Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութեան՝ Իր Հայրենիքին Մէջ Ապրելու Իրաւունքին Խորհրդանիշն Է
04 Սեպտեմբեր 2026
1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեանի շրջանի պատգամաւորներու խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը՝ Արցախի Հանրապետութեան հիմքը դնելով:
Այս քայլը Արցախի հայութեան ճակատագիրը տնօրինելու, ազատ ու արժանապատիւ ապրելու կամքի քաղաքական եւ իրաւական արտայայտութիւնն էր: Ասիկա տեղի ունեցաւ այն ատեն, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզման շեմին էր, իսկ Ատրպէյճանի մէջ հայերու դէմ բռնութիւններն ու հալածանքները կը սաստկանային:
Արցախի անկախութեան հռչակումը համահունչ էր ՄԱԿի օրէնքներուն, ուր կը հաստատուի, թէ «բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք. այդ իրաւունքի ուժով անոնք ազատօրէն կ՛որոշեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ ազատօրէն կը հետապնդեն իրենց տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումը»:
1991 Դեկտեմբեր 10ին տեղի ունեցած հանրաքուէն դարձաւ Արցախի ժողովուրդի կամքի ուղղակի արտայայտութիւնը: Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու 82.2 առ հարիւրին մասնակցութեամբ, քուէարկողներուն 99.9 առ հարիւրը քուէարկեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ի նպաստ:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (որու մաս կը կազմէր Արցախը) անկումէն աւելի քան 70 տարի ետք, 1991 Սեպտեմբեր 2ի հռչակագիրը դարձաւ անկիւնադարձային պահ մեր մեր ազատագրական շարժումին մէջ եւ վճռորոշ քայլ մը՝ մեր հայրենիքին վերատիրանալու ուղղութեամբ:

Աւելի քան 100,000 արցախահայեր 1988ին պահանջեցին ինքնորոշում՝ իբրեւ նախերգանք 1991ի Արցախի անկախութեան
Սեպտեմբեր 2ը պարզապէս պատմական թուական մը չէ: Ան մեր ազատագրական պայքարի եւ հայերու՝ իրենց պապենական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքի խորհրդանիշն է. իրաւունք մը, որ իր արձագանգը գտաւ 1991 Սեպտեմբեր 21ի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:
Ներկայիս, Արցախի Հանրապետութիւնը զրկուած է իր հայ բնակչութենէն, որ 2023ին Ատրպէյճանի մահաբեր յարձակումէն ետք բռնի ուժով գաղթեց Հայաստան: Այս դէպքը եւ անոր նախորդած Արցախի շրջափակումը միջազգային մարդկային իրաւանց մասնագէտներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում կը նկատուի: Արցախահայերուն վերադարձը ոչ միայն հրամայական է, այլ նաեւ անոնց անժխտելի իրաւունքը:
Այսօր, «Արցախ» եւ «Լեռնային Ղարաբաղ» բառերու գործածութիւնը անընդունելի կը նկատուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան կողմէ, որուն ապահովական ուժերը բանտարկած են անոնք, որոնք համարձակած են մարտահրաւէր նետել այս քաղաքականութեան: Կառավարութեան պաշտօնատարները կոպիտ եւ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններով կը խօսին իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած արցախահայերու մասին:
Անընդունելի է յատկապէս Հայաստանի կառավարութեան այն քաղաքականութիւնը, որ պիտի ջնջէ Արցախի գոյութիւնը Հայաստանի մէջ հասակ նետող նոր սերունդի յիշողութենէն: Ասիկա կտրուկ հակադրութիւն մը պիտի ըլլայ բախտաւոր «Անկախութեան սերունդին», որ ներկայիս կը մեծնայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Աւելի՛ն, Սփիւռքի կազմակերպութիւնները կը մեղադրուին Հայաստանի կառավարութեան շահերուն դէմ գործելու յանցանքով, երբ անոնք կը պաշտպանեն արցախահայերու իրաւունքները, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուողներու իրաւունքները:
Ըստ էութեան, Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը կը մեղադրեն Սփիւռքի կազմակերպութիւնները մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ հարց մը, որ իրենք կը պնդեն, թէ իրենց օրակարգին մաս կը կազմէ:
35 տարի առաջ Արցախի անկախութեան հռչակումը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնն էր, այլ նաեւ վճռորոշ քայլ՝ մեր ազգային իղձերը իրականացնելու ուղղութեամբ: Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան դէմ պայքարելու եւ յաղթական դուրս գալու Արցախի ժողովուրդի հերոսութիւնը ցոյց տուաւ մեր ազգին հաւաքական վճռակամութիւնը՝ մեր ազգային իտէալներուն հասնելու ճամբուն վրայ:
Վերջին վեց տարիներու դէպքերը՝ 2020ի պատերազմը, շրջափակումը, ցեղային զտման արշաւը, որ հասցուց Արցախի բռնի տեղահանման, ահռելի ազդեցութիւն ձգած են Արցախի ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս ազգային մեր հոգեբանութեան վրայ: Դարերու ընթացքին մենք իբրեւ ազգ ապրած ենք, պայքարած ենք եւ յաղթահարած ենք նման անարդարութիւնները:
Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի արտայայտման քաջարի քայլը եւ անոր յաջորդած զոհողութիւնները պէտք է ծառայեն իբրեւ կարեւոր եւ անհրաժեշտ մղիչ ուժ՝ համախմբուելու եւ հաւաքականօրէն վերականգնելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, որոնք բռնութեամբ եւ բացայայտօրէն խլուեցան անոնցմէ եւ մեզմէ՝ իբրեւ ազգ, եւ ապահովելու, որ մեր պատմութիւնը չջնջուի որեւէ ուժի կողմէ՝ օտար թէ ներքին:
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով օգնեցին իրականացնելու Արցախի անկախութիւնը եւ կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Արցախի պաշտպանութեան եւ ազատութեան համար:
Մեր ազգային պարտականութիւնն է շարունակել պայքարը արցախահայութեան իրաւունքներուն, ինքնորոշման եւ վերադարձին համար՝ յանուն գալիք սերունդներուն:
«Ասպարէզ»
