ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

08 Սեպտեմբեր 2026 Արցախի հարցը երկար տարիներ եղած է հայ քաղաքական մտքի, պետական ռազմավարութեան եւ ազգային օրակարգի առանցքային նիւթերէն մէկը: Վերջին տարիներու զարգացումները ոչ միայն արմատապէս փոխեցին իրողութիւնները, այլ նաեւ նոր հարցադրումներ յառաջացուցին` Արցախի քաղաքական ուղիին, կայացուած որոշումներուն, պատասխանատուութեան եւ ապագայի հնարաւոր հեռանկարներուն վերաբերեալ:

Այս հարցազրոյցին մէջ կը փորձենք անդրադառնալ Արցախի քաղաքականութեան տարբեր փուլերու` 1988-ի շարժումէն մինչեւ 2023-ի բռնի տեղահանութիւնը, գնահատել անոր ձեռքբերումներն ու բացթողումները, քննարկել Հայաստանի եւ Արցախի փոխյարաբերութիւնները, արտաքին դերակատարներու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ` տեղահանութենէն ետք ձեւաւորուող քաղաքական օրակարգը:

Արթուր Խաչատրեան ծնած է Երեւան, 1972-ին: Ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու թեկնածու է, շրջանաւարտ` Երեւանի պետական համալսարանի, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի եւ Լոնտոնի համալսարանի: Վարած է գիւղատնտեսութեան նախարարի, Շիրակի մարզպետի, տարածքային կառավարման եւ ներդրումներու փոխնախարարի պաշտօններ: Աշխատած է սեփական հատուածի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, կը դասաւանդէ շարք մը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: ՀՅԴ անդամ է եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր:


Ս. Խ.

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հետ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- 1988-ի արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումէն մինչեւ 1994-ի զինադադարը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնն ու որդեգրուած ռազմավարութիւնը: Որո՞նք էին այդ ժամանակաշրջանի ճակատագրային քաղաքական որոշումներն ու ձեռքբերումները:

ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- 1988-1994 ժամանակաշրջանը կարելի է երեք փուլի բաժնել. առաջինը` 1988 թուականն ու անոր նախորդող շրջանը, երբ սկիզբ առաւ արցախեան շարժումը, երկրորդը` շարժումին բիւրեղացումը, եւ երրորդը` պատերազմի շրջանը:

Արցախը` հայաբնակ ու պատմականօրէն հայկական հողատարածքը, խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառուելէ ետք, թէ՛ Խորհրդային Հայաստանի, թէ՛ ԼՂԻՄ-ի ղեկավարութիւնը բազմիցս փորձած են բարձրացնել ԼՂԻՄ-ի պատկանելութեան հարցը, սակայն խորհրդային Միութիւնը խուլ մնաց այդ պահանջին դիմաց: Աւելի ուշ, երբ Միխայիլ Կորպաչովը ստանձնեց Խ. Միութեան ղեկավարութիւնը, եւ խորհրդային երկիրներուն մէջ ժողովրդավարացման որոշ գործընթացներ սկսան, յոյս ծնաւ, որ ազգային հարցերն ալ դրական լուծում պիտի ստանան, մանաւանդ որ ԼՂԻՄ-էն զատ` բազմաթիւ հանրապետութիւններու մէջ նմանօրինակ խնդիրներ գոյութիւն ունէին:

1987-ի աշնան կը ձեւաւորուի կորիզ մը, Երեւանէն Իկոր Մուրատեանը, իսկ Արցախէն` Արթուր Մկրտչեանը եւ այլ գործիչներ, որոնք կը պահանջէին, որ ԼՂԻՄ-ի տեղական խորհրդարանը որոշում կայացնէ եւ դիմէ` Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակի փոփոխութեան:

1988-ին կը սկսի արցախեան շարժումը, եւ փետրուար 20-ին կը կայանայ պատմական որոշումը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդը արտակարգ նիստի մը ընթացքին կ՛որոշէ անաջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ միանալ Հայաստանին` Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան ազգերու իքնորոշման վերաբերող յօդուածին տրամադրութիւններուն համաձայն: Միաժամանակ Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան հանրահաւաքներ: Խաղաղ ցոյցերուն ի պատասխան` 1988 փետրուար 22-ին, առաջին անգամն ըլլալով, ազրպէյճանական ամբոխ մը Աղտամէն փորձեց յարձակիլ Արցախի վրայ: Առաջին բախումը տեղի ունեցաւ պատմական Խրամորթ գիւղին մօտ. ազերիները երկու զոհ տուին, սակայն հայերը չէին սպաննած զանոնք, այլ` իրենց ազերի ոստիկանները, եւ ամբոխը նահանջեց:

Հակառակ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն յարատեւ դիմումներուն` ԼՂ-ի կարգավիճակը փոխելու ուղղութեամբ, Խ. Միութիւնը մնաց անտարբեր: Աւելի՛ն. ան լուծարեց ԼՂ տեղական ինքնակառավարումը, հաստատեց կեդրոնական կառավարում մը, ապա այդ ալ վերացնելով` ԼՂ վերադարձուց Ազրպէյճանի ենթակայութեան:

Աւելի ուշ` 1 դեկտեմբեր 1989-ին, առաջնորդուելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքով, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Արցախի Գերագոյն խորհուրդը հռչակեցին, որ Արցախը եւ Հայաստանը այլեւս միասնական պետութիւն են: Արցախի մէջ նոյնիսկ տեղի ունեցան Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց Արցախէն ալ պատգամաւորներ կը մասնակցէին, պիւտճէները միացան, եւ երկուքը սկսան գործել որպէս մէկ եւ միասնական պետութիւն:

Ապա սկիզբ առաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման գործընթացը: Զինեալ յեղաշրջման փորձէն ետք, երբ միութենական հանրապետութիւններուն կեդրոնախոյս ձգտումները ուժեղացան, եւ փլուզումը դարձաւ անկասելի, Ազրպէյճան եւ Հայաստան յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը: Խորհրդային Միութիւնը ընդունած էր օրէնք մը, որուն համաձայն, եթէ 15 միութենական հանրապետութիւններէն որեւէ մէկը հռչակէր իր անկախութիւնը, իր կազմին մէջ գտնուող ինքնավար կազմաւորումները իրաւունք ունէին առանձին հանրաքուէ կատարելու եւ իրենց դիրքորոշումը յայտնելու: Այդ իրաւունքին համաձայն, 1991 սեպտեմբեր 2-ին հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ-ի անկախութեան հանրաքուէն, իսկ 6 յունուար 1992-ին ԼՂ-ի Գերագոյն խորհուրդը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութիւնը: Երկու օր ետք` 8 յունուարին, Արցախի խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ դաշնակցական Արթուր Մկրտչեանը, որ արցախեան շարժման ակունքներուն կանգնած դէմքերէն էր:

Անշուշտ ՀՀՇ-ական իշխանութիւնները թշնամական վերաբերում ցուցաբերեցին Արցախի մէջ դաշնակցականի մը ընտրութեան. ատիկա իրենց համար անընդունելի էր: Արթուր Մկրտչեանի ընտրութեան օրերուն էր, որ Ազրպէյճան օգտուելով Խորհրդային Միութեան տապալումէն` լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ: Ան պարտուեցաւ այդ պատերազմին մէջ, եւ 1994-ին կնքուեցաւ զինադադար:

Մեր մօտ զինադադարի վերաբերող քիչ մը սխալ տեղեկութիւններ կան: Նախ` զինադադարը Պիշքեքի մէջ չէ կնքուած, Պիշքեքի արձանագրութիւնները ուրիշ բան են: Յետոյ, ուղղակի երեք կողմերը հեռակայ ստորագրեցին զինադադարի համաձայնագիրը, որուն մէջ կար կէտ մը, ըստ որուն, երկու հակամարտող կողմերը պարտաւոր էին երկու շաբթուան ընթացքին քաղաքական գործընթացի մը սկսիլ` Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը աւարտին հասցնելու համար: Բայց ատիկա տեղի չունեցաւ. Ազրպէյճան խափանեց քաղաքական գործընթացը, եւ զինադադարը չվերածուեցաւ կայուն խաղաղութեան:

Այսուհանդերձ, խաղաղ վիճակ մըն էր. սահմանային բախումներ կային, բայց Արցախ սկսաւ պետականաշինութեան գործընթացը, եւ շատ աւելի կայացած պետութիւն էր, քան` աշխարհի բազմաթիւ ճանչցուած երկիրներ:

ՀԱՐՑՈՒՄ. – 1994-ի զինադադարէն մինչեւ 2020 թուական, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի քաղաքական ուղին` ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ բանակցային օրակարգը: Ձեր կարծիքով, որո՞նք են այդ շրջանի հիմնական յաջողութիւններն ու բացթողումները:

Ա. Խ. – Այդ շրջանը գնահատելու համար կեդրոնանանք նախ բանակցային գործընթացին վրայ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով Արցախի հարցը ներխորհրդային խնդիրէ վերածուեցաւ միջազգային խնդիրի: Թէեւ արդէն իսկ խորհրդային շրջանին Եւրոպական խորհրդարանը եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը (մանաւանդ` Եւրոպական Խորհրդարանը) ընդունած էին բազմաթիւ բանաձեւեր, որոնցմով կը պահանջէին յարգել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դադրեցնել բռնութիւնները: 1992-ին Միացեալ Նահանգները ընդունեցին յայտնի Freedom Support Act-ը, որուն 907-րդ յօդուածը Ազրպէյճանի տրամադրուելիք օգնութիւնը ուղղակիօրէն կապեց արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ: Բայց Խ. Միութեան փլուզումէն ետք հարցը վերջնականապէս միջազգայնացաւ. սկսան տարբեր բանակցային գործընթացներ, եւ ստեղծուեցան հարթակներ:

Առաջինը Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներուն միջնորդութեամբ էր` Ժելեզնոտոքսկի արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուեցան, բայց ձախողեցան: Ապա իրանական միջնորդութիւնը կար, որ մարեցաւ Շուշիի ազատագրումով եւ Ազրպէյճանի կողմէ Շահումեանի շրջանի բռնագրաւումով:

Բայց ամէնէն կարեւորը Մինսքի խումբին ձեւաւորումն էր` ԵԱՀԿ-ի շրջանակէն ներս բանակցային հարթակի մը ստեղծումը: Նախատեսուած էր Մինսքի խորհրդաժողով մը, ապա ձեւաւորուեցաւ Մինսքի խումբը, որ պէտք էր վճռէր Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակը: Ամէնէն կարեւորը սակայն այն էր, որ Արցախի ժողովուրդը եւ Արցախի իշխանութիւնները ճանչցուեցան իբրեւ հակամարտութեան կողմ. այսինքն հակամարտութեան կողմերն էին` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Ազրպէյճան շատ ջանաց, որ իր համայնքները եւս դիտարկուին իբրեւ հակամարտութեան կողմ, բայց անոնք դիտարկուեցան լոկ իբրեւ շահագրգիռ կողմ: Կը մնար հրաւիրել Մինսքի խորհրդաժողովը, ուր պէտք էր որոշուէր Արցախի վերջնական կարգավիճակը:

Այսինքն 1992-էն ի վեր միջազգային հանրութիւնը ընդունած էր, որ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակը տակաւին պէտք էր որոշուէր:

Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները կրկնելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ըսածը` կը պնդեն, որ աշխարհը երբեք չէ ճանչցած Արցախը Ազրպէյճանէն դուրս, թէ` իբր շրջանակ մը գծուած էր, ըստ որուն, Արցախ պէտք էր մնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Մինչդեռ հակառակը յստակօրէն ամրագրուած էր. Արցախի հետագայ կարգավիճակը բաց էր որոշման:

Ասոր համար է, որ 1996-ին Հայաստանի իշխանութիւնները արգելափակեցին ԵԱՀԿ-ի Լիզպոնի բանաձեւը, որովհետեւ անով արցախեան հակամարտութիւնը պէտք էր կարգաւորուէր Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան շրջանակին մէջ: Յղում կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի որոշման վրայ, ըստ որուն, կարգավիճակը միայն խորհրդաժողովը կրնար որոշել. այսինքն` եթէ խորհրդաժողովը չէ որոշած, ի՞նչ հիմքով ԵԱՀԿ-ը կրնար նման որոշում կայացնել:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան վերջին տարիներուն քննարկուեցան փաթեթային կարգաւորման տարբերակներ, ուր դարձեալ յստակօրէն նշուած էր, որ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի: Ապա եկաւ փուլային տարբերակը: Երկուքն ալ մերժուեցան Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ:

Հայաստանի մէջ տարակարծութիւն ծագեցաւ. Տէր Պետրոսեան կողմնակից էր փուլային տարբերակին, ըստ որուն, նախ պիտի յանձնուէին ազատագրուած տարածքները, ապա պիտի ապահովուէին գաղթականներու վերադարձը եւ անվտանգութեան երաշխիքները, եւ միայն անկէ ետք պիտի որոշուէր Արցախի կարգավիճակը: Արցախ կը մերժէր այդ մօտեցումը` նկատելով, որ տարածքները յանձնելէ ետք բանակցելիք որեւէ բան պիտի չմնար, եւ կարգավիճակը երբեք պիտի չորոշուէր: Այս բոլորը յանգեցան ներքին քաղաքական ճգնաժամի, որուն պատճառով 1998 փետրուարին Տէր Պետրոսեան հրաժարեցաւ:

Աւելի ուշ յառաջացաւ միասնական պետութեան գաղափարը, որուն հմայքը այն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով Պաքու-Ստեփանակերտ յարաբերութիւնը կը դիտուէր ոչ թէ ուղղահայեաց` Ստեփանակերտը Պաքուի ենթակայութեան տակ, այլ` զուգահեռ: Ազրպէյճան թշնամաբար վերաբերուեցաւ Մինսքի խումբին այդ առաջարկին, եւ Ազրպէյճանի նախագահը խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալու ատեն կ՛ըսէ. «Ազրպէյճանի մէջ արտայայտութիւն մը կայ` սեւէն աւելի սեւ: Մեզի ներկայացուած այս տարբերակը վատէն աւելի վատ էր»:

1999 հոկտեմբեր 27-ի խորհրդարանական ահաբեկչութենէն ետք սկսաւ Քի Ուեսթի գործընթացը, որուն գագաթնակէտը Փարիզեան սկզբունքներու մշակումն էր` 2001-ի յունուար-մարտ ամիսներուն, ապա ապրիլին` Քի Ուեսթի բանակցութիւնները եւ փաստաթուղթը: Այս գծով ներկայ նիկոլական իշխանութիւնները կը պահեն այդ փաստաթուղթը եւ իբրեւ փաստաթուղթ կը ներկայացնեն Նիկոլ Փաշինեանի 2008-ին գրած յօդուածը: Բայց ես ինքս հրապարակած եմ փաստաթուղթերը. այդ փաստաթուղթը չ՛ենթադրեր Արցախի փոխանակումը Մեղրիի հետ` Կոպլի ծրագիրի Փլանի հիման վրայ, ինչպէս սկիզբը կ՛ըսէր Տէր Պետրոսեան, ապա նաեւ` Նիկոլ Փաշինեան, առանց որեւէ փաստաթուղթ հրապարակելու:

Հոն խօսքը կը վերաբերէր Ազրպէյճանին Հայաստանի տարածքով ինքնիշխան անցում տրամադրելու մասին` շատ աւելի խիստ պայմաններով, քան` այսօրուան ԹՐԻՓ-ը: Փոխարէնը` ԼՂԻՄ-ը եւ Բերձորի միջանցքը կ՛անցնէին Հայաստանի ինքնիշխանութեան տակ: Ազրպէյճան մերժեց այդ տարբերակը. վերջին պահուն Ալիեւ հրաժարեցաւ ստորագրելէ` նշելով, որ ինք արդէն ծեր էր, եւ կը փորձէր իշխանութիւնը իր որդիին յանձնել` առանց արցախեան գլխացաւի Ազրպէյճանի համար: Իլհամ ալ մերժեց այդ առաջարկը, եւ լաւագոյն տարբերակը իրականութիւն չդարձաւ:

Աւելի ուշ սկսաւ Մատրիտեան գործընթացը` Մատրիտեան սկզբունքները: Ասոնք եւս այսօր սխալ կը ներկայացուին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Ըստ Մատրիտեան սկզբունքներուն, արցախեան հակամարտութիւնը պէտք էր կարգաւորուէր Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի երեք հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ. ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք, տարածքային ամբողջականութիւն, եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորում: Հոս հարց մը կը ծագի. մէկ կողմէ տարածքային ամբողջականութիւն, միւս կողմէ` ազատ ինքնորոշման իրաւունք: Կը թուի թէ ասոնք իրարու հակասող սկզբունքներ են: Սակայն ՄԱԿ-ի դատարանի խորհրդատուական կարծիքը այդ հարցը միանշանակ կերպով լուծեց. տարածքային ամբողջականութիւնը երկու կայացած պետութիւններու միջեւ գործող սկզբունք է եւ չ՛արգիլեր որեւէ ժողովուրդի միակողմանիօրէն անկախութիւն հռչակել: Այսինքն ՀՀ եւ ԱՀ պարտաւոր են յարգել իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ Արցախի ժողովուրդը իրաւունք չունի իր անկախութիւնը հռչակելու:

Փաստօրէն, 2005-2006-էն մինչեւ 2020 թուական, 15 տարիէ աւելի բանակցութիւնները ընթացան Մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ. 2007-ին Մատրիտի մէջ փաստաթուղթը փոխանցուեցաւ կողմերուն: Այդ հանգրուանին տարբերակներու շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային: Որոնց հիմքը կը կազմէին երեք հիմնարար սկզբունքները` գաղթականներու վերադարձը, ապաշրջափակումը եւ Արցախի Հանրապետութեան միջանկեալ կարգավիճակը, որ Արցախին հնարաւորութիւն կու տար ոչ միայն պետութիւն կառուցելու, այլ նաեւ` մասնակցելու տարբեր միջազգային կառոյցներու աշխատանքին, մասնաւորաբար` ԵԱՀԿ-ի, եւ իրեն վերաբերող այլ հարցերու քննարկումներուն: Հայաստան կը դիտուէր իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր:

Ապա յառաջացան այլ փոփոխուած տարբերակները` նորացուած Մատրիտեան սկզբունքները, Լաւրովի ծրագիրը, որ հիմնուած էր Մատրիտի սկզբունքներուն վրայ: Բանաձեւը շատ պարզ էր. տարածքներ` կարգավիճակի դիմաց: Թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Արցախ կը հասկնային, որ ազատագրուած տարածքները այն գինն էին, որ պէտք էր վճարուէր Արցախի անկախութեան ճանաչման համար:

Սկիզբի տարբերակն էր, որ տարածքները միաժամանակ կու տաս, եւ Ազրպէյճան կը ճանչնայ քու անկախութիւնդ: Լաւրովեան ծրագիրը քիչ մը փոփոխուած տարբերակ էր. Արցախի արեւելքի եւ հարաւի հինգ շրջանները կը յանձնուէին, Արցախ կը ստանար միջազգային ճանաչում եւ կարգավիճակ, կը տեղակայուէին խաղաղապահ ուժեր, կ՛ըլլար ապաշրջափակում, անվտանգութեան երաշխիքներ, տնտեսական աջակցութիւն եւ գաղթականներու վերադարձ: Բայց Քարվաճառն ու Քաշաթաղը, որոնք Հայաստանը կը կապէին Արցախին, կը մնային հայկական հսկողութեան տակ: Երկրորդ փուլով` հանրաքուէ, եւ Արցախի կարգավիճակի վերջնական ճշդում: Իսկ եթէ Ազրպէյճան մերժէր ճանչնալ հանրաքուէին արդիւնքները, սթաթիւս քուոն յաւիտեան պիտի մնար. Արցախ ամուր թիկունքով, ամբողջ սահմանով կապուած պիտի ըլլար Հայաստանին, հոն տեղակայուած պիտի ըլլային միջազգային ուժեր, հակամարտութիւնը պիտի սառէր, բայց փաստացիօրէն Արցախ պիտի մնար իբրեւ անկախ պետութիւն` թէկուզ ոչ մեր ուզած ամբողջական տարածքներով:

Եկաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ կործանեց ամբողջ բանակցային գործընթացը` յայտարարելով, որ դէմ է այդ ձեւաչափին, դէմ է յետաձգուած հանրաքուէի գաղափարին: Եւ մենք ունեցանք պատերազմ:

(Շար. 1)

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ

Սէրուժ Խանճիհանեանի հարցազրոյցը ՀՅԴ անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խա

08 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է Հայաստանը վերածե

Հայոց ցեղասպանության գլխավոր կազմակերպիչ Թալեաթ փաշան 1915 թվականի իր նամակներ

07 Սեպտեմբեր 2026
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերի 2-ը Արցախի ժողովրդի սեփական

1991 թվականի սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի և Շահումյանի շրջ

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company