Հայաստան ընտրութիւններէն ետք’ Յաղթանակը բաւարար չէ
13 Հունիս 2026
Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները առաջին հայեացքով տպաւորիչ թուացող արդիւնք մը արձանագրեցին։ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւնը ստացաւ տրուած քուէներուն գրեթէ 50 առ հարիւրը։
Սակայն այս թիւին ետեւը կայ շատ աւելի բարդ իրականութիւն մը։
Մօտաւորապէս 2,5 միլիոն ընտրողներ հաշուող ընտրացուցակէն քուէարկութեան մասնակցեցան շուրջ 1,5 միլիոն քաղաքացիներ։ Նոյնիսկ ամբողջովին ընդունելով ընտրական գործընթացին օրինականութիւնն ու վաւերականութիւնը, կառավարութեան ստացած աջակցութիւնը շատ հեռու է ամբողջ հայ ժողովուրդը ներկայացնելէ։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն աւելի քան կէսը այս քաղաքական ծրագիրին իր աջակցութիւնը չէ տուած։
Իսկ եթէ մեր հայեացքը տարածենք նաեւ հայկական Սփիւռքին վրայ, որուն բնակչութիւնը զգալիօրէն կը գերազանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեանը, պատկերը կը դառնայ աւելի վիճելի։
Հիմնական հարցը այլեւս այն չէ, թէ ո՛վ շահեցաւ ընտրութիւնները։ Շահեցաւ Փաշինեանը։ Իրական հարցը այն է, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ այդ յաղթանակով եւ ի՛նչպիսի երկիր մը կը նախատեսէ կառուցել անոր հիման վրայ։
Տարիներ շարունակ ներկայ վարչապետը իր քաղաքական լեգիտիմութիւնը կառուցեց նախկին իշխանութիւններուն սխալները, չարաշահումները եւ կաշառակերութիւնը բացայայտելով։ Սակայն կը հասնի պահ մը, երբ ոչ մէկ ղեկավար կրնայ շարունակել ապրիլ իր նախորդներուն մեղքերուն հաշւոյն։ Պատմութիւնը որոշ ժամանակ կու տայ պատասխանատուները մատնանշելու համար, բայց յետոյ արդիւնքներ կը պահանջէ։
Այսօր Հայաստանը պատասխաններու կարիք ունի չկատարուած խոստումներուն, գործուած քաղաքական եւ ռազմավարական սխալներուն, այն բացթողումներուն մասին, որոնք յանգեցուցին անդառնալի կորուստներու, եւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան մասին, որը խոստացաւ ժողովրդավարական նոր դարաշրջան մը, բայց ի վերջոյ համընկաւ նորագոյն հայկական պատմութեան ամենացաւալի ժամանակաշրջաններէն մէկուն հետ։
Որովհետեւ այն յեղափոխութիւնը, որ առանց բռնութեան եկաւ, ուղեկցեցաւ պատերազմներով, տարածքային կորուստներով, զանգուածային տեղահանութիւններով եւ ազգային անվտանգութեան խոր ճգնաժամով։
Սակայն թերեւս ամենաանհանգստացնող հարցը այն չէ, թէ կառավարութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ նոր ամրապնդուած իշխանութեամբ, այլ՝ ո՞ւմ դէմ պիտի որոշէ օգտագործել զայն։
Արդեօք այս նոր շրջանը պիտի դառնա՞յ համազգային համաձայնութիւններ վերակառուցելու առիթ, թէ՞ պիտի ականատես ըլլանք ներքին բաժանումներու աւելի խորացմանը։
Արդեօք պիտի շարունակուի՞ դիմակայութիւնը ընդդիմադիր շրջանակներուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Սփիւռքի եւ այն ամէն ինչին դէմ, որ կը մարմնաւորէ հայկական ազգային ինքնութեան էական մասը։ Արդեօք պիտի շարունակուի՞ տարածուիլ այն գաղափարը, թէ ամէն քննադատութիւն սպառնալիք է, եւ ամէն այլախոհ՝ թշնամի։
Որովհետեւ երբ իշխանութիւն մը կասկածելի կը համարէ այն ամէնը, ինչ իր վերահսկողութենէն դուրս է, ի վերջոյ կը բախի ոչ միայն իր քաղաքական հակառակորդներուն, այլ նաեւ այն հաստատութիւններուն եւ խորհրդանիշներուն, որոնք ձեւաւորած են ազգը շատ աւելի առաջ, քան իր իշխանութեան գալը։
Ընտրութիւններու գոյութիւնը ինքնին ժողովրդավարութեան առողջութիւնը չի երաշխաւորեր։ Նոյնքան կարեւոր են արդարադատութեան անկախութիւնը, այլ կարծիք արտայայտելու ազատութիւնը, ընդդիմութեան նկատմամբ յարգանքը եւ հարցադրումներ ընդունելու կարողութիւնը՝ զանոնք ազգային անհաւատարմութեան արարքներու չի վերածելով:
Չափազանց երկար ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ այն գաղափարը, թէ կառավարութեան սխալները մատնանշելը կը թուլացնէ Հայաստանը, կարծես հայրենասիրութիւնը լռել գիտնալու մէջ կը կայանար։
Սակայն իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է։
Քննադատութիւնը չի տկարացներ ազգի մը։ Անոր տկարացման պատճառը սխալները ուղղելու անկարողութիւնն է։ Անոր տկարացման պատճառն է, երբ ղեկավարութիւնը կը դադրի լսելէ, որովհետեւ համոզուած է, թէ բացարձակ ճշմարտութիւնը ինք կը տնօրինէ։
Խոր խորհրդածութեան կը կարօտի նաեւ այն համոզումը, թէ ռուսական ազդեցութենէն հեռանալը ինքնաբերաբար պիտի յանգեցնէ աւելի արդիւնաւէտ արեւմտեան պաշտպանութեան։ Իրականութիւնը դարձեալ ապացուցեց, որ մեծ տէրութիւնները կը գործեն իրենց շահերուն համաձայն, ոչ թէ Հայաստանի կարիքներուն։
Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շահերուն միջեւ, համաձայնութիւններու, ճնշումներու եւ բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ, որոնց իրական ծաւալները յաճախ անտեսանելի կը մնան, Հայաստանը ապրեցաւ իր անկախութենէն ի վեր քաղաքական եւ ռազմավարական ամենամեծ անկումներէն մէկը։
Ասոր կը միանայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ շատ հայեր մտահոգութեամբ կը դիտեն՝ հիմնարար որոշումներու մէջ ինքնիշխանութեան աստիճանական կորուստը, Արցախի քաղաքական լքումը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարին հիմնական բաղադրիչները նսեմացնելու կամ վերարժեւորելու աճող պատրաստակամութիւնը, եւ արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կարծես աւելի մտահոգ է օտար պահանջներ բաւարարելով, քան ազգային շահերը պաշտպանելով։
Ուստի զարմանալի չէ, որ այս կառավարութեան ընդդիմելը այլեւս միայն քաղաքական բնոյթ չունի։ Քննարկման առարկան հայկական ապագայի ամբողջական տեսլական մըն է։
Որովհետեւ պատմութիւնը մեզի մէկ հիմնարար ճշմարտութիւն կը սորվեցնէ. ժողովուրդները չեն անհետանար, երբ ընտրութեա մը կը պարտուին, նոյնիսկ երբ պատերազմին կը պարտուին։
Ժողովուրդները կը սկսին անհետանալ այն ատեն, երբ կը դադրին իրենք զիրենք ճանաչելէ։
Երբ իրենց յիշողութիւնը խոչընդոտ կը նկատեն:
Երբ իրենց հաւատքը խնդիր կը դառնայ։
Երբ Սփիւռքը իրենց անհարմարութիւն կը թուի։
Երբ Արցախը կը վերածուի անցեալի թեմայի։
Երբ ինքնիշխանութիւնը կը դառնայ բանակցելի։
Երբ Ցեղասպանութիւնը ազգային դատ ըլլալէ կը վերածուի դիւանագիտական անհարմարութեան։
Եւ երբ ազգային միասնութիւնը կը փոխարինուի քաղաքական հնազանդութեամբ։
Ահա թէ ինչու իշխանութեան դէմ ձայն բարձրացնելը դաւաճանութիւն չէ։ Ան պատասխանատուութեան արտայայտութիւն է։
Որովհետեւ այն օրը, երբ Հայաստանը սիրելը նշանակէ լռել իր ղեկավարներուն առջեւ, պարտութիւնն արդէն սկսած պիտի ըլլայ։
Եւ եթէ օր մը Հայաստանը պահէ իր հաստատութիւնները, իր սահմանները եւ իր դրօշը, բայց կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, իր արժանապատուութիւնը, իր ինքնիշխանութիւնը եւ այն գիտակցութիւնը, թէ ո՛վ է ինք, այն ատեն մենք քաղաքական յաղթանակի մը առջեւ պիտի չըլլանք։
Մենք ականատես պիտի ըլլանք շատ աւելի ծանր բանի մը՝ ժողովուրդի մը դանդաղ ինքնահրաժմանը:
Յակոբ Թապագեան
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ
11 Յունիս 2026
