է կասկածամիտ դառնալ եւ դժբախտաբար չհաւատալ Թրամփի «պլըֆ»-ներուն։ Ինքզինք հակասող խօսքեր, անտեղի վերլուծումներ, հաստատումներ եւ եզրակացութիւններ կատարելով, Թրամփ տիպարը յար եւ նման է այլ յոյն առակագիր Եզոփոսի նկարագրած «Ստախօս Միհրան»-ի (նաեւ ծանօթ, իբրեւ «Գայլն ու հովիւը» կամ «Տղան, որ գայլ կանչեց») պատմութեան։ Միհրանի հարեւաններուն նման, այլեւս սկսած ենք չհաւատալ անոր խօսքերուն։ Միհրան շարունակ կը ստէր, որ գայլերու վոհմակ մը կը յարձակի իր հօտին վրայ։ Օր մըն ալ, իսկապէս գայլերը ժամանած էին, իսկ գիւղացիները ձանձրացած իր ստախօսութիւններէն, որոշած էին ահազանգի չմատնուիլ։ Այս պարագային նիւթը շրջանցուած է։ Բօթի փոխարէն, Թրամփ աւետեց, թէ պատերազմը աւարտած է։
Այսուամենայնիւ, համաձայնութեան մանրամասնութիւնները տակաւին ամբողջութեամբ յստակ չեն, սակայն երկու կողմերն ալ կը թուին համաձայնած ըլլալ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները բոլոր ճակատներուն վրայ եւ վերացնելու Հորմուզի նեղուցով ծովային երթեւեկութեան դէմ դրուած սահմանափակումները։
Միջազգային հանրութեան համար ալ, այս համաձայնութիւնը կը նուազեցնէ աւելի լայն միջին արեւելեան պատերազմի անմիջական վտանգը եւ կ՛օժանդակէ, որպէսզի քարիւղի համաշխարհային շուկան վերագտնէ իր կայուն իրավիճակը։
Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հաշտեցման նախորդ փորձերը բազմաթիւ անգամներ ձախողած էին փոխադարձ անվստահութեան եւ հակասող ռազմավարական շահերու արդիւնքով։ Այս համաձայնութեան յաջողութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն քաղաքական յանձնառութիւններէ, այլեւ անոր գործադրութեան, արդիւնաւէտ վերահսկողութեան եւ երկու կողմերուն կողմէ բարի հաւատքով բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութենէն։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են ազատ արձակել սառեցուած իրանական միլիառներու հասնող գումարներ, եւ ընդլայնել իրենց տնտեսական կապերը Իրանի հետ՝ փոխադարձ տնտեսական շահեր ստեղծելով։
Հաւատա՞լ, չհաւատա՞լ․․․վստահի՞լ, չվստահի՞լ։
Ան այնքան մը անվստահութիւն կը ներշնչէ, որ նոյնիսկ ստորագրուած համաձայնագիրը, կրնայ թուղթի վրայ ստորագրուած սահմաններէն դուրս չգալ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, Իսրայէլի սանձարձակ եւ անզուսպ յարձակումները Լիբանանի վրայ։
Այսպէս, գոյութիւն ունի «Աքիլլէսի կրունկ» մը, այդ ալ Լիբանանն է։ Իրանի ղեկավարները կը պնդեն, թէ համաձայնութիւնը կը ներառէ նաեւ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցում, սակայն Նեթանիահուն շարունակ կը հերքէ այս պայմանը եւ առօք-փառօք կը շարունակէ յարձակումներ կատարել, գիւղեր քանդել եւ նոյնիսկ մայրաքաղաք Պէյրութի արուարձաններ ռմբակոծել։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
