Հալածանքը Կը Շարունակուի
03 Սեպտեմբեր 2026
Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր երէց զաւկին` Սեդրակ Քոչարեանի ձերբակալութիւնն է: Ձերբակալութիւնները կը կատարուին արդէն դասականացուած եղանակով. առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանական ստուար ուժերու մասնակցութեամբ, բնակարանային խուզարկութիւններ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցներու կողմէ, ապա ենթականերու տեղափոխում` ԱԱԾ կեդրոն: Այս անգամ, սակայն, ձերբակալութիւնները կատարուած են առանց գետին պառկեցնելու եւ առանց ձեռնաշղթաներու գործածութեան: Խուզարկուած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի երկրորդ զաւկին` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի բնակարանը: Խուզարկուած, ապա փակուած են (կապարակնքուած) քոչարեաններու հետ առնչութիւն ունեցող բազմաթիւ առեւտրական հաստատութիւններ:
Ընտրութիւններէն գրեթէ տարի մը առաջ սկսած, նախընտրական պայքարի ժամանակ աշխուժացած եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերջնականացումէն ետք շարունակուած արշաւը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ լռեցնելու իշխող ուժը քննադատող ամէն ձայն: Բոլոր ամբաստանութիւնները կապ ունին տասը, քսան կամ երեսուն տարի առաջ կատարուած գործառնութիւններու հետ: Ռոպերթ Քոչարեան կը ձերբակալուի չորրորդ անգամն ըլլալով, իր նախագահութեան շրջանին կատարուած գործերուն համար` նախագահական պաշտօնին վայելած անձեռնմխելիութեան շրջանցումով: Բոլոր ամբաստանութիւնները նախաքննութեան ենթակայ են եւ անոնք չունին այն վտանգաւորութիւնը, որ անհրաժեշտ դարձնէ կալանաւորումը: Եթէ անցեալին հետապնդումները կը կատարուէին գաղտնի կամ կիսագաղտնի թելադրանքներով, այժմ անոնք կը հետեւին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ խորհրդարանի բեմէն կամ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ կատարած սպառնալիքին, բացայայտ ցուցմունքին: Եթէ ցուցմունքի մը պատճառով ձերբակալուած անձը ատեն մը ետք ազատ կ՛արձակուի փաստերու չգոյութեան կամ անբաւարարութեան պատճառով, Փաշինեան դատական համակարգը կ՛ամբաստանէ իր հակառակորդներէն կաշառք ստանալով անարդար որոշումներ կայացնելու մեղքով: Ամէն մարդ մեղաւոր է, բացի իրմէն. ինքն է` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, թէ՛ ոստիկանը, թէ՛ դատախազը եւ թէ՛ դատաւորը:
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ գործող միջազգային դիտարկումի մարմինը յստակօրէն դատապարտեց հայաստանեան քաղաքական միջավայրի յետընթացը` ցոյց տալով կատարուած հետապնդումներուն քաղաքական նկարագիրը: Միջազգային այլ ատեաններ, յատկապէս` Եւրոպայի խորհուրդի եւ Եւրոպական միութեան տարբեր ատեաններ, լուռ կը մնան, որովհետեւ կը կարծեն, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու արարքները նպատակ ունին խորացնել հակասութիւնները Ռուսիոյ հետ: Կատարուածը կը տեղաւորուի հակառուս պայքարի տրամաբանութեան մէջ: Հալածեալները կը համարուին ռուսամէտներ, ուրեմն` արժանի հալածանքի: Իսկ ռուսամէտ համարուածները պարզապէս կը յիշեցնեն, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն շարունակուող վատթարացումը միայն վնաս կը պատճառէ Հայաստանին, կը խորացնէ անոր մեկուսացումը եւ կը վնասէ տնտեսութեան: Հայաստանի իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին բոլոր գործակիցներուն նկատմամբ, նաեւ` Ռուսիոյ նկատմամբ, առանց սակայն Հայաստանը դարձնելու թատերաբեմ կողմի մը պայքարին` այլ կողմի մը դէմ:
Հայաստանեան քաղաքական բեմը այսօր կը կառավարուի Հայաստանի սահմանադրութեան անտեսումով եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնակոխմամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1993-ին միացած է «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագիրին, իսկ 2002-ին ստորագրած է «Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիր»-ը: Միջազգային այս երկու պայմանագիրները, միացած` Հայաստանի սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, խստօրէն կ՛արգիլեն աւելի քան տարիէ մը ի վեր մոլեգնած արշաւանքը, որ հայկական քաղաքական թատերաբեմը վերածած է կրկէսի մը, ուր ոչ մէկ օրէնք կը գործէ:
Անգամ մը եւս կրկնենք, որ թերութիւններ սրբագրելու այս եղանակը ընդունելի չէ, որովհետեւ կը խաթարէ ազգային միասնութիւնը, աւելի՛ն, կը խորացնէ երկփեղկումը, փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
