Ակնարկ. 14+1 Կէտեր
29 Հունիս 2026
Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել, նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու լիբանանեան ինքնիշխան տարածքներէն:
2-րդ կէտի ձեւակերպումը յստակ կը նշէ Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափման մասին, երբ կը հաստատէ, որ Լիբանանի զինուած ուժերը պիտի տարածեն պետութեան արդիւնաւէտ իշխանութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին` ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման ստուգումէն ետք:
Ըստ այս կէտին, լիբանանեան բանակը ոչ թէ Դիմադրութեան դիրքեր պիտի ստանձնէ հանգրուանային ձեւով, այլ պիտի տեղակայուի ոչ պետական զինեալ ուժերու (իմա` Հըզպալլայի) ամբողջական զինաթափումէն ետք:
Այս ամբողջական զինաթափումն ու ենթակառոյցներու կազմաքանդումը իսրայէլեան ուժերու հեռացումին զուգահեռ կշռոյթով պիտի չըլլայ, դարձեալ նոյն կէտին համաձայն: Այնտեղ կը հաստատուի, որ իսրայէլեան ուժերը աստիճանաբար պիտի վերատեղակայուին Լիբանանի տարածքէն դուրս: Հոս աստիճանաբար է, հոն` Լիբանանի բանակի տեղակայումը պայմանաւորուած է Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումով եւ համակարգի կազմաքանդումով:
Այս կէտին մէջ դարձեալ մեկնաբանելի բաժին կայ: Խառն, ոչ յստակ, հետեւաբար շահարկելի եզրաբանութիւն կայ: Լիբանանէն դուրս տեղակայումը սկզբունքով կը նշանակէ իսրայէլեան ուժերու հեռացում: Հեռացում (withdrawel) չէ, որ կ՛օգտագործուի այստեղ, այլ վերատեղակայում (redeployment): Երկրորդը կրնայ վերաբերիլ միեւնոյն կարգավիճակը ունեցող տարածքի վրայ դիրքափոխումներու, մինչ առաջինը յստակ կ՛ենթադրէ վերահսկողութեան տակ առած ինքնիշխան տարածքէ մը հեռացում, որ համազօր է ապագրաւումին (deoccupation): Այս վերջինը կրնայ նաեւ վերահսկողութեան տակ յանձնուիլ երրորդ ուժի: Այլ յղացք է ոչ ոքի տարածքը (no man’s land) կամ ապառազմականացուած (demilitarized) գօտին:
Այս եզրաբանութենէն ընտրուած է վերատեղակայումը, որ մտահոգիչ է: Կը հասկցուի այնպէս, որ փորձառական շրջանը կրնայ իսրայէլեան ուժերը մէկ դիրքէն միւսը առաջնորդել, վերատեղակայման համաձայնութեան հիման վրայ, անվերջ յետաձգելով լիբանանեան հողերէն ամբողջական հեռացումը: «Լիբանանի տարածքէն դուրս»-ը այս պարագային փրկող եզր չէ` նկատի ունենալով, որ չէ կայացած տակաւին Իսրայէլ-Լիբանան սահմանազատումը: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային խնդիրներուն կամ նոյնիսկ ներխուժման գործողութիւններուն, վառ օրինակ է այս պարագային: Մանաւանդ որ զինաթափման բացարձակութեամբ չ՛ամրագրուիր բռնագրաւող ուժին հեռացումը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ կը խօսին չբացայայտուած յաւելուածային կէտի մասին, որ ապահովական հարցերու բնոյթ ունի: Հրապարակումները այդ մասին կը շեշտեն եռակողմ` լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան ձեւաչափով գործող մեքանիզմի մասին, որ պիտի իրականացնէ զինաթափում-տեղակայումներ գործողութիւնները: Ըստ այդ ոչ պաշտօնական բացայայտումներուն, իսրայէլեան ուժերը կրնան վերադառնալ իրենց դիրքերը, եթէ երաշխիքը չունենան, որ լիբանանեան ուժերը կարողականութիւնը ունին իրենցմէ ակնկալուած առաքելութիւնը իրականացնելու: Ակնկալութիւնը կը ճշդեն Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը: Որոնք նաեւ այս պայմանով կը ճշդեն իսրայէլեան ուժերու վերադիրքաւորումի անհրաժեշտութիւնը:
Խաղաղութեան առաջնորդող որեւէ նախնական համաձայնութիւն, նշուած բոլոր կէտերուն առընթեր եւ անոնցմէ առաջ պէտք է արձանագրէ`
– Հրադադարի ամրագրումն ու երաշխաւորութիւնը,
– Բռնագրաւող կողմի ուժերուն անյապաղ հեռացումը գերիշխան տարածքներէն,
– Երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութեան բացառումը:
«Ա.»
«Ազդակ»
